ՀՅԴ տօնակատարութիւն 2022

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հիմնուեցաւ ու զարգացաւ հայ անհատը, ուրեմն նաեւ հայ ժողովուրդը ստրկութենէ փրկելու եւ իբրեւ մարդ արժանապատիւ ապրելու պայմաններ ապահովելու համար:

Հայ ժողովուրդը 500 տարիէ աւելի, թուրք, օսման բարբարոս ու վայրագ, խուժան այլ ցեղախումբերու լուծին տակ ապրելով` ստրուկի վերածուած էր:

Հայը իր հողին վրայ պիտի աշխատէր, տքնէր ու մշակէր, որպէսզի թուրք փաշան, կուսակալը, ոստիկանապետը, քիւրտ աղան եւ այլն, իբրեւ տուրք խլէին իր բերքը, կաթնտու եւ մսացու անասուններուն մեծ մասը` թշուառութեան մատնելով հայը:

1. Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը:

Միւս կողմէ, քոչուոր քիւրտերը անդադար կը կողոպտէին ու կը թալանէին հայկական գիւղերը` թուրք կառավարութեան քաջալերանքով:

Թուրք եւ քիւրտ աղաներ, մեծաւորներ ու զինեալներ հայ աղջիկներ ու կիներ կը բռնաբարէին ու կ՛առեւանգէին իրենց հարեմներուն համար:

Վերջապէս, հայը վերածուած էր թուրք եւ քիւրտ ժողովուրդներուն ծառայող ստրուկի, այնքան, որ նոյնիսկ օրէնքով արգիլուած էր հայուն գունաւոր ու փայլուն, գեղեցիկ հագուստներ հագնիլ:

Ահա այս պայմաններուն մէջ է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդէն ծնունդ առաւ, ազատագրելու համար նախ եւ առաջ հայուն արժանապատուութիւնն ու ոգին, ստրուկի վերածուած իր վիճակէն դուրս բերելու` մահ կամ ազատութիւն բնաբանով:

Դաշնակցական գործիչներ տարածուեցան հայկական գաւառներու եւ գիւղերու մէջ, ուր կոմիտէներ կազմակերպուեցան: Անոնք ինքնապաշտպանութեան համար զինուեցան, նախ եւ առաջ զիրենք թալանող ու իրենց կիներն ու աղջիկները բռնաբարողները մահապատիժի ենթարկելով` շան սատակ ընելով զանոնք:

Այս հերոս ժողովուրդը մինչեւ մեր օրերը ծնաւ, առասպելանման, սակայն իսկական վրիժառու հերոսներ` Գէորգ Չաւուշներ, Սերոբ Աղբիւրներ, Նիկոլ դումաններ, Դրոներ եւ շատ շատեր, հազարաւորներ:

Շնորհիւ Դաշնակցութեան հայ ժողովուրդը իբրեւ մարդ արժանապատիւ ապրելու ուղին բացաւ` քանդելով ստրկութիւնը, ստրկամտութիւնը եւ պատժելով ու վանելով թշնամիին ծառայող դաւաճանները:

Դաշնակցութիւնը դարձաւ սեփական ուժին վստահելու եւ զինեալ պայքարի առաջնորդի ու տիպարի օրինակը :

Դաշնակցութիւնը վերակենդանացուց պատմութեան ընթացքին 6500 մեծ ու փոքր պատերազմներ տեսած մեր հայրենիքին մարտունակութիւնը եւ արթնցուց մեր ժողովուրդին հզօր մարտական ոգին ու հերոսութիւնը` միշտ վստահելու սեփական ուժին: Վերականգնեց հայկական պատմական ահազդու հեծելազօրը` այրուձին, իր ֆետայական հրաշալի ու փրկարար ձիաւոր խումբերով:

Այսօր, աւելի քան երբեք կարիք կայ կրկին ու կրկին զինուելով ու վանելու ստրկամտութիւնը, որ այս օրերուս նաեւ դրամի, քաղքենիութեան եւ օտարամոլութեան ստրկութիւնն է: Պիտի շարունակենք դէպի յաղթանակ մեր պայքարը: 6500 պատերազմ տեսած մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը 3249 յաղթանակ եւ ուրեմն, 3250 պարտութիւն տեսած է: Այժմ պէտք է պատրաստուինք 3250-րդ յաղթանակին:

Կեցցէ՛ ՀՅԴ-ն եւ անկոտրում ու մարտական հայ ժողովուրդը:

Յարութ Չէքիճեան

17 նոյեմբեր 2022  

ԱԶԴԱԿ եւ ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started