Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները Դ.

Այս յօդուածաշարքին առաջինին մէջ հիմնաւորուած էր, որ Հայաստան աշխարհի ձիերու ընտելացման պատմութիւնը սկսած է Ք.Ա. 4000-3000 թուականներուն: Երկրորդին եւ երրորդին մէջ` Տրդատ Ա. թագաւորին ձիաւոր հերոսութիւնները եւ յաղթանակները:

Վերադառնալով Ք. Ա. երկրորդ հազարամեակ, որ ըստ պատմիչ Միքայէլ Չամչեանի կազմած Հայկազունիներու ժամանակագրութեան, Ք. Ա. 19- 18-րդ դարերու հայկական միասնական պետականութեան հիմնադիրն էր Արամ նահապետը, որ քանի մը անուններով կը ճանչցուի` Արամ Հայկազունի, Հայկեան Արամ, Արամ Քաջ, Արամ Ա. Մեծ (Ք. Ա. 1846 կամ 1845-1769), հայոց նահապետը, Հայքի թագաւորութեան հիմնադիր արքան Ք. Ա. 1827-1769, Հարմա Հայկազունիի որդին, Գեղամի թոռնիկը եւ Արա Գեղեցիկի հայրը, Հայկազունիներու թագաւորական տոհմին նահապետը, մայրաքաղաքը` Արմաւիր:

1. Արմաւիրի դաշտերը, դիմացը` Արարատը: 2. Արմաւիրի փլատակներէն մաս մը այժմ:

Հայոց պատմութեան եւ Հայկեան Արամի մասին պատմութիւնը գրի առած է Մեծ Հայքի Մծուրն քաղաքէն Մար Աբաս Կատինա (Մար Աբաս Մծուրնացի, Մարաբա Մծուրնացի, Ք.Ա. 3-րդ դար) ասորի պատմիչը, որուն վարձած էր Վաղարշակ Ա. թագաւորը (Ք. Ա. 247-225), որպէսզի իրեն նախորդող, մինչեւ սկիզբ` յաջորդական հայոց թագաւորներուն պատմութիւնը գրէ, օգտագործելով նաեւ դրացի երկիրներուն արխիւները եւ գրադարանները: Ըստ Մովսէս Խորենացիի (պատմիչ, 410-490) եւ Սեբէոսի, Հայկեան Արամը Հայկազունիներու արքայատոհմի վեցերորդ ներկայացուցիչն էր (1):

Արամը հեռու մնացած էր պալատական զեխ կեանքէն եւ ստացած էր ընդհանուր, մանաւանդ մարզական ու մարտական կրթութիւն: Փոքր տարիքէն մասնակցած է արշաւանքներու, պատերազմներու եւ ականատես եղած Հայքի հարաւային նահանգներուն մէջ թշնամիներուն կատարած թալանին, կողոպուտին, կոտորածներուն, վայրագութեան ու ասպատակութեան, հազարաւոր գերիներու ստրկութեան: Կ՛որոշէ վերջ դնել այս աւազակախումբերուն` Մարաստանի ու Ասորեստանի կթան կովը ըլլալու կարգավիճակին:

Գահակալութեան առաջին տարին իսկ կը լծուի միացեալ հայկական կանոնաւոր եւ մնայուն բանակ ստեղծելու աշխատանքին: Ամասիա եւ Գեղամ թագաւորներուն կողմէ հիմնուած ձիարշաւարանը, որ կը գտնուէր Արմաւիր մայրաքաղաքին հարաւը, Երասխ (Արաքս) գետի աջ ափին, Արարատ լերան դիմաց, կը վերականգնէ` վերածելով զայն ռազմական ուսումնարանի:

3. Ցարդ գտնուած աշխարհի ամենահին գորգը, որ հայկական է Ք. Ա. 5-3 դար (5):

Արամի հրամանով Արմաւիր կը հրաւիրուին երկրի բոլոր նախարարներուն եւ իշխաններուն որդիներն ու Հայկազուններու 18-22 տարեկան զարմիկները, որոնք իրե՛նք կ՛ընտրեն, թէ բանակի ո՛ր զօրամասերուն միանալ: Կը կազմուի մարտական գործողութիւններ վարող հեծելազօր` այրուձիի եւ մարտակառքերու նոր զօրամասեր (1), (2): Արամի օրօք կը հնարուին եւ կը ներմուծուին ռազմական նոր իրերու` զէնքերու գործածութիւնը, որոնք դարաշրջանի հայոց ռազմարուեստի բնագաւառի ամէնէն նշանակալի գիւտերն էին: Ըստ Մովսէս Խորենացիի, Արամ կը ստեղծէ կանոնաւոր գործող, 50 հազար հաշուող հայկական բանակ եւ հայկական հզօր այրուձին (զրահապատ ձիաւոր զօրք):

Թէեւ կ՛ըսուի, որ ձիերուն-ջորիներուն պայտը Ք. Ա. շուրջ 450-ին հնարուած է, իսկ կառքերու անիւներուն շուրջի մետաղէ գօտին` շրջանակը Ք.Ա. շուրջ 1000 թուականին, սակայն «Արմաւիրի միջնաբերդի դարբնոցին մէջ գտնուած են Ք.Ա. երկրորդ հազարամեակին պատկանող մարտակառքերու երկաթեայ օղակներ» (2) էջ 15, իսկ մետաղեայ պայտեր արդէն կը գործածուէին Ք. Ա. շուրջ 2000 թուականին, Հայաստանի մէջ:

Այստեղ անհրաժեշտ կը գտնեմ մէջբերել պատմաբան եւ իրաւաբան Մհեր Յակոբեանի (3) «Հայ ժողովուրդի ռազմական պատմութեան ուսումնասիրման մեթոտական հիմնահարցեր. հայ ժողովուրդի ռազմական տարեգիրք, գիրք առաջին Ք.Ա. 3000-1561» Երեւան, 2007 (4), 70 հատոր աշխատասիրութեան, որ  հայերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած աւելի քան 6.500 ճակատամարտերուն եւ ռազմական ընդհարումներուն, ինչպէս նաեւ պատմական Հայաստանի տարածքին առանց հայերու մասնակցութեան տեղի ունեցած ճակատամարտերուն մասին գրած է: Ստորեւ նախաբանին սկիզբը` արեւմտահայերէն.

4. Հայոց թագաւոր Արգիշտի Ա., Էրեբունի Ք.Ա. 786-764: 5. Պրոնզէ կապարճ Ք. Ա. 760-743, ձիեր մարտակառքեր, Կարմիր Բլուր:

«Կարելի է ըսել, որ հայ ժողովուրդը ծանօթ չէ իր իրական պատմութեանը: Խորհրդային շրջանին հրատարակուած հայ ժողովուրդի պատմութեան դասագիրքերը, մենագրութիւնները եւ  այլ աշխատութիւնները հայոց պատմութեան վերաբերեալ խիստ թիւր կարծիք ստեղծած են: Բանն այն է, որ վերջիններս քանի մը տեսանկիւնէ լիովին կ՛աղաւաղէին իրականութիւնը եւ կու տային խեղաթիւրուած պատկերացում հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ: Մասնաւորապէս.

1.- Անոնք բոլորը գրուած էին այն ոգիով, որ հայ ժողովուրդը մշտապէս, ի սկզբանէ եղած է թոյլ, հալածուած ազգ եւ մշտապէս կարիք ունեցած է, թերեւս այժմ ալ ունի «մեծ եղբօր» հովանաւորութեան: Տառապելով այս իսկ ոճով պատմութիւնը ներկայացնելու մարմաջով` մեր մասնագէտները կա՛մ ընդհանրապէս ուշադրութիւն չեն դարձուցած հայոց բանակի պատմութեան, ռազմական տարեգրութեան, կա՛մ  ներկայացուցած են զայն խիստ աղքատիկ` ուշադրութիւն դարձնելով մի՛այն այնպիսի փաստերու վրայ, որոնք ուղղակի հնարաւոր չէր չտեսնել: Մնացած փաստերը, որոնք երբեմն ուղղակի կը զարմացնեն ռազմական գործողութիւններու նկարագրումին մանրամասնութեամբ, այս մասնագէտները թեթեւ ձեռքով, դիւրութեամբ յայտարարեցին վիպական` որպէս ժողովրդական բանահիւսութեան նմուշներ, ասքեր, վէպեր, մէկ խօսքով ամէն ինչ` բացի իրական ըլլալէ:

6. Վահագն վիշապաքաղ:                                   7. Սասունցի Դաւիթ:

«Խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի Փաւստոս Բիւզանդի, Յովհան Մամիկոնեանի, Շապուհ Բագրատունիի, մասամբ նաեւ` Մովսէս Խորենացիի, Սեբէոսի, Մովսէս Կաղանկատուացիի եւ այլ աշխատութիւններուն: Բանը հասած է նոյնիսկ անոր, որ կասկածի տակ առնուած է համեմատաբար նոր ժամանակներուն վերաբերող Ստեփանոս Շահումեանի (1702-1782*) աշխատութեան զգալի մասը: Բայց նոյնիսկ այս բնաբանին վրայ ապշեցուցիչ է, որ այս աղբիւրներուն  մէջ նշուած մի՛այն անյաջողութիւններն ու պարտութիւնները կ՛ընդունուին առանց կասկածի, իսկ յաջողութիւնները կը ժխտուին:

«Այսպէս, անառարկելի ճշմարտութիւն կը համարուի Յովհան Մամիկոնեանի բերած այն տեղեկութիւնը, որ երբ արաբները Տարօն մտան, պարտութեան մատնեցին հայկական բանակը, սակայն չ՛ընդունուիր նոյն պատմիչին կողմէ նոյն աշխատութեան մէջ արձանագրուած Տարօնի հայ-պարսկական պատերազմին յաղթական դրուագներուն կամ Տրդատ Մեծի մղած ճակատամարտերուն իրական ըլլալը:

«Օրինակ, անտեսուած է Ք. Ա. երկրորդ հազարամեակին հայկական բանակին մարտակառքերուն ունեցած մեծ նշանակութիւնը, կամ` այն փաստը, որ, ի տարբերութիւն բիւզանդական կամ խաչակիրներու բանակներուն, 7-12 դարերու հետեւակ նետաձիգները չէին կորսնցուցած իրենց մարտական նշանակութիւնը …»:

Իմ կողմէս պիտի աւելցնեմ երեք երեւոյթ. առաջինը` նոյնն է մօտեցումը նաեւ 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան պարագային, երկրորդ` Մհեր Յակոբեանի նշած «պատմաբաններուն» «աշխատասիրութիւնները» ողողած են այժմու համացանցը եւ հայկական պատմական նիւթերուն (հայերէն կամ անգլերէն) մեծամասնութիւնը «Սովետական Համայնագիտարան»-էն ընդօրինակուած են:

Երրորդը` կարգ մը լիբանանահայ վարժարաններուն գործածած դասագիրքերուն մէջ, կամ ուսուցիչներուն մօտ նմանօրինակ մօտեցում մը կայ, ուր մեր պատմութեան կարգ մը հերոսներուն եւ հերոսական սխրագործութիւններուն «առասպել» պիտակ կը տրուի եւ կամ արդէն դասագիրքին մէջ տեղ չեն գտած անոնք եւ միամտօրէն «անաչառ պատմաբան»-ի դեր խաղալով` անկարեւոր կը նկատուին… Իրականութեան մէջ, սակայն, աշակերտները յա՛տկապէս հերոսներն ու անոնց սխրագործութիւնները կը յիշեն, եւ անո՛նց պատճառով հայոց պատմութիւն նիւթը կը սիրեն… Առասպելը ամօթ չէ եւ անպայման իրականութենէ մը սերած է: Չկայ հին ժողովուրդ, որ առասպել չունենայ եւ առանց առասպելներուն` ժողովուրդի մը պատմութիւնը ամբողջական չ՛ըլլար:

8. Արամ նահապետի յաղթական մուտք Արմաւիր (հեղինակ` Ռուբիկ Քոչարեան) 2. Արամ մետիացի Նիւքար Մատեսին կը գերեվարէ (հեղինակ` իտալացի Ռոթթըր:

Վերադառնալով Արամ նահապետին` Խորենացին կը գրէ, որ աւազակաբարոյ ցեղախումբերը աւելի քան երկու տարի, ամենայն հաւանականութեամբ` ասուրական զօրավարներու հովանաւորութեամբ, իրենց ցեղային առաջնորդ մետիացի Նիւքար Մատեսի գլխաւորութեամբ, կ՛աւերէին երկիրը:

Արամը համոզուած էր, որ աւանդական յարձակումն ու պաշտպանութիւնը չէին կրնար յաջողութիւն ապահովել ու կը ծրագրէ արեւածագէն առաջ նախայարձակ ըլլալ: Հեծելազօրին գլուխն անցած, Արամը կ՛անցնի Երասխի ձախ ափը` ստեղծելով յարձակման անհրաժեշտ տարածութիւն: Մինչ մարերը կը սերտէին ստեղծուած իրավիճակը, հայոց այրուձին, Արամի գլխաւորութեամբ, կը ճեղքէ մարերուն պաշտպանութիւնը. «Արամը յանկարծակի անոր վրայ յարձակելով արեւը ծագելէն առաջ` կոտորեց անոր բազմաթիւ ամբոխը եւ իրեն` Նիւքարին ալ, որ Մատես կը կոչուէր, ձերբակալեց` յարձակելով Մատեսի թիկնազօրին վրայ® ճեղքելով մարերուն պաշտպանական ամրութիւնները,- կը գրէ Խորենացին,- Արամը հասաւ Մատեսին, զինաթափեց ու օղակապարանը անցուց անոր պարանոցին ու հրամայեց փողեր հնչեցնել, ինչը կը նշանակէր մետաց զօրավարը գերեվարուած կամ սպաննուած էր»:

Տեսնելով իրենց հրամանատարին գերեվարումն ու մօտեցող հայկական մեծաթիւ բանակին մարտակառքերը, մարերուն հեծելազօրն ու հետեւակ զօրքերը, անոնք, որոնք կրցան, խուճապահար նահանջեցին: Հայոց զօրքերը հետապնդեցին պարտուած մարերը` դուրս շպրտելով զանոնք գրաւուած Արատտայի (Հայաստան) տարածքներէն, թշնամիէն վերադարձնելով հայոց արեւելեան կողմերէն թալանուած մեծ աւարը` մարտակառքեր, ձիերու երամակներ ու հազարաւոր գերիներ:

Արամ արքան յաղթահանդէսով կը վերադառնայ Արմաւիր: Ըստ Խորենացիի, ոչ այնքան յաղթահանդէսի, որքան իբրեւ ցուցադրութիւն` Արմաւիրի մէջ հաւատարմագրուած օտարազգի ներկայացուցիչներուն ու Արատտայի թշնամիներուն: Արամը կ՛որոշէ Մատեսը պատժել յանցագործ աւազակներու նման եւ կը հրամայէ պարիսպի պատէն կախել զայն` երկաթէ ցից գամելով ճակատին:

Մատեսը ջախջախելէն շատ չանցած, Ք. Ա. 1813-ին Արամի գլխաւորած բանակները արշաւեցին Արատտայի հարաւային շրջաններու տիրած Ասորեստանի, ըստ Խորենացիի, հսկաներու ցեղէն (Վ)Բարշամ ասորիին վրայ: Արամը յաղթեց ու սպաննեց Բարշամը, սակայն Արամը նուաճելով Ասորեստանի դաշտերուն մեծ մասը, ինչպէս ընդունուած էր ասուրական արքաներու վարքագիծին մէջ, չստրկացուց ասորի ժողովուրդը` հարկադրելով Նինուէին ընդունիլ իր գերիշխանութիւնը` հարկեր վճարել Արատտային:

Այսպիսով, Ասորեստանը հայկական տարածքներէն բռնի գանձուող հացահատիկէն, գարիէն, առատ մթերքներէն եւ ապրանքներէն, երկաթէն ու պղինձէն, հայկական ձիերու եւ ջորիներու երամակներէն, հազարաւոր գերիներէն կտրուեցաւ եւ ինք դարձաւ հարկատու: Արամը վերահսկողութեան տակ առաւ Փոքր Ասիա եւ Եգիպտոս տանող ճամբաները` կայազօրներ հաստատելով Արմաւիրէն մինչեւ Եգիպտոս տանող քաղաքներուն մէջ:

Շարունակելով, Արամի յաղթական բանակները կ՛արշաւեն խեթական եւ հարեւան թագաւորութիւններէն կազմուած զօրքերուն վրայ` պարտութեան մատնելով զանոնք: Ըստ Խորենացիի, երկու մեծ ծովերու` Պոնտոսի (Սեւ) եւ Միջերկրականի միջեւ ինկած տարածութիւններու` Արատտայի դէմ միաւորած զօրավար Պայապիս Քաղեան իշխանին դէմ, նուաճելով դաշինքի կազմին մէջ մտնող երկիրները, Կապադովկիայէն մինչեւ Մանա երկիրը (հիւսիսարեւմտեան Պարսկաստան), Արամը դարձնելով աշխարհակալ, որուն գործունութիւնը բացայայտուած է խեթական սեպագիր եւ գրաւոր-մատենագիր աղբիւրներէն:

Ըստ Խորենացիի, այս շրջաններուն վրայ Արամը կը նշանակէ կուսակալ-կառավարիչ` իրեն ազգակից հայկեան արմատներ ունեցող Մշակին, յանձնարարելով հայկեան ցեղերուն` սորվիլ ու խօսիլ հայերէն: Այս ամէնը կը վկայեն, որ հայերը բնակեցուած էին ողջ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ եւ այս պատճառով յոյները մինչեւ օրս այդ երկրամասը կը կոչեն Պռոտին Արմէնիա, որը կը նշանակէ Առաջին Հայք:

Արամին ու հրամանատարներուն չէին բաւարարեր ծանր սուրերով մարտեր վարելն ու մարտակառքերուն ծանրաշարժ փայտէ անիւներուն վիճակը: Կ՛որոշուի կարճեցնել ու թեթեւցնել մերձամարտի, մանաւանդ հեծեալներուն կողմէ օգտագործուող սուրերը` ստեղծելով թուրեր ու սուսերներ: Մարտակառքերու անիւներուն կեանքը երկարելու համար նախ կը թեթեւցնեն կառքերը, ապա երկաթով կը պատեն անիւները: Արամը մարդկային ու նիւթական միջոցներ չի խնայեր` վերականգնելու Մեծամօրի ձուլարանները:

Կարճ ու թեթեւ սուրերու եւ սուսերու, ինչպէս նաեւ մարտակառքերուն փայտէ անիւները երկաթեայ օղակով պատելը հայոց ռազմարուեստի բնագաւառի կարեւոր գիւտերէն էին, որ յաջողութեամբ գլուխ բերին հայ զինագործները` ապահովելով մերձամարտերուն ընթացքին ռազմիկներուն յաջողութիւնները, իսկ մեծ տարածութիւններու վրայ` մարտակառքերուն արագ տեղափոխումն ու շարժունակութիւնը:

Այսպիսով, Արամ Հայկեան` Հայկազունի արքան յաջողեցաւ`

1.- Յաղթել ու Հայաստանին հարկատու դարձնել Հին Արեւելքի հզօր պետութիւններ Մարաստանը, Ասորեստանը, Բաբելոնը, Փիւնիկիան ու Պոնտոսը:

2.- Մեծն Աղեքսանդր Մակեդոնացիէն 1500 տարի առաջ Արամ Արին հռչակուած է աշխարհակալ արքայ` կայսր:

3.- Արատտայի օրէնսդիր արքան էր ան, նախաձեռնած եւ իրականացուցած է տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական բարեփոխումներ` սահմանելով շարք մը օրէնքներ: Համմուրապիէն 25 տարի առաջ Արամ Արին Հին Արեւելքի առաջին օրէնսդիր գահակալն էր: Արամը շարք մը օրէնքներով Արատտայի եւ ենթակայ երկիրներուն մէջ կարգաւորեց`

4.- Գահի ժառանգականութեան իրաւունքը,

5.- Կրօնն ու դաւանանքը անջատեց պետութենէն, վերացաւ համաշխարհային քրմականութեան վերադառնալու ձգտումները,

6.- Ստեղծուեցան գահակալին ու նախարարներուն կից խորհրդակցական մարմիններ` ատեաններ,

7.- Գահակալ-միապետի իրաւունքներուն մէկ մասը տրուեցաւ նախարարներուն,

8.- Ենթակայ պետութիւնները ստրկացնելու փոխարէն` անոնց հետ

յարաբերութիւնները կարգաւորեց հարկային քաղաքականութեամբ:

30 օգոստոս 2019
(Շար. 4)

(1)  https://hy.wikipedia.org/wiki/Արամ(նահապետ)#Հայ-ասուրական_պատերազմը%3A_Արամի_Միջագետք_կատարած_արշաւանքը:

(2)  «Արամ Արի: Արամ Աշխարհակալ (մ.թ.ա. 1827 – 1769 թթ.): Պետական – քաղաքական գործչի դիմանկար», Սուրիկ Ասմարեան:

(3)  https://hy.wikipedia.org/wiki/Մհեր_Յակոբեան

(4)  http://www.armenian-history.com/military/historical_battles/Metod_issues_Research_armenian_military_history.htm

(5)  https://www.peopleofar.com/2019/03/27/the-worlds-oldest-rug-was-made-in-armenia/

«ԱԶԴԱԿ»

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started