Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ը. Հայկազեանի Հրթիռները

Իրօք, կը թուի, թէ Մանուկեանին բացակայութեան 1963-ին հրթիռային աշխատանքները դանդաղած էին: Սակայն 1250 քկ կշռող «Մայրի 3»-ի յաջող, հսկայական իրագործումէն՝ արձակումէն ետք, կը մնար կատարելագործել. առաջին՝ վառելանիւթի պատրաստութիւնը, երկրորդ՝ հրթիռին հետ ելեկտրոնային հաղորդակցութիւնը, որուն առընթեր՝ երրորդ, հեռաչափումի կողքին, նաեւ փորձել գետնէն կառավարել հրթիռին ուղղութիւնը, եւ չորրորդ՝ յարկերուն իրարմէ անջատումը: Յարկերուն բաժանումը զուտ բնագիտութեան հաշիւներով առանց գետնէն միջամտութեան տեղի կ՛ունենար: Այսինքն նախապէս հաշուըւած պահուն վերի յարկը կայծ կը ստանար ու կ՛անջատուէր վարինէն:

            Հայկազեանի 1962-1963 «Քլարիոն» տարեգիրքին մէջ էջ 35 (1), նշուած է 15 մարտ 1963-ին, Հայկազեանի մասնակցութիւնը «Ուսանողի օր»-ուան փառատօնին: «Նաւասարդ» պարբերաթերթը կը յայտնէ, որ Հայկազեանը կը տիրանայ երկրորդ մրցանակին (2): Լուսանկարին մէջ չերեւիր բեռնակառքին վրայ ցուցադրուող հրթիռը, այլ՝ անոր շուրջը կանգնած ուսանողները եւ գրութիւններէն մաս մը:

 1. Հայկազեանի հրթիռներու ակումբին մասնակցութիւնը՝ իբրեւ «Հրթիռներու գոլէճ», «Ուսանողի օրուան» փառատօնին, 15 մարտ 1963:  2. Հայկազեանի կենսաբանութեան տարրալուծարանը 1964-ին:

            Հայկազեան գոլէճի հիմնադրութեան 10-րդ ամեակին նուիրուած 1955-1965 տարեգիրքին մէջ, էջ 48 (3), Մանուկեան կ՛ըսէ, որ նոյեմբեր 1963-ին երկու հաստատուն վառելանիւթով հրթիռներ արձակուեցան՝ «Մայրի 4-Ա» եւ «Մայրի 4-Բ»: Առաջինը՝ երկու յարկանի 380 սմ երկարութեամբ հրթիռ էր, (փոշի*) վառելանիւթ լեցնելու նոր կերպը փորձելու, նոր տեսակի փողածայրով, յարկերու անջատման նոր դրութեամբ եւ հրթիռի թռիչքին հետեւելու նոր հաղորդակցութեան միջոցով: «Մայրի 4-Բ»-ը, որ երեք յարկանի էր, 7 մեթր հասակով, առաջին յարկը 20 սմ տրամագիծով, կատարեալ յաջողութիւն էր:

            «Մայրի 4» հրթիռին արձակման մասին «Ազդակ» 23 նոյեմբեր 1963-ին «Լիբանանի անկախութեան 20-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը» խորագիրով կը գրէ (4). «Լիբանանի անկախութեան 20-րդ տարեդարձին առթիւ լիբանանցի ժողովուրդը ցնծութեան երկու օրեր ապրեցաւ հինգշաբթի եւ ուրբաթ (21 եւ 22 նոյեմբեր 1963-ին*): Հինգշաբթի կէսօրէ առաջ Հայկազեան Գոլէճի հրթիռագէտները յաջողութեամբ արձակեցին Մայրի Դ. հրթիռը, որ 600 քմ ճամբայ կտրեց»:

3. «Ազդակ»-ի «Մայրի 4»-ի արձակման լուրը:  4. «Մայրի 4»-ին նուիրուած լիբանանեան 10 եւ 5 դահեկան դրոշմաթուղթերը:

            Հարկ է նշել, որ 22 նոյեմբեր 1963-ին Միացեալ Նահանգներուն նախագահը՝ Ճոն Քենետի սպաննուեցաւ, որուն պատճառով օրաթերթերը օրերով առաջին էջերը յատկացուցին այդ դէպքին եւ «Մայրի 4Բ.»-ի արձակումը շուքի մէջ մնաց:

5. Եուսէֆ Ուահպէ լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան սպաներուն «Մայրի 4»-ի մասին, նախքան արձակումը, բացատրութիւններ կու տայ, 21 նոյեմբեր 1963, Տըպպայէ: 

            Կրկնելով նախորդ տարուայ 1962-ի յաջող ցուցադրութիւնը, Մայրի 4 հրթիռին նմանակը զինուորական փոխադրակառքով շրջագայեցաւ եւս Պէյրութի փողոցներուն մէջ՝ խլելով ժողովուրդին ծափերն ու բարի մաղթանքները: Արձակման պահուն ներկայ էին բանակին հրամանատարը եւ բարձրաստիճան սպաներ, Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ եւ շուրջ 15000 բազմութիւն: Մի՛այն մէկ աղբիւր կը նշէ, որ հանրապետութեան նախագհ Ֆուատ Շեհապ նաեւ ներկայ գտնուած է:

6. «Մայրի 4»-ի արձակման պատրաստութիւն, աջէն առաջինը՝ Էտ Հարթ եւ երրորդը, ճերմակ շապիկով, զինուորին ետին՝ Հրայր Սահակեան:  7. Հրթիռին յաջող արձակումը:

            Հրթիռներու ակումբի նախագահ Հրայր Սահակեան, «Հրթիռներու ակումբը» խորագիրով յօդուածին մէջ, այս մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ 1964-ի «Նաւասարդ» տարեգիրքին մէջ, էջ 112 (5). «Ակումբիս անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը եղաւ «Մայրի 4» հրթիռին յաջող արձակումը, 21 նոյեմբեր 1963-ին: Հրթիռը կը բաղկանար 3 յարկերէ, ունէր 8 մեթր երկարութիւն, կը կշռէր աւելի քան 600 քկ, առաւելագոյն մղիչ ոյժն էր 8000 քկ, բարձրացաւ 200 քմ եւ կտրեց 600 քմ միջոց: Ձայնասփիւռ հաղորդիչ մեքենայի (սարքի*) մը միջոցով, որ զետեղուած էր երրորդ յարկի գագաթին, կարողացանք չափել հրթիռին արագութիւնը, բարձրութիւնը, կտրած միջոցը եւ մթնոլորտային ճնշումը՝ զանազան բարձրութեանց վրայ: Իսկ առաջին անգամ ըլլալով ինքնագործ մեքենայ (սարք*) մը (դարձեալ պատրաստուած գոլէճիս ուսանողներուն կողմէ) ճշգրտօրէն եւ յաջորդաբար կարողացաւ բաժնել (անջատել*) հրթիռին յարկերը: 1963-1964 տարեշրջանին մասին կ՛ըսէ, որ ակումբին ամենաբեղուն եւ յաջող շրջանը եղաւ. «Թէեւ թիւով քիչ, սակայն մեծ կորովով եւ անընկճելի կամքով մեր անդամները մեծ գործունէութիւն ցոյց տուին՝ իրենց գոլէճին եւ երկրին վարկը բարձրացնելով:

            «Միութեան մնայուն անդամներն են՝ Էտուըրտ Հարթ (բնագիտութեան դասախօս՝ խորհրդատու),  Համբար Գարակէօզեան, Հրայր Սահակեան եւ Ժիրայր Զէնեան. Իսկ օժանդակ անդամներ՝ Հրայր Այնթապլեան, Սարգիս Վարժապետեան, Սարգիս Սարգիս, Բենիամին Արոյեան, Ռաֆիք Պէշիր եւ Ռամզի Խուրի»:

            Հրայր Սահակեան «Նաւասարդ»-ի 1963-ի թիւ 2-ին մէջ, «Հրթիռները» խորագիրով, հրթիռներու մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ կու տայ եւ պատմականը կը ներկայացնէ (6):

            Կ՛արժէ նշել, որ «Մայրի 4»-ի նմանակ քանդակը 2013-ին զետեղուեցաւ Հայկազեան համալսարանի պարտէզին մէջ եւ երկրորդ մը Շարժայի արուեստի թանգարանի գաւիթին մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

8. «Ազդակ» 25 մայիս 1964:                                9.  «Նահար» 24 մայիս 1964:

            1964- Մանուկեան կը նշէ, որ 23 մայիս 1964-ին արձակեցին «Մայրի 5» հրթիռը (3), որուն նպատակն էր փորձել նոր ռատիօ հաղորդիչ սարք մը, վառելանիւթ լեցնելու (փոշի) նոր կերպը եւ այսպիսի հրթիռներ իբրեւ առաջին յարկ օգտագործելու կարելիութիւնը:

            Հրայր Սահակեան կը գրէ (5). «Ձմեռուայ եղանակին ունեցանք ժողովներ, գիտական ժապաւէններու ցուցադրութիւն եւ սերտողութիւն: Գարնան աշխատեցանք կատարելագործել մեր նախկին վառելանիւթերը: Ասոր արդիւնքը եղաւ «Մայրի 5»-ի յաջող արձակումը, 23 մայիսին: «Մայրի 5»-ը ունէր 3 մեթր երկարութիւն եւ 8 ինչ (20.3*) սմ տրամագիծ, մղիչ ոյժն էր 5000 քկ եւ կը կշռէր 300 քկ: Ժամական 6000 քմ արագութեամբ հրթիռը բարձրացաւ 12 քմ եւ կտրեց 45 քմ միջոց: Դարձեալ հրթիռին գագաթը զետեղուած հաղորդիչ սարքի մը միջոցով, կրցանք հետեւիլ թռիչքին»:

            «Ազդակ» 25 մայիս 1964-ի թիւին մէջ «Հրթիռային փորձեր Լիբանանի մէջ» խորագիրով, կը գրէ (7). «Լիբանան կը շարունակէ իր առաջին քայլերը հրթիռներու մարզին մէջ: Ճիշդ է՝ համեստ փորձեր, բայց գնահատելի, եթէ նկատի ունենանք մասնագէտներու տրամադրութեան տակ դրուած սահմանափակ միջոցները՝ հակառակ բանակի օժանդակութեան եւ կառավարութեան յատկացումներուն:

            «Շաբաթ օր (23 մայիս 1964*) տեղի ունեցան երկու փորձեր: Մէկը «Աննիբալ Ա.»-ի ծրագիր՝ առաջին անգամ ըլլալով հեղուկ վառելանիւթի գործածութեամբ, ձախողութեամբ վերջացաւ: Երկրորդ փորձը «Մայրի 5» յաջողեցաւ:

            «Արդարեւ «Աննիբալ Ա.» հրթիռը 25 մեթր բարձրանալէ ետք, վար ինկաւ: Սակայն «Մայրի 5» հրթիռը 50 քմ ճամբայ կտրեց ժամական 6000 քմ արագութեամբ:

            «Յիշեցնենք, որ «Աննիբալ Ա.» հրթիռը շինուած էր Ամերիկեան համալսարանի (AUB) «Ռաքէթ գլապ»-ին կողմէ, իսկ «Մայրի 5» հրթիռը, որ յաջողեցաւ, շինուած էր Հայկազեան գոլէճի հրթիռագէտներուն աշխատանքով»: Բոլոր տեղական թերթերը արձագանգեցին այս եղելութեան. «Նահար»-ի երկիմաստ խորագիրը կ՛ըսէ. «Երէկ երկու հրթիռներ արձակեցինք հեղուկ «Աննիպալ»-ը եւ հաստատուն «Մայրի»-ն»:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

28 օգոստոս 2021

Շար 8/9

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին:

(1)  Clarion, 1962-1963 yearbook, Mechag press, Beirut p 35.

(2)  «Նաւասարդ», ուսանողական հանդէս Հայկազեան գոլէճի, Բ. տարի թիւ 2, 1963, տպարան «Սեւան», էջ 72:

(3)  «Tenth anniversary yearbook of the Haigazizn college 1955-1965», june 1965, Beirut, Mechag press, p 48.

(4)  «Ազդակ» ԼԷ (37) տարի թիւ 217, 23 նոյեմբեր 1963, էջ 4:

(5)  «Նաւասարդ»,  Հայկազեան գոլէճի Հայկական ակումբի տարեգիրք, 1964, տպարան «Ատլաս», Պէյրութ, էջ 112-114:

(6)  «Նաւասարդ», ուսանողական հանդէս Հայկազեան գոլէճի, Բ. տարի թիւ 2, 1963, տպարան «Սեւան», էջ 58-64:

(7)  «Ազդակ» ԼԸ (38) տարի թիւ 67, 25 մայիս 1964, էջ 1:

ԱԶԴԱԿ

One thought on “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ը. Հայկազեանի Հրթիռները

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started