Հաւաքական Կուրութիւն, Քաղաքական Միտքի Եւ Դիւանագիտութեան Բացակայութիւն, Մարտավարական Կեդրոններէն Անտեղեակութիւն, Մարդկային Կիրքի Գերադասում Ազգային Արժէքներէն Եւ Իրաւունքէն Ու Գերագոյն Դաւաճանութիւն՝ Արցախի Յանձնում Թշնամիին

27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի եւ իր դաշնակիցներուն կողմէ Արցախի վրայ յարձակումը եւ անոր նախորդող Ազրպէյճան-Թուրքիա-Իսրայէլ-Փաքիստան եւ ՏԱՀԵՇ դաշինքը եւ անոնց միացեալ ռազմափորձերը, իսրայէլեան ռազմական օդակայանէն պայթուցիկ նիւթերու թռիչքները դէպի Պաքու եւ պատերազմի բոլոր պատրաստութիւնները Միացեալ Նահանգներուն եւ անոր հովանաւորած ՕԹԱՆ-ին Արեւմուտքին կողմէ ծրագրուած էին նպատակ ունենալով Ռուսիան հեռացնել Հարաւային Կովկասէն` զոհելով Արցախն ու Հայաստանը եւContinue reading “Հաւաքական Կուրութիւն, Քաղաքական Միտքի Եւ Դիւանագիտութեան Բացակայութիւն, Մարտավարական Կեդրոններէն Անտեղեակութիւն, Մարդկային Կիրքի Գերադասում Ազգային Արժէքներէն Եւ Իրաւունքէն Ու Գերագոյն Դաւաճանութիւն՝ Արցախի Յանձնում Թշնամիին”

Ինչպէ՞ս Փոքր Երկրի Մը Միացեալ Նահանգներուն Նեցուկը Վայելող Ղեկավարին Փառամոլութիւնը Սկիզբը Դրաւ Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ Ճակատումին

Այս է խորագիրը «Ռաշա Թուտէյ»-ի առաջնորդող յօդուածին, որ ազգայնական նկատուող, ռուս պատմաբան Եւկենի Նորին (Evgeny Norin) նախ գրած է 13 օգոստոս 2022-ին, որ 8 օգոստոս 2023-ին վերստին կը հրատարակուի (1)՝ դէպքին 15 ամեակին առթիւ, որ կը բացայայտէ նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ռուսական բանակին «խեղճ» վիճակը: Պէտք է նկատել զուգահեռները Խրիմի Տոնպասի եւ Արցախի հետContinue reading “Ինչպէ՞ս Փոքր Երկրի Մը Միացեալ Նահանգներուն Նեցուկը Վայելող Ղեկավարին Փառամոլութիւնը Սկիզբը Դրաւ Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ Ճակատումին”

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) 20 ապրիլ 2023-ին կը հաղորդէր (1). «Երեւանի մէջ կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ եռակողմանի առաջին քաղաքական խորհրդակցութիւնները։ «Պատուիրակութիւնները գլխաւորած են Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանը, Իրանի ԱԳՆ Հարաւային Ասիոյ գլխաւոր վարչութեան պետ Սեյետ Ռասուլ Մուսաուին եւ Հնդկաստանի ԱԳՆ տարածքային գլխաւոր վարչութեանContinue reading “«Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի»”

«Ղարաբաղեան հարցը Եւ Միջազգային Հակամարտութիւններուն Բնոյթը»

Եւ «Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի» Երկու յօդուածներ, որոնց առաջինին հեղինակն է ռուսական միջազգային վարկ ունեցող, ըստ իս կիսապաշտօնական, յայտնի մարտավարական հիմնարկին՝ «Վալտայյ քննարկումի ակումբ» ծրագիրի տնօրէն՝ Թիմոֆէի Պորտաչեւ (Valdai Club Program Director Timofei Bordachev), որ 8 յունիս 2023-ին հետեւեալ նախաբանով գրած է. «Շատ հաւանական է, որ միջազգային քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջContinue reading “«Ղարաբաղեան հարցը Եւ Միջազգային Հակամարտութիւններուն Բնոյթը»”

«Յառաջ» Օրաթերթի 19 Նոյեմբեր 1919-ի Համարէն Լուրեր Եւ Ծանուցումներ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը

Մայիս 28, 2023-ի «Ազդակ» բացառիկին համար Սիմոն Վրացեանի խմբագրութեամբ, ՀՅԴ բիւրոյի հրատարակած «Յառաջ» օրաթերթին 19 Նոյեմբեր 1919-ի համարէն (1) կը ներկայացնեմ բաժիններ, որոնք  Ամերիկայի օրուան նախագահին, հայկական գաղութին եւ քաղաքական գործիչներուն կողմէ կարծէք թէ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի այժմու կացութեան մասին գրուած են:             Ամերիկայի 1913-1921 թուականներու 28-րդ նախագահը՝ Վուտրօ Ուիլսըն (1856-1924), որ ականատես եղաւContinue reading “«Յառաջ» Օրաթերթի 19 Նոյեմբեր 1919-ի Համարէն Լուրեր Եւ Ծանուցումներ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը”

Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքները Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

Այս լուրը եւ յօդուածը ի մասնաւորի ուղղուած է Հայաստանի այժմու անարժան իշխանութեան եւ անոնց հետեւորդներուն, որոնք Իսրայէլի հետ, որ կը զինէ թշնամի Ազրպէյճանը, միակողմանի «սիրաբանութիւն կը խաղան» եւ 44-օրեայ պատերազմէն քանի մը օր առաջ յիմարօրէն դեսպանատուն բացին այնտեղ, ապա 10 օր ետք, խայտառակուած` ետ գոցեցին, երբ իսրայէլեան զէնքերը եւ շատ հաւանաբար մասնագէտները հայութեան դէմ ջարդերContinue reading “Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքները Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան”

«Նոր Պատերազմներու Վտանգ Կովկասի Մէջ – Լաւ Պարագայ Մը, Որ Միացեալ Նահանգները Զսպուածութիւն Պարտադրեն»

Այս է խորագիրը Ուաշինկթընի Քուինսի հիմնարկի 8 դեկտեմբեր 2022-ի ծաւալուն յօդուածին (The Threat of New Wars in the Caucasus: A Good Case for U.S. Restraint), հեղինակութեամբ Եւրասիոյ բաժանմունքի տնօրէն Անաթոլ Լիվընի եւ աշխատակից Արթին Տէր Սիմոնեանի (1): «Քուինսի պատասխանատու վարչագիտութեան հիմնարկ»-ը (The Quincy Institute for Responsible Statecraft) Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած ամերիկեան ռազմավարական խորհրդատու խմբակ մընContinue reading “«Նոր Պատերազմներու Վտանգ Կովկասի Մէջ – Լաւ Պարագայ Մը, Որ Միացեալ Նահանգները Զսպուածութիւն Պարտադրեն»”

Հայաստան-Արցախ-Հայ Դատ Եւ Ռուսիա-Ուքրանիա-Խրիմ-Տոնպաս Զուգահեռները Եւ Աշխարհաքաղաքականութիւնը

Ա. Ընդհանուր պատկեր, Արեւելք-Արեւմուտք հակադիր դաշինքներ.             25 Դեկտեմբեր 1991-ին թիւ 142-H որոշումով Խորհրդային Միութիւնը պաշտօնապէս լուծարուեցաւ, նշելով փոխանցումը եւ սկիզբը Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան՝ ԱՊՀ, որուն լիիրաւ անդամ դարձան նախկին Խորհրդային Միութեան 15 երկիրներէն 10-ն: Ուքրանիան հիմնադիր անդամ ըլլալով հանդերձ, չէր վաւերացուցած կանոնագրութիւնը, իսկ Թուրքմենիստանը՝ ընկերակից կարգավիճակով մնաց: Պալթեան երեք երկիրները՝ Էսթոնիա, Լաթվիա եւ Լիթուանիա,Continue reading “Հայաստան-Արցախ-Հայ Դատ Եւ Ռուսիա-Ուքրանիա-Խրիմ-Տոնպաս Զուգահեռները Եւ Աշխարհաքաղաքականութիւնը”

Հայաստանի Քաղաքացիութեան Արժէքը Իջած Է 150 Հազար Տոլարի…

«Հայաստանի տնտեսութեան մէջ 150 հազար տոլար ներդրած օտարերկրացիները կարող են Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալ» խորագիրով 15 հոկտեմբեր 2022-ին «Արմենփրես» կը հաղորդէ (1) Հայաստանի կառավարութեան հետեւեալ նախագիծ-ծրագիրը (իսկ այս օտարամոլ  իշխանութեան ո՞ր ապազգային ծրագիրը ցարդ ձախողութեան մատնուած է, ո՛չ մէկը*). ստորեւ այս լուրէն հատուածներ՝ արեւմտահայերէն.             «…Նախագիծի համաձայն, Հայաստանի քաղաքացիութիւն կրնան ստանալ այն օտարերկրեայ քաղաքացիները, որոնք կրթութեանContinue reading “Հայաստանի Քաղաքացիութեան Արժէքը Իջած Է 150 Հազար Տոլարի…”

Ռուսիա-«Յեղափոխութիւններ» Աշխարհաքաղաքականութիւնը Եւ Սերկէյ Լաւրովի ՄԱԿ-ի Մէջ Մամլոյ Ասուլիսը

Սկիզբէն յայտնենք, որ միամտութիւն է որեւէ երկրէ երկրորդ երկրի մը պատերազմական ուղղակի օժանդակութիւն ակնկալելը` առանց յետին նպատակի կամ սեփական շահի, եւ մանաւա՛նդ երբ կարիքը ունեցող կողմը օգնութիւն չի խնդրեր:             Իւրաքանչիւր երկիր ի՛ր սեփական ուժով, ի՛ր բանակին եւ ժողովուրդին միջոցով պէտք է իր երկիրը պաշտպանէ եւ անոր համեմատ ռազմավարութիւն զարգացնէ: Օտարին օգնութիւնը կրնայ քաղաքական, դիւանագիտականContinue reading “Ռուսիա-«Յեղափոխութիւններ» Աշխարհաքաղաքականութիւնը Եւ Սերկէյ Լաւրովի ՄԱԿ-ի Մէջ Մամլոյ Ասուլիսը”

Design a site like this with WordPress.com
Get started