Ցեղասպան Թուրքը Եւ Թուրքիան Պիտի Հատուցեն Մեր Ամէն կաթիլ Արիւնը Եւ Ամէն Սանդիմ Հողը. Վեհանոյշ Խանումը, Թիրօ Քեմփը, Հայրս Եւ Բժիշկը 1939-ին

Հօրս՝ Գրիգոր Չէքիճեանին (1912-1990), ծաւալուն անտիպ յուշերէն կը ներկայացնեմ թուրքերուն ցեղասպանութենէն ազատած եւ Լիբանան հասած հայ խլեակներուն կեանքէն եւ բարերար ու այլ ազգայիններէն քանի մը վիճակներ եւ տեսարաններ՝ խտացուած: Հեքիաթանման, սակայն իրական պատահար մը… Մեր հազարաւոր անհաւատալի թուող դրուագներէն մէկը:

            «1939-ին ոսկերիչի խանութ մը բացի Պուրճ Համուտի մէջ, ուր մի՛այն թեթեւ արծաթեղէն կը շինէի ու կը ծախէի, Արաքս փողոցին ճիշդ դիմաց (այժմ «Փենթա քլապ»-ին նոր շէնքը կառուցուած է այնտեղ*): Այն ատեն, հանրակառքի (թրամուայ) Արաքս թաղի կայանը խանութիս ճիշդ առջեւն էր, եւ ակամայ կը տեսնէի հանրակառքէն իջնողները:

            «Առաւօտ մը ինծի մօտէն ծանօթ, տարեց եւ մեծահարուստ Վեհանոյշ խանում Թիւթիւնճեանը հանրակառքէն իջաւ՝ քանի մը մեծկակ ծրարներով բեռնաւորուած, որոնք պատահական մարդիկ իջեցնելու կ՚օգնէին:

1. Հանրակառքը դէպի Պուրճ Համուտ, կամուրջին վրայ 1942-ին:  2. Թիրօ Քեմբին այժմ անգոյ մնացորդը:   

            «Վազեցի իր մօտ, եւ զիս տեսնելով՝ ըսաւ. «Գրիգո՛ր տղա՛ս, հաճիս այս ծրարները խանութդ տար» եւ հետեւելով ինծի՝ խանութս մտաւ ու նստաւ հանգչելու: Ես ալ հետաքրքրուած հարց տուի, թէ ի՞նչ էին այդ ծրարները: Տխուր եղանակով մը պատասխանեց. «Իմացայ, որ Թիրօ քեմփին մէջ շատ թշուառ ընտանիքներ կան եղեր, ուստի տունը ինչ որ աւելորդ հագուստեղէն ունէի, ծրարեցի եւ բերի, որ կարիքաւորներուն բաժնեմ եւ քիչ մըն ալ նիւթականով օգնեմ: Կը խնդրեմ, որ ինծի այդ հիւղաւանը առաջնորդես»:

            *Հիւղաւանը «Սանճագ» կը կոչուէր, եւ կ՚երկարէր գետեզերքէն գրեթէ մինչեւ Տօրա՝ շուրջ 1000 մեթր երկայնք ունէր եւ դէպի ծովեզերք՝ միջին հաշուով, շուրջ 250 մեթր լայնք, ներառեալ այժմու մայրուղին, որուն շինարարութիւնը 1957-ին սկսաւ: Գետին եւ Արաքս փողոցին մօտակայ հատուածը «Թիրօ քէմփ» ալ կը կոչուէր, քանի որ այդ շրջանին մէջ աղաւնի կամ սկաւառակ որսալու, այդ անունով, ճերմակ թիթեղով պատուած, բոլորակաձեւ նշանառութեան ակումբ-դաշտ մը կար*:

            «Վեհանոյշ խանումը եւ մայրս մեծահարուստի զաւակներ եղած են եւ փոքր տարիքէն՝ մտերմացած, սակայն անոնց ընտանիքը Ցեղասպանութենէն առաջ իր հարստութեամբ Հալէպ փոխադրուած էր, իսկ մայրս՝ ամէն ինչ կորսնցուցած: Տարագրութենէն ետք նաեւ անոնք Հալէպի մէջ ալ մտերմութիւնը շարունակած են: Ապա, ժամանակ մը ետք, իրենք Պէյրութ փոխադրուեցան եւ ամերիկեան հիւանդանոցին մօտ ապարանք մը գնեցին ու այնտեղ կը բնակէին:

            «Ես ալ երիտասարդ տարիքիս, առանձինս Պէյրութ հաստատուեցայ եւ շարունակեցի յարաբերութիւնս իրենց հետ: Ամիսը անգամ մը անպայման ընթրիքի կը հրաւիրէր՝ իր քրոջ զաւակը նկատելով զիս: Խնամիական կապ ալ ունէինք. իր ամուսնոյն եղբայրը հօրեղբօրս աղջկան ամուսինն էր: Տիկին Վեհանոյշ խոնարհ եւ բարեգութ, ազգասէր ու աստուածավախ՝ կատարեալ հաւատացեալ մըն էր:

            «Անմիջապէս մտածեցի, որ ինք եւ իր շրջանակի տիկինները մեծ նպաստ կրնային բերել հիւղաւանի թշուառներուն, եւ ըսի. «Ես մէկ անգամ իսկ չեմ մտած այնտեղ, սակայն քէմփի պատասխանատուին (Յակոբ կոչենք զայն*) մօտէն ծանօթ եմ, երթամ, կանչեմ զինք, որ մեզի կարօտեալ ընտանիքի մը առաջնորդէ»: Քէմփ վազեցի եւ Յակոբը գտնելով՝ իրեն բացատրեցի, որ հարուստ եւ բարեգութ մէկ ազգականս երեք մեծ ծրար հագուստեղէն եւ կօշիկ, կարօտեալներուն բաժնելու համար քովս եկած է: Ուստի մեզի այնպիսի հիւղակ մը առաջնորդէ, որ շատ յուզուի եւ շարունակէ իր այս բարերար գործը: «Հոգ մի ըներ, զինք այնպիսի հիւղակ մը կ՚առաջնորդեմ, որ այդպիսի դժբախտ վիճակ կեանքին մէջ ո՛չ տեսած է, ո՛չ ալ կրնայ տեսնել», ըսաւ ան:

            «Միասին խանութս վերադարձանք եւ Յակոբին հետ ծրարները շալկած՝ մեր շէնքին քովի նեղ ճամբայէն տիկին Վեհանոյշը դէպի հիւղաւանի այդ թշուառ ընտանիքը առաջնորդեցինք:

            «Հիւղակը հազիւ երեքով երեք մեթր մեծութիւն ունէր: Ո՛չ մէկ կահ կարասի: Ո՛չ աթոռ, ո՛չ սեղան, ո՛չ ալ անւողին: Հնամաշ խսիր մը մասամբ կը ծածկէր գետինը, որուն վրայ մեր դիմաց, աջին, տան մայրը պառկած էր, իսկ ձախին՝ հայրը, երկուքը հիւծած, ուժաթափ եւ տխրադէմ:  Որպէս անկողին՝ գրեթէ գետնին վրայ պառկած էին… Իբրեւ վերմակ, վրանին, քակուած պարկերու հնդկականեփէ (թելիս) սաւան ծածկած… Չորսէն տասը տարու, չորս անչափահաս բոկոտն փոքրիկներ գետինը նստած էին, երեքը տղայ՝ իրենց հօր հին ու մեծ, յարմարցուած «հագուստները» հագած եւ իբրեւ գօտի չուանի կտոր մը կապած, իսկ աղջնակը նոյնպէս՝ մօր հին փէշը յարմարցուած ու չուանով կապած… Սրտայո՛յզ տեսարան:

            «Յակոբ բացատրեց, որ մեր այս հարազատները, տէր եւ տիկին, քանի մը օրէ հիւանդ են եւ նոյնիսկ շարժելու ի վիճակի չեն: Տնեցիները լուռ մեզի կը նայէին:

            «Տիկին Վեհանոյշ այս սրտաճմլիկ վիճակէն շատ յուզուած ու անակընկալի եկած՝ յանկարծ պայուսակէն դրամապանակը հանեց եւ «Ձեռքդ բաց տղաս» ըսելով՝ ունեցած դրամը ձեռքիս մէջ պարպեց, մէջէն կէս թղթոսկի վերցուց՝ «Այս զիս տուն կը հասցնէ» ըսելով, ապա յուզումով խնդրեց. «Կ՚աղաչեմ Գրիգո՛ր տղաս զիս այս հիւղակէն անմիջապէս դուրս հանէ, ալ չեմ կրնար այս ցաւալի տեսարանին դիմանալ»: Երբ տեսայ ափիս մէջի պատկառելի գումարը, արագ մը որոշեցի, թէ ի՛նչ պիտի ընէի:

            «Յակոբէն խնդրեցի, որ դրացիէ մը աթոռ մը ճարէ: Շուտով ծածկոցով փոքր աթոռ մը բերաւ, զոր անկիւնը տեղաւորեցի եւ յարգանքով տիկին Վեհանոյշէն խնդրեցի, որ նստի: Ան աղերսական նայուածքով փորձեց մերժել, սակայն տիրական նայուածքիս դիմաց տեղի տուաւ եւ ակամայ նստաւ: Խուզարկու ակնարկ մը նետեցի շուրջս, եւ նաւթավառ (Փրիմուս) օճախը տեսայ, քովը նաւթի պարապ շիշը եւ կաթսայ մը:  «Հիմա կաթնապուր պիտի եփենք», ըսի եւ Յակոբէն խնդրեցի, որ խանութէ մը նաւթի շիշը լեցնէ եւ դուրսը օճախը վառէ, մինչ այդ ես կաթսան լուացի եւ ջուրով լեցուցի ու երբ օճախը բերաւ վրան դրի, որ եռայ: Այս միջոցին Վեհանոյշ յաճախ աչքերուս կը նայէր՝ անձայն խնդրելով, որ զինք հիւղակէն շուտով դուրս հանեմ, որուն միայն ժպիտով կը պատասխանէի:

            ««Ես տասը վայրկեանէն կու գամ», ըսի եւ վազեցի խանութիս դիմաց եւ քիչ մը անդին գտնուող ՀՄԸՄ-ական ֆութպոլիստ Գափլանեան եղբայրներուն վաճառատունը, ուր ընդեղէն, տուփեղէն եւ պնակեղէն կը ծախէին: Ձիթաիւղ, ձաւար, բրինձ, շաքար, ընդեղէններ, տուփի միսեր, եւ 25 տուփ թանձր «Նեսլէ» կաթ, կաթնապուրին համար փոշի դարիճենի, պնակեղէն՝ գաւաթ, դգալ, դանակ եւ պատառաքաղ գնեցի ու հիւղակը տարի: Քանի մը տուփ թանձր կաթը պարպեցի եռացող ջուրին մէջ: Ապա՝ խանութիս դիմացի փուռէն 5 քիլօ նոր հանած տաք հաց գնեցի ու բերի:

            «Վերջապէս՝ հոգին խաղաղած, Վեհանոյշ խանումը նոր գաւաթները լուաց ու սկսաւ կաթ լեցնել եւ մէկական հացով փոքրիկներուն երկարել: Երբ առաջին գաւաթը աղջկան հրամցուց, անակընկալի եկանք, քանի որ աղջնակը ուսերը վեր բարձրացնելով մերժեց ու մօրը նայեցաւ՝ յուզումի ալիքի մէջ խեղդելով խանումն ու զիս:

            «Այս հայու ազգային նկարագիրն է, որ այդ հայ ընտանիքը պահած է, նոյնիսկ՝ այս ամենադժբախտ վիճակին մէջ, իր փոքր, անգիտակից տարիքին իսկ…

            «Հայը մուրացկան չունեցաւ ամենադժբախտ ու դաժան այդ օրերուն:

            «Վեհանոյշը անակընկալի եկած ու շատ զգացուած՝ առաջին անգամ ըլլալով ակնարկը մօր աչքերուն ուղղեց եւ մայրական շեշտով աղերսագին ըսաւ. «Աղջիկս կը խնդրեմ, որ զիս իբրեւ մայրդ նկատես եւ արտօնես, որ աղջիկդ ընդունի այս հացն ու կաթը»: Մայրը արցունքոտ աչքերով հազիւ փսփսալով ըսաւ զաւակներուն. «Մի մերժէք Վեհանոյշ խանումը»: Այսպէս, իրենց մօր արտօնութենէն ետք, չորս փոքրերն ալ կաթն ու հացը առնելով՝ սկսան ախորժակով խմել եւ ուտել: Իսկ հայրերնին, որ զարմացած կը դիտեր մեզ՝ անծանօթներս, յանկարծ կռնակը դարձուց եւ սկսաւ մանուկի մը պէս լալ…

            «Այդ լացին իմաստը միայն մենք՝ վերապրողներու սերունդս է, որ կը հասկնանք:

            «Վերջապէս, երբ մէկական գաւաթ կաթն ու հացը կնկան եւ ամուսինին երկարեց, խօսքս ամուսինին ուղղելով, որ լացը կը շարունակէր, ըսի. «Եղբա՛յր քա՛ջ եղիր, ես ալ նոյն վիճակէն անցած եմ եւ տիկին Վեհանոյշին նման բարի հրեշտակ մը զիս փրկեց այդ անտանելի, հիւանդ ու դժբախտ վիճակէս: Տիկին Վեհանոյշը բարի, խոնարհ եւ ծառայասէր, մեր աննման մայրերէն է, անկեղծօրէն կը սիրէ մեր բոլոր դժբախտ հարազատները»: Քիչ մը հանդարտած, շնորհակալութիւն յայտնելով ըսաւ. «Աստուած պահէ քեզի նման հայ երիտասարդները եւ տիկին Վեհանոյշին նման բարեսիրտ մայրերը»:

            Առանց ժամանակ վատնելու,«Քքիչ ետք կը վերադառնամ» ըսի ու վազեցի խանութիս դիմացի Սթամպուլի դեղարանին վերի յարկը, ուր շուրջ ինիսուն տարիքի անուանի, առողջ ու կայտառ բժիշկ մը կը բնակէր, որուն անունը այժմ մոռցած եմ:

            – «Երկու հիւանդ ունիմ, եկած եմ քեզի տանելու», ըսի:

            – «Հիւանդներդ հո՛ս բեր ծօ՛», պոռաց երեսիս:

            – «Հիւանդներս հոս գալու կարողութիւն չունին, իրաւունքդ ի՛նչ որ է աւելիով կը ստանաս», ես ալ պոռացի երեսին:

            Դժկամօրէն պայուսակը առաւ եւ հետեւեցաւ ինծի: Երբ Թիրօ հիւղաւանին նեղ ճամբէն պիտի մտնէինք, յանկարծ կեցաւ ու բարկացկոտ պոռաց. «Ծօ,՛ դուն զիս Թիրօ քե՞մփ պիտի մտցնես»: Ամենայն հանդարտութեամբ, լրջօրէն իրեն ըսի. «Տոքթո՛ր տարիքդ իննսունը անց է, այս նեղ ճամբան երկինք, իսկ այդ լայն ճամբան դժոխք կ՚առաջնորդէ» եւ թեւը ամուր սեղմելով՝ զինք դէպի քէմփ հրեցի՝ «Քալէ՛ նայիմ» ըսելով:

            Երբ տասնեակ մը քայլերէ ետք նեղ մուտքէն հրապարակը հասանք, որմէ ետք ճամբան ցեխոտ էր, կրկին ըմբոստացաւ ու կանգ առնելով՝ ըսաւ. «Ես մէկ քայլ իսկ չեմ առներ այս ցեխոտ ճամբուն մէջ»: Հազիւ այդպէս ըսաւ, անմիջապէս զինք կռնակս շալկեցի եւ սպառնացի. «Ա՛յ ծերունի, եթէ անգամ մը եւս բողոքես, քեզի կռնակէս վար ցեխերուն մէջ կը նետեմ հա՛»:

            Հիւղակը հասնելով՝ զինքը շալակէս վար իջեցուցի եւ երկու հիւանդները ցոյց տալով՝ ըսի. «Մեր այս երկու հարազատ ազգակիցները հիւանդ են»: Կոխած տեղդ սուրբ հող է…Կօշիկներդ հանէ՛, քննէ՛ եւ դեղագիրներ գրէ, որպէսզի երթամ դեղերը բերեմ»:

            Բժիշկը այդ ցաւալի վիճակը տեսնելով՝ կարծես արիւնը սառեցաւ: Ապշահար՝ այս բժիշկը, որ զաւակ չէր ունեցած, նախ այդ ցնցոտիներ հագած թշուառ փոքրերը դիտեց, ապա գետինը պառկած անոնց ծնողքը, վերջապէս, երբ հարուստի երեւոյթով եւ ազնուականի դիմագիծով Վեհանոյշ խանումը տեսաւ, որ կաթնապուր կը պատրաստէր, իբրեւ բարեւ՝ անոր խոնարհութեան պէս բան մը ըրաւ ու ինծի դառնալով՝ ըսաւ. «Հա՛ տղա՛ս անմիջապէս կը քննեմ մեր արենակից հարազատները», ըսելով՝ կօշիկները հանեց եւ հիւանդներուն մօտենալով՝ նախ մարդը, ապա կինը խնամքով, մանրամասնօրէն քննեց:

            Քննութիւնները աւարտելէն ետք ուրախութեամբ յայտնեց. «Երկուքդ ալ ոչ մէկ հիւանդութիւն ունիք (անօթութեան հիւանդութիւն*): Հիմա պարոն Գրիգորին հետ կ՚երթամ եւ ձեր երկուքին դեղեր կը պատրաստեմ: Հինգ-վեց օր այդ դեղերը խմելէ ետք երկուքդ ալ առողջացած՝ ոտքի կ՚ելլէք» ըսաւ եւ կօշիկները հագաւ: Երբ հիւղակէն դուրս ելանք, պահ մը կեցաւ եւ ցուցամատով նեղ ճամբան ցոյց տալով եւ աչքերուս նայելով՝ ըսաւ.

            – «Այս ճամբան դրախտ, իսկ լայն ճամբան դժոխք կ՚առաջնորդէ ըսիր չէ՞, տղաս»: Չլսածի պէս, գրպանէս ափ մը դրամ հանեցի եւ ըսի.

            – «Հրամէ՛, վարձքդ ա՛ռ, որքան որ կ՚ուզես»:

            Խիստ նայուածքով երեսիս պոռաց. «Դրամը գրպա՛նդ դիր ծօ՛. զիս անզգամ անասո՞ւն կարծեցիր, ե՛ս ալ հայ եմ, ե՛ս ալ մարդ եմ» ըսելով՝ զիս դէպի դեղարան ուղղեց, եւ երբ դեղարանին առջեւ հասանք, դէպի նեղ փողոցին կողմը դառնալով՝ գետին թքեց եւ ինքզինքին խօսելով՝ պոռթկաց. «Քեզի բժիշկի վկայական տուողին բերանը …նեմ անզգամ, իննսուն չորս տարիքիդ …նեմ, խռֆած ծերուկ… Ծօ՛ անասո՛ւն, ամէն օր պատշգամէդ կը դիտես հիւղաւանը եւ հիւղակները… Օր մըն ալ իբրեւ բժիշկ մտնէի՛ր այդ հիւղաւանէն ներս եւ հետաքրքրուէիր, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ կ՚ապրին քու հարազատներդ: Թուու՜ քու իննսունչորս տարիքիդ…»

            «Այսպէս մենախօսելէն ետք դեղարան մտանք եւ աներձագին սեղանին ետեւ անցնելով սկսաւ դեղերու պատրաստութեան: Երկու սրուակ դեղ պատրաստեց, մէկուն վրայ «Կնկան», միւսին՝ «Մարդուն» պիտակ փակցուց, ուր գրած էր նաեւ, թէ ինչպէ՛ս պիտի գործածէին: Դեղերը տալով եւ հիւանդները կարծես մօտիկ ազգականներս ըլլային, ըսաւ. «Հոգ մի՛ ըներ, տղաս, այս դեղերը որ առնեն երկուքն ալ ոտքի կ՚ելլեն»: Շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ գոնէ դեղերուն դրամը վճարել ուզեցի, որ կրկին մերժեց եւ նեղ ճամբուն կողմը մատնանշելով՝ ըսաւ.

            – «Քանի որ այդ նեղ ճամբան դրախտ կը տանի, ըսիր, վաղուընէ սկսեալ ամէն օր պիտի մտնեմ դրախտի ճամբէն եւ հիւղաւանը շրջելով՝ նման դժբախտ հիւանդներ պիտի խնամեմ, որ դրախտի տոմսակս ապահովեմ: Այլապէս, դժոխքին կեդրոնը՝ թուրքերուն մէջ պիտի նետեն զիս… Շնորհակալ եմ, որ դրախտին ճամբան սորվեցուցիր: Վա՛րձքդ կատար, երթաս բարով»:

            – «Ես ալ շնորհակալ եմ, չէի գիտեր, որ այսքան ազգասէր ու բարեսիրտ ես», ըսի ու այժմ մարդկայնութեամբ ջերմացած հիւղակը վերադարձայ, որ դարիճենի կը բուրէր: Տիկին Վեհանոյշը արդէն կաթնապուրը եփած, նոր ամաններուն լեցուցած, վրան դարիճենի ալ ցանած եւ կաթսան ալ լուացած՝ մտերմացած էր հիւանդ կնոջ հետ, որուն կ՚ըսէր.

            – «Հոգ մի ըներ, աղջիկս, ես վաղն իսկ կը բերեմ պզտիկներուն պէտք եղած ճերմակեղէնը, հագուստ ու կօշիկները եւ պէտք եղած անկողինն ու վերմակները եւ նոր ու մեծ խսիր մը: Հայուն Աստուածը մեզ չլքեր աղջիկս»:

            «Յակոբին ըրած ծախսերը վճարելէ ետք, որ դժուարաւ ընդունեց, մնացած գումարը տիկին Վեհանոյշին վերադարձուցի, որ իր կարգին կնկան բարձին տակ դրաւ, համբուրեց զայն ու փոքրիկները, եւ հրաժեշտ տուինք այդ թշուառ ընտանիքին ու խանութս վերադարձանք: Մինչ ես սրտի անսահման գոհունակութիւն կ՚ապրէի, տիկին Վեհանոյշ յուզումով հարցուց.

            – «Գրիգո՛ր, տղաս, ըսել է՝ դո՞ւք ալ անցեալին նոյն դժբախտ վիճակը ունեցած էք»:

            – «Այո՛, եթէ կը յիշէք, աքսորէն ետք մե՛նք ալ Հալէպի գաղթականներուն Ժապրիյէ հիւղաւանը խեղճ վիճակի մը մէջ կ՛ապրէինք: Ես քոյրերուս խաւաքարտէ կօշիկ կը շինէի, որ հազիւ քանի մը օր կը դիմանար: Այնտեղ հիւանդացայ եւ գրեթէ կմախքացայ: Նախախնամութիւնը, մօրս պառաւ ազգականը՝ Եսթեր պաճըն (քոյրիկ*), որ բժիշկի կին էր, հեռաւոր երկրէ մը այցելութեան բերաւ մեր քով, որուն պէտք է ճանչնաք», – «Այո լաւ կը ճանչնամ», ըսաւ, եւ շարունակեցի. «Զիս քննելէ ետք մօրս ըսաւ. «Աղջիկս, այս տղան որեւէ հիւանդութիւն չունի»: Ապա, խուզարկեց մեր բազմանդամ (ծնողք, 6 քոյր՝ մէկը ամուսնացած եւ 3 եղբայր*) ընտանիքին հիւղակը եւ որեւէ ուտելիք բան չգտաւ: Մօրս առնելով՝ շուկայ գացին եւ երկու ժամուան մէջ մեր հիւղակը ուտելիքի կենսական պաշարով լեցուցին»:

            «Եսթեր տատը երեք ամիս մեր քով մնաց ու խնամեց զիս: Ամէն առտու հազիւ արթննայի, մէկ դգալ ձիթաիւղ կը խմցնէր, սնունդս կանոնաւորելով՝ ոտքի հանեց զիս կատարեալ առողջ ու կայտառ:

            «Երբ այդ հիւղակը մտանք եւ այդ սրտաճմլիկ վիճակը տեսայ, ու ափերուս մէջ մեծ գումար մը դրիր, այդ պահուն դուն Եսթեր տատը յիշեցուցիր եւ ես անոր օրինակին հետեւեցայ: Այդ ծնողքը սոված էին, ինչ որ քիչ ուտելիք ճարէին՝ իրենք զիրենք զրկելով, փոքրերուն կերցուցած էին եւ իրենք՝ այդ ուժասպառ վիճակին հասած:

           «Սկիզբը շատ բարկացայ քեզմէ, երբ հակառակ կամքիս՝ հիւղակին մէջ նստեցուցիր զիս: Սակայն աստիճանաբար երբ սկսայ կաթը պատրաստել եւ մանաւանդ փոքրերուն եւ ծնողքին ախորժակով ուտել խմելը տեսայ, խաղաղեցայ ու քեզի հանդէպ բարկութիւնս երախտապարտութեան փոխուեցաւ: Եթէ այնտեղէն անմիջապէս դուրս հանէիր զիս, կեանքիս մինչեւ վերջը այդ խղճալի տեսարանը պիտի հալածէր զիս:

            «Տիկին Վեհանոյշը իր խոստումները կատարեց եւ բարեկամուհիներով շարունակեց բարեսիրութիւնը ու այդ հիւանդ տիկինը առողջանալէն ետք հիւղաւանին մէջ իր բարեսիրական գործերուն վճարովի օգնականը դարձուց:

            «Բժիշկը յաջորդ օրն իսկ քաուչուկէ մոյկ մը հագած, տաբատին ծայրերն ալ մէջը թխմած՝ խանութս հանդիպեցաւ, ուրախութեամբ բարեւեց եւ ըսաւ. «Գրիգո՛ր տղա՛ս, Աստուած որքա՛ն որ կեանք տայ ինծի, պիտի շրջիմ հիւղաւանները, բժշկութեամբ եւ նիւթականով կարօտեալներուն պիտի օգնեմ: Մինչեւ այս խոր ծերութիւնս, աւա՜ղ, անզգամ անասունի մը նման ազգիս ցաւերուն անտարբեր եղած եմ»:

            «Յարգանք տիկին վեհանոյշին ու այս բժիշկին խնկելի յիշատակին»:

Գրիգոր Չէքիճեան

3. Գրիգոր Չէքիճեան 1974-ին: 4. Թիրօ քեմփը 1 մայիս 1967-ին հրոյ ճառակ կը դառնայ:

Ամփոփեց՝

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

30 մարտ 2023

* Լուսաբանութիւնները իմս

ԱԶԴԱԿ Ապրիլ 24-ի բացառիկ, 2023

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started