«Յորդանանի Հայերը» Գիրքի Ներկայացում

(Այս գրութիւնը երեք մասով տպուեցաւ «Ազդակ»-ին մէջ 9, 11 եւ 13 նոյեմբեր 2019-ին, որոնք խանգարումի մը պատճառով, 2019 սեպտեմբերի կէսերէն դեկտեմբերի կէսը՝ բոլոր գրութիւնները ջնջուեցան կայքէջէն: 9 նոյեմբերի յօդուածը արտատպած էր «Լուսաւոր աւետիս» կայքէջը: )

            Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի կազմակերպած «Սուրիոյ Հայերը» եւ «Յորդանանի Հայերը» գիրքերու ներկայացումին, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2019, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, ժամանակի սղութեան պատճառով, այս գրութենէն համառօտ բաժին մը միայն ներկայացուեցաւ: Ստորեւ`  «Յորդանանի Հայերը» 520 էջ գիրքին Յարութ Չէքիճեանին պատրաստած ամբողջական ներկայացումը, ներառեալ` «Փաուըր փօյնթ»-ի նկարները:

1. Մերձաւոր Արեւելքը:

2. Հայ գաղթականներուն զանազան հանգրուանները՝ Սուէյտայէն Աքապա, ապա նաւով Փոր Սաիտ, ապա Կիլիկիա ուղեւորութիւնը:

Ներածական

            Ողջունելի եւ թանկարժէք իրագործում մըն է այս գիտաժողովներու շարքը եւ բովանդակութեան հրատարակութիւնը, որ թէեւ ամբողջական պատմութիւն կարելի չէ նկատել, սակայն, իբրեւ հիմնաքար, կը ծառայէ աւելի խորունկ հետազօտութեան: Գնահատանքի արժանի է Հայկազեան համալսարանը եւ Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը, որ ձեռնարկած է այս վաւերագրական հսկայ աշխատանքին:

            Իբրեւ այս գիտաժողովին չմասնակցած անձ՝ տեղեակ չեմ գիտաժողովին մթնոլորտէն եւ այնտեղ կատարուած ասուլիսէն, ուստի միայն գիրքին բովանդակութեան եւ 8 տարի իբրեւ մասնագէտ՝ Թագաւորական Գիտական Կեդրոնին (Royal Scientific Society) մէջ, Յորդանան ապրած եւ հայկական գաղութին մէջ ունեցած դերակատարութեանս եւ փորձառութիւններուս վրայ հիմնուելով է, որ պիտի արտայայտուիմ:

            Կարդալէ ետք զեկուցումները, ոմանց մասին կրնամ հաստատել հետեւեալը.

  1. Առանց որոշ ժամանակ Յորդանան ապրած ըլլալու եւ շաղուելու Յորդանանի ժողովուրդին եւ այնտեղ ապրող հայութեան հետ, միայն ակադեմական արխիւային ուսումնասիրութիւն կատարելով, երբե՛ք բաւարար չէ հեռուէն, յատկապէս ընկերային-կրօնական եւ կենցաղային-միջավայրի հարցերու մասին եզրակացութիւններու յանգիլ:
  2. Պէտք է ուշադրութիւն դարձնել կողմնակալ, կամ միակողմանի զեկուցումներուն, ուր վրիպումով, կամ դիտումնաւոր կերպով գաղութին կարգ մը կարեւոր իրադարձութիւնները եւ «նշանաւոր» հայերը զանց կ՛առնուին:
  3. Խորհրդային ժամանակաշրջանին պատրաստուած, Յորդանանի խորհրդային դեսպանատան եւ Սփիւռքի Կապի կոմիտէին խմբագրած, պոլշեւիկեան քարոզչութեամբ լեցուն միակողմանի զեկուցումը իր ամբողջութեամբ ներկայացնելը, առանց վերցնելու այժմ անհեթեթ եւ համայնքին մէջ պարակտում սերմանող բաժինները, անընդունելի կը գտնեմ:
  4. Խիստ վերապահութիւն կը յայտնեմ «ցեղասպանագէտ» Հիլմար Քայզերի զեկուցումին, որուն մասին կ՛անդրադառնամ վարը:  

            Այս գիտաժողովի նիւթերուն մեծամասնութիւնը կը ներկայացնէ քսաներորդ դարու Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Յորդանան աքսորուած հայերուն մասին ուսումնասիրութիւններ՝ ընդհանրապէս իբրեւ գլխաւոր վկայութիւն օգտագործելով Վահրամ Տատրեանի թանկարժէք օրագրութիւնը: Բացառութիւն է Քլոտ Մութաֆեանին ուսումնասիրութիւնը, որ 12-էն 14-րդ դարերու ժամանակաշրջանին մասին գրած է: Յայտնի է, որ հայերը Յորդանանի տարածքին բնակութիւն հաստատած են նախաքրիստոնէական օրերէն, Մեծն Տիգրանի օրօք եւ աւելի առաջ։

3. Մատապայի Երուսաղէմի քարտէսին խճանկարը:

4. Երուսաղէմի պարիսպէն դուրս 6-որդ դարու հայերէն խճանկար՝  «Աղօթք անծանօթ հայ զինուորներուն»:

            Կ’արժէ նշել, որ արդէն հինգերորդ դարուն Երուսաղէմի մէջ հայկական թաղ կար, որուն փաստը ամրագրուած է ՅորդանանիՄատապա քաղաքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ գետինը տեղադրուած 542 թուականի բիւզանդական խճանկարէ պատրաստուած քարտէսին մէջ (նկարը պիտի երեւի պաստառին վրայ), ուր մատնանշուած է Երուսաղէմի «հայերուն թաղը» (The Mosaic Map of Madaba: An Introductory Guide): Հայերուն թիւը աւելցած է խաչակիրներու արշաւանքներուն ժամանակաշրջանին՝ 11-էն 14-որդ դարերուն։

            Վեցերորդ դարու այլ խճանկարի մը մէջ (նկարը պիտի երեւի պաստառին վրայ), որ յայտնաբերուած է 1894-ին Երուսաղէմի պարիսպէն դուրս եւ մօտը՝ հայերէնով արձանագրուած է. «Աղօթք ի յիշատակ անծանօթ հայ զինուորներուն» («Ասպարէզ» 19 հոկտեմբեր 2010): 301 թուականին քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք ընդունելէն ի վեր Երուսաղէմը ուխտավայր եղած է հայութեան համար եւ չորրորդ դարուն արդէն այնտեղ կային հայկական վանքեր եւ եկեղեցիներ:

            Պէտք է հաստատել, որ արդի Յորդանան երկիր հասկացութիւնը իր մէջ կ՛ընդգրկէ նաեւ Պաղեստինը՝ Երուսաղէմով միասին, մինչեւ 1988, երբ Հիւսէյն թագաւորը Արեւմտեան ափը Երուսաղէմով միասին, վերջնականապէս յանձնեց Պաղեստինեան Ազատագրութեան Կազմակերպութեան՝ ՊԱԿ-ին, առանց նկատի առնելու Իսրայէլեան գրաւումը: Հետեւաբար, առանց Պաղեստինի եւ յատկապէս Երուսաղէմի հայութեան ու հայոց պատրիարքութեան հնադարեան ներկայութեան հարուստ պատմութեան, որ կը պակսի այս գիտաժողովէն, Յորդանանի հայութեան պատմութիւնը ամբողջական չըլլար:

5. Երբեմնի հայկական Քարաք բերդին եւ քաղաքին համայնապատկերը:

            Պիտի փորձեմ գիրքին մէջ լոյս տեսած գրութիւններուն շարքով, ինծի համար աչքառու բովանդակութիւն ունեցող հատուածներուն մասին կարծիքս յայտնել:

            1. Դոկտ. Հինտ Ապու Շաար:

Ա. 1915-էն առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը դէպի Յորդանան տեղահանութիւններ կատարած էր՝ չերքեզներու, չեչեններու, մարոքցիներու, եգիպտացիներու եւ այլն, իւրաքանչիւր համայնքին յատկացնելով հողամասեր կամ գիւղեր, սակայն հայ տարագիրներուն, որոնց թիւը շատ աւելի մեծ էր՝ շուրջ 20 հազար (պէտք է ըլլայ 30 հազար), ո՛չ մէկ հողային կամ բնակավայրի յատկացում կատարուած էր, էջ 25:

Բ. 1800-ական թուականներու ամուսնութեան տոմարներուն մէջ կը հանդիպինք հայ կիներու, որոնք բնիկ արաբներու հետ ամուսնացած են: Որո՞նք էին այդ հայ օրիորդները, եւ ո՞ւր կ՛ապրէին անոնց ընտանիքները: Ուստի, տոմարներուն աւելի խորունկ ուսումնասիրութիւնը կրնայ շատ աւելի յստակ պատկեր մը ներկայացնել 1915-էն առաջ հայերու ներկայութեան մասին, էջ 24:

            2. Քլոտ Մութաֆեան:

Ա. 12-րդ դարու վերջաւորութեան Յորդանանի Քարաք բերդաքաղաքը իր հայկական եկեղեցիով քանի մը տասնեակ տարի եղած է հայկական՝ հայերով բնակուած եւ կառավարուած:           

            Պէտք է ըսել, որ նախաքսաներորդ դարու այսպիսի շահեկան ուսումնասիրութիւններ կը պակսին այս գիտաժողովէն: Պատմութեան ընթացքին, հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք առեւտրական կարաւաններուն ապահով ուղեւորութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունեցած է: Օրինակ՝ Արամ նահապետը Ք.Ա. շուրջ 1813-ին վերահսկողութեան տակ առած էր Փոքր Ասիա եւ Եգիպտոս տանող ճամբաները, շուրջ 1800 քմ, կայազօրներ հաստատելով Արմաւիրէն մինչեւ Եգիպտոս տանող քաղաքներուն մէջ, ներառեալ՝ այժմու Յորդանանի շրջանը: Նոյնը ըրին խաչակիրները, սակայն՝ Եւրոպայէն մինչեւ Երուսաղէմ, կարգ մը կայազօրներ վստահելով հայ իշխաններուն:

6. Հայաստանի կայսրութիւնը ՔԱ 95-66 Հայաստան աշխարհէն մինչեւ Կիլիկիա, Կապադովկիա, Միջին Արեւելք, մինչեւ հարաւ՝ Երուսաղէմ եւ Կազա:

7. Յորդանանի հայերու բնակած քաղաքները եւ երկաթուղին:   

            Աստուածաշունչին մէջ (Մարգարէութիւն Եզեկիէլի գլ. ԻԷ, 14-րդ համար), Եզեկիէլ մարգարէն, որ ապրեցաւ Ք.Ա. 622-էն 570 գրած է, որ հայերը Փիւնիկէի Սուր քաղաքի շուկային մէջ ձիեր եւ ջորիներ կը վաճառէին, ուրեմն ահաւասիկ Ք.Ա. 6-որդ դարուն շրջանին մէջ հայերու ներկայութեան փաստ մը:

            Մեծն Տիգրանի կայսրութիւնը Ք.Ա. 95-էն 55 թուական հասաւ մինչեւ Եգիպտոսի սահմանները՝ ընդգրկելով ամբողջ արեւելեան միջերկրականը՝ Սուրիան, Փիւնիկէն, այժմու Պաղեստինն ու Յորդանանը:

            Միջանկեալ՝ հայրս կը պատմէր, որ 1930-ական թուականներուն, երբ բեռնակառքի շարժավար երէց եղբօր հետ արաբական երկիրներ ապրանք կը փոխադրէին, ծանօթացած են Աանզէ (այծ) աշիրէթին՝ ցեղախումբին, որ Սուրիոյ Քամիշլի քաղաքէն մինչեւ Սէուտական Արաբիա եւ Քուէյթ տարածուած էր, եւ անոնք ամէն կարեւոր հանգրուանի՝ կայանի մէջ ներկայութիւն էին, դիւրութիւններ մատուցելով իրենց ծանօթներուն: Մինչեւ այսօր անոնք ներկայութիւն են Սուրիոյ, Իրաքի եւ Արաբական թերակղզիին մէջ:

            3. Հիլմար Քայզեր:

            Ես վերապահութիւնս կը յայտնեմ Քայզերի այս ուսումնասիրութեան, որ կարծէք, թէ կը փորձէ մեղմացնել ցեղասպանութիւն գործադրած  Ճեմալ Փաշային պատասխանատուութիւնը:

            Ճեմալ փաշան օսմանեան չորրորդ բանակի հրամանատարը եւՄեծն Սուրիոյ կառավարիչն էր, եւ շրջանի բոլոր արաբներուն իսկ որակումով ցարդ «արիւնարբու դահիճ՝ ժազզար, սաֆֆահ» անուանուած է: Քայզերը Ճեմալ փաշայի մասին  չհիմնաւորուած երկու սխալ եզրակացութիւններու կը յանգի: Առաջինը՝որ իբր թէ դէպի Յորդանան աքսորեալ հայերուն հանդէպ «բարեացակամ» էր, եւ երկրորդ, աւելի՛ վտանգաւորը, կ՛եզրակացնէ, որ այս պատճառով, ուրեմն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրուած չէր…լաւ կազմակերպուած չէր կ՛ըսէ… էջ 40, 41, 46, մանաւանդ էջ 70:

8. Հիւսիսի Իրպիտ քաղաքը, հեռուն՝ Լիբանանի Շէյխ լեռը:

            Զարմանալին այն է, որ Ճեմալ փաշային հրամանատարութեան տակ էր նաեւ ամբողջ Սուրիան, անապատները, Հալէպն ու Տէր Զօրը, ինչո՞ւ ան «բարեացակամ» չէր այնտեղ…Մա՛նաւանդ իր եզրակացութեան վերջին նախադասութիւնը (էջ 105), ուր թէեւ ցեղասպանութիւն եզրը կը գործածէ, սակայն տարօրինակօրէն կ՛ըսէ, որ  երիտասարդ թուրքերու իշխող կուսակցութիւնը ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ միատարր ցեղասպանական քաղաքականութիւն չէր որդեգրած…

            Պէտք է յիշեցնել, որ թրքական զինուորական դատարանը, այլ պատասխանատուներու կողքին, սպանդներ կազմակերպելու համար մահուան դատապարտեց նաեւ Ճեմալ փաշան, իսկ մահավճիռը գործադրեցին Ստեփան Ծաղիկեանը, Արտաշէս Գէորգեանը եւ Պետրոս Տէր Պօղոսեանը 21 յուլիս 1922-ին Թիֆլիսի մէջ, «չեկայի» շէնքին իսկ առջեւ:

            4. Վահրամ Շեմմասեան:

            Ա. Քաղաք առ քաղաք հայ աքսորեալներուն մասին տեղեկութիւններ կը թուէ: Ուշագրաւ է հրեայ յուշագրող Մոշէ Սմիլանսքիի վկայութիւնը, ուր կ՛ըսէ, որ թուրքեր եւ քիւրտեր բոլոր շուկաներուն մէջ մերկ ու բոպիկ հայ կոյսեր կը վաճառէին քանի մը ղրուշի, իսկ մատնացոյց ընելով մնացեալ աքսորեալները՝ կ՛ըսէին, թէ անոնք պիտի մորթուին (էջ 108):

            Բ. Ժարաշ քաղաքի հետեւեալ վկայութեան մասին մէկէ աւելի զեկուցումի մէջ յիշատակութիւն կատարուած է, աղբիւրը՝ Վահրամ Տատրեան: Այստեղ տարագիր հայերը նախ բացասական ընդունելութեան կ՛արժանանան, իրենց կարգին տարիներ առաջ գաղթական եկած չէրքեզ համայնքին կողմէ:

9. Հնութիւններով հարուստ Ժարաշը:

10. Լեռնային Աժլուն աւանը:

            Սակայն աւելի՛ ընդունակ եւ արհեստաւոր ու հողագործ հայը հրաշքներ կը գործէ այնտեղ՝ հիմնելով 8 ջրաղացներ, բանջարեղէնի մշակում, որ նախապէս չկար, կօշկակարութիւն եւ վաճառականութիւն:

            Երբ հայերը որոշեցին եւ ճամբայ ելան դէպի անգլիական շրջաններ, «չերքեզները դժգոհելով եւ զղջալով իրենց վարմունքին համար խնդրեցին հայերէն մնալ, խոստանալով նոյնիսկ ձրի բնակարաններ տրամադրել անոնց, եւ նոյնիսկ ոմանք կու լային: Պատճա՞ռը. քանի որ հիմա ո՞վ պիտի վարձէր իրենց անարժէք ախոռներն ու հաւնոցները: Հողերը ո՞վ պիտի հերկէր: Տուներ եւ խանութներ ո՞վ պիտի շինէր: Ո՞վ պիտի նորոգէր արօրները, հագուստները եւ կօշիկները: Որո՞ւ պիտի ծախէին իրենց ոչխարներն ու արմտիքը»:

            «Տարիներէ ի վեր անոնք մեզ կը չարչարէին եւ հի՛մա կ՛անդրադառնային իրենց կորուստին, որ սակայն շատ ուշ էր», էջ (112):

            Գ. Բոլոր ժամանակներու համար շատ կարեւոր փաստաթուղթի մը մասին կը կարդանք այստեղ: Արաբներու թագաւոր Շերիֆ Հուսէյն որդի Ալիի, իշխան ու խնամակալ Մեքքէյի, 30 Ապրիլ 1918-ին Մեքքէյէն հրովարտակ մը ղրկած է Ֆէյսալ եւ Ապտէլ Ազիզ Ժարպա իշխաններուն՝ հրահանգելով. «Դուք պիտի պաշտպանէք Հայ Յակոբեան (առաքելական) համայնքը, որոնք ապաստանած են ձեր մօտ եւ ցրուած՝ ձեր ցեղախումբերուն մէջ, այնպէս՝ ինչպէս, որ դուք կը պաշտպանէք դուք զձեզ, ձեր ինչքերը եւ զաւակները եւ թէ՝ մատուցեցէք անոնց որեւէ ծառայութիւն, որ պէտք կրնան ունենալ, երբ կը գտնուին ձեր տիրապետութեան շրջաններուն մէջ, որովհետեւ անոնք մահմետականներուն խիղճին ձգուած են, եւ անոնց համար Մարգարէն ըսած է, «Ոեւէ մէկը որ կը զրկէ զանոնք նուազագոյն պէտքէ մը, ես իր թշնամին պիտի ըլլամ վերջին դատաստանի օրը» (էջ 123):

11. Ժարաշի ջրաղացի մը մնացորդը:

12. Առաւելաբար քրիստոնեայ Սալթ աւանը:

            5. Գէորգ Մսրլեան:

            Կ՛անդրադառնայ Յորդանանի քաղաքացիութեան իրերյաջորդ օրէնքներուն եւ կու տայ նմոյշ-ցանկեր 1930-2016 տարիներուն հպատակութիւն ստացած հայերու:

            6. Ճոն Արմաճանի:           

            Կը ներկայացնէ Յորդանանի սահմանադրութիւնը եւ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները: Սակայն խիստ անտեղի՛ մտահոգութիւն մը կը յայտնէ հայութեան ապագային համար՝ իբրեւ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան՝ էջ 152: Այս նիւթով մի՛ակ մտահոգութիւնը, որ կարելի է ունենալ, որ շա՛տ անհաւանական է, այն ալ եթէ Հաշիմական թագաւորութիւնը տապալի եւ ծայրայեղ իսլամ արմատականներուն՝ ՏԱԷՇ-ին ձեռքը անձնի իշխանութիւնը եւ ուրիշ ո՛չ մէկ պատճառ:

            Արմանճին բնաւ նկատի չէ առած, որ Յորդանան նաեւ բացառապէս զբօսաշրջային երկիր է՝ իր զանազան եզակի հնութիւններով եւ Մեռեալ ծովով, իսկ այցելողներուն մեծամասնութիւնը արեւմտեան աշխարհէն են: 2018-ին Յորդանանի մէջ 904 զբօսաշրջային գրասենեակներ կը գործէին, 990 զբօսաշրջային ճաշարաններ եւ պանդոկներ եւ 88,000 այս մարզի պաշտօնեաներ:Այս մարզին եկամուտը 5 միլիառ տոլարէն աւելի էր:

            Իսլամ-քրիստոնեայ հարց բնա՛ւ չկար իմ տարիներուս՝ 1972-էն 1984, թէեւ այդ տարիներուն սկսած էր դրսեւորուիլ Իսլամ Եղբայրներ արմատական շարժումը:            Օրինակ 1. Գործի շրջապատիս մէջ, ուր հարիւրաւոր պաշտօնեաներ կային, գոնէ ինծի համար յայտնի չէր անոնց կրօնական պատկանելիութիւնը՝ բացի հայերէն: Օր մը պաշտօնեաներէս Իհսանը բացակայեցաւ. միւս պաշտօնեաներուն հարցուցի, թէ՝ ինչո՞ւ բացակայ էր, եւ զարմանքս մեծ եղաւ, երբ ըսին, թէ այդ օրը քրիստոնէական տօն էր: Բնաւ միտքէս չէի անցուցած, որ ան քրիստոնեայ էր, եւ ինք բնա՛ւ չէր դրսեւորած, իսկ այդ անունը կրօնական թելադրականութիւն չունի:

13. Ազրաք ովասիսը:

14. Զարքա քաղաքը:

            Օրինակ 2. Ճաաֆար անունով խելօք պաշտօնեայ մը ունէի, որ սկսաւ մօրուքը երկարել եւ շրջապատը իրեն սկսան «շէյխ» Ճաաֆար կոչել: 1979-ին գործս ձգելէս ետք, 1984-ին երբ այլ գործով Յորդանան գացի, այցելեցի նախկին գործատեղիիս իմ բաժանմունքս, ուր շէյխ Ճաաֆարը, այժմ երկար մօրուքով դիմաւորեց զիս: Ռամատանի ծոմի օրերը ըլլալուն, ի զուր պնդեցի, որ հիւրասիրութիւն չընեն, յատկապէս ի՛ր կողմէ, քանի որ պիտի խախտէր ծոմի սկզբունքը՝ արարողակարգը ու հետեւեցայ իրեն, որ գոնէ ես բերեմ սուրճը, սակայն ան մնաց անդրդուելի եւ բոլոր պաշտօնէութեան առջեւ սուրճս պատրաստեց, որոնք գրասենեակներէն դուրս գալով՝ զարմանքով սկսան «ի՞նչ պատահեցաւ շէյխ Ճաաֆա՜ր» եւ ոմանք հեգնական գոչեր արձակել, որ ինք ժպիտով ընդունեց, իսկ իմ ներկայութիւնս իր քով ձեւով մը հասկցուց որ ինծի համար էր իր այս արարքը:

            Երկու աւելի՛ բարձր մակարդակի տարբեր օրինակներ ունիմ, որոնք չեմ կրնար բացայայտել:

            7. Սիլվա Սարգիսեան-Հայրապետեան:

            Ա. Կը ներկայացնէ արաբ-իսրայէլեան 1948-ի պատերազմին պատճառով պաղեստինեան Հայֆա եւ Եաֆա քաղաքներէն նոր հայ գաղթականներու հոսքին մասին, որոնք խթան հանդիսացան գաղութին կազմակերպումին Էշրէֆիէյի հայահոծ բլուրին վրայ, եկեղեցի դպրոց եւ ակումբներ հաստատելով այնտեղ:

            Բ. Սակայն այժմ Էշրէֆիէն գրեթէ պարպուած է հայութենէն, քանի որ ժամանակի ընթացքին ընտանիքներ բնակութիւն հաստատած են Ամմանի աւելի բարգաւաճ եւ հեռաւոր շրջաններ: Այժմ համայնքային հաստատութիւններուն շուրջը ժողովուրդ չէ մնացած, եւ այդ շրջանը «աղքատներու թաղի» վերածուելով՝ վտանգուած է գաղութին ազգային կազմակերպ գոյատեւումը:

15. Ս. Թաթէոս եկեղեցին:

16. Երբեմնի հայահոծ Էշրէֆիէ բլուրէն մաս մը, աջին՝ դպրոցն ու եկեղեցին:

            8. Սիլվա Պաղսարեան:

            Կը ներկայացնէ Ամմանի առաջին հայկական միութիւնը՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան՝ ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը, հիմնուած 1938-ին, պետական ճանաչում ստացած՝ 1946-ին: Այժմու սեփական ակումբը կը կառուցուի 1967-ին, Էշրէֆիէ: Կիրարկած են ֆութպոլի, փինկ փոնկի, լողի եւ տղոց ու աղջկանց պասքէթի մարզախաղեր եւ ունին սկաուտական խումբեր: 1977-ին նուաճած է Յորդանանի տղոց պասքեթի ախոյեանութիւնը: Ունեցած է երգչախումբ եւ պարախումբ:

            9. Արսինէ Ճամպազեան:

            Կը ներկայացնէ Հայ Օգնութեան Միութեան ՀՕՄ-ի Ամմանի Արազ մասնաճիւղը:

            Ա. 1946-ին իբրեւ Հայ Տիկնանց Աղքատախնամ Միութիւն սկսած կազմակերպութիւնը 1948-ին կը վերածուի «Յորդանանի Հայ օգնութեան միութիւն» համահայկական ընկերակցութեան եւ 1956-ին կը ստանայ պետական ճանաչում՝ օգտուելով օրէնքով սահմանուած օժանդակութիւններէն: Միութեան նստավայրը ՀՄԸՄ-ի ակումբին մէջ է: Յորդանանի շուրջ 530 նմանօրինակ կազմակերպութիւններուն մէջ կը գրաւէ առաջատար դիրք:

            Բ. Այժմ անդամակցութեան եւ ծրագիրներու մասնակցութեան դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ միութիւնը, յատկապէս՝ գաղութի թիւի նօսրացման եւ նոր սերունդին անտարբերութեան պատճառով:

17. Փեթրա քաղաքի այս ժայռափոր քարայրներուն մէջ ապաստանած են տեղահան եղած հայերէն մաս մը:

18. Մաան աւանը՝ Աննային եւ Ղարիպէյին քաղաքը:

            10. Ռոզէթ Ալեմեան-Մահսերեճեան:

            Կը ներկայացնէ Յորդանանի Ազգային Մարզական Միութիւնը՝ ԱՄՄ:

            Ա. Հիմնուած է 1955-ին, կիրարկելով պասքէթպոլի մարզախաղը, եւ իրենց ջանքերով հիմնուած է Յորդանանի պասքեթպոլի համադաշնակցութիւնը, որուն առաջին նախագահը եղած է իրենց անդամներէն Վահէ Ղազարեանը, եւ 1963-ին նուաճած է Յորդանանի ախոյեանութիւնը: Այժմու սեփական ակումբը կը կառուցուի 1975-ին, Էշրէֆիէ: Կիրարկած են նաեւ սկաուտական շարժում: Ունեցած են թատրոն, երգչախումբ եւ պարախումբ:

            11. Աննա Օհաննէսեան-Շարփէն

            Կը ներկայացնէ հարաւային Յորդանանի Հայ կանանց շառաւիղները:

            1986-ին հնագիտական աշխատանքի ընթացքին Փեթրայի մէջ կը հանդիպի Ապտալլա Ղնէյմիի, որ կ՛ըսէ, թէ իր մայրը հայ էր, Փոլոր կամ Ֆլոր Ծերունեան եւ քանի մը հայերէն բառեր գիտէր: Եւ այս կ՛ըլլայ խայծը, որ ան այցելէ Մաան աւանը, ուր կը գտնէ բազմաթիւ հայու շառաւիղներ, որոնցմէ շատեր գտած են եւ այցելած են իրենց հարազատներուն՝ Լիբանան եւ այլուր: Շատ հետաքրքրական է այս զեկուցումը եւ պիտի բաւարարուիմ մէկ վկայութիւն մէջբերելով:

            Հայ կիները բացառիկ զօրաւոր կը նկատուէին եւ քաջ, քանի որ անոնք յաղթահարած էին ահաւոր պայմաններ եւ՝ վերապրած: «Այս Աննան բացառիկ զօրաւոր էր: Ան ձիու վրայ, տուն վերադարձին ծնունդ տուաւ Ղարիպէին (աղջկան): Ողջ մնալ այսպիսի պայմաններուն տակ՝ կ՛ենթադրէ բացառիկ ուժ, չարքաշութիւն (ինչպէս յորդանանցի ժողովուրդը համոզուած էր*): Նշանաւոր պետեւի Աթիյէ Զանպա՝ Ուատի Մուսայի ծերունին կը շարունակէ. «Այր մարդոց նման էին անոնք», կամ «Հայ կին մը 10 այր մարդու հաւասար է՝ ուշիմութիւն, հմտութիւն, հասկացողութիւն եւ մարդկայնութիւն», անոնք ճիշդ ուղին  ցոյց տուին եւ յարգալիր էին», էջ 204:

            12. Ալին Պէննէյեան:

            Կը ներկայացնէ Յորդանանի Հիւսիսի եւ Հարաւի հայերը:

            Ա. Ժարաշ հասած գաղթականներէն Սասունցի Խաչօ Օհանեան միակն է, որ Ամման հաստատուելով՝ շարունակած է 7 հայկական (ոմանք 8) ջրաղացներէն իրը բանեցնել մինչեւ 1949: Այժմ ջաղացքին մնացորդը կանգուն է տակաւին, եւ տեղացիները զայն կը կոչեն «մաթհանաթ Խաչօ ալ արմանի», հայ Խաչոյին ջաղացքը: Այժմ Խաչոյին աղջիկը եւ թոռնիկները Ամմանի մէջ կ՛ապրին:

19. Ժարաշ՝ այլ ջրաղացի մը մնացորդը:

20. Շօպաք աւանը ձմռան:

            Բ. Հարաւային Շոպաք գաւառին մէջ կը հանդիպի գաղթական եկած եւ պետեւիի մը կողմէ որդեգրուած որբ Բենոյի թոռներուն, որոնք առանց տեսած ըլլալու իրենց մեծ հայրը՝ այժմ հպարտօրէն կը յայտնեն իրենց հայկական ծագումը:

            Այստեղ նշեմ հպարտութեան այլ դրուագ մը. մեր հաստատութեան մէջ պաշտօնեայ մը կար, որ նկատած էի, թէ որոշ տարբերութիւն մը ունի միւսներէն: Օր մը իրեն հարցուցի, թէ արդեօք հայկական ծագո՞ւմ ունի, աչքերը փայլեցան եւ յուզումով ըսաւ, որ հայկական ծագում չունի, սակայն իրեն համար մեծ պատիւ էր, որ իրեն այս հարցումը ուղղեցի: Իսկապէս բարձր գնահատուած էր հայը Յորդանանի մէջ, եւ շատերու համար, նոյնպէս՝ բարձրագոյն վերնախաւին կողմէ, հայերը «գերմարդկային էակներ» կը նկատուէին՝ բազում կարողութիւններով եւ հզօր կամքի ուժով օժտուած:

            13. Անդրանիկ Տագէսեան:

            Կը ներկայացնէ  Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան՝ ՀԲԸՄ-ի Ամմանի, Ռուսէյֆայի, Զարքայի եւ Քարաքի մասնաճիւղերուն գործունէութիւնը՝ նշելով հետաքրքրական մանրամասնութիւններ, հիմնուելով Գահիրէի մէջ պահուած միութեան արխիւներուն բովանդակութեան վրայ:

            14. Գէորգ Մինաս Մսրլեան:

            Կը ներկայացնէ Իրպիտի եւ հիւսիսային Յորդանանի հայերը:

            Պիտի նշեմ ինծի ծանօթ Իրպիտէն Արթին եւ Ռուբէն Թամինեան եղբայրները, որոնք ըստ զեկուցումին, Յորդանանէն Հայաստան ուսանելու մեկնող առաջին խումբին մաս կը կազմէին: Այդ խումբէն անոնք, որոնք, մեր հաստատութեան մէջ գործի դիմեցին, ընդունեցի:

            Օրինակ՝ Ռուբէնը հայաստանցի տիկնոջ Անիին հետ գրասենեակս եկաւ գործի դիմելու. Ռուբէնը մեքենագէտ, իսկ կինը ջրաբաշխումի ճարտարագիտութիւն ուսանած էր: Ռուբէնը գործի ընդունեցի, սակայն վառվռուն Անին, որ մէկ բառ արաբերէն կամ անգլերէն չէր գիտեր եւ իր մասնագիտութեան յատուկ ասպարէզ չունէինք, իր սաստիկ պնդումին վրայ, սակայն թերահաւատութեամբ հեռաձայնեցի մեր հաստատութեան շինարարական բաժանմունքի տնօրէնին, որ եթէ կրնայ, բան մը դասաւորէ եւ մեծ եղաւ զարմանքս, որ Անին ալ գործի ընդունուեցաւ: Քանի մը Տարի ետք իմացայ, որ ճիշդ իր մասնագիտութեան յարմար գործ գտած է, եւ եթէ չեմ սխալիր, թերթերը լուսանկարով մը իր մասին գրեցին՝ իբրեւ Յորդանանի առաջին կին ճարտարագէտը, որ ոչ թէ մի՛այն գրասենեակներու մէջ կ՛աշխատէր, այլ շինարարական գլխարկով փողոցները բանուորներուն վրայ կը հսկէր իր տակաւին կոտրտած արաբերէնով…

21. Մատապա քաղաքը:

22. Յորդանանի հարաւային Աքապա նաւահանգիստ-քաղաքը:

            15. Յակոբ Սերփէքեան

            Կը ներկայացնէ Ռուսէյֆայի հայերը, Ամմանի մօտակայ շուրջ 12 քմ դէպի հիւսիս-արեւելք քաղաքը (ուր կը գտնուէր նաեւ Յորդանանի առաջին օդակայանը*):

            Այս գիտաժողովի նպատակին ծառայող ամենէն հարազատ եւ շատ հետաքրքրական եւ դրուագներով ու նկարներով հարուստ զեկուցում մըն է Ռուսէյֆայի շատ փոքր համայնքին մասին, որոնց շառաւիղները այժմ Ամման կ՛ապրին: Հաննա Սերփեքեանին թանկագին ջրհորը եւ պարտէզները կը շահագործուին ցայսօր: Այժմ ինիսունամեայ Սիրարփի Սերփեքեանը միակ հայն է, որ տակաւին կը բնակի այնտեղ:

            16. Եղիա Թաշճեան:

            Կը ներկայացնէ թագաւորին լուսանկարիչ Յակոբ Պէրպէրեանին կեանքը, որ շնորհիւ իր հնարամտութեան եւ լուսանկարչական արուեստին տիրապետելուն՝ կը հասնի բարձր յաջողութեան եւ վաստակի:

            Այստեղ պէտք է աւելցնեմ, որ Ամմանի մէջ երեք այլ հայ լուսանկարիչներու խանութներուն վահանակին վրայ գրուած էր «պալատական նշանակումով» (By Royal Appointment):

            17. Մարալ Ներսէսեան:

            Կը ներկայացնէ Յորդանանի հայկական 6 կրթօճախները, որոնց մեծամասնութիւնը կարճատեւ կեանք կ՛ունենան՝ բացի Ամմանի Ազգային Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան վարժարանէն, որ այժմ վտանգուած է աշակերտութեան թիւի նուազումին եւ տնտեսական պատճառներով:

23. Ժարաշի մէջ այլ ջրաղացի մնացորդը:

24. Փեթրայի ուղտերը:

            18. Ներսէս Ներսէսեան

            Կը ներկայացնէ հայ գաղութի դէմքերը եւ հայկական եկեղեցիները՝ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ նշելով:

            Կը զարմանամ սակայն, որ այս ցանկին մէջ մոռցուած է Յորդանանի ամենէն նշանաւոր, երկու թագաւորական պալատներու ճարտարապետը, որ ըստ Խորհրդային դեսպանատան զեկոյցին՝ (էջ 468) «Հաշէմական պալատի պաշտօնական ճարտարապետն է» (մոռցած են նշելու, որ դաշնակցական էր*) եւ Ազգային իշխանութեան ատենապետ Տիրան Ոսկերիչեանը 1903-1997, որ նաեւ Յորդանանի պետութեան եւ Ազգային վարչութեան կողմէ Երուսաղէմի սրբավայրերու պահպանութեան ու վերանորոգման յանձնախումբի ճարտարապետը եւ ներկայացուցիչը եղած է: «Ազդակ» օրաթերթը իր 27 մայիս 1966-ի համարին մէջ «Ընկեր Տիրան Ոսկերիչեան պարգեւատրուած» խորագիրով կը գրէ «Հաճոյքով կը տեղեկանանք, որ Ամմանի մեր ընկերներէն Տիրան Ոսկերիչեան, Յորդանանի վեհապետ Հիւսէյն թագաւորին կողմէ պարգեւատրուած է «Իսթիքլալ» Բ. կարգի շքանշանով, իբրաւ ճարտարապետ՝ Յորդանանի մատուցած իր ծառայութիւններուն համար»: Ան ճանչցուած էր իբրեւ «Ամմանի շինարարը»` իր նախագծած աւելի քան 700 բնակարանային եւ հանրային-պետական կառոյցներով, ու կոթողներով, այսպէս՝

1. Երուսաղէմի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ վերանորոգում,

2. Երուսաղէմի Սուրբ փրկիչ եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Յակոբայ Վանքի վերանորոգում,

3. Ամմանի Ս. Թադէոս Եկեղեցւոյ ճարտարապետը, որուն համար Եղիշէ Սրբազան պատրիարքը, առ ի գնահատանք, Ս. Յարութեան Ա. կարգի շքանշանով կը պարգեւատրէ զայն,

4. Պաղեստինի «Շուման Յիշատակի Մզկիթ»-ի կառուցում,

5. «Զահրան» եւ «Հումմար» թագաւորական պալատներու կառուցում,

6. Յորդանանի Անծանօթ զինուորի յուշահամալիրի կառուցում,

7. Յորդանանի Կեդրոնական դրամատան նոր շէնքի կառուցում,

8. Ամմանի Առեւտուրի պալատի նոր շէնքի կառուցում,

25. Քարաք:

26. Թաֆիլէ:

Բ. Առեւտրական շէնքեր.

1. «Արապ պանք» դրամատան կեդրոնական շէնքը եւ բոլոր մասնաճիւղերը,

2. «Գահիրէ-Ամման դրամատուն»-ի  կեդրոնական շէնքը եւ բոլոր մասնաճիւղերը,

3. «Յորդանանի Ազգային դրամատուն»-ի կեդրոնական շէնքը եւ բոլոր մասնաճիւղերը,

4. «Յորդանանի Իսլամական Դրամատուն»-ի կեդրոնական շէնքը եւ բոլոր մասնաճիւղերը,

     5. Ամմանի առաջին «Սփինիզ» համալիրը եւ այլն,

            Նշանաւոր դէմքերու պարագային, բժ. Արամ Եաղլեանին մասին պիտի աւելցնեմ, որ ան նաեւ միօրինակացուցած է նախարարութեան արխիւային դրութիւնը, ապա, նոյնպէս՝ մեր հաստատութեան արխիւային դրութիւնը, որուն յանձնախումբի անդամ էի: Մինչ այդ, իր քոյրը Հայկազեան քոլէճին մէջ հոգեբանութեան դասախօս էր:

            Իսկ զօրավար Հրաչ Էթեմէզեանին մասին պիտի աւելցնեմ, որ շրջան մը Յորդանանի Ողիմպիական յանձնախումբին նախագահութիւնը վարած է:

            Երրորդը կը վերաբերի Իսհաք Սալիպա Գէորգեանին, որ կը նշէ, թէ Ապտալլա թագաւորին շարժավարն էր եւ Յորդանանի ինքնաշարժ վարելու առաջին արտօնագիր ստացողը: Իմ ականատեսի վկայութեամբ, այդ արտօնագիրին տէրն էր Արամ Խաչատուրեանը՝ խմբավար Օհան Տուրեանին եղբայրը եւ իմ երկու պաշտօնեաներուս մեծ հայրը: Հաւանաբար բացատրութիւն մը կայ:

            19. Անդրանիկ Տագէսեան:

            Կը ներկայացնէ ժողովրդագրական քաղուածքներ Ամմանի Ս. Թադէոս եկեղեցւոյ պսակի, մկրտութեան եւ մահուան տոմարներէն 1922-2013: Շատ հետաքրքրական արխիւային բծախնդիր աշխատանք մը, որ կը ծառայէ ապագայի ազգագրական, բնակավայրի եւ ընտանեկան ծագումնաբանական հետազօտութեան:

            20. Պատ. Պերճ Ճամպազեան:

            Կը ներկայացնէ յիշողութիւններ Յորդանանի Հայ Աւետարանական համայնքին կազմաւորման մասին՝ նշելով կարգ մը դրուագներ 1940-1960: Յատկանշական է, որ ինք ունի 7 եղբայրներ եւ քոյր մը:

            21. Յարութ Չէքիճեան:

           Կը ներկայացնէ յուշեր եւ դրուագներ 1972-1978 Յորդանանի մէջ պաշտօնավարած օրերէն: Այստեղ մէկ բան մոռցուած էր, Տիրան Ոսկերիչեանին Ս. Թադէոս Եկեղեցւոյ ճարտարապետը ըլլալը եւ այդ առթիւ պարգեւատրուիլը:

            22. Հերի Յակոբեան:

            Կը ներկայացնէ «Հայ ընտանիք. յաւէրժական ճամբորդութիւն» իր ընտանիքին ոդիսականը:

            23. Հրածին Վարդանեան:

            Կը ներկայացնէ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէն եւ Յորդանանահայութիւնը 1964-1990 խորհրդային շրջանին:

            Խիստ վերապահութիւն կը յայտնեմ այս կողմնակալ ու պառակտում սերմանող՝ համայնքի անդամները «գործակցողներու» եւ «չգործակցողներու» բաժնող, «հայրենասէր» եւ «ոչ հայրենասէրներու» բաժնող, թերի տեղեկութիւններով լեցուն զեկուցումին մասին:

            Լաւ կ՛ըլլար, որ զեկուցողը միայն վիճակագրական տուեալներ քաղէր այդ տեղեկագիրներէն՝ զանց առնելով այժմ անիմաստ դարձած պոլշեւիկեան քարոզչութիւնը: Միւս կողմէ՝ անզգալաբար, օրին Խորհրդային դեսպանատան հետ «գործակցողները» կը դրուին Յորդանանի պետութեան կողմէ անբարենպաստ կացութեան մէջ, եւ այնտեղ նշուած է «հայրենասիրական տրամադրութիւններ ունեցող» անձի մը անունը, որուն միջոցաւ կապ կը հաստատէին հայկական գաղութին հետ էջ 464-465:

            1981-ի զեկուցումին մէջ կը կարդանք «(ԱՄՄ) Հայրենասիրական բնոյթի (Հնչակեան Կուսակցութիւն) եւ (ՀՄԸՄ) փրոդաշնակցականները»… էջ 479-480: Այսքանով պիտի բաւարարուիմ, թէեւ ըսելիքները շատ են: Սակայն նշեմ, որ ՀՄԸՄ-ը մեծ թիւով Հայաստանի համալսարանները աւարտած անդամներ ունեցած է, որոնցմէ երկուքը ատենապետի պաշտօն ստանձնած են: Եւ վերջապէս, Ռայիսա Մկրտչեանը ՀՄԸՄ-ի հրաւէրով ակումբին մէջ ելոյթ ունեցաւ եւ ինձմէ խնդրեց, որ դաշնակ նուագած ժամանակ նօթաներուն էջերը դարցնեմ:

            Հայերուն արտագաղթի պատճառներէն կը նշուի չհիմնաւորուած «Յորդանանի պետական ապարատի միջին եւ ցածր օղակներում հանդիպող խոչընդոտները եւ ճնշումները»… չէ նշուած, թէ ի՛նչ կերպով, էջ 472: Ուրեմն, երբ բարձր մակարդակի խտրականութիւն չկայ ինչպէ՞ս կը համարձակի ստորադասը վրիպիլ…Յորդանանի մէջ անկարելի է:

27. Ամմանի կեդրոնը, ստորոտը՝  գրեթէ ամբողջական 6000 հանդիսատեսի հռոմէական  թատրոնը, ՔԱ չորրորդ  դար:         

            24. Մատլէն Մեծակոբեան:

            Կը ներկայացնէ Յորդանանի հայերը՝ տեղական համընկնումին եւ (Հայաստան) հայրենիքին հետ զուգորդումին միջեւ:

            Կ՛եզրակացնէ, որ յորդանանահայութեան մէջ զէրոյէն մինչեւ 100 տոկոս համընկնողներ կան, երկրորդ, տեղական եւ շրջանային վերիվայրումները պատճառ չդարձան, որ Հայաստանը ընտրեն իբրեւ վերջնական բնակութիւն, երրորդ՝ շրջանի կրօնական արմատական շարժումները վերյիշեցնելով օսմանեան լուծը՝ հոգեբանական ճնշում կը բանեցնեն, չորրորդ՝ հայը իբրեւ տիպար քաղաքացի՝ կարելիութիւնը ունի հետապնդելու Հայ դատը Յորդանանի մէջ, եւ հինգերորդ՝ կ՛ըսէ, որ իշխանութիւնը ճնշիչ չէ, որուն լիովին համաձայն եմ:

            25.Վիգէն Ասլանեան:

            Կը ներկայացնէ Յորդանանահայերու մասնակցութիւնը հանրային կեանքին մէջ: Իր կարծիքով, անբաւարար է այդ եւ բարելաւելու միջոցներ կ՛առաջարկէ:

            26. Լուսին Թամինեան:

            Կը ներկայացնէ սփիւռքահայ կնոջ ինքնութեան կազմաւորումը: Ապրելով Իրպիտի մէջ, ուր հայկական դպրոց կամ հաստատութիւններ չկային, հայերէն չէ կրցած սորվիլ, եւ կը պատճառաբանէ, որ կարելի է հայ ըլլալ՝ առանց լեզուն գիտնալու: Այստեղ հետաքրքրական անակնկալ մըն էր, որ լիբանանահայ լրագրող, հեղինակ Շահանդուխտը կարճ ժամանակ մը հայերէն դասաւանդեր է Լուսինին մեծ հօր տան մէջ, իբրեւ դասարան եւ ինք այնտեղ քանի մը բառ հայերէն սորված է:

            27. Արաքս Փաշայեան:

            Կը ներկայացնէ Յորդանանի հայ համայնքին արդի հիմնախնդիրները եւ կ՛եզրակացնէ, որ Հայաստանի հետ աշխոյժ յարաբերութեամբ կարելի կ՛ըլլայ պահել ազգային ինքնութիւնը:

            28. Յաւելուած:

            Այստեղ պիտի անդրադառնամ միայն Թադէոս Եսայեանի «Կեանքս ինչպէս որ էր» գրութեան, որ իր պարզութեամբ ու երգիծանքով, տիպար նկարագրութիւնն է յորդանանահայ գաղութի կեանքին: Զինք չեմ ճանչցած, սակայն իր սպայ եղբօր՝ Սահակին մասին դրուագ մը գրած եմ արդէն:

            Զանազանք:

1. Գաղութին մէջ կը խօսին «Հին հայերու» մասին, որոնք Երուսաղէմի մէջ դարերով ապրող հայերու շառաւիղներն են, որոնց մէջ Օշին եւ Հեթում պատմական անուններուն կը հանդիպինք: Անոնք յատուկ բարբառ եւ խօսելու եղանակ մը ունին, որուն մասին դասական կատակ մը կայ, դժբախտաբար միայն վերջին նախադասութիւնը կը յիշեմ՝ «Բերին լոհ ու թապաշիր, գրեց հաննա»:

2. Հայ կաթողիկէները խօսակցութեան մէջ հայ առաքելականներուն «հայերը» կ՛ըսեն:

3. Ինձմէ խնդրեցին, որ Հայկազեանի շրջանաւարտներ գործի դիմեն, եւ օրին եկայ ու զեկուցեցի:

4. Շէրիֆ Ֆէյսալ (Մոհամմէտ Մարգարէի փոխանորդ, Մէքքէի Շէրիֆ Հիւսէյն պըն Ալիի երրորդ զաւակը, որ 1920-ին Սուրիոյ, ապա 1921-1933 Իրաքի թագաւորը եղաւ) Մաան քաղաքի թրքական բանակը պաշարելու ընթացքին ըսած է զինք այցելող հայ կամաւորական խումբին, որոնց մէջ էր Արամ Սահակեան. «Արաբ ժողովուրդէն վերջ, Հայ ժողովուրդը կը նկատեմ ինձ հարազատ եւ սիրելի»: Արամ Սահակեան, «Դամասկոսէն Ագապա», «Հայրենիք» 1950, թիւ 4, Ապրիլ, էջ 62:

5. Չերքեզներէն շատեր ինծի «իպն աամ» հօրեղբօրորդի կ՛ըսէին՝ իբրեւ հայ եւ չերքէզ յարաբերութիւն: Իմ չերքէզ իսլամ պաշտօնեաներէս մէկուն հայրը հօրեղբօրորդիներ ունէր Կովկասի մէջ, որոնք քրիստոնեայ էին եւ այցելեց անոնց:

            Չէրքէզներու եւ չէչէններու տարբերութիւններէն մէկը ոչխարի մորթէ բաճկոնին կը վերաբերի: Չէչէնները մուշտակը ներսի կողմ կը հագուին, իսկ չէրքէզները՝ մուշտակը դուրս եւ անոնք ծիծաղելով չէչէններուն կ՛ըսեն՝ «Դուք ոչխարէն լա՞ւ գիտէք»:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

3 Հոկտեմբեր 2019

«ԱԶԴԱԿ», «Լուսաւոր Աւետիս»

1. Յարութ Չէքիճեան կը ներկայացնէ «Յորդանանի Հայերը» գիրքը, Հայկազեան համալսարանին մէջ: 2. Ծանուցումը:

3. Ձախէն վերպ. Չոլաքեան, ոմն, դոկտ. Անդրանիկ Տագեսեան, Յարութ Չէքիճեան, դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, Ռոզէթ Ալէմեան-Մահսերէճեան եւ դոկտ. Արտա Էքմէքճի:

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started