Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԻԴ. Մենք Մարտական Հզօր Ու Տոկուն Ազգի Ժառանգորդներն Ենք

«ՄԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ» Պատմութեան Գիրքերու Չորս Հատորները (1):             «Հայաստանի ձիերը, ձիաւոր հերոսները, հեծելազօրը եւ յաղթանակները» յօդուածաշարքը սկսայ 6 փետրուար 2018-ին եւ միայն օգոստոս 2023-ին համացանցին մէջ գտայ խիստ արժէքաւոր՝ «Մեր յաղթանակները Ա., Բ., Գ., Դ.» քառահատոր, «Նորավանք»-ի պատմական հրատարակութիւնը՝ յաջորդաբար 2008, 2009, 2011 եւ 2012-ին լոյս տեսած (գիրքերը կարելի է ներբեռնել այստեղ՝ (2), (3), (4),Continue reading “Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԻԴ. Մենք Մարտական Հզօր Ու Տոկուն Ազգի Ժառանգորդներն Ենք”

Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը  Եւ Յաղթանակները ԻԳ.

Տէ՛ր կանգնինք մեր ծագումին, պատմութեան, լեզուին եւ մշակոյթին` փողով ու թմբուկով, որ ոչ ոք համարձակի գողնալով իւրացնել ու խեղաթիւրել մեր սեփականութիւնները: Օրինակ` իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին 27 սեպտեմբեր 2023-ի խմբագրականը կը խոստովանի, որ հրեաները` «… Ամբողջ այս ընթացքին Իսրայէլը Ազրպէյճանին պարզապէս միա՛յն զէնք չէ մատակարարած: ԱՆ ՆԱԵՒ ՕԳՆԱԾ Է ԽԵՂԱԹԻՒՐԵԼՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ…» (1): Հինտու կրօնական ամենահին գիրքը`Continue reading “Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը  Եւ Յաղթանակները ԻԳ.”

Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը  Եւ Յաղթանակները ԻԲ. Հայկական Լեռնաշխարհի Կին Մարտիկները

Հայաստանի հնադարեան կին զինուորներուն մասին այս երկրորդ յայտնութիւնն է: Առաջինը ներկայացուեցաւ Ժ. մասին մէջ, ուր Լորի մարզի Բովեր գիւղին մէջ թաղուած Երկաթէ դարու (ՔԱ 12-էն 6-րդ դար) ռազմուհիին մասին անդրադարձ կատարուեցաւ (1): Այս անգամ՝ Հայաստանի Շիրակի մարզին մէջ է, ուր թաղուած են այս երկու ռազմուհիները: Ջրափի գիւղի դամբարաններու պեղումներուն մասին, 14 դեկտեմբեր 2021-ին, Ուայլի (Wiley)Continue reading “Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը  Եւ Յաղթանակները ԻԲ. Հայկական Լեռնաշխարհի Կին Մարտիկները”

Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը  եւ Յաղթանակները ԻԱ.

Այս յօդուածաշարքը հայ ժողովուրդի մարտունակութեան, հերոսութեան եւ ռազմահնարամտութեան մասին է, որ պիտի երկարի սկիզբէն մինչեւ քսաներորդ դարու մեր կամաւորական հեծեալ գունդերը: Ա. մասը յատկացուած էր Հայաստան աշխարհի ձիաբուծութեան եւ մարտակառքերու բնօրրանը ըլլալու փաստին եւ անոր զարգացման ժամանակագրական փուլերուն` ՔԱ վեցերորդ հազարամեակէն մինչեւ ՔԵ միջնադարեան ժամանակաշրջան ակնարկն էր: Այնուհետեւ, յաջորդող մասերով որոշ չափով ժամանակագրական կարգին հետեւեցանք,Continue reading “Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը  եւ Յաղթանակները ԻԱ.”

Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրըեւ Յաղթանակները Ի.

Նախորդ` ԺԹ. մասը աւարտեցինք մեր առաջին նախահայրերէն հուրրի` ձիերու մասնագէտ Քիքքուլիի, որ ճանչցուած է իբրեւ «Միտաննիներու երկրէն վարպետ ձի մարզող», այսինքն` Հայաստանէն, մարտակառքի ձիեր մարզելու եւ խնամելու ՔԱ շուրջ 1345-ին գրած ուղեցոյցէն, օրերու վրայ երկարող մարզումի եւ սնունդի մանրամասն վարժութիւնը մինչեւ 34-րդ օրը (1): Ստորեւ` ուսուցման մինչեւ 75-րդ օր շարունակութիւնը: «Օր 38. Առաւօտուն ձին լողացնել,Continue reading “Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրըեւ Յաղթանակները Ի.”

Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը եւ Յաղթանակները ԺԹ.

Քանիցս փաստուածին նոր հաստատում մը եւս աւելցաւ: «Գիտութիւն»` «Սայենս» ամսաթերթի օգոստոս 2022 համարին կողքը եւ հինգ յօդուածներ ծինային նոր ուսումնասիրութիւններու յատկացուած են, որոնք կը փաստեն, որ հնդեւրոպական ծինային եւ լեզուական տարածումը` ծագումը Հայաստանէն սկսած է թէ՛ դէպի հիւսիս` Եամնայա եւ թէ՛ ալ դէպի արեւմուտք` հարաւարեւելեան Եւրոպա` Պալքաններ եւ Յունաստան. ստորեւ` քարտէսը (1):           «Մերձաւոր Արեւելքի հնամենիContinue reading “Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը եւ Յաղթանակները ԺԹ.”

Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրըեւ Յաղթանակները ԺԸ.

Երկար ընդմիջումէ ետք կը շարունակենք այս յօդուածաշարքը: Նախորդ` ԺԷ. մասը (1) աւարտեցինք հիքսոսներու մասին հաստատելով, որ` «Զարմանալի չեն այսպիսի «գիւտերը», մեկնաբանութիւնները, երբ տէր չենք կանգնիր մեր պատմութեան, եւ այսպիսի «յայտնութիւններ» առանց պատասխանի կը մնան, եւ մեր հայկական մամուլը առանց զանոնք ըստ էութեան քննարկելու կամ խմբագրական ակնարկի, իբրեւ «հետաքրքրական լուր», թութակի նման կը կրկնէ զանոնք, եւContinue reading “Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրըեւ Յաղթանակները ԺԸ.

Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով

Ձիերու ընտելացման, ու մարտակառքերու ծագումին հայրենիքը, ինչպէս նաեւ օպսիտաքարէ զինատեսակներու, պրոնզէ եւ երկաթէ սուրերու, կացիններու եւ բաղադրեալ աղեղներու առաջին հնարողներուն երկիրը՝ Հայկական լեռնաշխարհը կը նկատուի ռազմական իրերու եւ գիւտերու եւ արտադրութեան բնօրրանը, ինչպէս կը փաստուի «Հայաստանի ձիերը ձիաւոր հերոսները հեծելազօրը եւ յաղթանակները» ցարդ 17 մաս յօդուածաշարքին մէջ: 1. Հայոց բանակը:             Պիտի անդրադառնամ պատմաբան, բիւզանդագէտContinue reading “Հայոց Բանակի Օրուան Առիթով”

Հուրրիներու Եղանակներէն, Որ նման Է Հայկական Շարականներուն

Hurrian music chorus ԿԱՊ ՔԱ 13-րդ դարու Հուրրի երգ՝ վերծանուած Ուկարիթէն պեղուած կաւէ գրատախտակէ մը: Ցարդ աշխարհի ամենահին վերծանուած երգը: ՔԱ 13-րդ դարու Հուրրի եղանակ վերծանուած Ուկարիթէն պեղուած կաւէ գրատախտակէ մը: Ցարդ աշխարհի ամենահին վերծանուած երաժշտութիւնը:

Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը եւ Յաղթանակները ԺԷ.

Յակոբ Սիմոնեանի «Հին աշխարհի առեղծուածները. Հիքսոսներ» գրութենէն կը շարունակենք մէջբերել հատուածներ, որոնց մէկ մասին անդրադարձ կատարուած էր արդէն այս յօդուածաշարքին մէջ. (1) «Առաւել տարածուած է լեզուաբաններու առաջարկած այն վարկածը`իբրեւ թէ, հիքսոսներու  ճնշող մեծամասնութիւնը կազմած են արեւմտասեմական ցեղերը՝ ամորեացիները եւ քանանացիները: Այս տեսակէտը առաւել քան զարմանալի է, քանի յստակ է, որ հիքսոսներու յաղթանակի առաջին նախապայմանը, իբրեւContinue reading “Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը եւ Յաղթանակները ԺԷ.”

Design a site like this with WordPress.com
Get started