Հայաստանը Կլանելէն ետք՝ «Սորոսին Շուքը Պատրաստ է Լափելու Լիբանանը»

Այս է խորագիրը «Ալ Մայատին անգլերէն»-ի 16 յունիս 2023-ի յօդուածին Soros: A shadow set to engulf Lebanon (1), որ իր կարգին քաղած եւ անգլերէնի թարգմանած է ֆրանսական ՕԺԻՄ Observatoire du journalism կայքէջի 9 յունիս 2023-ի յօդուածէն՝ «Սորոսի շուքը կը տարածուի Լիբանանի վրայ» L’ombre de Soros s’étend sur le Liban (2): Ստորեւ անգլերէնէն կը թարգմանեմ այս յօդուածը եւ կ՚եզրակացնեմ.

1. Յօդուածին նկարը, Պէյրութի մէջ Սորոսին սարքած հոկտեմբեր 2019-ի կործանարար «Յեղափոխութիւն»-ը: 2. Ճորճ Սորոսի Լիբանանի ներկայացուցիչը՝ Ֆրանսա բնակող Ղասսան Սալամէն եւ անոր լրագրող դուստրը՝ Լէա (Հալա, մայրը՝ Մարի Պօղոսեան*):

«Ճորճ Սորոսի կայսրութիւնը կը տարածուի Լիբանանի վրայ, քանի որ ան կը տնտեսէ բազմաթիւ տեսակի («այլընտրանք», «երրորդ ոյժ», «փտածութեան դէմ պայքար», «մարդու իրաւունքներ», civil բառը կրող մարմիններ եւ այլն) ոչ կառավարական NGO Հասարակական Կազմակերպութիւններ՝ այսուհետեւ ՀԿ, փորձելով ազդեցութիւն ունենալ երկրին վրայ:

«Ֆրանսական OJIM կայքէջը, որ նաեւ յայտնի է իբրեւ L’observatoire du journalisme, լոյս կը սփռէ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու գործերուն վրայ, որոնց կ՚աջակցի ամերիկացի-հունգարացի (ծագումով հրեայ) միլիառատէր Ճորճ Սորոսի «Բաց հասարակութեան հիմնադրամները», ըսելով, որ անոնք կ՚օգտագործեն մեղմ ուժ՝ միաժամանակ մեծ դերակատարութիւն ունենալով Լիբանանի մէջ: Լիակատար կառավարութեան մը բացակայութեան պատճառով՝ անոնք ազատօրէն կը գործեն երկրին մէջ:

«Վերջերս կատարուած հետաքննութեան ընթացքին «Բաց հասարակութեան հիմնադրամ»-ը, որ ամերիկացի Ճորճ Սորոսը ստեղծած է, ենթարկուած է հսկողութեան՝ Լիբանանի մէջ իր աճող ազդեցութեան համար: Մինչ, ներկայանալով իբրեւ մարդասիրական նախաձեռնութիւն, որ ուղղուած է ժողովրդավարական կառավարման եւ մարդու իրաւունքներու խթանման՝ քննադատները կը պնդեն, որ ան կը ծառայէ իբրեւ ամերիկեան «մեղմ ուժի» գործիք, որ կը քայքայէ ազգային ինքնիշխանութիւնը եւ կը նպաստէ համաշխարհային տնտեսական շահերուն:

««Բաց հասարակութիւն»-ը, որ կը գործէ ամբողջ աշխարհի մէջ, ընդլայնած է իր ռազմավարական հասանելիութիւնը Լիբանանի մէջ՝ երկիր մը, որ կը պայքարի ծանր համակարգային եւ տնտեսական ճգնաժամերու հետ: Տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ կազմակերպութիւնը զգալի ներդրումներ կատարած է տեղական միութիւններուն մէջ՝ օգտուելով պետական իշխանութիւններուն թերութիւններէն: Բնակչութեան ծառայութիւններ մատուցելով, որոնք այլեւս պատշաճ կերպով չեն տրամադրուիր պետական հաստատութիւններուն կողմէ՝ հիմնադրամը կը ձգտի ներթափանցել քաղաքացիական հասարակութեան մէջ եւ ազդել երկրին ապագայի ուղղութեան վրայ:

3. «Տիս իզ Պէյրութ»-ի յօդուածին նկարը՝ Ճորճ Սորոս եւ Լիբանանի մէջ իր հովանաւորած կազմակերպութիւններէն (4):

«Երբ խօսքը կը վերաբերի Լիբանանի մէջ անոնց ջանքերուն, առանցքային դերակատարը Ղասսան Սալամէն է՝ Լիբանանի նախկին մշակոյթի նախարար մը, որ վճռական դեր խաղացած է լիբանանեան հասարակութեան մէջ լայնատարած սորոսական ցանց մը ստեղծելով:

«Հիմնադրամը ներթափանցեց բողոքի զանազան շարժումներուն մէջ՝ մտաւորականներ, ակադեմականներ եւ փորձագէտներ տեղաւորելով, որոնք կրցան զանոնք առաջնորդել դէպի իր շահերուն համապատասխանող արդիւնքներու: Կարգ մը մեկնաբաններ նոյնիսկ համոզուած են Սորոսին կողմէ բողոքի շարժումին «տիրանալուն» մասին՝ ընդգծելով կիրարկուած ռազմավարութեան պարզութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը (Լիբանանի հիւսիսէն, ամէն օր փոխադրակառքերով Պէյրութ բերելով հարիւրաւոր վճարովի «ցուցարար» խուլիգան երիտասարդներ, որոնք քանդեցին վաճառատուներ եւ հաստատութիւններ եւ փորձեցին գրաւել խորհրդարանը):

«Հոկտեմբեր 2019-ին երկրին մէջ բռնկած եւ ամիսներ տեւած բողոքի ցոյցերուն ընթացքին (որ քայքայեց երկրին արդէն իսկ տկարացած տնտեսութիւնը), Սորոսը աւելցուց լիբանանեան հասարակական կազմակերպութիւններուն իր դրամական օժանդակութիւնը, եւ քանի մը շաբաթուան ընթացքին աւելի քան 3,6 միլիոն տոլար յատկացուց անոնց՝ գործունէութեան աջակցելու համար»:

Սորոսի Լիբանանի կազմակերպութեան կայքէջը (3) կը նշէ, որ 2020-ին՝ $4,3 միլիոն յատկացուցած են, առաւել եւս $2 միլիոն նոյն տարին, նաւահանգիստի պայթումէն ետք:

4. 1997-2021 Սորոսին նիւթական յատկացումները Հայաստանի մէջ $63 միլիոն տոլար, ըստ Երեւանի սորոսականներու կայքէջին (5):

«Ըստ նշեալ ֆրանսական կայքէջին, հիմնադրամին դրամական ներդրումները ընդգրկած են զանազան բնագաւառներ, այսպէս. Լրատուամիջոցներ՝ 9%, արդարադատութիւն՝ 5%, իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ՝ 7%, մշակոյթ եւ արուեստ՝ 7%, բարձրագոյն կրթութիւն՝ 5%, տնտեսութիւն՝ 17%, հաւասարարութիւն եւ խտրականութեան դէմ պայքար՝ 17%, առողջապահութիւն՝ 10% եւ փոքրերու կրթութեան իրաւունք՝ 8%»։ Մոռցած են նշել ժողովրդավարական վարժութիւն՝ 15%:

«Հիմնադրամէն նիւթապէս օգտուողները Լիբանանի մէջ կը ներառեն հետեւեալները. «Իրաւական օրակարգ»-ը (Legal Agenda), Արուեստի եւ մշակոյթի արաբական հիմնադրամը (AFAC), Ժողովրդավարական ընտրութիւններու լիբանանեան միութիւնը (LADE), Քուլլունա իրատա (Kulluna Irada), Տարաժ (Daraj) լրատուամիջոցը, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը (AUB), Հիլմ (Helem=երազ) միութիւնը, որ կը պաշտպանէ սեռային տեսակներու ԼԳԲՏՔ+ (LGBTQ+) իրաւունքները, Քէր (CARE), Պասմէ (Basmeh) եւ Զէյթունէ (Zeitooneh) կազմակերպութիւնները, որոնք կ՚աջակցին գաղթականներու (ներառեալ սուրիացի*) իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներուն, ինչպիսիք են Տը փապլիք սորսը (The Public Source) եւ Մեկաֆոնը (Megaphone)»:

*Կազմակերպութեան Լիբանանի մասնաճիւղի կայքէջը (3) կը նշէ նաեւ հետեւեալ օգտուողները՝ Ընկերային գիտութեանց Արաբական խորհուրդը (Arab Council for the Social Sciences), Ասֆարի քաղաքացիական հասարակութեան եւ քաղաքացիութեան հիմնարկը (Asfari Institute for Civil Society and Citizenship at the American University of Beirut), Կանանց համաշխարհային հիմնադրամ (Global Fund for Women), Լիբանանի ուսումնասիրութեան կեդրոնը (Center for Lebanese Studies), Սամիր Քասիր հիմնադրամը՝ ՍՔաչքեր լրատուամիջոցներու եւ մշակութային ազատութեան համար (Samir Kassir Foundation’s SKeyes Center for Media and Cultural Freedom), Քաղաքական նախաձեռնութիւն (Policy Initiative), Եռանկիւն (Triangle), Ղըրպըլ նախաձեռնութիւն (Gherbal Initiative) եւ Տնտեսապէս խոհեմ (Financially Wise): Բոլոր վերոնշեալները ուղղակի Սորոսի կազմակերպութիւններն են, որոնցմէ անկախ եւ գաղտնի՝ լիբանանեան բեմին վրայ գտնուող ազդեցիկ անհատներ նաեւ կը ծառայեն Սորոսին:

«Լիբանանի մէջ, քննադատները մտահոգութիւն կը յայտնեն Ճորճ Սորոսի «Բաց հասարակութիւն» հիմնադրամին գործունէութեան ծաւալումին, որ կասկածի տակ կը դնէ ազգային գերիշխանութիւնը եւ երկրին ապագայ ուղղութիւնը: Քանի որ հիմնադրամը կը շարունակէ յատկացնել զգալի միջոցներ, եւ ռազմավարական առումով կ՚ընդլայնէ իր ցանցը, անոր այս միջամտութեան երկարաժամկէտ հետեւանքները կը մնան բանավէճի եւ վերլուծումի առարկայ:

«Մագլցողական եւ զարգացող այս բացայայտ միջամտութիւնը, Լիբանանի տարբեր գաղափարախօսական քաղաքական գործիչներուն մօտ աճող անհանգստութիւն կ՚առաջացնէ, բոլոր պատկանելիութիւններուն վրայ: Այս մարդիկը մտավախութիւն ունին հաւանական (երկրորդ) «գունաւոր յեղափոխութենէ» մը (այլ խօսքով՝ «կանխարգելիչ հակայեղափոխութիւն»), որ Սորոսի կառոյցին եւ անոր հետեւորդներուն յայտնի, աւելի ճիշդը՝ տխրահռչակ մասնագիտութիւնն է, կ՚եզրափակէ յօդուածը։

«Հիմնադրամը 1988-էն ի վեր աւելի քան 32 միլիառ տոլար յատկացուցած է աշխարհի տարբեր Հասարակական Կազմակերպութիւններուն՝ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ առնելով աւագ Սորոսը, որուն շատեր կը նկարագրեն իբրեւ գունաւոր յեղափոխութիւններու յօրինող եւ տնտեսող, այն երկրներուն մէջ, որոնք չեն համապատասխաներ ամերիկեան շահերուն եւ կը հակադրուին աշխարհի վրայ Ուաշինկթընի զանազան տեսակի օրակարգերուն, մասնաւորապէս՝ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ 1990-ականներուն եւ վերջինը՝ 2014-ին Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումը»: Նաեւ՝ Հայաստանի մէջ 2018-ին*:

Այս մասին կարդալ նաեւ «Տիս իզ Պէյրութ» կայքէջի 15 մայիս 2023-ի Նաթաշա Մեթնի Թորպէյի (Natasha Metni Torbey, George Soros or the “Preventive Counter-Revolution”) «Ճորճ Սորոս կամ «Կանխարգելիչ հակայեղափոխութիւնը»» յօդուածը:

5. Հայաստանի մէջ այժմու իշխանութեան սորոսական նախարարներ, պատգամաւորներ եւ բարձրագոյն պաշտօնեաներէն քանի մը հատը (6), ըստ «Երեւան այսօր»-ի 25 փետրուար 2019-ի «Սորոսը Հայաստանում՝ թիւերով ու անուններով» յօդուածին: Ձախէն՝ Լեւոն Բարսեղեան, Արմէն Գրիգորեան, Ճորճ Սորոս, Հերիքնազ Տիգրանեան, Արայիկ Յարութիւնեան, առջեւ ձախ՝ Դանիէլ Իոաննիսեան եւ աջ՝ Լենա Նազարեան:

Մինչ Հայ ազգին փորձանքը՝ Փաշինեանը վարչապետ դառնալէն ետք, անուղղակի ձեւերով կը հերքէ, որ իր խմբագրած թերթը կամ ինքը Սորոսէն գումարներ ստացած է, ինչպէս կարգ մը լրատուամիջոցներ կը պնդեն, իր կառավարութեան անդամներէն շատեր, իր Քաղաքական պայմանագիր կուսակցութեան անդամներ եւ իրեն հետեւորդներէն շատեր սորոսական են: Տես՝ «Սորոսը Հայաստանի մէջ՝ թիւերով ու անուններով» 25 փետրուար 2019-ի «Երեւանն այսօր»-ի բացայայտող յօդուածը (6), որ կը մէջբերէ՝ «Երկրի ժողովրդավարական ներկայի եւ ապագայի համար Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ուժեղ աջակցութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն է», օրերս թուիթըրի իր հաշիւին մէջ գրած է Սորոսը»:

Նշեալ բացայայտող յօդուածը, շուրջ 9 էջ, կը թուէ Սորոսի Հայաստանի մէջ ապազգայնացնող կազմակերպութիւնները, որոնց կարեւոր տոկոսը իշխող կուսակցութեան անդամ են ու անոնց պատասխանատուները եւ անոնց ստացած գումարները: Պիտի թուեմ վերոնշեալ յօդուածին մէջ նշուած հարիւրաւոր անուններէն միայն երեքը.

1.Արմէն Գրիգորեանը, որ Քաղաքական Պայմանագիր կուսակցութեան անդամ է եւ 2018-էն ի վեր Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարն է՝ սորոսական է:

2. Լենա Նազարեանը, որ Քաղաքական Պայմանագիր կուսակցութեան անդամ է, պատգամաւոր է եւ Ազգային Ժողովի փոխ նախագահն է:

3. Արայիկ Յարութիւնեանը, որ Քաղաքական Պայմանագիր կուսակցութեան անդամ է, Հայաստանի տխրահռչակ կրթութեան նախարարն էր, որ հայոց պատմութեան դասագիրքերը թրքահաճոյ դարձուց, համալսարաններէն պարտադիր հայերէն ու հայկական նիւթերը վերցուց եւ Արեւմտահայաստանը փոխարինեց թրքահաճոյ Արեւելեան Անատուլու եզրով: Ան ժողովրդային եւ ուսանողներու բողոքները լկտիօրէն հրապարակաւ ծաղրեց: Այժմ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականը եւ աշխատակազմի ղեկավարն է:

Ահաւասիկ այժմու հակահայ, ապազգային իշխանութեան բազմաթիւ բարձրագոյն պաշտօններ կրողներէն նմոյշ մը, որոնք օտարներուն օրակարգը կը գործադրեն: Յանցաւոր է Ճորճ Սորոսը, որ կը միջամտէ մեր երկրին բոլոր բնագաւառներու խնդիրներուն մէջ, աւելի յանցաւոր են անոր կամակատար հայերը, որոնք համոզումով եւ կամ նաեւ տոլարով կը վաճառեն ազգային արժանապատուութիւնը, սեփական ընտանիքը, լեզուն, մշակոյթը եւ Արցախն ու Հայաստանը: Մինչ այդ, Սորոսի սուտ «Մարդկային իրաւունքներ» պաշտպանող կազմակերպութիւնները լուռ մնացին 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ այժմ լուռ կը մնան Արցախի 7 ամիս տեւող շրջափակումին մասին…

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
20 յունիս 2023
haroutchekijian.wordpress.com

*Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ:
1. https://english.almayadeen.net/news/politics/soros:-a-shadow-set-to-engulf-lebanon—french-media

2. https://www.ojim.fr/open-society-soros-liban/

3. https://www.opensocietyfoundations.org/newsroom/the-open-society-foundations-in-lebanon

4. http://thisisbeirut.com.lb/lebanon/140402

5. https://www.osf.am/about-company/who-we-are/

6. https://yerevan.today/all/society/28589/sorosy-hayastanum-tverov-u-anunnerov
Տես նաեւ՝ «Եւրոպական Միութիւնը Եւ Սորոսը. Ազգերն Ու Ժողովուրդները Ապազգայնացնելու Հիմնադրամ Եւ Ծրագիր»
https://www.aztagdaily.com/archives/496221
«Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»-ը Ինչպէ՞ս Կազմակերպուեցան. Ոչ Կառավարական կազմակերպութիւնները՝ NGO» Ա, Բ, Գ եւ Դ մասերը:
https://www.aztagdaily.com/archives/550408
https://www.aztagdaily.com/archives/551183
https://www.aztagdaily.com/archives/554833
https://www.aztagdaily.com/archives/556709

Դիտել նաեւ https://youtu.be/R1KqWkKMFLg

ԱԶԴԱԿ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started