1918-ին Ստեղծուած Ազրպէյճանը Հազարաւոր Տարիներու Հայկական Հողերը Իրը Կը Նկատէ, Այնպէս Ինչպէս 1948-ին Ստեղծուած Իսրայէլը Հազարաւոր Տարիներու Պաղեստինը Իրը Կը Նկատէ – Պաղեստինցիներուն Արդար Ու Նախանձելի Պոռթկումը. Իսրայէլ՝ Հայաստանի, Արցախի Ու Լիբանանի Չարիքներուն Ստոյգ Մեղսակիցը

Իսրայէլի կատարեալ ամբարտաւան վարչապետ Նեթանիահուն եւ Իսրայէլը ուղղակի՛ մեղադրող` ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն ցոյց տուած իր քարտէսները: Ստորեւ՝ կը ներկայացնեմ այս նիւթով եղբօրս հետ զրոյցին եզրակացութիւնը:         1. Սկսինք Լիբանանի վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դաժան սպանութեան դէպքէն:        Իսրայէլի կողմէ հրահրուած եւ մասնակցած, Լիբանանի 15 տարի տեւած քաղաքացիական պատերազմէն ետք, վարչապետ Հարիրի 1992-ին մեծ ծրագիրներով ստանձնեց երկրինContinue reading “1918-ին Ստեղծուած Ազրպէյճանը Հազարաւոր Տարիներու Հայկական Հողերը Իրը Կը Նկատէ, Այնպէս Ինչպէս 1948-ին Ստեղծուած Իսրայէլը Հազարաւոր Տարիներու Պաղեստինը Իրը Կը Նկատէ – Պաղեստինցիներուն Արդար Ու Նախանձելի Պոռթկումը. Իսրայէլ՝ Հայաստանի, Արցախի Ու Լիբանանի Չարիքներուն Ստոյգ Մեղսակիցը”

Ի՞նչ Կը Նշանակէ Որեւէ Օտարէ՝ $15 Միլիոն Տոլարի Ներդրում Կատարել Երկրի Մը Զանգուածային Լրատուամիջոցներուն, Եթէ Ոչ Նուիրատու Երկրին Քաղաքականութիւնը Ջատագովելու Եւ Պատուէրները Կատարելու Համար

«Ինթըրնիուզը» ուղղերձ կը յղէ Հայաստանի զանգուածային լրատուամիջոցներու մարտահրաւէրներուն 5-ամեայ համապարփակ ծրագիրով» (Internews addresses Armenia՛s media challenges with a comprehensive 5-year media program): 20 յունիս 2023-ին Երեւանի Մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ  ամերիկեան այս ծրագիրին ներկայացումը: Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ «Ինթըրնիուզի» 26 յունիս 2023-ի հաղորդագրութենէն հատուածներ (1), (2), (3). 1. Ճոն Ալելլօ, Ամերիկեան միջազգային զարգացման գործակալութեանContinue reading “Ի՞նչ Կը Նշանակէ Որեւէ Օտարէ՝ $15 Միլիոն Տոլարի Ներդրում Կատարել Երկրի Մը Զանգուածային Լրատուամիջոցներուն, Եթէ Ոչ Նուիրատու Երկրին Քաղաքականութիւնը Ջատագովելու Եւ Պատուէրները Կատարելու Համար”

«Իսրայէլի Մատնահետքերը Կը Գտնուին Ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի Ցեղային Մաքրագործումին Վրայ». Իսրայէլեան Հաարեց Օրաթերթի Խմբագրականը

Այս է խորագիրը իսրայէլեան Հաարեց օրաթերթի 27 սեպտեմբեր 2023-ի խիստ շահեկան խմբագրականին. Israel’s Fingerprints Are All Over the Ethnic Cleansing in Nagorno-Karabakh (1): Ստորեւ անգլերէնէ (նաեւ` եբրայերէնով հրատարակուած) կը թարգմանեմ յօդուածը ճշդումներով* եւ կ՚եզրակացնեմ. 1. Հաարեցի խմբագրականը, որուն նկարը Երուսաղէմի հայերուն բողոքի ցոյցն է 22 հոկտեմբեր 2020-ին, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց՝ Իսրայէլի կողմէ ԱզրպէյճանըContinue reading “«Իսրայէլի Մատնահետքերը Կը Գտնուին Ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի Ցեղային Մաքրագործումին Վրայ». Իսրայէլեան Հաարեց Օրաթերթի Խմբագրականը”

Հաւաքական Կուրութիւն, Քաղաքական Միտքի Եւ Դիւանագիտութեան Բացակայութիւն, Մարտավարական Կեդրոններէն Անտեղեակութիւն, Մարդկային Կիրքի Գերադասում Ազգային Արժէքներէն Եւ Իրաւունքէն Ու Գերագոյն Դաւաճանութիւն՝ Արցախի Յանձնում Թշնամիին

27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի եւ իր դաշնակիցներուն կողմէ Արցախի վրայ յարձակումը եւ անոր նախորդող Ազրպէյճան-Թուրքիա-Իսրայէլ-Փաքիստան եւ ՏԱՀԵՇ դաշինքը եւ անոնց միացեալ ռազմափորձերը, իսրայէլեան ռազմական օդակայանէն պայթուցիկ նիւթերու թռիչքները դէպի Պաքու եւ պատերազմի բոլոր պատրաստութիւնները Միացեալ Նահանգներուն եւ անոր հովանաւորած ՕԹԱՆ-ին Արեւմուտքին կողմէ ծրագրուած էին նպատակ ունենալով Ռուսիան հեռացնել Հարաւային Կովկասէն` զոհելով Արցախն ու Հայաստանը եւContinue reading “Հաւաքական Կուրութիւն, Քաղաքական Միտքի Եւ Դիւանագիտութեան Բացակայութիւն, Մարտավարական Կեդրոններէն Անտեղեակութիւն, Մարդկային Կիրքի Գերադասում Ազգային Արժէքներէն Եւ Իրաւունքէն Ու Գերագոյն Դաւաճանութիւն՝ Արցախի Յանձնում Թշնամիին”

Ինչպէ՞ս Փոքր Երկրի Մը Միացեալ Նահանգներուն Նեցուկը Վայելող Ղեկավարին Փառամոլութիւնը Սկիզբը Դրաւ Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ Ճակատումին

Այս է խորագիրը «Ռաշա Թուտէյ»-ի առաջնորդող յօդուածին, որ ազգայնական նկատուող, ռուս պատմաբան Եւկենի Նորին (Evgeny Norin) նախ գրած է 13 օգոստոս 2022-ին, որ 8 օգոստոս 2023-ին վերստին կը հրատարակուի (1)՝ դէպքին 15 ամեակին առթիւ, որ կը բացայայտէ նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք ռուսական բանակին «խեղճ» վիճակը: Պէտք է նկատել զուգահեռները Խրիմի Տոնպասի եւ Արցախի հետContinue reading “Ինչպէ՞ս Փոքր Երկրի Մը Միացեալ Նահանգներուն Նեցուկը Վայելող Ղեկավարին Փառամոլութիւնը Սկիզբը Դրաւ Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ Ճակատումին”

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) 20 ապրիլ 2023-ին կը հաղորդէր (1). «Երեւանի մէջ կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ եռակողմանի առաջին քաղաքական խորհրդակցութիւնները։ «Պատուիրակութիւնները գլխաւորած են Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանը, Իրանի ԱԳՆ Հարաւային Ասիոյ գլխաւոր վարչութեան պետ Սեյետ Ռասուլ Մուսաուին եւ Հնդկաստանի ԱԳՆ տարածքային գլխաւոր վարչութեանContinue reading “«Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի»”

«Ղարաբաղեան հարցը Եւ Միջազգային Հակամարտութիւններուն Բնոյթը»

Եւ «Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի» Երկու յօդուածներ, որոնց առաջինին հեղինակն է ռուսական միջազգային վարկ ունեցող, ըստ իս կիսապաշտօնական, յայտնի մարտավարական հիմնարկին՝ «Վալտայյ քննարկումի ակումբ» ծրագիրի տնօրէն՝ Թիմոֆէի Պորտաչեւ (Valdai Club Program Director Timofei Bordachev), որ 8 յունիս 2023-ին հետեւեալ նախաբանով գրած է. «Շատ հաւանական է, որ միջազգային քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջContinue reading “«Ղարաբաղեան հարցը Եւ Միջազգային Հակամարտութիւններուն Բնոյթը»”

Հայաստանը Կլանելէն ետք՝ «Սորոսին Շուքը Պատրաստ է Լափելու Լիբանանը»

Այս է խորագիրը «Ալ Մայատին անգլերէն»-ի 16 յունիս 2023-ի յօդուածին Soros: A shadow set to engulf Lebanon (1), որ իր կարգին քաղած եւ անգլերէնի թարգմանած է ֆրանսական ՕԺԻՄ Observatoire du journalism կայքէջի 9 յունիս 2023-ի յօդուածէն՝ «Սորոսի շուքը կը տարածուի Լիբանանի վրայ» L’ombre de Soros s’étend sur le Liban (2): Ստորեւ անգլերէնէն կը թարգմանեմ այսContinue reading “Հայաստանը Կլանելէն ետք՝ «Սորոսին Շուքը Պատրաստ է Լափելու Լիբանանը»”

«Յառաջ» Օրաթերթի 19 Նոյեմբեր 1919-ի Համարէն Լուրեր Եւ Ծանուցումներ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը

Մայիս 28, 2023-ի «Ազդակ» բացառիկին համար Սիմոն Վրացեանի խմբագրութեամբ, ՀՅԴ բիւրոյի հրատարակած «Յառաջ» օրաթերթին 19 Նոյեմբեր 1919-ի համարէն (1) կը ներկայացնեմ բաժիններ, որոնք  Ամերիկայի օրուան նախագահին, հայկական գաղութին եւ քաղաքական գործիչներուն կողմէ կարծէք թէ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի այժմու կացութեան մասին գրուած են:             Ամերիկայի 1913-1921 թուականներու 28-րդ նախագահը՝ Վուտրօ Ուիլսըն (1856-1924), որ ականատես եղաւContinue reading “«Յառաջ» Օրաթերթի 19 Նոյեմբեր 1919-ի Համարէն Լուրեր Եւ Ծանուցումներ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը”

Design a site like this with WordPress.com
Get started