«Կեդրոնական Կովկասի Աշխարհաքաղաքականութիւնը». Ի՞նչ Կը Մտածէ Վրացի Մասնագէտը

Այս է խորագիրը «Ճիոփոլիթիքըլ Մոնիթըր»-ի, Geopolitical Monitor, 22 ապրիլ 2024-ի, Վրաստանի խորհրդարանի միջազգային յարաբերութեանց բաժանմունքի գլխաւոր մասնագէտ՝ Նաթալի Թաւածէի Natalie Tavadze յօդուածին, որ ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ, կարգ մը նկատողութիւններով* (1): 1. Հետաքրքրական է, որ յօդուածին այս քարտէսը 1835-ի Կովկասի քարտէսէն հատուած մըն է, ուր Արեւմտահայաստանը նշուած է (2):             «Տարիներ շարունակ Վրաստանի եւ անգլերէնովContinue reading “«Կեդրոնական Կովկասի Աշխարհաքաղաքականութիւնը». Ի՞նչ Կը Մտածէ Վրացի Մասնագէտը”

Ո՞ւր է Հայաստանի Եւ Հայութեան Տեղը Այժմու Եւ Գալիք  Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ Դ.

Եզրակացութիւն. խորագիրին առաջին մասին պատասխանն է այն, որ այժմ քաոսային եւ անձնասպանական գահավէժ ընթացքի մը մէջ կը գտնուինք: Աշխարհաքաղաքական ուղիներու խաղաքարտը պէտք չէ վատնենք, փճացնենք: Հայաստանի այժմու հակահայ, անխոհեմ վարչախումբը գրեթէ փճացուց նաեւ այս` հաւանաբար վերջին փրկարար լծակն ալ:           1.- Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական արժէքը, Աֆղանիստանի նման, խոչընդոտ ըլլալն է(էր) դէպի ռուսական ներքնագաւառը` hinterlandContinue reading “Ո՞ւր է Հայաստանի Եւ Հայութեան Տեղը Այժմու Եւ Գալիք  Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ Դ.”

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) 20 ապրիլ 2023-ին կը հաղորդէր (1). «Երեւանի մէջ կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ եռակողմանի առաջին քաղաքական խորհրդակցութիւնները։ «Պատուիրակութիւնները գլխաւորած են Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանը, Իրանի ԱԳՆ Հարաւային Ասիոյ գլխաւոր վարչութեան պետ Սեյետ Ռասուլ Մուսաուին եւ Հնդկաստանի ԱԳՆ տարածքային գլխաւոր վարչութեանContinue reading “«Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի»”

Հայաստանի Քաղաքացիութեան Արժէքը Իջած Է 150 Հազար Տոլարի…

«Հայաստանի տնտեսութեան մէջ 150 հազար տոլար ներդրած օտարերկրացիները կարող են Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալ» խորագիրով 15 հոկտեմբեր 2022-ին «Արմենփրես» կը հաղորդէ (1) Հայաստանի կառավարութեան հետեւեալ նախագիծ-ծրագիրը (իսկ այս օտարամոլ  իշխանութեան ո՞ր ապազգային ծրագիրը ցարդ ձախողութեան մատնուած է, ո՛չ մէկը*). ստորեւ այս լուրէն հատուածներ՝ արեւմտահայերէն.             «…Նախագիծի համաձայն, Հայաստանի քաղաքացիութիւն կրնան ստանալ այն օտարերկրեայ քաղաքացիները, որոնք կրթութեանContinue reading “Հայաստանի Քաղաքացիութեան Արժէքը Իջած Է 150 Հազար Տոլարի…”

Տխմարավարութիւն – Idiocracy Ամերիկան Եւ Հայաստանը

Սեպտեմբեր 2006-ին լոյս տեսաւ Մայք Ճաճի (Mike Judge) գրած, արտադրած եւ բեմադրած «Իտիոքրասի» ապագայապաշտական ժապաւէնը, որ բախտը ունեցայ քանի մը անգամ դիտելու: Ժապաւէնին խորագիրը՝ Idiocracy, բաղադրուած է անգլերէն Idiot, որ կը նշանակէ տխմար, ապուշ եւ՝ Democracy, որ կը նշանակէ ժողովրդավարութիւն բառերէն, որ ես թարգմանեցի «Տխմարավարութիւն»: Գիտաերեւակայական այս ժապաւէնը, թէեւ՝ զաւեշտական սակայն աշխարհաքաղաքական եւ ընկերային դրութեանContinue reading “Տխմարավարութիւն – Idiocracy Ամերիկան Եւ Հայաստանը”

Սփիւռքի Տարի – 2022 Բ. Ահազանգային Է Հայաստանէն Ամերիկա Գաղթել Դիմողներուն Թիւը

19 յունուար 2022-ի 168.am լրատուական եւ վերլուծական կայքէջին մէջ (1) կը կարդանք ահազանգի համազօր հետեւեալ լուրը: Անցնող տարուան 2021-ի համար 160 հազար 965 Հայաստանի քաղաքացիներ դիմած են կանանչ քարտ (green card) ստանալու համար, այսինքն` հայրենիքը լքելու եւ Ամերիկա հաստատուելու համար: Իսկ նոյն օրը «Փանորամա. ամ» կը գրէ. «Երեւանում անցկացվում է բողոքի ակցիա՝ ԱՄՆ մեկնելու համար»Continue reading “Սփիւռքի Տարի – 2022 Բ. Ահազանգային Է Հայաստանէն Ամերիկա Գաղթել Դիմողներուն Թիւը”

Շրջանային Յարաբերութեան Համար Իրան Եւ Հնդկաստան Ազրպէյճանի Փոխարէն Հայաստանը Կ՛ընտրեն

Փօլ Անդոնոփուլոս 13 հոկտեմբեր 2021-ին վերոնշեալ խորագիրով յօդուած մը գրած է «Կրիք սիթի թայմզ»-ին մէջ (1), ստորեւ՝ թարգմանութիւնը եւ քանի մը խօսք.             «Ազրպէյճանը Թուրքիոյ եւ սուրիացի վարձկաններու օժանդակութեամբ անվիճելի յաղթողն էր 2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին՝ վերագրաւելով հայկական իշխանութեան տակ գտնուող հողերուն մեծ մասը: Կ՛ակնկալուէր, որ Լեռնային Ղարաբաղի մեծ մասը Պաքուի հսկողութեան տակ դառնալով՝ առեւտուրիContinue reading “Շրջանային Յարաբերութեան Համար Իրան Եւ Հնդկաստան Ազրպէյճանի Փոխարէն Հայաստանը Կ՛ընտրեն”

Հայաստանի Անհասկնալի Եւ Ահազանգային Կերպով Օրէ-Օր Բազմացող Յոռի Երեւոյթներուն Վերջինը. Անարդարանալի Անտրամաբանական Եւ Զարմանք Պատճառող Խնդիրներ

13 սեպտեմբեր 2017-ին «Հայաստանը Երկրագործակա՞ն, Ճարտարարուեստակա՞ն Թէ՝ Այլ Բնագաւառի Երկիր» յօդուածիս մէջ (1), միամտօրէն, անհաւատալի թուացող, ճարտասանական հարցում մը հարցուցած էի. «Եթէ մեր պատանիները եւ երիտասարդութիւնը ապագային գրասենեակներու մէջ համակարգիչին առջեւ նստած աշխատանք պիտի տանին, ո՞վ պիտի մշակէ հողերը, ո՞վ պիտի արածէ հօտերը եւ արջառը, ո՞վ պիտի զբաղի երկրագործութեամբ, ո՞վ պիտի ապահովէ երկրին անվտանգ պարէնաւորումը…Continue reading “Հայաստանի Անհասկնալի Եւ Ահազանգային Կերպով Օրէ-Օր Բազմացող Յոռի Երեւոյթներուն Վերջինը. Անարդարանալի Անտրամաբանական Եւ Զարմանք Պատճառող Խնդիրներ”

Մելիս Պապաեանի Այգին, Սահմանամերձ Այգեձոր Գիւղին Մէջ Այսօր

Մինչ ազերին քանի մը օր է, որ կը ռմբակոծէ Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերու բնակավայրերը՝ Մելիս պապը իր դրախտավայրը կը խնամէ: Մարիաննա Փայտեան Մելիս պապին այցելելէ ետք, 15 յուլիս 2020-ին «Արմենիա Սփութնիք»-ին մէջ  գրած է. «Ամենաֆանտաստիկ երազում չէի տեսնի, որ նախագահը հիւր կու գայ, կամ՝ հարաւ ամերիկեան այգի Տաւուշի մէջ» (1) խորագիրով յօդուածը: Մելիս Պապաեանի Երեւանէն 228Continue reading “Մելիս Պապաեանի Այգին, Սահմանամերձ Այգեձոր Գիւղին Մէջ Այսօր”

Հայաստան Արտադրուած Ռոպին Մարդամեքենան «ԵուՍիԷլԷյ» Մանկական Հիւանդանոցին Մէջ

Մինչ 16 յուլիս 2020-ին ազերիները Հայաստանի խաղաղ բնակիչները կը ռմբակոծէին, Լոս Անճելոսի «Ֆոքս11» հեռատեսիլի կայանի «Բարի օր» յայտագիրի  խօսնակ Վանեսա Պորճ ներկայացուց Հայաստանի գիտնականներուն կողմէ պատրաստուած Ռոպին մարդամեքենան, որ յաջողութեամբ կ՛օգտագործուի Լոս Անճելոսի համալսարանի մանկական հիւանդանոցին մէջ: Ստորեւ կը թարգմանեմ լրատուութիւնը (1), (դիտել տեսերիզը): 1.Հիւանդանոցի մանուկները Ռոպինին շուրջ: «Նոր պաշտօնեայ մը կայ «ԵուՍիԷլԷյ»-ի Մաթթել մանկականContinue reading “Հայաստան Արտադրուած Ռոպին Մարդամեքենան «ԵուՍիԷլԷյ» Մանկական Հիւանդանոցին Մէջ”

Design a site like this with WordPress.com
Get started