«Ի ՎԵՐՋՈՅ, ԹՈՒՐՔԸ ԹՈ՛ՒՐՔ Է՝ ԱՐԻՒՆԱՐԲՈՒ, ԱՆԲԱՐԵԿԱՐԳԵԼԻ ՈՒ ՎՐԷԺԽՆԴԻՐ» ՉԻ փոխուիր Կը Հաստատէ Հարպորտ՝ 1919-ի Իր Տեղեկագիրին Մէջ – Հայրս Իր Յուշերուն Մէջ Կը Վկայէ Այս Վարքագիծը՝ 1937-ին, Թէլ Ապիատ

Ծ. Խ. Ոեւէ հայ անկասկած որ ձայնակից պիտի ըլլայ եզրափակիչ տողերուն, մանաւանդ եթէ այս դրուագը կարդայ Արցախի կորուստին ու հայաթափման եւ Տաւուշի (ու այլ շրջաններու) ուղղուած սպառնալիքներուն լոյսին տակ: Հօրս՝ Գրիգոր Չէքիճեանի յուշերէն՝ կ՚ամփոփեմ 1937-ին պատահած դէպքերը, Թէլ Ապիատի շոգեկառքի կայարանէն սկսած եւ շոգեկառքին մէջ պատահած դրուագը, որ կը բացայայտէ «զարգացած» թուրք երիտասարդներուն իսկական դիմագիծնContinue reading “«Ի ՎԵՐՋՈՅ, ԹՈՒՐՔԸ ԹՈ՛ՒՐՔ Է՝ ԱՐԻՒՆԱՐԲՈՒ, ԱՆԲԱՐԵԿԱՐԳԵԼԻ ՈՒ ՎՐԷԺԽՆԴԻՐ» ՉԻ փոխուիր Կը Հաստատէ Հարպորտ՝ 1919-ի Իր Տեղեկագիրին Մէջ – Հայրս Իր Յուշերուն Մէջ Կը Վկայէ Այս Վարքագիծը՝ 1937-ին, Թէլ Ապիատ”

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս Դ. Մեր Հռչակաւոր Խարուկահանդէսները

Սկաուտական խարուկահանդէսները ընդհանրապէս բանակումի ընթացքին, գիշերները տեղի կ՚ունենան, բանակավայրին կեդրոնը, խարոյկի մը շուրջ, ուր խմբային երգերու եւ կանչերու կողքին՝ իւրաքանչիւր խմբակ, կամ անհատներ, ելոյթ կ՚ունենան երգով, պարով, նուագով, խաղերով, բուրգով, մարմնամարզական ճկունութիւնով, զաւեշտով եւ այլն, ուրախ եւ զուարթ ժամանակ անցնելու համար: Սկաուտութեան մէջ, ինչպէս միշտ՝ թէ՛ խմբակային եւ թէ՛ ալ անհատական մրցակցային բնոյթ ալ կ՚ունենանContinue reading “ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս Դ. Մեր Հռչակաւոր Խարուկահանդէսները”

ՀՄԸՄ Ամմանի Ինքնաշարժով Հետախուզական Արկածախնդրական Մրցումը՝ «Ռէլի ՓէյՓըր» 1976-ին

Յորդանանի մէջ հռչակ շահած էր «Ռէլի ՓէյՓըր» մարզախաղը` քանի որ Հիւսէյն թագաւոր, որ զանազան արկածախնդրական մարզախաղերու եւ արագ ինքնաշարժներու սիրահար մըն էր, 1955-ին՝ գահակալութեան օրէն՝ արդէն սկսած էր մասնակցիլ բլուրներու վրայ արագութեան միջազգային մրցումներու: 1956-ին՝ Լիբանանի մէջ Ռապիյէ-Այն Աար ռէլիին առաջնութիւնը շահեցաւ ան (1), (2) եւ 5 անգամ առաջնութիւն նուաճած է Յորդանանի Ժարաշ պատմական քաղաքիContinue reading “ՀՄԸՄ Ամմանի Ինքնաշարժով Հետախուզական Արկածախնդրական Մրցումը՝ «Ռէլի ՓէյՓըր» 1976-ին”

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս՝ Համա-արաբական Ճամբարը 1964-ին Բ.

Համաարաբական բանակումին աւարտէն ետք, ՀՄԸՄ-ի մեր խումբը եղբ. Ժիրայր Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ, ուրբաթ 4 սեպտեմբեր 1964-ի առաւօտուն Աղեքսանդրիոյ երկաթուղիի «Մասր» կայանէն ճամբայ ելաւ դէպի մայրաքաղաք Գահիրէ, 8 օր կեցութեան համար: Աղեքսանդրիայէն Գահիրէ երկաթուղին շուրջ 180 քմ հեռաւորութիւն ունի եւ այն ժամանակ շուրջ 5 ժամ տեւեց ճամբորդութիւնը՝ երկու կայան կենալով: Դանդաղ, քանի որ գնացքը շատ մը գիւղական,Continue reading “ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս՝ Համա-արաբական Ճամբարը 1964-ին Բ.”

Ցեղասպան Թուրքը Եւ Թուրքիան Պիտի Հատուցեն Մեր Ամէն կաթիլ Արիւնը Եւ Ամէն Սանդիմ Հողը. Վեհանոյշ Խանումը, Թիրօ Քեմփը, Հայրս Եւ Բժիշկը 1939-ին

Հօրս՝ Գրիգոր Չէքիճեանին (1912-1990), ծաւալուն անտիպ յուշերէն կը ներկայացնեմ թուրքերուն ցեղասպանութենէն ազատած եւ Լիբանան հասած հայ խլեակներուն կեանքէն եւ բարերար ու այլ ազգայիններէն քանի մը վիճակներ եւ տեսարաններ՝ խտացուած: Հեքիաթանման, սակայն իրական պատահար մը… Մեր հազարաւոր անհաւատալի թուող դրուագներէն մէկը:             «1939-ին ոսկերիչի խանութ մը բացի Պուրճ Համուտի մէջ, ուր մի՛այն թեթեւ արծաթեղէն կը շինէիContinue reading “Ցեղասպան Թուրքը Եւ Թուրքիան Պիտի Հատուցեն Մեր Ամէն կաթիլ Արիւնը Եւ Ամէն Սանդիմ Հողը. Վեհանոյշ Խանումը, Թիրօ Քեմփը, Հայրս Եւ Բժիշկը 1939-ին”

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս Ա. Համաարաբական Ճամբարը 1964-ին

Աթէնքէն շուրջ 40 քմ հիւսիս, Ողիմպիական խաղերու բնօրրան Մարաթոնի մէջ, Յունաստան, համաշխարհային սկաուտական 11-րդ ճամբարը տեղի ունեցաւ 1963-ին: Լիբանան 245 սկաուտներով մասնակցեցաւ, որոնց մէջ ՀՄԸՄ-ի 32 սկաուտներ:             Յաջորդ տարի Համաարաբական Ճամբարը տեղի ունեցաւ, կրկին յունական պատմական վայրի մը մէջ: Նաբոլիոն Պոնաբարթի կողմէ Օսմանեան կայսրութեան դէմ 1799-ի Եգիպտոսի ծովեզերեայ պատերազմին վայրը՝ Ապուքիր, ուր Ֆրանսայի ջախջախիչContinue reading “ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս Ա. Համաարաբական Ճամբարը 1964-ին”

Խմբապետս Ժիրայր Սարգիսեան

Վաթսուն տարիներու մեր սերտ կապը սկսաւ 1962-ին, երբ ՀՄԸՄ-ի երկրորդ սկաուտ խմբապետս եղաւ ան, մինչեւ իր վերջին ելեկտրոնային նամակը, 21 ապրիլ 2022-ին, Զատկուան առիթով:              Պէյրութի Էշրէֆիէ շրջանի «Ազատամարտ» ակումբն ու դիմացի Ազգային Գէորգ Չաթալպաշեան վարժարանի բակն էին մեր սկաուտական հաւաքավայրերը, իսկ եղբ. Ժիրայրենց առաջին բնակարանը՝ ակումբէն դէպի զառիվայր, տակաւին կանգուն, երրորդ շէնքին մէջ: 1.Continue reading “Խմբապետս Ժիրայր Սարգիսեան”

Լիբանանահայը՝ Քանատահայ 7. – Եղեր…

– Ափ ի բերան մնացի,- ըսաւ: – Ինչո՞ւ, ի՞նչ եղաւ որ,- հարցուց Վահէն, որ տակաւին չէր սորված, թէ այս մարդը այդ տեսակ խօսք մը մէջտեղ կը նետէ, ձկնորսի մը նման, որ խայծ մը կը նետէ ջուրին մէջ այն յոյսով, որ մէկը կը բռնուի: – Ի՞նչ պիտի ըլլար: Նորէն դրամ հաւաքելու ելեր են: – Ո՞վ դրամContinue reading “Լիբանանահայը՝ Քանատահայ 7. – Եղեր…”

Լիբանանահայը՝ Քանատահայ – 6. Ծխախոտ Ծխելը

– Շատ ծիծաղելի նորութիւն մը կայ: Վերջերս անոնք, որոնք Հիւսիսային Ամերիկայէն դէպի Միջին Արեւելք կամ Եւրոպա կը ճամբորդեն, երբ Քանատա վերադառնան, իրենց վրայ ամէնէն մեծ տպաւորութիւն գործած կ’ըլլայ այն իրողութիւնը, որ մարդիկ ամէն տեղ կը ծխեն,- ըսաւ Վազգէնը, եւ գրպանէն սիկարեթի տուփ մը հանելով` հատ մը վառեց: – Քանատայի մէջ սիկարեթ ծխելը հիմա աւելի ծանրContinue reading “Լիբանանահայը՝ Քանատահայ – 6. Ծխախոտ Ծխելը”

Լիբանանահայը՝ Քանատահայ – 5. Արդեօ՞ք

– Վազգէն Շուշանեանի անտիպ գործերու նոր հատոր մը լոյս տեսած է Մոնրէալի մէջ,- ըսաւ Վահէն,- անոր շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ անցեալ կիրակի, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ: – Հետաքրքրական զուգադիպութիւն մըն է, որովհետեւ Շուշանեանի ամէնէն մեծ ջատագովներէն մէկը` Պօղոս Սնապեանը, մահացաւ անցեալ շաբաթ,- ըսաւ Յասմիկը: – Այո՛, վերջին անգամ, երբ Սնապեան Թորոնթօ եկած էր, դասախօսութիւն մը տուաւContinue reading “Լիբանանահայը՝ Քանատահայ – 5. Արդեօ՞ք”

Design a site like this with WordPress.com
Get started