Լեւոն Տէր Պետրոսեան Իր Նախագահական Տարիներուն $153 Միլիոն Տոլար Յափշտակած Եւ Արտասահման Փախցուցած Է

«Ազդակ»-ի 8 յունիս 2020-ի թիով, Դերենիկ Մելիքեան «Կորոնայով Կամ Առանց Կորոնայի …» յօդուածին մէջ (1), կը մէջբերէ.«Իր պաշտօնավարման երկրորդ հնգամեան չաւարտած ՀՀ հրաժարեալ նախագահ Լ.Տ. Պետրոսեանի մօտ, սակայն, օրերս միտք յղացաւ բառացիօրէն յայտարարելու հետեւեալը.- «Կորոնավիրուսը պատերազմ է յայտարարել Հայաստանին: Պատերազմը վարելու բեռն ընկած է իշխանութեան ուսերին. ով պայքարում է իշխանութեան դէմ, կամայ, թէ ակամայ դաւաճանումContinue reading “Լեւոն Տէր Պետրոսեան Իր Նախագահական Տարիներուն $153 Միլիոն Տոլար Յափշտակած Եւ Արտասահման Փախցուցած Է”

Մէկ Կողմէ Ներդրումներու Քաջալերանք, Միւս Կողմէ 500 Նոր Վերելակ Ներածելո՛ւ Մրցոյթ՝ Որուն Կրնայ Արժանանալ Թրքականը…

Անի Ղազարեան «Այսօր.ամ»-ի 15 ապրիլ 2020-ի թիւին մէջ, Երեւանի Քաղաքապետարանին կողմէ 500 նոր վերելակներ հայթայթելու մրցոյթին մասին (2 ապրիլ 2020-ին յայտարարուած) հետեւեալը գրած էր. «Առհասարակ, բամբասանքներ չեմ մեկնաբաներ, իսկ մամուլի այդ հրապարակումը, պէտք է արձանագրենք, որ ուղղակի բամբասանք է՝ առանց որեւէ հիմքի, Aysor.am-ի թղթակցին հետ զրոյցին ըսաւԵրեւանի քաղաքապետի մամուլի խօսնակ Յակոբ Կարապետեանը՝ անդրադառնալով տեղեկութեանը, որContinue reading “Մէկ Կողմէ Ներդրումներու Քաջալերանք, Միւս Կողմէ 500 Նոր Վերելակ Ներածելո՛ւ Մրցոյթ՝ Որուն Կրնայ Արժանանալ Թրքականը…”

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 25րդ Տարեդարձին՝ Վերյիշենք Քիչ Մը Պատմութիւն

Ա. Արեւելեան-Արեւմտեան Գերմանիոյ վերամիացման օրինակը.                         155 քիլոմեթր երկարութեամբ «Պերլինի Պատ»-ին կառուցումը սկսաւ Օգոստոս 1961-ին, 28 տարի արգիլելով Արեւելեան Պերլինի մէջ բնակող ժողովուրդին ելքը դէպի Արեւմտեան Պերլին, մինչեւ Նոյեմբեր 1989, երբ 41 տարի Խորհրդային Միութեան արբանեակ՝ արեւելեան Գերմանիոյ Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը բացաւ դռները դէպի արեւմուտք: Իսկ «Պերլինի Պատ»-ին քանդումը սկսաւ 13 Յունիս 1990-ին՝ Խորհրդային Միութեան կազմալուծումէնContinue reading “Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 25րդ Տարեդարձին՝ Վերյիշենք Քիչ Մը Պատմութիւն”

Հայաստանի Հողագործութեան Բնագաւառի Խնդիրները

«Արմենիա» հեռատեսիլի 11 սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան լուրերու հաղորդումը անդրադարձաւ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան միամեայ գործունէութեան: Նախարարը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին թուեց գիւղատնտեսութեան մարզի 9 գլխաւոր խնդիրները: Վիճակագրութիւնը կը հրապարակուի տարեվերջին: 1. Նախարար Իգնատի Առաքելեանի մամլոյ ասուլիսը: «Գլխաւոր խնդիրներն են` 1.- Գիւղտեխնիկան (հողագործութեան մեքենաները – Յ.Չ.) բաւարար չեն:2.- Վարկերու տոկոսները բարձր են:3.- Ոռոգման համակարգը թերի է:4.- Չկայ հողագործութեանContinue reading “Հայաստանի Հողագործութեան Բնագաւառի Խնդիրները”

«Այս Փոքր Երկիրը Աշխարհը Կը Կերակրէ» Բ.

Հոլանտայի մէջ իւրաքանչիւր քայլափոխի կայուն, յարաճուն գիւղատնտեսութեան ապագան կը կազմաւորուի ոչ թէ մեծ ընկերութիւններու ժողովասրահներուն մէջ, այլ` հազարաւոր համեստ ընտանեկան տնտեսութիւններուն մէջ: Ասոր փաստը յստակօրէն կը տեսնենք, Թետ Տուիժվեսթին եւ անոր եղբայրներուն` Փիթըրի, Ռոնալտի եւ Ռեմքոյի երկրային դրախտին մէջ: Պալիցիներուն նման` Տուիժվեսթիները կառուցած են ինքնուրոյն սննդամթերքի համակարգ, ուր հաւասարակշռուած են մարդու հանճարեղութեան եւ բնութեան կարողականութիւնները:Continue reading “«Այս Փոքր Երկիրը Աշխարհը Կը Կերակրէ» Բ.”

«Այս Փոքր Երկիրը Աշխարհը Կը Կերակրէ» Ա.

Սառուցեալ գօտիէն միայն մօտ 16 հազար քմ  հարաւ` Հոլանտան իբրեւ ազգային տնտեսական քաղաքականութիւն, շուրջ 20 տարիներ առաջ, հակառակ իր ցուրտ ու անարեւ, ամպոտ կլիմային, որոշած եւ ծրագրած էր դառնալ երկրագործական երկիր, եւ այժմ ան աշխարհի սննդամթերք արտածող մեծագոյն երկիրներէն է` գրաւելով ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԴԻՐՔԸ: «Նեշընըլ Ճէօկրաֆիք Մակազին»-ի սեպտեմբեր 2017-ի թիւին մէջ լոյս տեսած Ֆրանք ՎիվիանոյիContinue reading “«Այս Փոքր Երկիրը Աշխարհը Կը Կերակրէ» Ա.”

Հայաստանը Երկրագործակա՞ն, Ճարտարարուեստակա՞ն, Թէ՞ Այլ Բնագաւառի Երկիր

24 oգոստոս 2017-ի ՀՀ կառավարութեան ժողովին ընթացքին վարչապետ Կարէն Կարապետեան ժողովին ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալը. «Համաձայն հողային հաշուեկշռի տուեալների, հանրապետութեան ոռոգելի հողատարածքները կազմում են շուրջ 208 հազար հեկտար, սակայն վերջին տարիներին փաստացի ոռոգուող հողատարածքները տատանւում են 90-130 հազար հեկտարի սահմաններում: Կատարուած վերլուծութիւններից հետեւում է, որ ոռոգուող եւ ոռոգելի հողատարածքների այդպիսի տարբերութիւնը յատկապէս պայմանաւորուած է հողային եւContinue reading “Հայաստանը Երկրագործակա՞ն, Ճարտարարուեստակա՞ն, Թէ՞ Այլ Բնագաւառի Երկիր”

Հայաստանի Կառավարութեան 100 Օրերը

Կառավարութեան առաջին հեռասփռուած նիստերուն իսկ ականատես եղանք շարք մը վարչական աշխատանքներու աշխուժացման համար դրական մտադրութիւններու, որոնց կատարումը պիտի բարելաւէ կառավարման մեքենան ու բարձրացնէ պետութեան ընդհանուր արդիւնաբերութիւնը` հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայելու իր առաքելութեան մէջ, ապահովելով նաեւ նախահաշիւային (պիւտճէական) պատկառելի խնայողութիւն: 1. Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի մամլոյ ասուլիսը: Արդէն առաջին նիստին իսկ Արծուիկ Մինասեան բացայայտեց մէկէ աւելի նախարարութիւններուContinue reading “Հայաստանի Կառավարութեան 100 Օրերը”

Լեւոն Տէր Պետրոսեան Ինքզինք Կը Գերազանցէ` Իր Վարքագիծը Վերահաստատելով

Վերանկախացած Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան (այսուհետեւ ԼՏՊ) 3 փետրուար 1997-ին հեռացուած էր նախագահի պաշտօնէն` իր նախարարներուն ու հարիւրաւոր խորհրդատուներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ, ո՛չ միայն սեփականաշնորհումի իր վատահամբաւ տնօրինումին, փտածութեան ու երկրի տնտեսութեան անկումին համար, այլ մանաւանդ` Արցախի ազատագրուած տարածքները Ազրպէյճանին վերադարձնելու իր դաւադիր քաղաքականութեան պատճառով կուտակուած ժողովրդային ու քաղաքական ճնշումին տակ: 1.Continue reading “Լեւոն Տէր Պետրոսեան Ինքզինք Կը Գերազանցէ` Իր Վարքագիծը Վերահաստատելով”

Հայաստանի Հանրապետութեան Տնտեսական Զարգացումը Եւ Ներդրումային Մթնոլորտը

Ներկայ կառավարութեան յատուկ ուշադրութեան առարկան դարձած է օտարներու կողմէ Հայաստանի մէջ ներդրում ապահովելու միջոցները: Միւս կողմէ` պաշտպանութեան նախարարը գնահատելի նախաձեռնութեամբ կ՛առաջարկէ պաշտօնեայ ժողովուրդէն, որոշ զանցառումներով, ամսական 1000 դրամ գանձել` իբրեւ մասնակցութիւն բանակայիններու ընտանիքներու ընկերային ապահովութեան յատուկ հիմնադրամին: Ահա՛ ինքնաբաւութեան առաջնորդող կարեւոր ու մեր բանակը հզօրացնող օրինակելի նախաքայլ մը: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, 10-11 հոկտեմբեր 2016-ինContinue reading “Հայաստանի Հանրապետութեան Տնտեսական Զարգացումը Եւ Ներդրումային Մթնոլորտը”

Design a site like this with WordPress.com
Get started