ՀՄԸՄ Ամմանի Ինքնաշարժով Հետախուզական Արկածախնդրական Մրցումը՝ «Ռէլի ՓէյՓըր» 1976-ին

Յորդանանի մէջ հռչակ շահած էր «Ռէլի ՓէյՓըր» մարզախաղը` քանի որ Հիւսէյն թագաւոր, որ զանազան արկածախնդրական մարզախաղերու եւ արագ ինքնաշարժներու սիրահար մըն էր, 1955-ին՝ գահակալութեան օրէն՝ արդէն սկսած էր մասնակցիլ բլուրներու վրայ արագութեան միջազգային մրցումներու: 1956-ին՝ Լիբանանի մէջ Ռապիյէ-Այն Աար ռէլիին առաջնութիւնը շահեցաւ ան (1), (2) եւ 5 անգամ առաջնութիւն նուաճած է Յորդանանի Ժարաշ պատմական քաղաքիContinue reading “ՀՄԸՄ Ամմանի Ինքնաշարժով Հետախուզական Արկածախնդրական Մրցումը՝ «Ռէլի ՓէյՓըր» 1976-ին”

«Յորդանանի Հայերը» Գիրքի Ներկայացում

(Այս գրութիւնը երեք մասով տպուեցաւ «Ազդակ»-ին մէջ 9, 11 եւ 13 նոյեմբեր 2019-ին, որոնք խանգարումի մը պատճառով, 2019 սեպտեմբերի կէսերէն դեկտեմբերի կէսը՝ բոլոր գրութիւնները ջնջուեցան կայքէջէն: 9 նոյեմբերի յօդուածը արտատպած էր «Լուսաւոր աւետիս» կայքէջը: )             Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած «Սուրիոյ Հայերը» եւ «Յորդանանի Հայերը» գիրքերու ներկայացումին, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 2Continue reading “«Յորդանանի Հայերը» Գիրքի Ներկայացում”

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Լուսարձակ՝ Սուրիոյ Հայերը Եւ Յորդանանի Հայերը Գիրքերուն Վրայ

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած վերոնշեալ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ: Կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց կեդրոնի գոյառումին, գործունէութեան եւ իրագործումներուն սատարած բարերար Երջօ Սամուէլեանին, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան, միւս բարերարներուն, եւ վերջին տարիներուն կեդրոնի եւ գիտաժողովներու ամբողջContinue reading “Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Լուսարձակ՝ Սուրիոյ Հայերը Եւ Յորդանանի Հայերը Գիրքերուն Վրայ”

Սեռային Ոտնձգութեան Մը Արկածախնդրութիւնը

1978-ին, լիբանանեան քաղաքացիական երկրորդ պատերազմի սաստկացած մէկ փուլին, մեծ թիւով լիբանանահայեր Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման եկած էին (ես արդէն 1972-էն սկսեալ այնտեղ կը պաշտօնավարէի): Այս նորեկները ընդհանրապէս երեք խումբի կարելի էր բաժնել. առաջինը` իրենց պաշտօնավարած ընկերութիւնը ժամանակաւոր կերպով Ամման փոխադրուած էր, երկրորդը` Ամերիկա գաղթելու կամ ճամբորդելու համար վիզայի դիմում կատարելու, իսկ երրորդը` Ամմանի մէջ ազգականներ կամContinue reading “Սեռային Ոտնձգութեան Մը Արկածախնդրութիւնը”

Ինքնաշարժով Հետախուզական Արկածախնդրական Մրցում` «Ռելի Փէյփըր» Ամմանի Մէջ

Յորդանանի մէջ հռչակ շահած էր այս մարզախաղը, քանի որ Հիւսէյն թագաւոր, որ զանազան արկածախնդրական մարզախաղերու եւ արագ ինքնաշարժներու սիրահար մըն էր, 1955-ին, գահակալութեան առաջին օրէն, արդէն սկսած էր մասնակցիլ բլուրներու վրայ արագութեան միջազգային մրցումներու: 1956-ին  Լիբանանի մէջ Ռապիյէ-Այն Աար ռելիին առաջնութիւնը շահեցաւ ան (*) եւ 5 անգամ առաջնութիւն նուաճած է Յորդանանի Ժարաշ պատմական քաղաքի ՌըմմանContinue reading “Ինքնաշարժով Հետախուզական Արկածախնդրական Մրցում` «Ռելի Փէյփըր» Ամմանի Մէջ”

Ի՞նչ Է Գինը Յարաբերութիւններու Բնականոնացման. Նուաստացում` Ի Խնդիր Վերնախաւի Հարստացման

Յորդանանի ծայրագոյն հիւսիս-արեւմուտքը` Յորդանան-Սուրիա-Իսրայէլ սահմաններու միացման կէտին մօտ գտնուող ամայի շրջանի մը մէջ, յորդանանեան օդուժի գաղտնի խարիսխի մը պատասխանատու սպան էր Սահակը` 6-25 հոկտեմբեր 1973-ի արաբ-իսրայէլեան  պատերազմի օրերուն (1): Յորդանան իր մասնակցութիւնը չէր յայտարարած այս պատերազմին` Եգիպտոսի ու Սուրիոյ կողքին, սակայն խորհրդանշական օժանդակութիւն ցուցաբերեց, երկրին հիւսիսը` Սուրիոյ հարաւը զօրք կեդրոնացնելով, տալով նաեւ խորհրդանշական 23 զոհ:Continue reading “Ի՞նչ Է Գինը Յարաբերութիւններու Բնականոնացման. Նուաստացում` Ի Խնդիր Վերնախաւի Հարստացման”

Հաղորդակցութեան Թերութիւններու Մասին Անկապ Յուշեր, Ու… Նախախնամութիւնը

Ա. 1970-ին երբ թուղթով, դրոշմաթուղթով ու պահարանով նամակագրութիւնը «յետամնացութիւն» չէր սեպուեր տակաւին, արտասահմանէն կարեւոր հարցի մը վերաբերեալ կարեւոր պատասխան-նամակի մը կը սպասէի: Օր մը, կէսօրուան մօտ, երբ դէպի տուն կ՛ուղղուէի, շուրջ յիսուն մեթր առջեւ նշմարեցի մեր գիրուկ նամակաբաշխը, որ, ձեռքին տրցակ մը նամակ, դանդաղօրէն կը յառաջանար: Որոշեցի արագ քայլերով հասնիլ անոր եւ հարցնել, թէ նամակContinue reading “Հաղորդակցութեան Թերութիւններու Մասին Անկապ Յուշեր, Ու… Նախախնամութիւնը”

Յորդանանի Հայերը. Յուշեր, Դրուագներ

Անդրադառնալով «Յորդանանի հայերը» գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները» հաղորդագրութեան («Ազդակ», 11 յունիս 2016)` ութ տարիներու (1972-1980) Յորդանան կեցութեանս յուշերու շարան մը ողողեց միտքս, յատկապէս` մօտէն ծանօթ ըլլալով զեկուցաբերներէն գոնէ երկուքին` Ալին Պեննէեանին եւ Մատլեն Մեծակոբեանին: Պիտի ներկայացնեմ ստուար յուշերէս քանի մը հատը: Շատերուս համար Յորդանանը ընդհանրապէս եւ անոր հայկական գաղութը` մասնաւորապէս, Երուսաղէմ քաղաքով սահմանուած էր, դարերուContinue reading “Յորդանանի Հայերը. Յուշեր, Դրուագներ”

Հայաստանի Հանրապետութեան Եռամեայ Զարգացման Այժմէական Ծրագիրի Մը Անհրաժեշտութիւնը

Հետեւելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ 2016 տարեշրջանի պիւտճէական քննարկումներուն` նկատելի էր երկրին ընդհանուր բարգաւաճման եւ զարգացման առնչուող ծրագիրի մը մէջ կատարուող հոլովոյթի մը բացակայութիւնը: Այլ խօսքով, այն տպաւորութիւնը կը տիրէ, որ 2016-ի պիւտճէն պարզապէս նախորդ տարուան պիւտճէին հիման վրայ յարմարեցուած է եւ չի հետեւիր ընդհանուր ծրագիրի մը, որ ունի զարգացման յստակ նպատակ, թիրախ եւContinue reading “Հայաստանի Հանրապետութեան Եռամեայ Զարգացման Այժմէական Ծրագիրի Մը Անհրաժեշտութիւնը”

Design a site like this with WordPress.com
Get started