Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Է.

Հայկազեանի Հրթիռները

«Ազդակ»-ի 22 յունիս 1962-ի թիւին մէջ (1) կը հանդիպինք հայ անուններու, որոնք հաւանաբար գործնական կառուցական օժանդակութիւն տրամադրած են. «Մայրի Բ» (Cedar 2B) հրթիռի արձակումի նախօրեակին. «Հայկազեանի հրթիռներու յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք կարելի դարձուցին հրթիռին պատրաստութիւնը՝ լիբանանեան բանակը, մեքենագիտական միութիւնը, նաեւ, պրն. Հրայր Սարոյեանը եւ պրն. Փանոսեանը ու շատ ուրիշներ, որոնք օգնեցին հրթիռի յանձնախումբին»:

1. Հայկազեանի ուսանողական «Սփեքթրա» պարբերականին մայիս 1962-ի թղթակցութիւնը՝ համալսարանին գիտական ցուցահանդէսին մասին: 2. «Սփեքթրա»-ի յունիս 1962-ի թղթակցութիւնը՝ HCRS 7 «Մայրի 2» հրթիռի արձակման մասին, նկարին մէջ ձախէն՝ Եուսէֆ Ուահպէ, Մանուկ Մանուկեան, Ճոն Թիլքեան եւ Էտ Հարթ:

            Հայկազեանի ուսանողական «Սփեքթրա» պարբերականին մայիս 1962-ի թիւին մէջ (2) «Գիտութեան յաջող ցուցահանդէսը» խորագիրով կը գրէ. «Հայկազեան գոլէճի գիտութեան կաճառի ցուցահանդէսը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց: Մայիս 18-ի եւ 19-ի համար ծրագրուած ցուցահանդէսը ժողովուրդին փափաքով երկու օրով երկարաձգուեցաւ: Շուրջ 1500 այցելուներ ներկայացան:

            «…Մասնակցող ընկերութիւններն էին՝ Ճէնէրալ Էլէքթրիք, Փրօճէքթս Քոնսալթինկ Էնճինիրզ, Օրիէնթըլ Ինտասթրիըլ Էքուիփմընթ էնտ Սըփլայյ, Մէթէօ (Պէյրութի օդակայանի քաղաքային սաւառնութիւնը), Քոքա-Քոլա, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը (USIS) եւ Խայեաթ գրատունը:

            «Ցուցահանդէսը գրաւեց համալսարանին երեք յարկերը եւ շրջափակը: Ամենէն աչքառուն մուտքին ցուցադրուած հրթիռն էր՝ HCRS-7 Cedar 2-ն իր արձակիչին վրայ: Այս հրթիռը յաջողութեամբ արձակուեցաւ օրեր ետք, 25 մայիս 1962-ին:

            «Կենսաբանութեան տարրալուծարանին մէջ ցուցադրուած էին կենսաբանական նմոյշներ, հանքանիւթեր, քարեր եւ ուսանողներուն կողմէ շինուած սարքեր: Օրինակ՝ ելեկտրական հզօր մագնիսը, «ձայնդ տես ճօճացոյցին (oscilloscope) վրայ»: Բնագիտութեան տարրալուծարանը ցուցադրած էր գիտական սարքեր՝ տրամադրուած վերոնշեալ ընկերութիւններուն կողմէ՝ համակարգիչ մը, օդերեւութաբանական գործիքներ, արեւու ուժով լեցուող բարդ մը, շոգեմեքենայի բանող մանրակերտ մը, օդի եւ ջուրի զտիչներ, ելեկտրականութեան, խոնաւութեան եւ ջերմութեան ճշգրիտ չափիչներ եւ այլն:

3. Երեք յարկանի Մայրի 3 հրթիռը, 7 փողածայրերով: 4. Մայրի 3-ը 1962-ի Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութեան կիզակէտն էր, որուն առթիւ 20 էջ յատուկ հրատարակութեան օրինակս: 5.Հայկազեանի 1962-1963 տարեգիրքին մէջ, էջ 44, նշուած է հրթիռներու ակումբին կազմը, խորհրդական դասախօս՝ Էտ Հարթ, անդամներ՝ Ճոն Թիլքեան, Համբարձում Գարակէօզեան եւ Հրայր Սահակեան:

            «Երկրորդ յարկին վրայ էին նաւթային ճարտարարուեստի նկարներ եւ ուսանողներու կողմէ շինուած մանրակերտեր: Այս յարկին վրայ ցուցադրուած էին նաեւ գիտական գիրքեր:

            «Կը ցուցադրուէր նաեւ ժապաւէններ՝ «ժողովրդային գիտութիւն» (popular science) շարքէն եւ HCRS-6 հրթիռին արձակումը:

            «Ամենէն աւելի ուշադրութիւն գրաւողը եղաւ ցարդ արձակուած հրթիռներուն նմանակները եւ յաջորդիւ արձակուելիք երկու հրթիռները»:

            «Սփեքթրա» պարբերականին յունիս 1962-ի թիւին մէջ (3) «ՀԳՀԱ-ին յաջողութիւն մը եւս» խորագիրով HCRS 7 հրթիռին արձակումը կը նկարագրէ, որուն մասին արդէն անդրադարձանք: Նաեւ երրորդ էջին մէջ այլ յօդուած մը կը ներկայացնէ Մանուկ Մանուկեանին կենսագրութիւնը:

            Մանուկեանին բացակայութեան միջոցին՝ 1962 աշունէն 1964 աշուն (4 օգոստոս 1962-ին Մայրի 2Գ (Cedar 2C) հրթիռը արձակելէն ետք ան կը մեկնի ուսումը շարունակելու*) բնագիտութեան դասախօս Էտուըրտ (Էտ) Հարթ, որ արդէն կը հետեւէր Մանուկեանին եւ տղոց աշխատանքին, կը ստանձնէ հրթիռներու ակումբին խորհրդատուի պաշտօնը: Հայկազեան գոլէճի 1962-1963 «Քլարիոն» տարեգիրքին մէջ, էջ 44, նշուած է հրթիռներու ակումբին կազմը, խորհրդատու դասախօս՝ Էտուըրտ Հարթ, անդամներ՝ Ճոն Թիլքեան, Համբարձում Գարակէօզեան եւ Հրայր Սահակեան (4):

6. Մայրի 3 հրթիռին 3 յարկերը լիբանանեան բանակին «Մասալէհ» աշխատանոցին մէջ: Ձախէն առաջինը՝ Էտ Հարթ, իսկ աջէն երկրորդը՝ Եուսէֆ Ուահպէ: 7. Բ. յարկը կը զետեղեն առաջինին վրայ:    8. Հայկազեանի տղաքը եւ բանակին արհեստաւորները: Ձախէն երկրորդը՝  Ճոն Թիլքեան, կեդրոնը՝ Ուահպէ, աջէն երրորդը՝ Համբար Գարակէօզեան եւ չորրորդը՝ Էտ Հարթ:

            Համբար Գարակէօզեան կ՛ըսէ, որ Հարթ Մանուկեանին կարողութիւնները, եռանդն ու կորովը չունէր (5): Իմ կողմէս պիտի աւելցնեմ, որ գիտութիւնն ալ չունէր: Հարթը թէքսասցի մըն էր, յայտնի՝ իր առոգանութեամբ, որ դժուար հասկնալի էր, կարծես քիմք չունէր: Շնորհիւ կարգ մը ուսանողներուս կողմէ կովարածներու (cowboy) ժապաւէններ դիտած ըլլալնուս՝ իր դասապահերուն քիչ մը կրնայինք հետեւիլ: Ամէն պարագայի, ան երբե՛ք բնագիտութեան փնտռուած դասախօսս չէ եղած, իսկ լաւագոյնը դոկտ. Ճոզեֆ Սփրետլին (Joseph Spradly) եղած է, որ նաեւ մէկ տարի համալսարանին տնօրէնութիւնը ստանձնեց Ճոն Մարգարեանին մեկնելէն ետք, 1966-1967 տարեշրջանին:

            1962-ի վերջին հրթիռը ցարդ ամենամեծն էր: Երեք յարկանի «Մայրի 3» այս հրթիռին հասակը 680 սմ էր: Առաջին յարկին տրամագիծը 52 սմ եւ հասակը՝ 297 սմ: Երկրորդ յարկին հասակը 171 սմ, երեւցող մասը՝ 135 սմ եւ տրամագիծը 25 սմ: Երրորդ յարկին հասակը 261 սմ, երեւցող մասը 248 սմ եւ տրամագիծը 8 սմ: Ընդհանուր ծանրութիւնը՝ 1250 քկ: Մանուկեան մեկնելէն առաջ Եուսէֆ Ուահպէին հետ այս հրթիռը ծրագրեց ու բոլոր հաշիւները պատրաստեց, ըստ որոնց, առաջին յարկը պիտի ունենար 14000 քկ մղիչ ուժ, երկրորդ յարկը՝ 8000 քկ իսկ երրորդը՝ 2000 քկ: 25 քկ բեռով կրնար 256 քմ բարձրանալ եւ 600 քմ յառաջանալ, իսկ 100 քկ բեռով՝ 180 քմ բարձրանալ եւ 450 քմ յառաջանալ: Առաւելագոյն արագութիւնը՝ ժամական 9000 քմ:

9. «Ազդակ»-ի «Մայրի 3»-ի արձակման լուրը:     10. Հայկազեանի եւ բանակի մասնագէտները «Մայրի 3» հրթիռին առջեւ: Աստիճանին վրայ ձախին՝ Ճոն Թիլքեան, քովը Ժոզէֆ Սֆէյր: Ա. շարք աջէն ոտքի՝ Համբար Գարակէօզեան, Սիմոն Աբրահամեան եւ Եուսէֆ Ուահպէ: Բ. շարք աջէն երկրորդ՝ Կարապետ Պասմաճեան, Հրայր Սահակեան եւ Էտ Հարթ:

            «Բանակի եւ Հայկազեանի մասնագէտները չորեքշաբթի (21 նոյեմբեր 1962) արձակեցին Մայրի Գ. եռայարկ հրթիռը. հրթիռը 180 քմ բարձրացաւ եւ 425 քմ ճամբայ կտրեց» – Այս է խորագիրը «Ազդակ»-ի 23 նոյեմբեր 1962-ի առաջին էջի լուրերէն մէկուն (6), իսկ լուրը. «Լիբանանի անկախութեան տօնին առթիւ Հայկազեան գոլէճի հրթիռային յանձնախումբը, որ նոր անունով կը կոչուի Անջրպետային Հրթիռներու Ուսումնասիրութեան Լիբանանեան ընկերակցութիւն, չորեքշաբթի, ժամը 15:55-ին, Տըպպայէէն արձակեց եռայարկ հրթիռ մը, որ 180 քմ բարձրութեան հասաւ, 425 քմ ճամբայ կտրեց եւ ծով ինկաւ, Կիպրոսի հարաւը (եւ արեւմուտքը*), նախորոշ կէտի մը վրայ»: Այսինքն Կիպրոսէն անդին, անգլիական մարտանաւի մը մօտ, որ կը հետեւէր այս հրթիռին արձակումին, որուն պատճառով Կիպրոս ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի դէմ բողոք ներկայացուց, եւ Լիբանանի մէջ Անգլիոյ դեսպանը բողոքեց*:

            «Բանակին ընդհանուր հրամանատարը զօրավար Ատէլ Շեհապ, բարձրաստիճան սպաներ, դիւանագիտական մարմնի անդամներ եւ բազմաթիւ լրագրողներ ու օտար թղթակիցներ ներկայ եղան արձակման»: Ներկայ էր նաեւ մեծ բազմութիւն մը*:

            «Այս եռայարկ Մայրի Գ. հրթիռին շինութիւնը տեւած է 3 ամիս: Բանակէն 60 մասնագէտներ եւ Հայկազեան գոլէճէն 20 ուսանողներ մասնակցած են աշխատանքներուն: Հրթիռին արագութիւնն էր ժամական 9000 քմ, ծանրութիւնը՝ 100 քկ (վրիպում է, պէտք է 1250 քկ ըլլայ*): Թռիչքի պահուն մորսով նշաններ յղեց, 27, 29, 31 եւ 33 կարճ ալիքով (megacycle, Mhz*)՝ կազմելով «Կեցցէ՛ Լիբանան» բառերը:

11. Ժոզէֆ Սֆէյր հրթիռին 7 փողերուն կայծ տալու ելեկտրական թելերը կը միացնէ:  12. Մայրի 3 հրթիռը յաջողութեամբ թռիչք կ՛առնէ Տըպպայէյի արձակման բլուրէն:

            «Մայրի Գ. ամբողջովին շինուած է Լիբանանի մէջ: Միայն վառելանիւթի բաղադրիչ քիմիական նիւթ մը արտասահմանէն (Ֆրանսա*) բերուած է»: Բոլոր հրթիռներուն վառելանիւթերուն բաղադրութիւնն ու պատրաստութիւնը մի՛այն Հայկազեանի տղոց աշխատանքով կը կատարուէր*:

            Յաջորդող լրատուութեամբ մը՝ «Ազդակ» 26 նոյեմբեր 1962-ին (7) «Մանրամասնութիւններ՝ «Մայրի Գ.» հրթիռի մասին» խորագիրով կը գրէ. «….Մայրի Գ. հրթիռը գետին-օդ եռայարկ հրթիռ մըն է հաստատուն վառելանիւթով (ոչ հեղուկ, solid fuel*): Առաջին յարկը կազմուած է իրարմէ անկախ եօթը տարրերէ (անջատ 7 հաւասար խորշերէ՝ փոքր հրթիռներէ, իւրաքանչիւրը իր փողածայրով*), որոնք համախմբուած են շատ բարակ կեղեւով մը: Այս կեղեւը, որ թիթեղէ (պողպատէ*) է տոկաց օդի հոսանքին (ճնշումներուն եւ օդին հետ ներշփումին*): 

            «Այս յարկը մէկ թօն ծանրութիւն ունէր, որուն 680 քիլօն վառելանիւթն էր: Անոր դերն էր թռիչք տալ հրթիռին՝ երկվայրկեանը 250 մեթր արագութեամբ: Հրթիռին առաջին յարկը անջատուեցաւ 1500 մեթր բարձրութեան վրայ: Այդ պահուն է, որ տեղի ունեցաւ երկրորդ յարկին հրավառումը:

            «Երկրորդ յարկը մէկ կտոր է (մէկ խորշ*): Անոր վառելանիւթը բաղկացած է նայթրօսելուլօզէ (Nitrocellulose*) եւ 60-40% նայթրօկլիսերինի (Nitroglycerin*) խառնուրդէ մը: Այս երկրորդ յարկին արագութիւնը երկվայրկեանը 2500 մեթր էր:

            «Երրորդ յարկը աւելի փոքր է եւ ունի երկրորդին նման վառելանիւթ մը: Այդ յարկին մէջ կը գտնուին չափական գործիքներ, (ռատիօ*) հաղորդիչ մը եւ ժիրոսքոփ մը (թաւալացոյց, gyroscope*)»:

            Պէտք է նշել, որ արձակումէն առաջ, անկախութեան տօնակատարութեան ծիրին մէջ, այս հրթիռին մէկ օրինակը՝ բնորդը բեռնակառքով Պէյրութի թաղերուն մէջ շրջագայեցաւ՝ խլելով ժողովուրդին ծափահարութիւնները:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

16 յուլիս 2011

Շար 7/8

* Լուսաբանութիւնները իմս:

(1)  «Ազդակ» ԼԶ (36*) տարի թիւ 90, 22 յունիս 1962, էջ 3:

(2)  «Spectra» Haigazian college student publication, V1, No 6, May 1962 p1:

(3)  «Spectra» Haigazian college student publication, V1, No 7, June 1962 p7:

(4)  «Clarion», Haigazian College 1962-1963 yearbook, pp 44-45:

(5) http://www.chanitz.org/2011/03/rising-of-rocket-part-2.html

(6)  «Ազդակ» ԼԶ (36*) տարի թիւ 221, 23 նոյեմբեր 1962, էջ 1:

(7)  «Ազդակ» ԼԶ (36*) տարի թիւ 223, 26 նոյեմբեր 1962, էջ 4:

One thought on “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Է.

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started