ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս Դ. Մեր Հռչակաւոր Խարուկահանդէսները

Սկաուտական խարուկահանդէսները ընդհանրապէս բանակումի ընթացքին, գիշերները տեղի կ՚ունենան, բանակավայրին կեդրոնը, խարոյկի մը շուրջ, ուր խմբային երգերու եւ կանչերու կողքին՝ իւրաքանչիւր խմբակ, կամ անհատներ, ելոյթ կ՚ունենան երգով, պարով, նուագով, խաղերով, բուրգով, մարմնամարզական ճկունութիւնով, զաւեշտով եւ այլն, ուրախ եւ զուարթ ժամանակ անցնելու համար: Սկաուտութեան մէջ, ինչպէս միշտ՝ թէ՛ խմբակային եւ թէ՛ ալ անհատական մրցակցային բնոյթ ալ կ՚ունենանContinue reading “ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս Դ. Մեր Հռչակաւոր Խարուկահանդէսները”

HOMENETMEN en la Madre Patria 1918 – 1927

«Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1927» Սպաներէնի թարգմանուած այս գիրքը ներբեռնել այս կապով. Ե Ր Կ Ո Ւ Խ Օ Ս Ք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատանքով կ’ողջունէ վաստակաշատ երկու եղբայրներու, «Արժանեաց» շքանշանակիր, Հ.Մ.Ը .Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան երկու նախկին անդաﬓեր՝Յարութ Չէքիճեանի եւ Աբրահամ Ահարոնեանի այսնախաձեռնութիւնը , որուն արդիւնքը պատուաբեր ու հպարտաբեր է։ Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.իContinue reading “HOMENETMEN en la Madre Patria 1918 – 1927”

ՀՄԸՄ Ամմանի Ինքնաշարժով Հետախուզական Արկածախնդրական Մրցումը՝ «Ռէլի ՓէյՓըր» 1976-ին

Յորդանանի մէջ հռչակ շահած էր «Ռէլի ՓէյՓըր» մարզախաղը` քանի որ Հիւսէյն թագաւոր, որ զանազան արկածախնդրական մարզախաղերու եւ արագ ինքնաշարժներու սիրահար մըն էր, 1955-ին՝ գահակալութեան օրէն՝ արդէն սկսած էր մասնակցիլ բլուրներու վրայ արագութեան միջազգային մրցումներու: 1956-ին՝ Լիբանանի մէջ Ռապիյէ-Այն Աար ռէլիին առաջնութիւնը շահեցաւ ան (1), (2) եւ 5 անգամ առաջնութիւն նուաճած է Յորդանանի Ժարաշ պատմական քաղաքիContinue reading “ՀՄԸՄ Ամմանի Ինքնաշարժով Հետախուզական Արկածախնդրական Մրցումը՝ «Ռէլի ՓէյՓըր» 1976-ին”

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս՝ Համա-արաբական Ճամբարը 1964-ին Բ.

Համաարաբական բանակումին աւարտէն ետք, ՀՄԸՄ-ի մեր խումբը եղբ. Ժիրայր Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ, ուրբաթ 4 սեպտեմբեր 1964-ի առաւօտուն Աղեքսանդրիոյ երկաթուղիի «Մասր» կայանէն ճամբայ ելաւ դէպի մայրաքաղաք Գահիրէ, 8 օր կեցութեան համար: Աղեքսանդրիայէն Գահիրէ երկաթուղին շուրջ 180 քմ հեռաւորութիւն ունի եւ այն ժամանակ շուրջ 5 ժամ տեւեց ճամբորդութիւնը՝ երկու կայան կենալով: Դանդաղ, քանի որ գնացքը շատ մը գիւղական,Continue reading “ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս՝ Համա-արաբական Ճամբարը 1964-ին Բ.”

Սփիւռքի Տարի 2023 – ԺԱ.

Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ մնալու Հիմնական Միջոցները, Փոքրիկներու Միութիւններ Նախորդող Ժ. մասը մարդուժի վերաբերեալ գնահատական կատարելէն ետք աւարտեցինք. «Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ փոքր տարիքէն պէտք է անդամակցի հայը հայ պահող, Հայ դատը հետապնդող ազգային որեւէ միութեան, կամ կուսակցութեան, նոյնիսկ` մէկէ աւելիին: Այս է հայապահպանման ՏԵԴԱ-ին Այբը` ակումբը»:             Միութեան մը, կամ կուսակցութեան ակումբը, ժողովրդային տունըContinue reading “Սփիւռքի Տարի 2023 – ԺԱ.”

Խմբապետիս Ժիրայր Սարգիսեանին Միութենական Թանգարանը

Երկար տարիներ, հաւանաբար շուրջ 20 տարի, մեր ուղղակի կապը կտրուելէն ետք, եղբ. Ժիրայր 1995-ին ՀՄԸՄ-ի պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին համար Լիբանան այցելեց: Իբրեւ անակնկալ, սկաուտական հին օրերէն նկար մը եւ սկաուտական ատենադպիրի տետրակէս, ներկայութեան ստուգումի 1962 թուականի այն էջին պատճէնը պատրաստեցի, ուր կերեւի մեր խումբին անուանացանկը եւ իբրեւ խմբապետ իր ներկայութեան առաջին օրը: 1. Ուրախ պահեր,Continue reading “Խմբապետիս Ժիրայր Սարգիսեանին Միութենական Թանգարանը”

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս Ա. Համաարաբական Ճամբարը 1964-ին

Աթէնքէն շուրջ 40 քմ հիւսիս, Ողիմպիական խաղերու բնօրրան Մարաթոնի մէջ, Յունաստան, համաշխարհային սկաուտական 11-րդ ճամբարը տեղի ունեցաւ 1963-ին: Լիբանան 245 սկաուտներով մասնակցեցաւ, որոնց մէջ ՀՄԸՄ-ի 32 սկաուտներ:             Յաջորդ տարի Համաարաբական Ճամբարը տեղի ունեցաւ, կրկին յունական պատմական վայրի մը մէջ: Նաբոլիոն Պոնաբարթի կողմէ Օսմանեան կայսրութեան դէմ 1799-ի Եգիպտոսի ծովեզերեայ պատերազմին վայրը՝ Ապուքիր, ուր Ֆրանսայի ջախջախիչContinue reading “ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս Ա. Համաարաբական Ճամբարը 1964-ին”

Խմբապետս Ժիրայր Սարգիսեան

Վաթսուն տարիներու մեր սերտ կապը սկսաւ 1962-ին, երբ ՀՄԸՄ-ի երկրորդ սկաուտ խմբապետս եղաւ ան, մինչեւ իր վերջին ելեկտրոնային նամակը, 21 ապրիլ 2022-ին, Զատկուան առիթով:              Պէյրութի Էշրէֆիէ շրջանի «Ազատամարտ» ակումբն ու դիմացի Ազգային Գէորգ Չաթալպաշեան վարժարանի բակն էին մեր սկաուտական հաւաքավայրերը, իսկ եղբ. Ժիրայրենց առաջին բնակարանը՝ ակումբէն դէպի զառիվայր, տակաւին կանգուն, երրորդ շէնքին մէջ: 1.Continue reading “Խմբապետս Ժիրայր Սարգիսեան”

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1927 – Է.

Յօդուածաշարքի այս վերջին մասով պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, երբ հազիւ որբահաւաք կատարուած էր, փողոցները փոքրեր եւ մուրացկաններ մնացած չէին, գաղթականները տեղաւորուած էին, այս անգամ ներքին գաղթականներու եւ որբերու նոր ու մեծ հոսանք մը ստեղծուած էր՝ Թուրք-պոլշեւիկ միացեալ ոճիրներուն, հալածանքին եւ ալան թալանին հետեւանքով: 220. Կոպեռնիկ Թանտրճեան, ՀՄԸՄ-ի Արմաշի եւ ՆորContinue reading “Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1927 – Է.”

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1927 – Զ.

Այս վեցերորդ մասով ժամանակագրական կարգը պիտի խախտուի՝ նոր նիւթերու լոյսին տակ, նաեւ, որպէսզի գաղափար ունենանք Հայաստանի Հանրապետութեան կորուստէն ետք ի՛նչ վիճակի մատնուեցաւ երկիրը պոլշեւիկներուն տիրապետութեան տակ:             122. Վերադառնալով Արմաշի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն, որոնց անդրադարձած էի նախորդ՝ Ե., Գ. եւ Բ. մասերուն մէջ, անհրաժեշտ է իմանալ՝ մեր սկաուտներուն ունեցած քանի մը անգամ գաղթական փորձառութեան մասին: Նախ՝Continue reading “Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1927 – Զ.”

Design a site like this with WordPress.com
Get started