ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս Դ. Մեր Հռչակաւոր Խարուկահանդէսները

Սկաուտական խարուկահանդէսները ընդհանրապէս բանակումի ընթացքին, գիշերները տեղի կ՚ունենան, բանակավայրին կեդրոնը, խարոյկի մը շուրջ, ուր խմբային երգերու եւ կանչերու կողքին՝ իւրաքանչիւր խմբակ, կամ անհատներ, ելոյթ կ՚ունենան երգով, պարով, նուագով, խաղերով, բուրգով, մարմնամարզական ճկունութիւնով, զաւեշտով եւ այլն, ուրախ եւ զուարթ ժամանակ անցնելու համար: Սկաուտութեան մէջ, ինչպէս միշտ՝ թէ՛ խմբակային եւ թէ՛ ալ անհատական մրցակցային բնոյթ ալ կ՚ունենանContinue reading “ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս Դ. Մեր Հռչակաւոր Խարուկահանդէսները”

ՀՄԸՄ Ամմանի Ինքնաշարժով Հետախուզական Արկածախնդրական Մրցումը՝ «Ռէլի ՓէյՓըր» 1976-ին

Յորդանանի մէջ հռչակ շահած էր «Ռէլի ՓէյՓըր» մարզախաղը` քանի որ Հիւսէյն թագաւոր, որ զանազան արկածախնդրական մարզախաղերու եւ արագ ինքնաշարժներու սիրահար մըն էր, 1955-ին՝ գահակալութեան օրէն՝ արդէն սկսած էր մասնակցիլ բլուրներու վրայ արագութեան միջազգային մրցումներու: 1956-ին՝ Լիբանանի մէջ Ռապիյէ-Այն Աար ռէլիին առաջնութիւնը շահեցաւ ան (1), (2) եւ 5 անգամ առաջնութիւն նուաճած է Յորդանանի Ժարաշ պատմական քաղաքիContinue reading “ՀՄԸՄ Ամմանի Ինքնաշարժով Հետախուզական Արկածախնդրական Մրցումը՝ «Ռէլի ՓէյՓըր» 1976-ին”

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս՝ Համա-արաբական Ճամբարը 1964-ին Բ.

Համաարաբական բանակումին աւարտէն ետք, ՀՄԸՄ-ի մեր խումբը եղբ. Ժիրայր Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ, ուրբաթ 4 սեպտեմբեր 1964-ի առաւօտուն Աղեքսանդրիոյ երկաթուղիի «Մասր» կայանէն ճամբայ ելաւ դէպի մայրաքաղաք Գահիրէ, 8 օր կեցութեան համար: Աղեքսանդրիայէն Գահիրէ երկաթուղին շուրջ 180 քմ հեռաւորութիւն ունի եւ այն ժամանակ շուրջ 5 ժամ տեւեց ճամբորդութիւնը՝ երկու կայան կենալով: Դանդաղ, քանի որ գնացքը շատ մը գիւղական,Continue reading “ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս՝ Համա-արաբական Ճամբարը 1964-ին Բ.”

Խմբապետիս Ժիրայր Սարգիսեանին Միութենական Թանգարանը

Երկար տարիներ, հաւանաբար շուրջ 20 տարի, մեր ուղղակի կապը կտրուելէն ետք, եղբ. Ժիրայր 1995-ին ՀՄԸՄ-ի պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին համար Լիբանան այցելեց: Իբրեւ անակնկալ, սկաուտական հին օրերէն նկար մը եւ սկաուտական ատենադպիրի տետրակէս, ներկայութեան ստուգումի 1962 թուականի այն էջին պատճէնը պատրաստեցի, ուր կերեւի մեր խումբին անուանացանկը եւ իբրեւ խմբապետ իր ներկայութեան առաջին օրը: 1. Ուրախ պահեր,Continue reading “Խմբապետիս Ժիրայր Սարգիսեանին Միութենական Թանգարանը”

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս Ա. Համաարաբական Ճամբարը 1964-ին

Աթէնքէն շուրջ 40 քմ հիւսիս, Ողիմպիական խաղերու բնօրրան Մարաթոնի մէջ, Յունաստան, համաշխարհային սկաուտական 11-րդ ճամբարը տեղի ունեցաւ 1963-ին: Լիբանան 245 սկաուտներով մասնակցեցաւ, որոնց մէջ ՀՄԸՄ-ի 32 սկաուտներ:             Յաջորդ տարի Համաարաբական Ճամբարը տեղի ունեցաւ, կրկին յունական պատմական վայրի մը մէջ: Նաբոլիոն Պոնաբարթի կողմէ Օսմանեան կայսրութեան դէմ 1799-ի Եգիպտոսի ծովեզերեայ պատերազմին վայրը՝ Ապուքիր, ուր Ֆրանսայի ջախջախիչContinue reading “ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս Ա. Համաարաբական Ճամբարը 1964-ին”

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1927 – Է.

Յօդուածաշարքի այս վերջին մասով պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, երբ հազիւ որբահաւաք կատարուած էր, փողոցները փոքրեր եւ մուրացկաններ մնացած չէին, գաղթականները տեղաւորուած էին, այս անգամ ներքին գաղթականներու եւ որբերու նոր ու մեծ հոսանք մը ստեղծուած էր՝ Թուրք-պոլշեւիկ միացեալ ոճիրներուն, հալածանքին եւ ալան թալանին հետեւանքով: 220. Կոպեռնիկ Թանտրճեան, ՀՄԸՄ-ի Արմաշի եւ ՆորContinue reading “Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1927 – Է.”

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1927 – Զ.

Այս վեցերորդ մասով ժամանակագրական կարգը պիտի խախտուի՝ նոր նիւթերու լոյսին տակ, նաեւ, որպէսզի գաղափար ունենանք Հայաստանի Հանրապետութեան կորուստէն ետք ի՛նչ վիճակի մատնուեցաւ երկիրը պոլշեւիկներուն տիրապետութեան տակ:             122. Վերադառնալով Արմաշի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն, որոնց անդրադարձած էի նախորդ՝ Ե., Գ. եւ Բ. մասերուն մէջ, անհրաժեշտ է իմանալ՝ մեր սկաուտներուն ունեցած քանի մը անգամ գաղթական փորձառութեան մասին: Նախ՝Continue reading “Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1927 – Զ.”

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1927 –Ե.

Այս թիւով կը ներկայացուին 1921-1922 տարիներուն ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Հայ Սկաուտ»-ի մէջ լոյս տեսած Հայաստանէն ղրկուած, Հայաստանի սկաուտութեան մասին, սկաուտներու կողմէ գրուած յօդուածներ եւ ոտանաւորներ, նաեւ, Ալեքսանդրապոլի աշխարհի ամենամեծ որբանոցին կեանքէն նմոյշներ:           103.  ՀՄԸՄ-ի երեք առաքեալներէն Երեւան ծառայող Օննիկ Եազմաճեանին գործունէութեան մասին տեղեկութիւնները քիչ են: Սակայն, նախապէս ինքն ալ որբանոցի սան՝ Երեւանէն Տարոնցի խմբապետ ԱնդրանիկContinue reading “Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1927 –Ե.”

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918 -1927 – Դ.

84.  15 Յունիս 1921, «Հայ Սկաուտ» (69). Հայաստանէն եկած նկարով մը կը գրէ. «Պ. Օկտըն (L. Ray Ogden*), իր կարգին հայասէր ամերիկացի մը, որուն յանձնուած է Ալեքսանդրապոլի (միայն Փոլիկոնի տնօրէն*) 20 հազար որբերուն խնամքը: Ան առաւելապէս սկաուտական շարժումը քաջալերող մըն է եւ այս ուղղութեամբ աշխատանքի սկսած է արդէն»:             Ծանօթ է, որ այդ շրջանին մի՛այնContinue reading “Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918 -1927 – Դ.”

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1927, (Գ. մաս՝ ընդլայնուած)

50.  «26 Սեպտեմբեր 1920- ին (5) Ալեքսանտրապոլի մէջ տեղի կ՛ունենայ տեղւոյն «Մեծն Վարդան» եւ Երեւանի «Սպորտ» ակումբին միջեւ փոխ վրէժի ֆութպոլի մրցում մը՝ «Կազաչի Փոստ»-ի (նախկին ռուսական զօրանոց՝ որբանոցի վերածուած: Կային նաեւ՝ Փոլիկոն եւ Սեվերսքի փոստերը*) դաշտին վրայ, ներկայութեամբ Շիրակի նահանգապետ Կարօ Սասունիի եւ հոծ բազմութեան, տոմսերը սպառած էին: Կարգապահութեան կը հսկեն սկաուտներ եւ ոստիկաններ:Continue reading “Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ 1918-1927, (Գ. մաս՝ ընդլայնուած)”

Design a site like this with WordPress.com
Get started