«Կեդրոնական Կովկասի Աշխարհաքաղաքականութիւնը». Ի՞նչ Կը Մտածէ Վրացի Մասնագէտը

Այս է խորագիրը «Ճիոփոլիթիքըլ Մոնիթըր»-ի, Geopolitical Monitor, 22 ապրիլ 2024-ի, Վրաստանի խորհրդարանի միջազգային յարաբերութեանց բաժանմունքի գլխաւոր մասնագէտ՝ Նաթալի Թաւածէի Natalie Tavadze յօդուածին, որ ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ, կարգ մը նկատողութիւններով* (1): 1. Հետաքրքրական է, որ յօդուածին այս քարտէսը 1835-ի Կովկասի քարտէսէն հատուած մըն է, ուր Արեւմտահայաստանը նշուած է (2):             «Տարիներ շարունակ Վրաստանի եւ անգլերէնովContinue reading “«Կեդրոնական Կովկասի Աշխարհաքաղաքականութիւնը». Ի՞նչ Կը Մտածէ Վրացի Մասնագէտը”

Կովկասի Մէջ Ռուս Ռազմավարութեան՝ Դիւանագիտութեան Պարտութի՞ւնը

«Ռուս խաղաղապահներու Արցախէն դուրսբերման հոլովոյթը սկսաւ». այս է խորագիրը 18 ապրիլ 2024-ի «Ազդակ»-ի լուրերէն մէկուն (1): «Ռաշա Թուտէյ» լրատուական կայքէջը օր մը առաջ այս լուրը տուած էր արդէն, եւ հետաքրքրական էին լրատուութեան տակ այն ժամանակ 84 կեղծանունով կարծիք յայտնողները, որոնց մեծամասնութիւնը կը պաշտպանէր ռուսական կողմը` այպանելով Հայաստանի` ՕԹԱՆ-ի, Սորոս-ի, Ամերիկայի եւ Եւրոպական միութեան խամաճիկ եղողContinue reading “Կովկասի Մէջ Ռուս Ռազմավարութեան՝ Դիւանագիտութեան Պարտութի՞ւնը”

Այժմու Աշխարհը Եւ Զայն Ղեկավարողները Անտարբեր Են Կազայի մէջ Վեց Ամիսէ Աւելի Տեղի Ունեցող Բջիջայինի Պաստառներուն Վրայ Տեսանելի՝Իսրայէլի Կողմէ Կազայի Ժողովուրդին Ցեղասպանութեան, Քանի Որ Հայոց Ցեղասպան Թուրքը Եւ Արցախի Ցեղասպան Ազերին Կը Մնան Անպատիժ

Ինչպէ՞ս Այս Նոյն Սիոնիզմը  Զօրավիգ Կանգնեցաւ Ջարդարար Սուլթան Համիտին, Թալէաթին Եւ Քեմալականներէն Մինչեւ Այժմու Ազրպէյճանին Եւ Երուսաղէմի Հայկական Հողը Պղծողին Անմարդկային գազանաբարոյ՝ խիղճ եւ զգացում չունեցող արարածներ միայն, ինչպէս՝ Իսրայէլի կառավարութիւնն ու անոր նեցուկ կանգնած եւ զինամթերք մատակարարող Միացեալ Նահանգները, հանգիստ կը զգան, Իսրայէլի կողմէ վեց ամիսէ անդադար 32 հազարէ աւելի կազացի խաղաղ բնակիչներու սպանդին՝Continue reading “Այժմու Աշխարհը Եւ Զայն Ղեկավարողները Անտարբեր Են Կազայի մէջ Վեց Ամիսէ Աւելի Տեղի Ունեցող Բջիջայինի Պաստառներուն Վրայ Տեսանելի՝Իսրայէլի Կողմէ Կազայի Ժողովուրդին Ցեղասպանութեան, Քանի Որ Հայոց Ցեղասպան Թուրքը Եւ Արցախի Ցեղասպան Ազերին Կը Մնան Անպատիժ”

Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»՝ «Հարպորտ Առաքելութեան» Կարգ Մը Այժմէական, Կարեւոր Եւ Պատմական Մնայուն Հաստատումները, 1919-ին

Անհրաժեշտ է շեշտել, որ «Հարպորտ առաքելութեան» տեղեկագիրը Հայ Դատին՝ Արեւմտահայաստանի վերականգնման համար մնայուն եւ այժմէական կարեւոր արժէք կը ներկայացնէ, որուն փաստերէն երկուքը տեսանք նախավերջին յօդուածիս մէջ (1), ուր թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը փորձած էր անյաջող կերպով խեղաթիւրել զայն, ինչպէս նաեւ ամերիկացի զինուորական մը անհատական՝անպաշտօն կերպով, իրենց դոկտորականի թէզերով, որպէսզի արժեզրկեն Հարպորտի տեղեկագիրը, որմէ կը սարսափի թուրքը:Continue reading “Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»՝ «Հարպորտ Առաքելութեան» Կարգ Մը Այժմէական, Կարեւոր Եւ Պատմական Մնայուն Հաստատումները, 1919-ին”

«Ազդակ»-ի 63-րդ առցանց լսարանին առիթով – ԵԹԷ ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԻԲՐԵՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՊԱՇՏՊԱՆԷ ԱՐՑԱԽԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ, ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ԳՏՆԵԼ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ԵՒ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՆՄԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ՍՏԱՆՁՆԷ ԱՅՍ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ Միջազգային Ատեաններու Մօտ

«Ազդակ»-ի 63-րդ առցանց լսարանին Նիւթն էր՝ «Արցախեան հակամարտութիւնը եւ սփիւռքը»։ Կարելի չեղաւ ուղղակի մասնակցիլ այս լսարանին, սակայն հետեւելով լսարանին տեսերիզի արձանագրութեան (1)՝ կարելի է ըսել, որ դասախօսը հետեւեալ իրարմէ կախեալ երկու եզրակացութիւններուն յանգեցաւ. 1. Մոնթեվիտէոյի մէջ, Ուրուկուէյ, Արցախի ի նպաստ ցոյց:   2. Հարաւային Ափրիկէն յաջողութեամբ կը ստանձնէ Կազայի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան դատը:             1.Continue reading “«Ազդակ»-ի 63-րդ առցանց լսարանին առիթով – ԵԹԷ ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԻԲՐԵՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՊԱՇՏՊԱՆԷ ԱՐՑԱԽԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ, ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ԳՏՆԵԼ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ԵՒ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՆՄԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ՍՏԱՆՁՆԷ ԱՅՍ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ Միջազգային Ատեաններու Մօտ”

Հայաստանը, Արցախը, Հայութիւնը, Կազան Եւ Միացեալ Նահանգներու Կառավարման Անմարդկային՝ Կատարեա՛լ Բարոյական Անկումը

Պէյրութի Հարաւային արուարձանին մէջ 2 յունուար 2024-ին Իսրայէլի կողմէ շէնքի մը յարկաբաժինին մէջ անօդաչու սարքի մը միջոցով Համասի ղեկավարի մը ահաբեկչական սպանութիւնը կը փաստէ, որ Իսրայէլի նպատակը Կազայի բնակչութեան ոչնչացումն է` ցեղասպանութիւնն է եւ Արցախի նման տեղահանութիւնը, այս պարագային` դէպի Եգիպտոս, եւ ո՛չ թէ` Համասի անդամներուն ոչնչացումը, ինչպէս Իսրայէլ կը ձեւացնէ, կը ստէ:ասպանութիւնն է եւContinue reading “Հայաստանը, Արցախը, Հայութիւնը, Կազան Եւ Միացեալ Նահանգներու Կառավարման Անմարդկային՝ Կատարեա՛լ Բարոյական Անկումը”

Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԻԴ. Մենք Մարտական Հզօր Ու Տոկուն Ազգի Ժառանգորդներն Ենք

«ՄԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ» Պատմութեան Գիրքերու Չորս Հատորները (1):             «Հայաստանի ձիերը, ձիաւոր հերոսները, հեծելազօրը եւ յաղթանակները» յօդուածաշարքը սկսայ 6 փետրուար 2018-ին եւ միայն օգոստոս 2023-ին համացանցին մէջ գտայ խիստ արժէքաւոր՝ «Մեր յաղթանակները Ա., Բ., Գ., Դ.» քառահատոր, «Նորավանք»-ի պատմական հրատարակութիւնը՝ յաջորդաբար 2008, 2009, 2011 եւ 2012-ին լոյս տեսած (գիրքերը կարելի է ներբեռնել այստեղ՝ (2), (3), (4),Continue reading “Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԻԴ. Մենք Մարտական Հզօր Ու Տոկուն Ազգի Ժառանգորդներն Ենք”

Ո՞ւր է Հայաստանի Եւ Հայութեան Տեղը Այժմու Եւ Գալիք  Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ Դ.

Եզրակացութիւն. խորագիրին առաջին մասին պատասխանն է այն, որ այժմ քաոսային եւ անձնասպանական գահավէժ ընթացքի մը մէջ կը գտնուինք: Աշխարհաքաղաքական ուղիներու խաղաքարտը պէտք չէ վատնենք, փճացնենք: Հայաստանի այժմու հակահայ, անխոհեմ վարչախումբը գրեթէ փճացուց նաեւ այս` հաւանաբար վերջին փրկարար լծակն ալ:           1.- Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական արժէքը, Աֆղանիստանի նման, խոչընդոտ ըլլալն է(էր) դէպի ռուսական ներքնագաւառը` hinterlandContinue reading “Ո՞ւր է Հայաստանի Եւ Հայութեան Տեղը Այժմու Եւ Գալիք  Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ Դ.”

Ո՞ւր է Հայաստանի Եւ Հայութեան Տեղը Այժմու Եւ Գալիք  Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ Գ.

«Ռուսիոյ Նախագահ Փութինի՝ Պատմութեան վերադառնալու շահեկան ելոյթները եւ հայկական դիւանագիտութեան ու մամուլին անհաւատալի անտարբերութիւնը» խորագիրով յօդուածիս մէջ (28), Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 12 յուլիս 2021-ին Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին եւ յարաբերութեան նիւթով «Ռուսերու եւ ուքրանացիներու պատմական միասնութեան մասին» խորագիրով յօդուած մը գրած է, որ զետեղուած է նախագահական կայքէջին մէջ (29), ուր գրած է (հատուածներ). «…Հետեւաբար ժամանակակից ՈւքրանիանContinue reading “Ո՞ւր է Հայաստանի Եւ Հայութեան Տեղը Այժմու Եւ Գալիք  Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ Գ.”

Design a site like this with WordPress.com
Get started