Մեր Մասին

Իմ Գրութիւններս

Հետեւողական կերպով յօդուած գրելու սկսայ Մայիս 2000-ին, ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթ-ամսաթերթին մէջ յօդուածաշարքերով:

1958-էն սկսեալ, երբ ՀՄԸՄ-ի սկաուտ դարձայ եւ մինչեւ 2003, իբրեւ կեդրոնական վարչութեան անդամ, գրեթէ մնայուն կերպով, թէ՜ իբրեւ սկաուտ եւ թէ՜ ալ բոլոր վարչութիւններուն կամ խորհուրդներուն մէջ քարտուղարի՝ ատենադպիրի պաշտօն վարած եմ: Անդադար ատենագրութիւններ, նամակներ, տեղեկագիրեր եւ այլն գրելով: Ընտանիքիս ու ասպարէզիս կողքին՝ առիթ եւ ժամանակ չեմ ունեցած յօդուածներ գրելու, թէեւ, կատարեալ ատակ գործավարուհիներ ունեցած ենք որոշ թուականէ մը սկսեալ, որոնք հիմնական քարտուղարական աշխատանքը կը կատարէին:

Աշակերտական տարիներուս, Կեդրոնական Բարձրագոյն Վորժարանի (ԿԲՎ) աշակերտական «Արփի» պարբերականին մէջ գրած եմ եւ խմբագրական կազմին մասնակցած: Ապա, Հայկազեան համալսարանի «Նաւասարդ» հայերէն եւ, Spectra ու Haigazian Herald անգլերէն պարբերականներուն խմբագրական կազմերուն մէջ եղած եմ եւ գրութիւններով ու ծաղրանկարներով մասնակցած:

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ հատ ու կենտ յօդուածներ գրած եմ, սակայն առաջինը, որ կը յիշեմ եւ պահած եմ, 26 Սեպտեմբեր 2008-ին էր, դպրոցական վերամուտի առիթով. «ՄԻ՛ ՎԱԽՆԱՐ, ՀԱՅՐԻ՛Կ, ԱՍՈՆՔ ՄԵԶԻ ՊԷՍ ԿԸ ԽՕՍԻՆ» խորագիրով յօդուածը, որ իր զաւակը օտար վարժարան ղրկող հօր մը մասին էր:

«Ազդակ»-ին մէջ սիրողական կերպով, գրեթէ կանոնաւոր յօդուածագրութիւնս սկսաւ 13 Մայիս 2014-ին «Արեւմտահայերէնը Վտանգուա՞ծ է» խորագիրով նամականիով մը, եւ ցարդ (6 Հոկտեմբեր 2022) 390 յօդուած լոյս տեսած է այնտեղ, «Մարզիկ»-ին մէջ եւ այլն, այսինքն շուրջ 9 օրը մէկ յօդուած: Շարք մը թերթեր, կայքէջեր եւ դիմատետրի էջեր արտատպած են յօդուածներս: Իմ տեսածներս են «Նոր Մարմարա», «Նոր Յառաջ», «Ազատ Օր», «Ալիք», «Հորիզոն», «Յուսաբեր» եւ «Ասպարէզ» տպագիր թերթերը ու անոնց կայքէջերը նաեւ, եթէ ուրիշներ ուշադրութենէս չեն վրիպած, հետեւեալ կայքէջերը.

ՀՅԴ եւ «Հայ Դատ»-ի զանազան կայքէջեր եւ դիմատետրի էջեր, «Արեւելք», «Ակունք», «Լուսաւոր Աւետիս», «Եռագոյն», «Երկիր», «Անկախ», diarioarmenia.org.ar, armenianradioboston.com, torontohye.ca, aniarc.am, yerepouni-news.com եւ hyetert.org:

Սեւրի դաշնագիրի 100-ամեակին առիթով, Օգոստոս 2020-ին Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթին համար յատուկ յօդուած մը գրեցի, որ կայքէջին մէջ լոյս տեսաւ:

harout.chekijian@gmail.com

Design a site like this with WordPress.com
Get started