Ռուսիոյ Դաշնութեան Նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ Պատմութեան Վերադառնալու Շահեկան Ելոյթները Եւ Հայկական Դիւանագիտութեան Ու Մամուլին Անհաւատալի Անտարբերութիւնը

Ընդհանրապէս իր զրոյցներուն մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին, տարբերելով այլ երկիրներու ղեկավարներէն, առանց նշոյլ մը վերապահութեան, բառերը ծամծմելու, կամ դիւանագիտական կորճաբանութեան՝ շարք մը հարցերուն իր մօտեցումին մէջ կ՛ապաւինի պատմութեան՝ վերադառնալով ակունքներուն: Նո՛յնիսկ՝ աւելի քան 1000 տարի ետ, որուն պատճառով իր բարոյական վարկը իրողապէս կը բարձրանայ: Նոյնպէս, տարբերելով այլ երկիրներու շատ մը ղեկավարներէն՝ ան ընդհանուր եւ իր հայրենիքին պատմական տուեալներուն մասին բարձր իմացութիւն ունի, որ անհրաժեշտ պայման պէտք է ըլլայ բոլո՛ր ղեկավարներուն համար, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի, որ երեք տարի է իշխանութիւնը ի՛նք կ՛աղաւաղէ մեր պատմութիւնը՝ ի շահ թուրքին ու ազերիին:

1. Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումի արարողութեան կը մասնակցի Ծիծերնակաբերդի մէջ, 2015-ին (5):

            Ա.  12 յուլիս 2021-ին Փութին Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին եւ յարաբերութեան նիւթով «Ռուսերու եւ ուքրանացիներու պատմական միասնութեան մասին» խորագիրով յօդուած մը գրեց, որ զետեղուած է նախագահական կայքէջին մէջ (1), որուն մասին «Ազդակ» (2) եւ «Սփութնիք Արմենիա» (3) անդրադարձան: Թէեւ կ՛արժէ ներկայացնել ամբողջ յօդուածը, սակայն ստորեւ թարգմանաբար նախագահական կայքէջին անգլերէն բնագիրէն կը ներկայացնեմ հակիրճ հատուածներ, որոնք ուղղակի զուգահեռ առնչութիւն ունին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի տագնապներուն հետ.

            Փութին կը գրէ. «… Աւելի լաւ հասկնալու համար ներկան եւ ապագայի հեռանկարով՝ պէտք է վերադառնանք պատմութեան: Անշուշտ այս յօդուածով կարելի չէ լուսաբանել բոլոր զարգացումները, որոնք տեղի ունեցած են աւելի քան հազար տարուան ընթացքին: Բայց ես կը կեդրոնանամ առանցքային պահերուն վրայ, որոնք մեզի համար կարեւոր են յիշել ինչպէս Ռուսիոյ, այնպէս ալ Ուքրանիոյ մէջ:

            «… (Խուրհրդային*) Միութեան կազմէն հանրապետութիւններուն ազատ անջատման իրաւունքը ընդգրկուած էր Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութիւն ստեղծելու մասին հռչակագրի բնագիրին մէջ, իսկ յետագային՝ 1924-ի ԽՍՀՄ Սահմանադրութեան մէջ: Այսպիսով, հեղինակները մեր պետականութեան հիմքին մէջ ամենավտանգաւոր լարուած ռումբը դրին, որ պայթեցաւ այն պահուն, երբ վերացաւ ԽՄԿԿ-ի (Խորհրդային Միութեան Կոմունիստ Կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէ*) ղեկավար դերին անվտանգութեան դրութիւնը, կուսակցութիւնը ինքն էր, որ կը փլէր ներսէն: Անոր յաջորդեց «ինքնիշխանութիւններու շքերթ»:

            «8  դեկտեմբեր 1991-ին ստորագրուեցաւ, այսպէս կոչուած, «Պելովէժ» համաձայնագիրը՝ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան ստեղծման մասին (ԱՊՀ), ուր կ՛ըսուէր, որ «ԽՍՀՄ-ը՝ իբրեւ միջազգային իրաւունքի առարկայ եւ աշխարհաքաղաքական իրականութիւն, այլեւս գոյութիւն չունի»: Ի դէպ, Ուքրանիան երբեք չէ ստորագրած կամ վաւերացուցած ԱՊՀ կանոնագրութիւնը, որ ընդունուած է 1993-ին:

            «… Հետեւաբար ժամանակակից Ուքրանիան ամբողջութեամբ խորհրդային ժամանակաշրջանի հետեւանք է: Մենք լաւ գիտենք եւ կը յիշենք, որ ան ծնունդ առած է, զգալի մասը, պատմական Ռուսիոյ հողերուն վրայ: Ասոր համոզուելու համար բաւարար է տեսնել 17-րդ դարու ռուսական պետութեան վերամիացած հողերուն քարտէսը եւ Ուքրանիոյ ԽՍՀ տարածքի սահմանները՝ Խորհրդային Միութիւնը լքելու ժամանակ: (Ազրպէյճան 1918-էն առաջ գոյութիւն իսկ չէ ունեցած*):

            «… Պոլշեւիկները ռուս ժողովուրդին հետ կը վերաբերէին իբրեւ անսպառ նիւթ՝ իրենց ընկերային փորձերուն համար: Անոնք կ՛երազէին համաշխարհային յեղափոխութեան մը մասին, որ պիտի վերցնէր, ջնջէր ազգային պետութիւնները:Այդ պատճառով անոնք այնքա՜ն առատաձեռն էին սահմաններ գծելու եւ տարածքային նուէրներ շնորհելու հարցին մէջ: Այլեւս կարեւոր չէ, թէ ճիշդ ի՛նչ էր երկիրը կտոր-կտոր ընող պոլշեւիկ առաջնորդներուն գաղափարը: Կարգ մը որոշումներուն պատճառներուն, ենթահողին, փոքր մանրամասնութիւններուն եւ տրամաբանութեան մասին կրնանք չհամաձայնիլ: Սակայն մէկ փաստ յստակ է՝ Ռուսիան ի՛րապէս թալանուած է (իր հողամասերէն*):

            «Այս յօդուածին վրայ աշխատելուս ընթացքին ապաւինեցայ բաց աղբիւրի վաւերագիրներուն վրայ, որոնք բաւարար յայտնի փաստեր կը պարունակեն եւ ոչ թէ՝ գաղտնի արխիւներուն վրայ: Արդի Ուքրանիոյ ղեկավարները եւ անոնց արտաքին «հովանաւորները» կը նախընտրեն անտեսել այս փաստերը: Սակայն անոնք առիթը չեն փախցներ ինչպէս երկրէն ներս, նաեւ դուրսը՝ դատապարտելու «սովետական վարչաձեւին յանցագործութիւնները»՝ մէջբերելով իրադարձութիւններ, որոնց հետ ոչ ԽՄԿԿ-ն, ոչ ԽՍՀՄ-ը, մանաւանդ՝ ժամանակակից Ռուսիան կապ ունին: Միեւնոյն ժամանակ պոլշեւիկներուն ճիգերը՝ Ռուսիայէն իր պատմական հողերը անջատելն ու բաշխելը յանցագործութիւն չեն համարուիր: Եւ մենք գիտենք, թէ ինչո՛ւ. եթէ ատոնք Ռուսիոյ տկարացման ծառայեցին, կամ մեզի վատ մաղթանքներ բերին, անոնք կ՛ուրախանան:

            «Անշուշտ, ԽՍՀՄ-ին մէջ հանրապետութիւններուն սահմանները երբեք չէին նկատուած իբրեւ պետական սահմաններ. ատոնք անուանական էին, մէ՛կ երկրի մը ներսը, որ հակառակ դաշնակցային բոլոր յատկանիշներուն, խիստ կեդրոնացուած էր եւ ապահովուած՝ ԽՄԿԿ գլխաւոր դերին շնորհիւ: Սակայն 1991-ին այդ բոլոր հողերը, աւելի կարեւորը՝ նաեւ մարդիկ մէկ գիշերուան ընթացքին ինքզինքնին արտասահմանի մէջ գտան, այս անգամ իսկապէս՝ իրենց պատմական հայրենիքէն վտարուած վիճակի մէջ: (Նոյնը՝ Նախիջեւանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ախալքալաքի հայերը, 1923-ին*):

            «Դուք կ’ուզէք ստեղծել ձեր սեփական պետութիւնը՝ հրամմեցէք: Բայց որո՞նք են պայմանները: Ես կ՛ուզեմ նշել նոր Ռուսիոյ ամենէն երեւելի քաղաքական գործիչներէն մեկուն՝ Ս. Փեթերսպուրկի առաջին քաղաքապետ Անաթոլի Սոպչակի այս մասին գնահատականը: Իբրեւ իրաւաբանական մասնագէտ, որ կը կարծէր, թէ իւրաքանչիւր որոշում պէտք է օրինական ըլլայ, 1992-ին ան հետեւեալ կարծիքը յայտնեց. Այս Միութեան հիմնադիր հանրապետութիւնները, որոնք դատապարտած են 1922-ի Միութեան դաշնագիրը, պէտք է վերադառնան այն սահմաններուն, որոնք ունեցած էին Խորհրդային Միութիւն մտնելէն առաջ: Մնացեալ բոլոր տարածքային ձեռքբերումները ենթակայ են քննարկման, բանակցութիւններու՝ հաշուի առնելով, որ անոնց հիմքը ջնջուած է:

            «Այլ խօսքով, եթէ կ՛ուզես դուրս գալ, դո՛ւրս ելիր անով, որ հետդ բերիր: Այս տրամաբանութիւնը դժուար է հերքել: Պարզապէս կ’ըսեմ, որ պոլշեւիկները սկսած էին փոփոխութեան ենթարկել սահմանները Խորհրդային Միութենէն առաջ՝ ըստ իրենց քմահաճոյքին, խարդախելով տարածքներ, անտեսելով մարդոց տեսակէտը»: 

            Փութին այս յօդուածին մէջ քանիցս տարբերութիւն կը դնէ Խորհրդային Միութեան եւ պոլշեւիկներուն միջեւ` իբրեւ անջատ միաւորներ՝ մեղքը բեռձնելով պոլշեւիկներուն վրայ, որոնք` «…կ՛երազէին համաշխարհային յեղափոխութեան մը մասին, որ պիտի վերցնէր, ջնջէր ազգային պետութիւնները: Այդ պատճառով անոնք այնքա՜ն առատաձեռն էին սահմաններ գծելու եւ տարածքային նուէրներ շնորհելու հարցին մէջ»: Այս նուէրներէն էին նաեւ Հայաստանէն տարածքներ նուիրելը. Արցախն ու Նախիջեւանը Ազրպէյճանին, Ախալքալաքը Վրաստանին, եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ նուիրեցին Կարսը, Արտահանը եւ Սուրմալուն Արարատ լեռով ու Անիով:

2. Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս քարտէսով (կարմիր ուրուագիծ) Խորհրդային Միութիւն մուտք գործեց, Լաջինով միացած Արցախով, Նախիջեւանով, Սուրմալուով՝ Արարատ լեռ եւ Անի, Կարս, Արտահան եւ Սարիղամիշով, 2 օգոստոս 1920-ին:

            Բ.  Ղարաբաղեան վերջին պատերազմին ընթացքին, 22 հոկտեմբեր 2020-ին տեղի ունեցաւ «Վալտայ» միջազգային քննարկումի ակումբին (հիմնուած՝ 2004-ին, Վալտայ լիճին մօտ*) 17-րդ տարեկան հանդիպումը նախագահ Փութինի հետ՝ հեռատեսակապով: Այս տարուան նիւթն էր համաճարակի դասերը եւ նոր օրակարգը՝ Ինչպէ՛ս համաշխարհային ճգնաժամը աշխարհի համար հնարաւորութեան վերածել: Հանդիպման աւանդաբար կը մասնակցէին քաղաքական գործիչներ, մասնագէտներ, լրագրողներ եւ հասարակական գործիչներ՝ Ռուսիայէն եւ այլ երկիրներէ: Լիագումար նիստը կը վարէր Ֆըյոտոր Լուկյանովը  «Վալտայ» միջազգային քննարկման ակումբի հետազօտութեան տնօրէնը (4):

            Յայտնի վեթերան լրագրող, մասնագէտ Անաթոլ Լիէվեն, օրուան նիւթէն դուրս, Փութինին հետեւեալ հարցումը ուղղեց.

            «Հարցումս, սակայն, կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջին բռնկումին: Ռուսիան՝ ինչպէս միջազգային հանրութեան միւս անդամները, շատ կը ջանան հասնիլ այս հակամարտութեան խաղաղ լուծման, սակայն ցարդ այդ ջանքերը ձախողած են: Եթէ ատոնք շարունակեն ձախողիլ՝ հաշուի առնելով Ռուսիոյ հին պատմական կապերը եւ հաշուի առնելով Ռուսիոյ ռազմական դաշինքը Հայաստանի հետ, ի վերջոյ անհրաժեշտ պիտի ըլլա՞յ, որ Ռուսիան կողմ գայ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ: 

            «Միւս կողմէն՝ կարելի՞ է, որ այս առճակատումը թերեւս դրական հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ Ռուսիոյ՝ հաշուի առնելով այն բախումը, որ մենք կը տեսնենք Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ՝ Արեւելեան Միջերկրական ծովուն մէջ Թուրքիոյ պահանջներուն շուրջ: Գուցէ  կարելի՞ է, որ ասիկա Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի ու Արեւմտեան Եւրոպայի այլ երկիրներու հետ մերձեցման հնարաւորութիւն դառնայ»:

            Փութին. «Սկիզբէն սկսինք (առաջին*), թէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ որո՞ւն պէտք է նեցուկ կանգնինք: Դուն ըսիր, որ Ռուսիան միշտ մասնաւոր յարաբերութիւն ունեցած է Հայաստանի հետ: Բայց մենք միշտ յատուկ կապեր ունեցած ենք նաեւ Ազրպէյճանի հետ: Ռուսիոյ մէջ կ՛ապրին աւելի քան 2 միլիոն հայ եւ մօտ 2 միլիոն ազերի, որոնցմէ մաս մը Ռուսիա եկած են աշխատանք փնտռելու, իսկ մնացեալը մնայուն կերպով կ՛ապրի այստեղ: Անոնք միլիառաւոր տոլար կը ղրկեն իրենց ընտանիքներուն: Բոլոր այս մարդիկը կայուն եւ սերտ կապեր ունին Ռուսիոյ հետ՝ մարդկային մակարդակով, անձ-անձի, առեւտուրի, գործարարութեան, մարդասիրական եւ ընտանեկան: Հետեւաբար Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը երկուքն ալ մեզի համար հաւասար գործընկերներ են: Մեզի համար մեծ ողբերգութիւն է, երբ այնտեղ մարդիկ կը զոհուին: Մենք կը փափաքինք մեծ համեմատութեամբ յարաբերութիւններ զարգացնել թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ալ Ազրպէյճանի հետ:

            «Այո՛, իւրաքանչիւր պարագային կան որոշ անհատական տարրեր, եւ որոշ առանձնայատկութիւններ մեր գործընկերոջ հետ յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք կը  տարբերին միւս գործընկերոջ հետ ունեցած յարաբերութիւններէն: Հայաստանի պարագային քրիստոնէութիւնն է: Սակայն այլ բնագաւառներու մէջ Ազրպէյճանի հետ նաեւ սերտ յարաբերութիւն ունինք: Խօսելով կրօնի մասին՝ կ՛ուզեմ նշել, որ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն գրեթէ 15 տոկոսը իսլամ է: Այնպէս որ, այս կողմէն ալ Ազրպէյճանը բոլորովին օտար չէ:

            «Սակայն, վստահաբար, մենք չենք կրնար մոռնալ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան մասին, որ հայ ժողովուրդին համար հսկայական ողբերգութիւն է: Այս մէկը (հարցումիդ պատասխան) երկրորդ մասն է: (Այսինքն իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի՝ մենք յատուկ կեցուածք ունինք*):

            «Երրորդ մասը հիմնուած է այն փաստին վրայ, որ այս հակամարտութիւնը բռնկեցաւ ոչ միայն իբրեւ միջպետական հակամարտութիւն կամ տարածքներու համար պայքար: Ան սկսաւ իբրեւ ցեղային հակամարտութիւն: Ցաւալիօրէն, փաստ է նաեւ, որ վայրագ ոճիրներ գործադրուեցան հայ ժողովուրդին դէմ (Ազրպէյճանի կողմէ*) նախ Սումկայիթի մէջ եւ ետքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս բոլորը պէտք է հիմք ընդունինք՝ մէկ պարունակի մէջ:

            «Միեւնոյն ժամանակ, մենք կը հասկնանք, որ Ազրպէյճանը կորսնցուցած է իր տարածքին զգալի մասը, եւ կարելի չէ այսպէս շարունակուիլ: Տարիներու ընթացքին մենք առաջարկած ենք այս ճգնաժամին կարգաւորման համար բազմաթիւ եւ բազմազան կարելիութիւններ՝ իրավիճակը կայունացնելու համար երկարաժամկէտ պատմական հեռանկարով:

            «Այս պահուն մանրամասնութեան մէջ պիտի չի մտնեմ, սակայն հաւատացէք, որ ունեցած ենք խիստ լարուած աշխատանք՝ կողմերուն դիրքորոշումները մերձեցնելու ուղղութեամբ: Երբեմն կը թուէր, որ քիչ մը աւելի ջանք, մէկ փոքր քայլ եւս ու մենք կը գտնէինք լուծումը: Դժբախտաբար, այդ տեղի չունեցաւ, եւ այսօր մենք կը տեսնենք այս հակամարտութեան յոռեգոյն պատկերը: Մարդոց մահը ողբերգութիւն է: Երկու կողմերը ծանր կորուստներ ունին: Ըստ մեր տեղեկութեան իւրաքանչիւր կողմ ունի 2000 զոհեր եւ ընդհանուր թիւը կը մօտենայ 5000-ի (22-10-2020-ին*):

            «Կ’ուզեմ ընդգծել, որ Աֆղանստանի տասը տարուայ պատերազմին ընթացքին Խորհրդային Միութիւնը՝ խորհրդային բանակը կորսնցուց 13000 մարդ: Այժմ, կարճ ժամանակի մէջ՝ գրեթէ 5000: Եւ քանի՞ վիրաւորներ: Որքա՛ն տառապանք ժողովուրդին եւ մանուկներուն: Այս պատճառով, մեզի համար յատուկ իրավիճակ է:

            «…Ռուսիան որեւէ բանէ չի վախնար: Փա՛ռք Աստուծոյ, կը գտնուինք այնպիսի դիրքի մը վրայ, որ պէտք չէ որեւէ բանէ վախնանք:

            «… Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ մերժումին՝ Խրիմը իբրեւ Ռուսիոյ մաս ճանչնալուն, մենք չենք համաձայնիր բոլոր հարցերուն մէջ: Օրինակ՝ Հարաւային Կովկասի կացութեան վերաբերեալ մենք տարակարծիք ենք, նոյն կողմը չենք: Սակայն մենք գիտենք նաեւ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներուն դիրքորոշումը: Անոնք կը յաւակնին ժողովրդավարութեան բացարձակ ջատագովը ըլլալ, սակայն երբե՛ք չեն ուզեր լսել Խրիմի ժողովուրդին հանրաքուէին արդիւնքը (վերադառնալու Ռուսիոյ կազմ*), որ ժողովրդավարութեան բարձրագոյն չափանիշն է:

            «Ինչպէս ըսի, Արեւմուտքը պատժամիջոցներ սահմանեց Խրիմի ժողովուրդին դէմ: Եթէ Խրիմը բռնի կերպով կցուած էր Ռուսիոյ, ուրեմն ժողովուրդն էր զոհը: Ինչո՞ւ զոհերուն կը պատժեն: Ինչո՞ւ ժողովրդավարութեան համար կը պատժուին: Այս բոլորը աղբ են եւ անհեթեթութիւն, սակայն այս է կեանքը: (Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը նաեւ երկու անգամ հանրաքուէով որոշեց միանալ Հայաստանին*):

            «…Թուրքիան չի ճանչնար Խրիմը եւ Լեռնային Ղարաբաղը: Ի՞նչ պիտի ընենք: Պէտք է շարունակենք աշխատանքը բոլորին հետ եւ հանդարտ մնանք: Ճիշդ այս է մեր կատարածը՝ կը փորձենք փաստել, որ ճիշդը մեր դիրքորոշումն է: Հարցերը լուծել դիւանագիտական ճամբով եւ ոչ թէ՝ բռնի կերպով»:

            Պէտք է նշել, որ Ազրպէյճանի կողմէ Սումկայիթի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ այլ ազերի քաղաքներու մէջ ապրող հայերուն դէմ կոտորածներուն՝ ցեղային մաքրագործումին մասին Փութինի այս հաստատումը 44-օրեայ պատերազմի օրերուն՝ իր երրորդ ելոյթն էր: Մենք ոեւէ այլ նախագահէ չենք լսած Ղարաբաղեան տագնապին տուն տուող պատճառին մասին այսքան յստակ ու ճշգրիտ դիրքորոշում: Ո՞ւր են Հայաստանի նաե՛ւ սփիւռքի դիւանագէտներն ու գործիչները: Մեր դատին սատարող՝ Ռուսիոյ նախագահին այս կեցուածքին մասին Ինչո՞ւ է այս քար լռութիւնը, որ անհասկնալի է ու դատապարտելի:

            Արցախ եւ Խրիմ նոյն պոլշեւիկներուն պատմական անիրաւութեան զոհերէն են, առաջինը Ստալինի, իսկ երկրորդը Խրուշչեւի կողմէ նուէր տրուած:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

14 Յուլիս 2021

* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները իմս:

(1)  http://en.kremlin.ru/events/president/news/66181

(2)  https://www.aztagdaily.com/archives/516007

(3)  https://armeniasputnik.am/russia/20210712/28260590/putiny-ukrainayi-masin-hodvats-e-grel-vory-hraparakvel-e-kremli-kayqum.html

(4)  http://en.kremlin.ru/events/president/news/64261 (5) https://m.armeniasputnik.am/russia/20201022/25024394/chi-kareli-moranal-hay-joxovrdi-aprats-voxbergutyuny-putiny-khosel-e-kharabakhi-masin.html

ԱԶԴԱԿ

One thought on “Ռուսիոյ Դաշնութեան Նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ Պատմութեան Վերադառնալու Շահեկան Ելոյթները Եւ Հայկական Դիւանագիտութեան Ու Մամուլին Անհաւատալի Անտարբերութիւնը

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started