Սփիւռքի Տարի 2022 – Զ. Ինչո՞ւ Երրորդ Սերունդին՝ Իմ Սփիւռքս Վտանգուած Չէր

Այս յօդուածաշարով կը փորձենք իրական օրինակներով վերլուծել, թէ ինչո՞ւ նախկին հայկական ամուր սփիւռքը սկսած է իր հայկական դիմագիծը կորսնցնել լեզու եւ աւանդ, որո՞նք էին անոր հզօրութեան ազդակները (ՏԵԴԱ), իբրեւ հաւաքականութիւն ո՞ւր տկարացանք կամ թերացանք, եւփորձել գործադրելի լուծումներ որոնել իրավիճակը բարելաւելու համար: Այսինքն ծնունդով հայը իբրեւ լեզուով ու մշակոյթով ապրող հայ, իր պատմութեան գիտակից եւ իբրեւ ազգային ու հողային իրաւունքներուն պահանջատէր մնալու ուղիներ, միջոցներ առաջարկել:

1. Պուրճ Համուտը, Նահր գետը, դատարկ հողերը, Միջերկրական ծովը, Մեթնի լեռները եւ սպիտակ Սաննին լեռը 1920-ին: 2. Լիբանանի մէջ Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոց համալիրը` 1926-ին:

            Նախորդող Ե. մասին մէջ տեսանք, որ Լիբանանի հայկական գաղութին առաջնորդները հայապահպանման համար ճիգ չեն խնայած եւ երկրին ծայրագոյն հարաւէն հիւսիս ու արեւելքէն արեւմուտք ցարդ հարիւրէ աւելի դպրոցներ հիմնած են, ապա փակած` ըստ տուեալ քաղաքին, կամ գիւղին հայ բնակչութեան թիւին: Նոյնի՛սկ 8 աշակերտի համար դպրոց պահելով: 1974-1975, երբ լիբանանահայութեան թիւը հասած էր իր առաւելագոյնին (Լիբանան ապաստանած սուրիահայերով միասին)` 300 հազարէն աւելի, հայկական շուրջ 64 գործող վարժարան յաճախող աշակերտութեան թիւը հասած էր 21 հազարի, այսինքն 14-ի վրայ մէկ աշակերտ:

            Թաղային համախմբուած համայնքներուն եւ ծխային վարժարաններուն առաւելութիւնը այն է, որ ինքնաբերաբար դպրոցը կը վերածուի համայնքային կեդրոնի` հայկական օճախի: Հոն իւրաքանչիւր փոքրիկ, բազմաթիւ անգամներ եւ արդարօրէն աջ բռունցքը բարձրացուցած եւ ոտքը գետին զարնելով, «Հա՛յ եմ ես, հա՛յ եմ ես, Քաջ Վարդանի թո՛ռն եմ ես» արտասանած է ու նաեւ նոյնը լսած է իր ընկերներէն. այսպիսով, իբրեւ պատմականօրէն քաջ հայ ըլլալը, ամուր կերպով դրոշմուած է իր ենթագիտակցութեան մէջ: Նաեւ անոնք իրարու միջեւ ընկերային ամուր կապ մը, ցանց մը ստեղծած են մանկութենէն սկսեալ` բազմապիսի փորձառութիւններով եւ յուշերով, որ կը շարունակուի մինչեւ իրենց կեանքին վերջը իբրեւ`

1.- Փողոցի խաղընկերներ,
2.- Դպրոցի դասընկերներ,
3.- Սկաուտական շարքերու ընկերներ,
4.- Պատանեկան միութիւններու ընկերներ,
5.- Դպրաց դասի ընկերներ եւ այլն:

Կամ, ինչպէս շատերուն պարագային, վերոնշեալներէն մէկէ աւելիին միախառնութեամբ:

            Հայրենիքէն հեռու՝ թաղային, եկեղեցւոյ յարակից ծխական վարժարանները եղած են մեր հաւաքավայրերը, հայապահպանման հիմնական կռուանը: Իսկ հակադարձօրէն՝ ծխական վարժարան փակելը, հայապահպանման առումով իր քանդիչ հետեւանքը ունեցած է եւ կ’ունենայ տակաւին:

3. Պէյրութի մեծագոյն հայկական հիւղաւան-վրանաքաղաքէն մաս մը, ծովեզերեայ Մար Մըխայէլի մէջ, 1920-ին:   4. Պէյրութի Հայաշէն շրջանի ներքին թաղերէն մէկը այժմ:

           Լիբանանահայութեան մէջ վատ օրինակները շատ են, որոնք դժբախտաբար քանիցս կրկնուեցան: Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան ծխական մանկապարտէզ եւ նախակրթարանը, որ 1980-ական տարիներուն շուրջ 80 աշակերտ ունէր, օրուան մարմինները փակեցին այն սխալ ենթադրութեամբ, որ յաջորդ տարի այս աշակերտները շուրջ 900 մեթր անդին` Ազգային Չաթալպաշեան վարժարանը (որուն անունը ատենի մը համար Չաթալպաշեան-Թորգոմեան կոչուեցաւ) պիտի յաճախէին: Հաշիւնին սխալ էր: Աշակերտներուն կէսէն շատ աւելին թաղային օտար վարժարաններ յաճախեցին, կամ դպրոց երթալէ զրկուեցան… Այժմ, բացի Թրիփոլիէն, Լիբանանի բոլո՛ր ծխական վարժարանները փակուած են… Տես նաեւ 18 յուլիս 2016-ի յօդուածս` «Ամէն գնով պէտք է պահպանել մեր բոլոր վարժարանները` մեր գաղութին ներուժը» (1), որմէ կը մէջբերեմ.

            «Կարելի չէ անտեսել այս ահաւոր երեւոյթը: Գաղութը մտած է շրջաբերութեան բացասական կրկնուող օղակի մը մէջ (vicious cycle) «հաւի ու հաւկիթի» պատճառահետեւանքային առեղծուածին նման: Երբ դպրոց մը փակուի, համայնքի ենթագիտակցութեան մէջ կը դրոշմուի այն տպաւորութիւնը, որ` «գաղութը տկարացած է», ուրեմն ենթական կը փորձէ հեռանալ թաղամասէն կամ երկրէն, այս ձեւով վարժարան փակելը համայնքի նօսրացման պատճառներէն մէկը կը դառնայ, եւ կը փակուի յաջորդ վարժարանը… ե՛ւ յաջորդը… Պէտք է վերջ դնել այս անհեռատես ու ինքնակործան վարքագիծին»:

         Այս յօդուածէն վեց տարի անցած է, եւ այժմ փակուելիք վարժարան մնա՞ց արդեօք…      

            Այստեղ տեղին է մէջբերել նաեւ 15 օգոստոս 2017-ի «Հայկական ինքնութիւնը եւ կեթոն» յօդուածէս բաժիններ (2). «Ուրեմն բացայայտ է, որ կեթօ եզրին հիմնական եւ արդի իմաստները ոչ մէկ կապ ունին հայկական ինքնութեան, հայկական համայնքներու, հայկական թաղամասերու եւ սփիւռքի հայկական գաղութներուն հետ: Հայկական գաղութները, համայնքները սփիւռքեան որեւէ երկրի մէջ տեղւոյն իշխանութեան կողմէ պարտադրուած չեն ապրելու միա՛յն յատուկ թաղամասի մը մէջ. խտրական բաժանում` segregation չէ կիրարկուած, հրեաներուն կամ որոշ ժամանակաշրջանի` Ամերիկայի սեւամորթներուն, Հարաւային Ափրիկէի, կամ Ռոտեզիոյ նման:

           «Բնական է, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով տեղահանուած հայութեան զանգուածը ստիպողաբար իր ապաստանած նոր երկրին մէջ նախ պիտի բնակէր վրանաքաղաքներու մէջ, թշուառ պայմաններու տակ: Բացարձակապէս բնական է, որ ցեղասպանութենէ, ցեղային հալածանքէ փրկուած հայ ժողովուրդին գերագոյն նպատակը ըլլար իր տեսակը պահպանելու միջոցներու կիրարկումը` իր բնօրրանէն հեռու` համախմբուելու, կազմակերպուելու, դաստիարակելու` հիմնելով քով-քովի դպրոց, եկեղեցի, ակումբ:

            «Ընդհանրապէս կը մոռցուի, որ արաբական աշխարհը, ուր ապաստան գտաւ հայ ժողովուրդը, նաեւ մաս կը կազմէր Օսմանեան կայսրութեան մինչեւ 1918, այլ խօսքով, պէտք չէ չափազանցել նոր շրջապատի «հիւրընկալութիւնը», որ բնականաբար այդքան ալ ջերմ չէ եղած, եւ այդ պատճառով աւելի՛ համախմբուած են այս նորաստեղծ գաղութները: Իր տեսակը պաշտպանելու բնազդային յատկանիշը աւելի՛ մասնայատուկ կերպով մղած է հայրենակցական խմբաւորումներըԼիբանանի պարագային, հիմնելու միատարր թաղամասեր. օրինակ Նոր Մարաշ, Նոր Սիս, Նոր Ատանա, Նոր Հաճըն, Նոր Ամանոս եւ այլն, պահպանելով պապենական բնօրրանի հարազատ սովորութիւնները, աւանդութիւնները, բարբառը եւ այլն:

           «Ինչո՞ւ ամչնալ համախմբուած ապրելու բնական ու բնածին ձգտումէն եւ անտեղի ու անտեղեակ կերպով «կեթօ» պիտակով որակել մեր գաղութներուն համախմբուած ապրելակերպը: Արդեօ՞ք պապենական Մարաշի, Ատանայի, Հաճընի, Ճեպել Մուսայի եւ այլնի մեր ժողովուրդը «կեթոներու» մէջ կ՛ապրէր: Ինչո՞ւ ստորակայութեան բարդոյթով վարակուիլ. մեզ տեղահան ընողնե՛րը եւ Ցեղասպանութեան ուղղակի եւ անուղղակի մեղսակիցները թող ամչնան:

           «Մեր բացարձակ իրաւունքն է համախմբուած ապրիլը` ի խնդիր մեր տեսակը, մեր լեզուն եւ մշակոյթը` ինքնութիւնը հպարտօրէն պահպանելու: Արդեօ՞ք ցիր ու ցան ապրելով` կարելի էր գոյատեւել իբրեւ միատարր ազգ: Մեր թշնամիին նպատակն էր ոչնչացնել մեր ազգը` արմատախիլ ընելով մեզ մեր բնօրրանէն, ծրագրուած կերպով ցիր ու ցան ընելով մեզ Հալէպէն Տէր Զօր, Պէյրութ, Մուսուլ, Պասրա, Մաան եւ արաբական աշխարհի հեռաւոր այլ քաղաքներն ու անապատները»:

Հայրենիքէն հեռու գաղութի մը օրինակը.

           Թորոնթոյի հայկական համայնքը, որուն զարգացման փուլերուն որոշ չափով ծանօթ եմ, հետեւած է ՏԵԴԱ-ի մտածողութեան (3): Համայնքը սկզբնական շրջանի 1967-ի համեստ հաւաքավայրէն փոխադրուեցաւ աստիճանաբար կառուցուող, զարգացող եւ ընդլայնուող նոր համալիր. նոր ակումբ` 1978-ին, դպրոց` 1979-ին եւ եկեղեցի` 1991-ին: Միջանկեալ, երբ Հայ կեդրոնը (ակումբ) կառուցուեցաւ, մեծաթիւ եւ աւելի հին հնդկաստանցի եւ իտալացի համայնքները, որոնք սեփական կեդրոն չունէին, իրենց յատուկ ձեռնարկներուն համար Հայ կեդրոնի սրահը կը վարձէին:

5. Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի հողամասը եւ շինարարութեան սկիզբը: 6. Յարատեւ ընդլայնող Հայ կեդրոն (ակումբ), դպրոց եւ եկեղեցի համալիրը:

           Զուգադիպութիւն էր կամ ոչ, հայկական համալիրը դրացի է հսկայ եւ մատչելի պանդոկի մը, որ ծառայած է իբրեւ առաջին կայան` Թորոնթոյի մէջ հարազատ չունեցող նոր եկողներուն համար, Հայ կեդրոնին քով:

            Հայ կեդրոնին մէջ առաջին օրերէն կը գործէին թատերախումբ եւ հայկական պարի խումբեր, ապա, կեդրոնին կայքէջէն կը մէջբերեմ (3). «Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը կը հանդիսանայ Մեծն Թորոնթոյի մէջ բնակող բոլոր տարիքի հայերուն տունը: Կը մատուցէ մշակութային, գեղարուեստական, մարզական, կրթական, ընկերային եւ հոգեւոր ծրագիրներ:

           Հայու շինարար ոգին, բոյն շինելու բնազդը եւ յառաջդիմելու բուռն փափաքը մղած են թորոնթոհայութիւնը տէր կանգնելու օրինակելի կեդրոնի մը` իր վարժարանով, եկեղեցիով, «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամով, «Թորոնթոհայ» ամսաթերթով, ՀՕՄ-ի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, երիտասարդականի ու պատանեկանի մասնաճիւղերով եւ Երէցներու ընկերակցութեամբ:

           Հայ կեդրոնը կառուցուած է հայ-քանատական արժէքներու ամուր հիմքի վրայ, մայր հայրենիքին հետ ամուր կապերով: Հայ կեդրոնը այն ընդգրկուն միջավայրն է, ուր հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները վառ կը պահուին»: Աւելցնեմ նաեւ կեդրոնին գրադարանը:

            Այս բոլորը` շատ լաւ, սակայն հայրենիքէն դուրս, երկու կամ երեք սերունդ հեռու, Քանատայի մէջ ծնած հայը ի՞նչ միջոցներով պիտի համախմբուի հայ կեդրոնին շուրջ, ուր բոլոր տարիքները եւ հետաքրքրութիւնները գոհացնող գործունէութեան կարելիութիւն կայ: Պատասխանը, ԲԱՆԱԼԻՆ պարզ է՝ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ստանձնել-տալ: ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅ ԱՆՀԱՏԻ ՊԷՏՔ Է ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՐՈՒԻ, ՈՐՔԱՆ ԱԼ ՊԱՐԶ ՈՒ ԱՆՆՇԱՆ ԹՈՒԻ ԱՅԴ: Օրական, շաբաթական, ամսական եւ հայկական տօներուն առիթով:

7.  Համակարգչային «Բառիկ» խաղը 14 սեպտեմբեր 2022-ի օրուան բառը, որ 5 փորձով գտայ:  8. «Համազգային»-ի «Մտամարզ» հայկական նիւթերու եւ ընդհանուր զարգացման հիանալի խաղը:

            Օրինակի համար, 30 յունուար 2022-էն ի վեր ամէն առաւօտ «Բառիկ» անունով բջիջային հեռաձայնի ձրի խաղը կը խաղամ (4), որ վեց փորձով պէտք է օրուան հինգ տառերով պահուած բառը կռահեմ (տես` նկար 7): Ահաւասիկ` հայերէն լեզուական փոքր «պարտականութիւն» մը, որ իւրաքանչիւր հայ, ուր ալ գտնուի, կրնայ կատարել` խաղալ, «Նայիրի» առցանց բառարանը նաեւ օգտագործելով, եթէ պէտք ունենայ: Երկրորդը վերջերս լոյս տեսած «Համազգային»-ի «Մտամարզ» (5) ձրի բջիջային հեռաձայնի հայկական նիւթերու եւ ընդհանուր զարգացման հարցում-պատասխան հիանալի խաղն է` բոլոր տարիքներու յարմար: Գնահատելի են այս երկու աշխատանքները, նաեւ` շատ մը ուրիշ նմանօրինակ համակարգչային ծրագիրներ, որոնք հայկականութեան եւ այլ հայերու հետ կապեր կը ստեղծեն:

            Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութենէն ու մեր հողերէն բռնի տեղահանութենէն ետք, ժամանակագրականօրէն (107 տարի) եւ համեմատաբար աշխարհագրականօրէն հայը որքա՛ն հեռանայ (Ամերիկա, Քանատա, Աւստրալիա), իր բնօրրանին հետ աւելի տոկուն պորտակապի կը կարօտի: Հայրենիքէն, հողէն հեռու ծնունդով հայը մէկ, կամ մէկէ աւելի հայկական պորտակապերու կը կարօտի իր պատկանելիութիւնը եւ պահանջատէրի կարգավիճակը չկորսնցնելու, այլ, ընդհակառակը, աւելի՛ ամրապնդելու համար:

            Սփիւռքահայութեան առաջնահերթութիւն կազմող թիրախ խումբը՝ ցանցը, անոնց տրուելիք «Պարտականութիւնները» եւ գործադրելու միջոցները՝ յաջորդիւ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

14 սեպտեմբեր 2022

Շար.  6/7

1. https://www.aztagdaily.com/archives/304664

2. https://www.aztagdaily.com/archives/360340

3. https://www.acctoronto.ca/hy/about/

4. https://www.parig.xyz/

5. https://hamazkayin.com/news/մտամարզ/

ԱԶԴԱԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started