Ամէն Բան Վերջացած Չէ՛ Արցախի Ազատ Անկախ Հանրապետութիւնը Առ Այժմ Չկայ, Սակայն Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Իրողապէս Գոյութիւն Ունի, Այնպէս Ինչպէս Նախիջեւանի Ինքնավար Մարզը: Կը Մնայ Արցախի Կարգավիճակին Հարցը՝ Ինքնորոշման Իրաւունքի Հիման Վրայ

Խորհրդային Միութեան առաջին տարիներուն Ստալինին գործած բազում ոճիրներէն էր` Լեռնային Ղարաբաղը 7 յուլիս 1923-ին եւ Նախիջեւանը 9 փետրուար 1924-ին իբրեւ ինքնավար մարզ եւ հանրապետութիւն յանձնելը 1918-ին ստեղծուած Ազրպէյճանի վարչական հոգատարութեան:

Ո՛չ տարածքային ամբողջականութեան, Ո՛չ ալ Ազրպէյճանին մասն են անոնք: Խորհրդային Միութեան փլուզումին յաջորդ օրը եւ ցարդ Նախիջեւանը կը մնայ նոյն կարգավիճակին մէջ: Բայց Արցախը` ոչ: Ինչո՞ւ: Քանի որ, ըստ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հրապարակային վկայութեան, Արցախի հարցը հիմնականին մէջ ցեղային զտումով սկսաւ: Տես` «Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի` պատմութեան վերադառնալու շահեկան ելոյթները եւ հայկական դիւանագիտութեան ու մամուլին անհաւատալի անտարբերութիւնը» (1), յօդուածս, ուր Փութին կ՛ըսէ.

1 Ուիքիփետիայի այժմու «Նախիջեւան» էջը, ուր «Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւն» կը ճանչցուի: 2. Նոյնպէս՝ անգլերէն էջը, ուր իբրեւ «Nakhichevan Autonomous Republic» կը ճանչցուի:

«Սակայն, վստահաբար, մենք չենք կրնար մոռնալ Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան մասին, որ հայ ժողովուրդին համար հսկայական ողբերգութիւն է: (Այսինքն` իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի` մենք յատուկ կեցուածք ունինք*):

«Երրորդ մասը հիմնուած է այն փաստին վրայ, որ այս հակամարտութիւնը բռնկեցաւ ոչ միայն իբրեւ միջպետական հակամարտութիւն կամ տարածքներու համար պայքար: Ան սկսաւ իբրեւ ցեղային հակամարտութիւն: Ցաւալիօրէն փաստ է նաեւ, որ վայրագ ոճիրներ գործադրուեցան հայ ժողովուրդին դէմ (Ազրպէյճանի կողմէ*) նախ Սումկայիթի մէջ եւ ետքը` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս բոլորը պէտք է հիմք ընդունինք` մէկ պարունակի մէջ», տես` Ռուսիոյ նախագահին կայքէջը (2):

3. Նախագահ Փութին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Ծիծեռնակաբերդի մէջ, 24 ապրիլ 2015-ին: 4. Ռուսիոյ նախագահական կայքէջին մէջ նշուած Սումկայիթի եւ Ղարաբաղի ջարդերը:

Այս բոլորը քանիցս գրուած ու բացատրուած են, սակայն հայկական կողմը ո՛չ նպատակ ունէր, ո՛չ ալ դիւանագիտութիւնը՝ օգտագործելու նախագահ Փութինի շատ դրական այս կեցուածքը՝ իբրեւ հզօր խաղաքարտ, քանի որ Հայաստան եւ սփիւռքէն մաս մը մխրճուած էին եւ են ամերիկեան անպէտք, անօգուտ ու անհեռատես հակառուս քարոզչութեան եւ ծառայութեան մէջ: Քանիցս ըսուած է ու կը կրկնեմ, թէ՝ որո՞նց հետ կը դաշնակցինք ՃԱՇԱԿԻ ՀԱՐՑ ՉԷ: Մեր բնական դաշնակիցները Ռուսիան եւ Իրանն են, որոնց դէմ այս իշխանութիւնը ամէն ինչ ըրաւ՝ խրտչեցնելու զանոնք: Հակառակ անոր, որ մենք աւելի՛ պէտք ունինք անոնց:

Հայաստանի այս իշխանութիւնը արդէն թշնամիին ծախուած էր: Անարժան վարչապետ Փաշինեան՝ Ստալինէն աւելի վատ արարած մը, որ գերազանցելով Ստալինը, հայ ժողովուրդէն գաղտնի, անարգելով եւ ոտնակոխելով Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, ստորագրած է, ապա հրապարակաւ յայտարարեց Արցախը իբրեւ Ազրպէյճանի մաս: Եւ ի՞նչ պատահեցաւ… տարօրինակօրէն, այս մէկ անձին՝ վարչապետին կողմէ ստորագրութիւնը, «Արեւմուտք»-ին կողմէ անմիջապէս ու շատ արագ բաւարար համարուեցաւ եւ ընդունուեցաւ… Հազարաւոր տարիներու մեր հայրենիքը իր ժողովուրդով միասին, այսպէ՞ս կը յանձնուի թշնամիին:

Նրբութիւն մը, որ ընդհանրապէս կ՚անտեսուի, «Տարածքային ամբողջականութիւն» եզրն է, որ առանց մակերեսին ծաւալը նշելու, ձեւական խօսակցութեան կը վերածուի: Սակայն Փաշինեան տարածքի թիւ մը նշելով, ինքը, լոկ՝ անձնապէս ճանչցեր է Ազրպէյճանի այսպէս կոչուած տարածքային ամբողջականութիւնը (աւելի վարը նախագահ Փութին դաս կու տայ եւ կը բացատրէ այս կէտը):

Հարցում մը «Արեւմտեան աշխարհ»-ին, Ամերիկային, ՄԱԿ-ին եւ ՕԹԱՆ-ին. «Արդեօք Փրակայի մէջ հանդիպումի մը ընթացքին, մի՛այն Միացեալ Նահանգներու նախագահին ստորագրութիւնը բաւարա՞ր է Թէքսաս նահանգը յանձնելու Մեքսիքային… Առանց կարծիքը առնելու Թէքսասի եւ Ամերիկայի ժողովուրդին ու սահմանադրութեան եւ կանոնակարգին»:

Իսկ ՄԱԿ-ին՝ դէպի Արցախ ծիծաղելի եւ անամօթ առաքելութեան մասին տեղեակ չեղողները թող գիտնան, որ Ալիեւ կաշառած է ՄԱԿ-ը՝ այս առաքելութեան նախօրէին մէկ միլիոն տոլար նուիրելով՝ որպէսզի ի՛նք ճշդէ առաքելութեան անդամ երկիրները (3): Գիտէ՞ք որոնք են այդ երկիրները. իր դաշնակիցները՝ Թուրքիան, Փաքիստանը, Ալպանիան, եւ համակիր՝ Հունգարիան, որ կացինով հայ սպան քնացած ատեն սպաննող Սաֆարովին Ազրպէյճան ղրկեց, ուր այս ոճրագործը ազգային հերոս հռչակուեցաւ Ալիեւի կողմէ եւ վերջապէս՝ Ռուսիա, որ արդէն Արցախի մէջ ներկայ է: Իսկ այս Ալիեւին խամաճիկ առաքելութիւնը, Աղտամէն մուտք գործած է Արցախ, եւ ամէն ինչ հիանալի տեսած…

5. Ֆրանսացի երեսփոխան Վալէրի Պուայէ Եռաբլուր կ՚այցելէ: 6. Ալիեւ մէկ միլիոն տոլարով կը կաշառէ ՄԱԿ-ը: Ձախէն՝ Ալիեւ եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես:

Այս մասին կարդալ նաեւ «Արմէնփրես»-ի նշած ֆրանսացի ծերակուտական` Վալերի Պուայէի կարծիքը, որ ծաղրանք կը նկատէ ՄԱԿ-ի այս առաքելութիւնը. Valérie Boyer «”A masquerade”- French senator slams infamous UN mission՛s visit to Nagorno-Karabakh» (4): Ուրեմն բնաւ չզարմանալ անոնց տալիք եւ տուած վճիռին համար: ԱՅՍՔԱ՛Ն ԽԵՂՃԱՑԱԾ ԵՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՅՍ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ, որ Հայաստանին կարծիքը երբե՛ք չ՛առնուիր այս իշխանութեան օրօք: Ուրիշներ եւ թշնամին է, որ կ՛որոշեն Հայաստանի փոխարէն…

23-25 հոկտեմբեր 2023-ին Թուրքիա եւ Ազրպէյճան միացեալ մարտավարական ռազմափորձեր պիտի կատարեն Պաքու քաղաքին, Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան եւ «ազատագրուած տարածքներուն» (բռնագրաւեալ Արցախի) մէջ (5): Հայաստան նոյն օրերուն պէտք է Ռուսիա, Հայաստան եւ Իրան միացեալ ռազմափորձեր կատարէ ԱՅԴ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԸ, որպէսզի 44-օրեայ պատերազմը չկրկնուի, որուն նախօրէին ալ Ազրպէյճան իր դաշնակիցներով միացեալ ռազմափորձեր կատարեց, եւ թրքական բանակի միաւորներ եւ օդուժը արդէն Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի մէջ էին եւ մասնակից դարձան պատերազմին: Ահաւասիկ նոյն «յաջող» բեմադրութիւնը կը կրկնեն թշնամիները, իսկ մենք…

Այստեղ հարկ է անտեսել ամերիկեան քարոզչութիւնը եւ նշել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Վալտայ ակումբին մէջ 6 հոկտեմբեր 2023-ի ելոյթէն «Ազդակ»-ի լրատուութենէն հետեւեալը, որ մեկնաբանութեան չկարօտիր (6).

« Հայաստանը ի՛նք Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչցած է: Այս մասին «Վալտայ» ակումբին մէջ յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:

«Անոր համաձայն, 2022 թուականի աշնան Փրակայի մէջ Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու հովանիին տակ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հանդիպումը, որուն ընթացքին ալ ստորագրուած է յայտարարութիւն, որով Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչցած է:

«Աւելի՛ն, պատուիրակութիւններու ղեկավարները, Հայաստանի ղեկավարները, ուղղակիօրէն քառակուսի քիլոմեթրով նշած են Ազրպէյճանի տարածքը, որ, ի հարկէ, կը ներառէ Ղարաբաղը: Անոնք նաեւ ընդգծած են, որ կը ճանչնան Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը ժամանակին Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ ներառուած Ազրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան ծիրին մէջ: Եւ, ինչպէս յայտնի է, Ղարաբաղը նոյնպէս եղած է Ազրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան կազմին մէջ: Այսինքն, ըստ էութեան, լուծուած է գլխաւոր առանցքային հարցը, որ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցն էր», նշած է Փութին:

«Փութին նաեւ աւելցուցած է, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու անխուսափելի հետեւանքով էր:

«Այս ամէնը անխուսափելի էր Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան ճանաչումէն ետք: Միայն ժամանակի հարց էր, թէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանը այնտեղ սահմանադրական կարգ պիտի հաստատէր` իր պետութեան սահմանադրութեան շրջանակներուն մէջ», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

«Երբ Լեռնային Ղարաբաղը յայտարարեց իր անկախութիւնը, ոչ ոք չճանչցաւ այդ անկախութիւնը, նոյնիսկ Հայաստանը չճանչցաւ, ինչ որ, անկեղծօրէն, ինծի համար տարօրինակ է: Սակայն, բայց եւ այնպէս, այդպիսի որոշում տրուած է: Անոնք չճանչցան Ղարաբաղի անկախութիւնը», նշած է Փութին:

Ահա նախագահ Փութին դասեր կու տայ այս վարչապետով խեղճացած հայ պետականութեան:

Իրաւացի հարցում մը դաւաճան Փաշինեանին. արդեօք ինք անձա՞մբ չափերիզո՞վ չափած է Ազրպէյճանի տարածքը… Արդեօք Հայաստանի պատմական աշխարհագրութեան, քարտիսագրութեան ուսումնասիրութեան՝ Բ. Յարութիւնեանի անուան Հայաստանի պատմական աշխարհագրութեան եւ քարտիսագրութեան լապորատորիա՝ տարրալուծարանին կարծիքը առա՞ծ է… Ո՛չ չէ առած, այնպէս ինչպէս՝ իր կատարած հարիւրաւոր այլ սխալ, եւ ազգակործան որոշումներուն պարագաներուն, ուր երբե՛ք Հայաստանի պատկան գիտական, պատմական եւ մասնագիտական հաստատութիւններուն կարծիքը չէ՛ առած, այլ՝ մի՛այն իր արտաքին պատուիրատուներուն որոշումները կատարած:

ԱՅՍ ՀԱՐՑԸ ՀՈՍ ՉԻ ՎԵՐՋԱՆԱՐ ԵՒ ՊԻՏԻ ՉԻ ՎԵՐՋԱՆԱՅ: Ո՞ւր են Հայաստանի սահմանադրութեան պահապանները, բարձրագոյն ատեանները… Ամէն ինչ փճացա՞ծ է: Ազգին շահերը պաշտպանողներ չե՞ն մնացած Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան մէջ: Խելագար ու դաւաճան փողոցայինի մը ձե՞ռքը մնացած է հայ ազգը, որ մի՛այն թշնամիին կը ծառայէ: Մինչեւ վերջին սանդիմ հողն ու ժողովուրդը թշնամիի՞ն պիտի յանձնէ այս կախաղանի՛ արժանի ճիւաղը:

Ամէն գնով եւ որեւէ միջոցով հակասահմանադրական արարքներով այս չ«վարչապետին» բոլոր կատարած որոշումները անմիջապէս պէտք է չեղեալ յայտարարուին:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
18 հոկտեմբեր 2023

1. https://www.aztagdaily.com/archives/516918

2. http://en.kremlin.ru/events/president/news/64261

3. https://newshub.am/en/read-news/49876/

4. https://www.armenpress.am/eng/news/1121175/

5. https://www.aztagdaily.com/archives/595974

6. https://www.aztagdaily.com/archives/595041

ԱԶԴԱԿ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started