Այժմու Աշխարհը Եւ Զայն Ղեկավարողները Անտարբեր Են Կազայի մէջ Վեց Ամիսէ Աւելի Տեղի Ունեցող Բջիջայինի Պաստառներուն Վրայ Տեսանելի՝Իսրայէլի Կողմէ Կազայի Ժողովուրդին Ցեղասպանութեան, Քանի Որ Հայոց Ցեղասպան Թուրքը Եւ Արցախի Ցեղասպան Ազերին Կը Մնան Անպատիժ

Ինչպէ՞ս Այս Նոյն Սիոնիզմը  Զօրավիգ Կանգնեցաւ Ջարդարար Սուլթան Համիտին, Թալէաթին Եւ Քեմալականներէն Մինչեւ Այժմու Ազրպէյճանին Եւ Երուսաղէմի Հայկական Հողը Պղծողին Անմարդկային գազանաբարոյ՝ խիղճ եւ զգացում չունեցող արարածներ միայն, ինչպէս՝ Իսրայէլի կառավարութիւնն ու անոր նեցուկ կանգնած եւ զինամթերք մատակարարող Միացեալ Նահանգները, հանգիստ կը զգան, Իսրայէլի կողմէ վեց ամիսէ անդադար 32 հազարէ աւելի կազացի խաղաղ բնակիչներու սպանդին՝Continue reading “Այժմու Աշխարհը Եւ Զայն Ղեկավարողները Անտարբեր Են Կազայի մէջ Վեց Ամիսէ Աւելի Տեղի Ունեցող Բջիջայինի Պաստառներուն Վրայ Տեսանելի՝Իսրայէլի Կողմէ Կազայի Ժողովուրդին Ցեղասպանութեան, Քանի Որ Հայոց Ցեղասպան Թուրքը Եւ Արցախի Ցեղասպան Ազերին Կը Մնան Անպատիժ”

Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»՝ «Հարպորտ Առաքելութեան» Կարգ Մը Այժմէական, Կարեւոր Եւ Պատմական Մնայուն Հաստատումները, 1919-ին

Անհրաժեշտ է շեշտել, որ «Հարպորտ առաքելութեան» տեղեկագիրը Հայ Դատին՝ Արեւմտահայաստանի վերականգնման համար մնայուն եւ այժմէական կարեւոր արժէք կը ներկայացնէ, որուն փաստերէն երկուքը տեսանք նախավերջին յօդուածիս մէջ (1), ուր թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը փորձած էր անյաջող կերպով խեղաթիւրել զայն, ինչպէս նաեւ ամերիկացի զինուորական մը անհատական՝անպաշտօն կերպով, իրենց դոկտորականի թէզերով, որպէսզի արժեզրկեն Հարպորտի տեղեկագիրը, որմէ կը սարսափի թուրքը:Continue reading “Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»՝ «Հարպորտ Առաքելութեան» Կարգ Մը Այժմէական, Կարեւոր Եւ Պատմական Մնայուն Հաստատումները, 1919-ին”

Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»՝ «Հարպորտ Առաքելութեան» Հաստատումներէն, 1919-ին` Թուրքիոյ Վարչապետ Տամատ Ֆերիտ Փաշա Փարիզի Խորհրդաժողովին Կը Խոստովանի Հայերու Դէմ Իր Կառավարութեան կատարած Ոճիրները

Նախորդիւ տեսանք «Հարպորտ առաքելութեան» լրջագոյն եւ արժանավայել վարմունքը, երբ Հարպորտի շքախումբը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց պետականութեան վերջին ներկայացուցիչին` Լեւոն Զ. Թագաւորին (1342-1393) շիրիմը այցելելով, Փարիզի մէջ: Այս արարքը քաղաքական կեցուածք մըն էր, որ կը մատնանշէր Կիլիկիոյ հայկական ըլլալը եւ, առ այդ, հայոց թագաւորութեան փաստը, եւ որ` Կիլիկիան նաեւ իր «Առաքելութիւն դէպի Հայաստան»-ին մաս կը կազմէրContinue reading “Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»՝ «Հարպորտ Առաքելութեան» Հաստատումներէն, 1919-ին` Թուրքիոյ Վարչապետ Տամատ Ֆերիտ Փաշա Փարիզի Խորհրդաժողովին Կը Խոստովանի Հայերու Դէմ Իր Կառավարութեան կատարած Ոճիրները”

Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան», Կամ՝ «Հարպորտ Առաքելութիւն»-ը, Որուն Տեղեկագիրը Հիմքն է Սեւրի Դաշնագրով Ճշդուած Հայաստան-Թուրքիա Սահմանին. Խեղաթիւրելու  Փորձ Մը Եւս

Նոյնի՛սկ ամերիկացի զինուորական մը կը փորձէ խեղաթիւրել Հայոց պատմութիւնը, իրմէ գերադաս` զօրավար Հարպորտին 1919-ին գլխաւորած 53 զինուորական մասնագէտներէ բաղկացած առաքելութեան, շուրջ 1600 էջ տեղեկագիրը «կողմնակալ» որակելով: Թուրքը, թաթարը եւ մեր միւս թշնամիները անդադար կը խեղաթիւրեն հայոց պատմութեան բոլոր փուլերը:            «Կեանքի եւ կարօտի համար. ինչպէ՞ս արեւելեան Անատոլիոյ ժողովուրդը նաւարկեց միջպատերազմը, այնպէս, ինչպէս կը վկայէ Ամերիկեան զինուորականContinue reading “Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան», Կամ՝ «Հարպորտ Առաքելութիւն»-ը, Որուն Տեղեկագիրը Հիմքն է Սեւրի Դաշնագրով Ճշդուած Հայաստան-Թուրքիա Սահմանին. Խեղաթիւրելու  Փորձ Մը Եւս”

Վուտրօ Ուիլսընի 24 Մայիս 1920-ի Յատուկ Ուղերձը Քոնկրէսին՝ Ազգերու Լիկայի Հովանիին տակ Հայաստանի Հովանաւորութիւնը Ստանձնելու Առաջարկով

Նախորդիւ անդրադարձայ հայ ժողովուրդին ճգնաժամային` վտանգաւոր մէկ փուլին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան գոյութեան սպառնացող պահուն` «Հայաստանի անկախութեան ամերիկեան կոմիտէին եւ ամերիկացի 375 երեւելիներուն խնդրագիրը նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին` ի նպաստ ամբողջական, անկախ, ծովէ ծով Հայաստանի կայացումին, մարտ 1919-ին» (1): Ատոր նախորդած էր Ամերիկայի այժմու քաղաքականութեան լրիւ հակապատկերը` «Հայաստանը, Արցախը, հայութիւնը, Կազան եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարման անմարդկային` կատարեա՛լContinue reading “Վուտրօ Ուիլսընի 24 Մայիս 1920-ի Յատուկ Ուղերձը Քոնկրէսին՝ Ազգերու Լիկայի Հովանիին տակ Հայաստանի Հովանաւորութիւնը Ստանձնելու Առաջարկով”

«Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» գիրքին նախաբանը, բովանդակութիւնը եւ կարգ մը էջեր

Նախաբան Փոքր տարիքէս Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշակը եւ անոր կարմիրը, կապոյտը եւ նարնջագոյնը իմ նախընտրած գոյներս եղած են։ Իմ որեւէ տեսակի գծագրութեան մէջ , եռագոյնը անպայման կ՚երեւէր: Երբ ՀՄԸՄ- ի սկաուտ դարձայ, արդէն շաբաթական դրութեամբ դրօշակի արարողութիւն կը կատարէինք, եւ եռագոյն դրօշակը մեր սրբութիւնը դարձած էր`հայ ժողովուրդի ազատութեան ու անկախութեան խորհրդանիշը:             1958-ին, ուրախալի օրContinue reading “«Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» գիրքին նախաբանը, բովանդակութիւնը եւ կարգ մը էջեր”

Լոյս Տեսաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմաւորումը Եւ Սեւրի Դաշնագիրը», Յարութ Չէքիճեան, «Սիրուհի Պուտագեան» ֆոնտ, “Ազդակ”֊ի Մատենաշար թիւ 1, Պէյրութ 21 Փետրուար 2024

686 էջ, 1917-էն 1922 Հայաստանի Հանրապետութեան մամուլէն քաղուած նիւթեր եւ անոնց 135 պատճէնները, 264 լուսանկար եւ 17 քարտէսներ, 983 յատուկ անուններու ցանկ (INDEX):

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ Հայ Ժողովուրդի Ձգտումներուն Մարմնացումը ՀՅԴ 133 ամեակին Առիթով

Ինչո՞ւ Թիֆլիսի մէջ հիմնուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Հարկ է վերադառնալ ու փորձել վերապրիլ 1890-ական տարիներու Թիֆլիսի պայմանները, ուր հայերը քաղաքին մեծամասնութիւնն էին ու տնտեսական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ ազդեցիկ կշիռը ունէին: Ռուս-պարսկական պատերազմին՝ 1826-1828, ցարական Ռուսիոյ յաղթանակով, Արեւելեան Հայաստանը ինկաւ ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան տակ, շուրջ 90 տարի, մինչեւ 1917-ի յեղափոխութիւնը, ապա 28 մայիս 1918-ի ՀայաստանիContinue reading “Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ Հայ Ժողովուրդի Ձգտումներուն Մարմնացումը ՀՅԴ 133 ամեակին Առիթով”

Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Կոմիտէին Եւ Ամերիկացի 375 Երեւելիներուն Խնդրագիրը Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին, Ի Նպաստ Ամբողջական, Անկախ՝ Ծովէ-Ծով Հայաստանին, Մարտ 1919-ին, Իսկ Այժմու Ամերիկա՞ն…

Անհրաժեշտ է, որ հայ ժողովուրդը յիշէ եւ յիշեցնէ այժմու Ամերիկայի նախագահին, ժողովուրդին, եկեղեցիներուն, նահանգապետերուն եւ համալսարաններուն՝ 1919-ին անոնց նախորդներուն արդար խնդրանքն ու զօրակցութիւնը՝ ՄԻԱՑԵԱԼ, ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՆԿԱԽ՝ ԾՈՎԷ ԾՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՈՅԱՑՈՒՄԻՆ, ՈՐ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ, ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻԻՆ ԽՆԴՐԱՆՔ ՊԱՀԱՆՋՆ ԷՐ:             Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկայի յանձնախումբին աշխատանքով, Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին ուղղուած այս խնդրագիրը ստորագրած ենContinue reading “Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Կոմիտէին Եւ Ամերիկացի 375 Երեւելիներուն Խնդրագիրը Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին, Ի Նպաստ Ամբողջական, Անկախ՝ Ծովէ-Ծով Հայաստանին, Մարտ 1919-ին, Իսկ Այժմու Ամերիկա՞ն…”

Design a site like this with WordPress.com
Get started