Ո՞ւր է Հայաստանի Եւ Հայութեան Տեղը Այժմու Եւ Գալիք  Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ Գ.

«Ռուսիոյ Նախագահ Փութինի՝ Պատմութեան վերադառնալու շահեկան ելոյթները եւ հայկական դիւանագիտութեան ու մամուլին անհաւատալի անտարբերութիւնը» խորագիրով յօդուածիս մէջ (28), Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 12 յուլիս 2021-ին Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին եւ յարաբերութեան նիւթով «Ռուսերու եւ ուքրանացիներու պատմական միասնութեան մասին» խորագիրով յօդուած մը գրած է, որ զետեղուած է նախագահական կայքէջին մէջ (29), ուր գրած է (հատուածներ).

«…Հետեւաբար ժամանակակից Ուքրանիան ամբողջութեամբ խորհրդային ժամանակաշրջանի հետեւանք է (ինչպէս որ Արցախը, Նախիջեւանը եւ Ջաւախքը*): Մենք լաւ գիտենք եւ կը յիշենք, որ ան ծնունդ առած է, զգալի մասը, պատմական Ռուսիոյ հողերուն վրայ: Ասոր համոզուելու համար բաւարար է տեսնել 17-րդ դարու ռուսական պետութեան վերամիացած հողերուն քարտէսը եւ Ուքրանիոյ ԽՍՀ տարածքի սահմանները` Խորհրդային Միութիւնը լքելու ժամանակ»: (Ազրպէյճան 1918-էն առաջ գոյութիւն իսկ չէ ունեցած*):

1 3. Նախագահ Փութին 24 ապրիլ 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումին առիթով Ծիծեռնակաբերդի մէջ: 14. Ռուսիոյ նախագահական կայքէջին մէջ նշուած Սումկայիթի եւ Ղարաբաղի ջարդերը:

          «… Այս յօդուածին վրայ աշխատելուս ընթացքին ապաւինեցայ բաց աղբիւրի վաւերագիրներուն վրայ, որոնք բաւարար յայտնի փաստեր կը պարունակեն եւ ոչ թէ` գաղտնի արխիւներուն վրայ: Արդի Ուքրանիոյ ղեկավարները եւ անոնց արտաքին «հովանաւորները» կը նախընտրեն անտեսել այս փաստերը: Սակայն անոնք առիթը չեն փախցներ ինչպէս երկրէն ներս, նաեւ դուրսը՝ դատապարտելու «սովետական վարչաձեւին յանցագործութիւնները»՝ մէջբերելով իրադարձութիւններ, որոնց հետ ո՛չ ԽՄԿԿ-ն, ո՛չ ԽՍՀՄ-ը, մանաւանդ ժամանակակից Ռուսիան կապ ունին: Միեւնոյն ժամանակ պոլշեւիկներուն ճիգերը՝ Ռուսիայէն իր պատմական հողերը անջատելն ու բաշխելը յանցագործութիւն չեն համարուիր: Եւ մենք գիտենք, թէ ինչո՛ւ. եթէ ատոնք Ռուսիոյ տկարացման ծառայեցին, կամ մեզի վատ մաղթանքներ բերին, անոնք կ՛ուրախանան»:

«… Սակայն, վստահաբար, մենք չենք կրնար մոռնալ Ա. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան մասին, որ հայ ժողովուրդին համար հսկայական ողբերգութիւն է: Այս մէկը (հարցումիդ պատասխան) երկրորդ մասն է: (Այսինքն իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի` մենք յատուկ կեցուածք ունինք*)»:

«… Երրորդ մասը հիմնուած է այն փաստին վրայ, որ այս հակամարտութիւնը բռնկեցաւ ոչ միայն իբրեւ միջպետական հակամարտութիւն կամ տարածքներու համար պայքար: Ան սկսաւ իբրեւ ցեղային հակամարտութիւն: Ցաւալիօրէն փաստ է նաեւ, որ վայրագ ոճիրներ գործադրուեցան հայ ժողովուրդին դէմ (Ազրպէյճանի կողմէ*)նախ Սումկայիթի մէջ եւ ետքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ ՊԷՏՔ Է ՀԻՄՔ ԸՆԴՈՒՆԻՆՔ` ՄԷԿ ՊԱՐՈՒՆԱԿԻ ՄԷՋ» կը գրէ Փութին:

*Այսպիսի նպաստաւոր եւ գրաւոր կեցուածք` Ռուսիոյ նախագահին կողմէ, իր կայքէջին մէջ, ցարդ կ՛անտեսուի Հայաստանի իշխանութիւններուն, դիւանագէտներուն, լրատուամիջոցներուն եւ «փորձագէտներուն» կողմէ: Այս դաւադիր իշխանութիւնը, փոխարէնը, ձեռք երկարած է ցեղասպանութիւն կատարած եւ մեր հողերը յափշտակած եւ ուրացո՛ղ թշնամի ԹՈՒՐՔԻՆ, փոխանակ` մեր դատը պաշտպանող Ռուսիոյ եւ իր նախագահին, որ պատմութեան յենելով` արդար մօտեցումով կը մեկնաբանէ Արցախի հարցը: Ինք իր յստակ տեսակէտը յայտնեց, սակայն հայկական կողմը անտեսեց… Ուրիշ ոեւէ նախագահ հայութեան եւ յատկապէս արցախահայութեան մասին այսքան բացայայտ ու արդար յայտարարութիւն չէ կատարած*:

«… Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ մերժումին` Խրիմը իբրեւ Ռուսիոյ մաս ճանչնալուն, մենք չենք համաձայնիր բոլոր հարցերուն մէջ: Օրինակ` Հարաւային Կովկասի կացութեան վերաբերեալ մենք տարակարծիք ենք, ՆՈՅՆ ԿՈՂՄԸ ՉԵՆՔ: Սակայն մենք գիտենք նաեւ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներուն դիրքորոշումը: Անոնք կը յաւակնին ժողովրդավարութեան բացարձակ ջատագովը ըլլալ, սակայն երբե՛ք չեն ուզեր լսել Խրիմի ժողովուրդին հանրաքուէին արդիւնքին մասին (վերադառնալու Ռուսիոյ կազմ*), որ ժողովրդավարութեան բարձրագոյն չափանիշն է»:

*Ահաւասիկ յստակ զուգահեռը` Ռուսիա-Ուքրանիա հողային պահանջատիրութեան եւ Հայաստան, Արցախ, Նախիջեւան, Ջաւախք եւ Արեւմտահայաստան մեր հողային պահանջատիրութեան: Այս պարագային, մենք Ռուսիոյ հետ նո՛յն վիճակին մէջ ենք, նո՛յն անիրաւութեան զոհերը: Դժբախտաբար այս խաղաքարտը կ՛անտեսուի ո՛չ միայն Հայաստանի իշխանութեան եւ դիւանագիտութեան կողմէ, այլ նաեւ` լրատուամիջոցներուն եւ «փորձագէտներուն» կողմէ, ամէնուրեք*:

«Ուքրանիոյ տագնապը Ուքրանիոյ մասին չէ, այլ` Գերմանիոյ համար» Եւ ի՞նչ է կապը Արցախի 44-օրեայ պատերազմին հետ» խորագիրով 2 մարտ 2022-ի յօդուածէս հատուածներ (30). «Միացեալ Նահանգներուն գերադաս շահը, որուն համար մենք դարեր շարունակ պատերազմած ենք` Առաջին, Երկրորդ եւ Պաղ պատերազմներ, եղած են Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները, քանի որ եթէ անոնք միանան, միակ ուժը կ՛ըլլան, որ կրնան մեզի սպառնալ: Եւ պէտք է վստահ ըլլանք, որ այդ մէկը տեղի չունենար», կ՛ըսէ Ճորճ Ֆրիտմըն` Սթրաթֆոր ամերիկեան ռազմավարական ուսումնասիրութեան կեդրոնին հիմնադիրը (31) (George Friedman, STRATFOR):

«Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ աւելի ջերմ յարաբերութիւնները կ՛ազդարարեն «միաբեւեռ» աշխարհակարգին աւարտը, որուն Միացեալ Նահանգները կը վերահսկէին վերջին 75 տարիներուն: Գերմանեւռուսական դաշինք մը կը սպառնայ արագացնել գերտէրութեան անկումը, որ այժմ աւելի կը մօտենայ անդունդին: Ահա թէ ինչո՛ւ Ուաշինկթըն վճռական է ամէն ինչ ընելու` Հիւսիսային հոսքը (ռուսական կազի խողովակաշարը) խափանելու եւ Գերմանիան իր արբանեակը պահելու համար: Գոյապայքարի խնդիր է այս:

15. Ամերիկայի նախագահ Պայտըն սպառնաց Ռուսիայէն Գերմանիա կազի մատակարարումին դէմ:  16. Պայտըն սպառնալիքը գործադրեց:

*Իրօք, Գերմանիոյ նոր վարչապետը` Օլաֆ Շոլց, ի վնաս իր երկրին ու ժողովուրդին, մերժեց գործածել նոր խողովակաշարը եւ 26-29 սեպտեմբեր 2022-ին երկու ընդծովեայ խողովակաշարերը խափանարարական պայթումով անգործածելի դարձան, այնպէս` ինչպէս Ամերիկայի նախագահ Պայտըն սպառնացած էր:

Ռուսիոյ հետ Գերմանիոյ արդիւնաւէտ յարաբերութիւնները զարգացած էին եւ երկու խողովակաշարերու «Հիւսիսային Հոսք» 1 եւ 2, ծրագրերն ու գործադրութիւնը կատարուած Գերմանիոյ ռուսախօս նախորդ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ գերմանախօս Ռուսիոյ նախագահ Փութինի օրերուն: Տես նաեւ՝ «ՌուսիաԱմերիկաՕԹԱՆ Ռազմավարութիւնը, Լրատուամիջոցները Եւ Հայաստանն Ու Արցախը» (32):*

«Ահաւասիկ` Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը, որոնք «Խօսքի ազատութիւն», «Մարդկային իրաւունքներ» եւ այլն քարոզելով՝ իրենցմէ հազարաւոր քիլոմեթր հեռու երկիրներու վարչակարգեր տապալեցին, երկիրներ քարուքանդ ըրին, հարիւր հազարաւորներ սպաննեցին, միլիոններ գաղթական դարձուցին եւ «գունաւոր կամ թաւշեայ յեղափոխութիւններ» սարքեցին, որպէսզի ժողովրդավար «տեմոքրաթիք» վարչակարգեր հաստատեն… Իրականութեան մէջ, սակայն, որպէսզի այդ երկիրներուն մէջ իրե՛նց հնազանդող ընդհանրապէս յիմար բռնապետներ հաստատեն եւ անոնց երկիրները կողոպտեն:

1 7. Ուքրանական «Նոր Նացի» հակառուս եւ այլամերժ՝ ցեղապաշտ ջոկատներէն մէկը: 18. Դէպի Գերմանիա ռուսական կազ մղող ընդծովեայ «Հիւսիսային Հոսք» 2 խողովակաշարի տեղադրումը:

«Ինչ որ չի նշուիր սակայն, այն է, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր Ռուսիա որեւէ երկրի վրայ չէր յարձակած, մինչ Ամերիկան նոյն ժամանակամիջոցին յարձակած կամ իշխանափոխութիւն կատարած է 50-է աւելի երկիրներու մէջ եւ 800-է աւելի ռազմակայաններ հաստատած՝ աշխարհի տարածքին:

«Ինչպէս նախորդիւ նշած էի, աշխարհը կ՛ուզեն տխմարավարութեամբ ղեկավարել՝ կարծելով, որ ամբողջ աշխարհը տխմար է: Ահա ստորեւ՝ այս արեւմտեան տխմարութենէն օրինակներ.

1.- Ամերիկա, Եւրոպա եւ ՕԹԱՆ Ռուսիոյ վրայ ամէն տեսակ պատժամիջոցներ հաստատեցին, ներառեալ` ռուսական կազին եւ քարիւղին վրայ: Սակայն ծիծաղելիօրէն՝ ո՛չ այն քարիւղին եւ կազին, որ Ռուսիան Եւրոպային կը մատակարարէ, այն ալ՝ Ուքրանիոյ վրայով Այս ի՞նչ տեսակ պատիժ է: Եւ այս, մինչեւ որ ուժանիւթի նոր աղբիւրներ գտնուին… Ըստ երեւոյթին, ազերի կազը բաւարար չէ, եւ չեն կրնար օգտուիլ անկէ: Իսկ Քաթար յայտարարեց, որ չի կրնար փոխարինել ռուսական կազը…Սխալ հաշիւնե՞ր, թէ ի՛նչ:

*ՌուսիաԱզրպէյճան համաձայնութեամբ, ռուսական կազը եւս ազերի խողովակաշարով կը մատակարարէ Եւրոպան՝ իբրեւ թէ ազերի կազ…*

«Կազի համար Եւրոպան ՕՐԱԿԱՆ շուրջ 200-800 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ ԿԸ ՎՃԱՐԷ ՌՈՒՍԻՈՅ: Այժմ Ռուսիան կը պարտադրէ, որ ռուսական ռուբլիով վճարուին այս գումարները՝ կրկնակի պատժելով «Արեւմուտքը», ռուբլիին արժէքը վերստին բարձրացնելով եւ եւրոյին արժէքը, որ տոլարէն բարձր եղած է միշտ՝ այժմ տոլարէն նուազ արժէք ունի:

2. «Այս ամբողջ հակամարտութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը, որ «Ազովի ուժեր» կոչուող ուքրանական «Նոր նացի» ցեղապաշտ, հակառուս կազմակերպութիւնն է, Միացեալ Նահանգներուն արգիլուած կազմակերպութիւններու ցանկին մէջ կը գտնուէր: Սակայն, այժմ, ամերիկեան զէնքերով օժտուած է, Ուքրանիոյ ազգային պահակագունդին մաս կը կազմէ եւ Ամերիկայի դաշնակիցն է: Այս ալ հեգնական հակասութիւն մը չէ՞. եթէ ահաբեկիչը Ամերիկայի հաշւոյն կը գործէ, ահաբեկիչ ըլլալէ կը դադրի…

Վերջապէս, «Ռուսիա-«Յեղափոխութիւններ» աշխարհաքաղաքականութիւնը եւ Սերկէյ Լաւրովի ՄԱԿ-ի մէջ մամլոյ ասուլիսը», 7 հոկտեմբեր 2022-ի յօդուածէս (33) Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարէն կը մէջբերեմ. «… ՄԱԿ-ը հիմնուեցաւ Բ. Աշխարհամարտի փլատակներուն վրայ: … Միջազգային ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ պարտաւորուեցաւ յարգանքի տուրք մատուցել բոլոր անոնց համար, որոնք նահատակուեցան ազատութեան եւ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ»:

«ՄԱԿ-ի ուխտին սկզբունքը կը նախատեսէ հետեւեալ երկու յօդուածները. պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ու միեւնոյն ժամանակ կը յարգէ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը:

«ՄԱԿ-ի ստեղծումէն ետք սկսաւ կանոնագրութեան բոլոր յօդուածներուն ըմբռնումի քննարկումը: Եւ 1970-ին Ընդհանուր ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց օրէնք մը, որ ունէր հետեւեալ երկու իրարմէ անջատ բաժինները (օրէնքները*) հաւասարապէս` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ հողային ամբողջականութիւնը»:

Ուքրանիոյ նախագահը քանիցս բողոքեց, որ՝ «Մեզ պատերազմի մղեցիք, եւ ո՛չ Ամերիկան, ո՛չ ՕԹԱՆ-ը եւ ո՛չ ալ Եւրոպան (ուղղակի*) կ՛օգնէ մեզի…»:

Օտարին ապաւինելով, ազգին եւ հայրենիքին շահը պաշտպանողը իր երկիրն ու ժողովուրդը այս վիճակին չի հասցներ, հարիւր հազարաւոր զոհեր, 8 միլիոն գաղթական ու աւերուած քաղաքներ ու տնտեսութիւն: Վասն ինչի՞…

Ուքրանիայէն ետք, *մանաւանդ նաեւ Կազայէն ետք *, աշխարհակարգը պիտի փոխուի, եւ մեզի կը մնայ ազգային գիտակցութեամբ նոր իշխանութեամբ մը ի նպաստ Հայաստանին, Արցախին եւ հայ ժողովուրդին համար տեղ ապահովել: * Միշտ աչքի առջեւ ունենալով Ասիոյ քարտէսին մէջ Հայաստանի եւ դրացիներուն տարածութիւնները:*

Այստեղ արեւելք-արեւմուտք, Ամերիկա-Ռուսիա,պարզամիտ ու անգրագէտ նախասիրութեան հարց բնաւ չկայ ու պէտք չէ ըլլայ: Քաղաքական կողմնորոշումը՝ ուղղութիւնը երբե՛ք ճաշակի հարց չէ:

Քաղաքական հասունութիւնը եւ դիւանագիտական հմտութիւնը, մանաւանդ ազգային պատմական փորձառութիւնը կը պահանջեն, որ Հայաստանը բարեկամական յարաբերութիւն մշակէ բոլորի՛ն հետ անխտիր՝ պաշտպանուելու համար ցեղասպանութիւն կատարած եւ մեր հողերը խլած երկու յաւիտեան թշնամի դրացիներէն, արեւմուտքը՝ Թուրքիայէն եւ արեւելքը՝ Ազրպէյճանէն:

Այս է իրականութիւնը: Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը մի՛այն հակաթուրք եւ հակաազերի պէտք է ըլլան՝ մինչեւ մեր բոլոր իրաւունքներուն վերատիրանալը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

11 նոյեմբեր 2023

Շար. 3/4

haroutchekijian.wordpress.com

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ:

28. https://www.aztagdaily.com/archives/516918

29. http://en.kremlin.ru/events/president/news/66181

30. https://www.aztagdaily.com/archives/539507

31. https://en.wikipedia.org/wiki/Stratfor

32. https://www.aztagdaily.com/archives/543167  

33. https://www.aztagdaily.com/archives/560352

ԱԶԴԱԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started