Տխմարավարութիւն – Idiocracy Ամերիկան Եւ Հայաստանը

Սեպտեմբեր 2006-ին լոյս տեսաւ Մայք Ճաճի (Mike Judge) գրած, արտադրած եւ բեմադրած «Իտիոքրասի» ապագայապաշտական ժապաւէնը, որ բախտը ունեցայ քանի մը անգամ դիտելու: Ժապաւէնին խորագիրը՝ Idiocracy, բաղադրուած է անգլերէն Idiot, որ կը նշանակէ տխմար, ապուշ եւ՝ Democracy, որ կը նշանակէ ժողովրդավարութիւն բառերէն, որ ես թարգմանեցի «Տխմարավարութիւն»: Գիտաերեւակայական այս ժապաւէնը, թէեւ՝ զաւեշտական սակայն աշխարհաքաղաքական եւ ընկերային դրութեան մը մարգարէացումն է, որմէ բնա՛ւ հեռու չենք, թերեւս ալ, կարգ մը բնագաւառներու պարագային, մէջն ենք արդէն:

1. 2505 թուականի տխմարներով կառավարուող Ամերիկան՝ կատարեալ քաոս եւ ճարտարապետական «լուծումներ»՝ փլած շէնքեր եւ կամուրջներ, պարանով իրար կապուած կիսափուլ շէնքեր, ամէն տեղ աղբերու կոյտեր, ապականութիւն եւ այլն:

            Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ Ուիքիփիտիայի կողմէ այս ժապաւէնին նկարագրականին հետեւելով եւ վրան յաւելումներ կատարելով (1), ապա իմ կողմէս՝ երկու խօսք եւ եզրակացութիւն.

            2005-ին ամերիկեան բանակի տասնապետ մը՝ Ճօ Պաուըրզ, կ՛ընտրուի «Առկախեալ կենդանութիւն» (suspended animation՝ ողջ վիճակի մէջ անձ մը «սառեցնել»՝ ապագային վերակենդանացնելու համար) գիտական փորձի մը թեկնածուն, իբրեւ բոլոր զինեալ ուժերուն մէջ ամենէն միջին յատկանիշներով անձը: Բանակին մէջ համապատասխան իգական թեկնածուի կերպար մը չգտնելով, կաւատ մը կաշառելով՝ Ռիթա անունով պոռնիկ մը կը վարձեն:

            Երբ այս ծրագիրի պատասխանատու սպան իբրեւ կաւատ կը ձերբակալուի, ծրագիրը, Ճօն եւ Ռիթան բոլորովին կը մոռցուին իրենց սարքերուն մէջ: Յաջորդող հինգ դարերուն ընթացքին ընկերային միջավայրը խելացիները կը մղէ զաւակ չունենալ, մինչ նուազագոյն խելք ունեցողները զիրար յաջորդող աւելի ու աւելի յիմար ու տխմար սերունդներ կը ծնին:

            2505-ին Ճօյին եւ Ռիթային առկախեալ կենդանութեան սարքերուն գտնուած կեդրոնը լեռան մը չափ կուտակուած աղբերու ծանրութեան տակ փուլ կու գայ եւ Ճօյին գտնուած ընդունարանը՝ սարքը աղբերուն վրայէն սահելով կը բախի ու Ֆրիթօ Փենտէժօյի (ապուշ*) բնակարանին պատը փլելով ներս կը մտնէ, սարքը կը բացուի, եւ Ճօ դուրս կ’ելլէ. Տեսանիւթը՝ այստեղ (2):

            Թափառելով ժամանակին մայրաքաղաք եղած Ուաշինկթընի մէջ՝ Ճօ զարմանքով ականատես կ’ըլլայ բացարձակապուշ դարձած բնակչութեան մը, որ կը խօսի միայն ցած մակարդակի, գրեթէ միավանկ անգլերէն մը, տապլտկելով գերսպառումի (պատրաստ ճաշեր եւ այլն) եւ ժողովրդականութիւն շահած կոշտ ու անհասկանալի, գռեհիկ մակարդակի եւ վայրագ զբօսանքի ու զուարճանքի մէջ:

2. Ձախէն՝ Ֆրիթօ, Ճօ եւ Ռիթա:  3. Ճօ եւ Ռիթա ժամանակը ետ տանելու մեքենան կը փնտռեն Ֆրիթօյի ուղեկցութեամբ: Աղբի կոյտի մը վրայէն, հեռուն կ’երեւի հսկայական՝ անծայրածիր Քոսթքօ գերվաճառատունը, ուր ժողովուրդը կ’աշխատի եւ իր ժամանակը կ’անցընէ:

            Արհեստագիտութիւնը տակաւին յառաջացած է, սակայն ընդհանրապէս սարքաւորումները՝ աւրուած, նորոգող չըլլալուն եւ մանաւա՛նդ գործածողը նաեւ չըմբռնելուն, որ սարքը աւրուած է: Միաժամանակ՝ մարդիկ կ’աշխատին շքեղ ու հսկայական առեւտրական կեդրոններու մէջ, նաեւ՝ ծայրայեղ պարզութեամբ, ինչպէս, օրինակ, բժշկական ծառայողները համակարգչային սարքաւորումները կը գործածեն նախակրթարանի մակարդակով: Այս բոլորը տեսնելէ ետք, կարծելով, որ ինք կը զառանցէ՝ տարի մը «ձմեռնաքունէն» արթնցած ըլլալուն, Ճօ հիւանդանոց կը մտնէ, ուր իրականութեան կ’անդրադառնայ, որ ոչ թէ տարի մը, այլ 500 տարի «ձմեռած» է: Մինչ բոլոր քաղաքացիները «անձնաթուղթ» դաջուածք մը կը կրեն իրենց դաստակներուն վրայ (bar code), Ճօ կը ձերբակալուի դաջուածք եւ իր մասին համակարգիչին մէջ տեղեկութիւն չգտնուելուն պատճառով, եւ իր դաստակին ալ ելեկտրոնային դաջուածք մը կը տպեն. տեսանիւթը՝ այստեղ (3):

            Ամբոխային մթնոլորտի մը մէջ դատավարութիւն տեղի կ’ունենայ, ուր Ֆրիթօն կ’ըլլայ իր ծիծաղելիօրէն անկարող փաստաբանը (Ֆրիթօն տեղ մը կ’ըսէ, որ իրաւաբանութիւն ուսանած է Քոսթքօ գերվաճառատան մէջ…) եւ բանտարկութեան կը դատապարտուի: Այս բոլորը տեսնելով, կ’անդրադառնայ, որ ժողովուրդը միամիտ ու տխմար է: Երբ զինք այլ բանտարկեալներու հետ բանտ կը տանին, կը տեսնէ երկրորդ խումբ մը, որ շարքով բանտէն դուրս կ’ելլէր. պահակին կ’ըսէ, որ ինք դուրս ելլողներէն է, պահակը «ապո՛ւշ միւս շարքը անցի՛ր» – կ’ըսէ, եւ այդ ձեւով ան փախուստ կու տայ, սակայն դաջուածքին պատճառով կեդրոնական համակարգիչը ամէն տեղ կը հետեւի իրեն (նաեւ՝ ամբողջ ժողովուրդին), եւ ոստիկանութիւնը կը հետապնդէ զինք:

4. Ամերիկայի կառավարութեան կազմը, ուր պատանի մըն ալ նախարար է:   5. Ամերիկայի նախագահը՝  Տուէյն Քամաջօ:

            Ռիթան ալ սարքէն դուրս կու գայ եւ պոռնիկութեան գործը կը շարունակէ, սակայն շուտով կ’անդրադառնայ, որ առանց ծառայութիւն մատուցելու ալ մարդիկ դրամ կը վճարեն, պարզապէս եթէ սուտ խօսի, օրինակ՝ ըսէ, որ «գործը» աւարտեցաւ:

            Մինչ այդ, դաջուածքի մեքենան Ճօյին «Վստահ Չեմ» (“Not Sure”) անուն եւ՝ մականունը տուած էր, եւ պարտադիր տարրական ուշիմութեան քննութիւն մը (IQ) անցուցած տեսանիւթը՝ այստեղ(4):

            Ճօյին նպատակը 2005 թուական վերադառնալ կ’ըլլայ, կրկին կը գտնէ Ֆրիթօն, որմէ դժուարութեամբ կը հասկնայ, որ ժամանակը ետ տանող մեքենայ մը՝ «Թայմ Մեշին» գոյութիւն ունի, եւ մեծ գումարներ խոստանալով՝ կը համոզէ, որ Ռիթան եւ զինք հոն տանի (մեծ գումար, քանի որ ժողովուրդը միայն ուտել, խմել եւ «զուարճանալ» կուզէ, անկէ զատ ոչինչ): Ֆրիթօն զիրենք հսկայական Քոսթքօ գերվաճառատունը կը տանի, ուր ոստիկաններ Ճօն կը բռնեն: Այս անգամ, սակայն, դրական նպատակով… Իր անցուցած տարրական քննութեան արդիւնքը գերազանց ըլլալով՝ Ճօ կը հռչակուի Ամերիկայի ամենախելացի մարդը:          

            Սպիտակ Տուն կը տանին Ճօն, եւ նախագահ Քամաջօ ներքին գործոց նախարար կը նշանակէ զայն՝ պարտականութիւն տալով անկարելի գործը՝ մէկ շաբթուան մէջ լուծել երկրին սովի խնդիրը եւ վերականգնել տնտեսութիւնը…

            Ճօ կը յայտնաբերէ, որ ցանքերը «Պրաունտօ»-ով (զովացուցիչ խմիչքի, քոլայի տեսակ) կը ջրեն, որուն մայր ընկերութեան կը պատկանին Ամերիկայի քանի մը չափանիշներու վերահսկիչ մարմինները եւ երկրագործութիւնը: Երբ Ճօ կ’ըսէ, որ ջուրով պէտք է ջրել արտերը, բոլորը վրան կը խնդան, քանի որ ջուրը մի՛այն արտաքնոցի համար կը գործածէին: Երբ Ճօ ջուրով կը փոխարինէ ոռոգումը, Պրաունտօ ընկերութեան բաժնետոմսերը անկում կը կրեն եւ մեծ թիւով մարդիկ գործէ կ’արձակուին՝ ցոյցեր եւ խռովութիւններ պատճառելով:

            Մէկ շաբաթէն բերք չունենալուն պատճառով, իբրեւ պատիժ, կրկէսի մը մէջ, Ճօ ոտքին հսկայ ծանրութիւն մը կապուած, պէտք էր մենամարտէր լաւապէս զինուած ախոյեանին դէմ: Մենամարտին ընթացքին, Ռիթային դրդումով, ցանքերը, որոնք արդէն ծլած էին, ուղղակի կրկէսի պաստառներուն վրայ ցուցադրելով, նախագահը ներում կը շնորհէ Ճօյին: Ապա զինք նախագահ կ’ընտրեն եւ Ռիթային հետ ամուսնանալով, կ’որոշեն ապագային մէջ մնալ, քանի որ Ֆրիթօյին ըսած ժամանակի մեքենան «Թայմ մաշիին»-ը փոքրերու խաղավայր մըն է եղեր:

            Ժապաւէնի աւարտին, Ճօ երդման արարողութեան իր ելոյթով, կը գովաբանէ հին քաղաքակրթութիւնները եւ յոյս կը յայտնէ, որ այս հասարակութիւնն ալ օր մը կը հասնի անոնց:

Եզրակացութիւն.

            Այս ժապաւէնին մասին համացանցին մէջ զանազան մեկնաբանութիւններ կան, յատկապէս նմանեցնելով այս վիճակը Պուշ կրտսերի եւ Թրամփի օրերուն: Սակայն այս  յօդուածը որոշեցի գրել, երբ Ուքրանիոյ հարցով, շարքով՝ նախագահ Պայտըն, վարչապետ Պորիս Ճոնսըն եւ ՕԹԱՆ-ի քարտուղար Սթոլթենպերկ, հաւանաբար, ուրիշներ ալ, իրենց ելոյթներով չկրցան ծածկել իրենց փափաքը, որ Ռուսիա Ուքրանիոյ վրայ յարձակի, հակառակ անոր որ իբրեւ թէ իրենք չեն ուզեր այդ…

            Աշխարհը տխմարավարութեամբ պիտի շարունակեն առաջնորդել, որպէսզի իրենց «Պրաունտօ»-ի նման ռազմական ընկերութիւններուն բաժնետոմսերը անկում չկրեն, հոգ չէ, թէ հարիւր հազարաւոր մարդիկ պիտի մեռնին, հարիւր հազարաւորներ գաղթական պիտի դառնան եւ երկիրներ քանդուին ու քաոսի պիտի վերածուին՝ Իրաքի, Աֆղանիստանի, Լիպիոյ, Սուրիոյ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի նման: Տես՝ Ամերիկայի նախկին նախագահական թեկնածու Թուլսի Կապարտի «Ֆօքս»-ին տուած շատ յստակ նմանօրինակ ելոյթը՝ դատապարտելով Պայտընի եւ ՕԹԱՆ-ի այս ընթացքը (5):

            Գալով Հայաստանին, այսպէս կոչուած, «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ի վեր մեր երկիրը կը գտնուի ի՛սկապէս տխմարավարութեան մէջ, թէ՛ իշխանութիւն եւ թէ՛ ալ ժողովուրդին մէկ մասը: Անփորձներու եւ ազգային գիտակցութենէ եւ արժանապատուութենէ զուրկ, Հայաստանի պատմութենէն անտեղեակ մարդիկ կը պաշտօնավարեն կառավարութեան եւ Ազգային ժողովի մեծամասնութեան շարքերուն մէջ, որոնք թշնամիներուն ջատագովն ու փաստաբանները դարձած են՝ սկսելով վարչապետէն:

            Ամերիկայի դեսպան կը նշանակուի անփորձ ուսուցչուհի մը, քանի որ անգլերէն գիտէ: Թուրքիոյ հետ «յարաբերութիւններ» մշակելու համար Թուրքիա ուսանած անփորձ երիտասարդ մը կը նշանակուի: Խորհրդարանի նախագահը, որ պէտք է հանդարտ ու բոլորին յարգանքն ու վստահութիւնը վայելող խելահաս անձ մը ըլլայ, անդադար կռիւ կը հրահրէ… եւ շարքը երկար է: Անփորձներու եւ անատակներու վոհմակ…

            Սիմոն Վրացեան Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը պոլշեւիկներուն յանձնելու պայմաններուն մէջ կը նշէ (6), որ Համբարձում Տէրտէրեանը (ՀՅԴ), որ տնտեսութեան եւ հանրային խնամատարութեան եւ վերաշինութեան նախարար եղած էր, պէտք էր Յեղկոմի (բարձրագոյն մարմին) անդամ ըլլար, սակայն կը նշանակուի աննշան պաշտօնի մը՝ պետական գանձարանի կոմիսար: Նախկին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունին կը նշանակուի հաղորդակցութեան նախարարութեան խճուղային բաժինի օգնական: Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Սիրական Տիգրանեանը, Արշամ Խոնդկարեանը եւ Վրացեան՝ արդարադատութեան բառարանային յանձնաժողովի անդամներ կը նշանակուին…

            «Բոլորն ալ երրորդական եւ չորրորդական պաշտօններ, որով պոլշեւիկները կարծես կ’ուզէին ծաղրել եւ վիրաւորել մեզ… Իսկ պատասխանատու, գիտութիւն եւ փորձառութիւն պահանջող տեղերուն վրայ կը դնէին տգէտ ու ողորմելի կոմունիստներուն, մեծ մասամբ՝ պատանիներ, որոնք ո՛չ պետական գործի պատրաստութիւն ունէին եւ ո՛չ ալ գիտակցութիւն»: Յար եւ նման այժմու իշխանութեան:

            Հայ պոլշեւիկներուն մասին այլ տեղ Վրացեան կը գրէ (7). «Այս հոսանքը Ազրպէյճանէն կը քաջալերուէր, որուն վարիչները մեծ ազդեցութիւն ունէին Երեւանի (Հայաստանի) գործերուն վրայ: Ազրպէյճանի պահանջով էր, որ աւելի ու աւելի կը սաստկանար դաշնակցականներու դէմ հալածանքը: Նոյն ազերիներուն գոհացում տալու համար հայ պոլշեւիկները Հայաստանի Յեղկոմի անդամ նշանակեցին Մուսթաֆա Քեմալի գործակալ՝ թուրք սպայ Սուլէյման Նուրին…

            «Այս վերջինը կը վարէր Հայաստանի արդարադատութեան նախարարի պաշտօնը…. Սուլէյման Նուրին, որ ո՛չ հայերէն գիտէր եւ ո՛չ ալ ռուսերէն, բնականաբար…Մի՛այն լրտեսութեամբ կը զբաղէր…Այդ մէկը գիտէին պոլշեւիկները, բայց համակերպած էին, քանի որ այդպէս կ’ուզէին ազերի ընկերները…

            Ահաւասիկ տխմարավարութեան եւ դաւաճանութեան նախադէպը, որ կարծես թէ այժմու իշխանութիւններուն օրինակ ծառայած եւ անոնց ուղեգիծը դարձած է:

            Բարեբախտաբար, ինչպէս Վրացեանի ժամանակ, այսօր ալ ամբողջ մեր ժողովուրդը չէ, որ տխմարացած է: Մեծ յոյս ունիմ, որ շուտով այս տխմարութեան վերջ պիտի դրուի:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

21 փետրուար 2022

(1)  https://en.wikipedia.org/wiki/Idiocracy

(2)  https://www.youtube.com/watch?v=smtSv3e04vM

(3)  https://www.youtube.com/watch?v=wM1P7GMnd38

(4)  https://www.youtube.com/watch?v=NNl7GQFTULU

(5) https://www.foxnews.com/media/us-ukraine-nato-tulsi-gabbard

(6)  «Կեանքի Ուղիներով», Ե. հատոր, Սիմոն Վրացեան, Գ. տպագրութիւն «Համազգային»-ի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2007, էջ 215-216:

(7)  «Կեանքի Ուղիներով», Ե. հատոր, Սիմոն Վրացեան, Գ. տպագրութիւն «Համազգային»-ի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2007, էջ 221-222:

ԱԶԴԱԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started