Ի՞նչ Է Գինը Յարաբերութիւններու Բնականոնացման. Նուաստացում` Ի Խնդիր Վերնախաւի Հարստացման

Յորդանանի ծայրագոյն հիւսիս-արեւմուտքը` Յորդանան-Սուրիա-Իսրայէլ սահմաններու միացման կէտին մօտ գտնուող ամայի շրջանի մը մէջ, յորդանանեան օդուժի գաղտնի խարիսխի մը պատասխանատու սպան էր Սահակը` 6-25 հոկտեմբեր 1973-ի արաբ-իսրայէլեան  պատերազմի օրերուն (1): Յորդանան իր մասնակցութիւնը չէր յայտարարած այս պատերազմին` Եգիպտոսի ու Սուրիոյ կողքին, սակայն խորհրդանշական օժանդակութիւն ցուցաբերեց, երկրին հիւսիսը` Սուրիոյ հարաւը զօրք կեդրոնացնելով, տալով նաեւ խորհրդանշական 23 զոհ:Continue reading “Ի՞նչ Է Գինը Յարաբերութիւններու Բնականոնացման. Նուաստացում` Ի Խնդիր Վերնախաւի Հարստացման”

Հին Ու Նոր Առաջարկներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Կառավարութեան

Ինչո՞ւ համար Հայաստանի մէջ կառավարութիւններու փոփոխութիւնները մեր վրայ այն տպաւորութիւնը կը թողուն, թէ` անոնք կը կատարուին դիպուածային կերպով, առժամեայ-ժամանակաւոր, անցումային, անհեռատես եւ թատերական անորոշութեան ու սպասողական մթնոլորտի մը մէջ, եւ ոչ թէ իբրեւ բնական հետեւանք անոր գործունէութեան-կատարողութեան ըստ էութեան, բնագաւառ առ բնագաւառ համակարգային արժեւորումին ու գնահատումին: Յստակ է պատասխանը: Անոնք արդարօրէն տեղի կ՛ունենան ժողովրդային տագնապիContinue reading “Հին Ու Նոր Առաջարկներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Կառավարութեան”

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակագիրը Եւ Ազգային Հարստութեան Կառավարումը Ու Հաշուետուութիւնը

Հայաստանի տնտեսական ու ընկերային մագլցող տագնապը` անգործութիւն, արտագաղթ, մեծահարուստներու աճող դասակարգ, միջակ դասակարգի բացակայութիւն եւ յարատեւ աճող աղքատներու դասակարգ` հետեւանք են ազգային հարստութեան անհեռատես տնտեսումին, թալանումին, անարդարութեան եւ հաշուետուութեան բացակայութեան: Խորհրդային Միութեան քաղաքացին ունէր երկու տեսակի սեփականութիւն. անհատական` իրերու եւ հաւաքական` հողագործութեան (կոլխոզ), կամ աշխատավայրի (կոլեկտիւ). իր տան կամ գործատեղիին կալուածային սեփականութիւն չունէր, բոլոր հողերը,Continue reading “Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակագիրը Եւ Ազգային Հարստութեան Կառավարումը Ու Հաշուետուութիւնը”

Քանի Մը Առաջարկ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան` Թրքական Ներածումի Այլընտրանքի Մասին

Ա. Սուրիահայ Արամ Պըլըխեանը կ՛ըսէ. ««Ո՛չ թրքական ապրանքին». կ՛ըսէինք դեռ Սուրիոյ մէջ: Երբ եկանք Հայաստան, նեղացանք, որ մարդիկ թրքական ապրանքը կը գովեն, կ՛ըսեն` սա չինական չէ, թրքական է: Մեզի համար ատիկա,  իրօք, ահաւոր նեղութիւն պատճառեց: Սուրիոյ մէջ այս գործով կը զբաղէինք, ըսինք, որ շատ լաւ կ՛ըլլայ, որ մենք Երեւանի մէջ հայկականը ընենք (արտադրենք), քան թրքականContinue reading “Քանի Մը Առաջարկ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան` Թրքական Ներածումի Այլընտրանքի Մասին”

Հայաստանի Զբօսաշրջային Իրավիճակը… Եւ «Բարի Եկած Էք Ձեր Երկիրը»

Հեռատեսիլի Հ1 կայանի Արմէն Աշոտեանի «Եռանկիւն» հաղորդաշարի 25 մարտ 2016-ի նիւթն էր` «Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի մէջ» (www.1tv.am/hy/videos/2016/03/25/Եռանկիւնի-զբօսաշրջութիւն/36059): Օրուան զրուցակիցներն էին` Ազգային ժողովի պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեան, զբօսաշրջութեան հարցերու վարչապետի օգնական Տիգրան Կարապետեան եւ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան: Հետաքրքրական ու շահեկան այս զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան եւ վիճակագրական տուեալներ տրուեցան, որոնք ամփոփելով կը ներկայացնեմ`Continue reading “Հայաստանի Զբօսաշրջային Իրավիճակը… Եւ «Բարի Եկած Էք Ձեր Երկիրը»”

Ցեղասպանութիւն, Հայաստան Եւ Թրքական Արտադրութիւններու Ներածումը

Ըստ էութեան, անբնական երեւոյթ է, փոխանակ` աւելի վարկաբեկիչ արտայայտութիւն մը ունենալու, այն համատարած անտարբերութիւնը եւ անհոգութիւնը Հայաստանը շրջափակող ցեղասպան թուրք պետութեան հանդէպ, որուն պատճառով վերջին քանի մը տարիներուն շուրջ 1500 միլիոն տոլարի զանազան տեսակի թրքական ապրանք ներածուած է Հայաստան: Այլ խօսքով, Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն իւրաքանչիւր նահատակի դիմաց  «հայրենի» վաճառականներ եւ գնորդներ 1000 տոլարով կըContinue reading “Ցեղասպանութիւն, Հայաստան Եւ Թրքական Արտադրութիւններու Ներածումը”

Հայաստանի Հանրապետութեան Եռամեայ Զարգացման Այժմէական Ծրագիրի Մը Անհրաժեշտութիւնը

Հետեւելով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ 2016 տարեշրջանի պիւտճէական քննարկումներուն` նկատելի էր երկրին ընդհանուր բարգաւաճման եւ զարգացման առնչուող ծրագիրի մը մէջ կատարուող հոլովոյթի մը բացակայութիւնը: Այլ խօսքով, այն տպաւորութիւնը կը տիրէ, որ 2016-ի պիւտճէն պարզապէս նախորդ տարուան պիւտճէին հիման վրայ յարմարեցուած է եւ չի հետեւիր ընդհանուր ծրագիրի մը, որ ունի զարգացման յստակ նպատակ, թիրախ եւContinue reading “Հայաստանի Հանրապետութեան Եռամեայ Զարգացման Այժմէական Ծրագիրի Մը Անհրաժեշտութիւնը”

Ահազանգ Հայաստանի Ջրելեկտրակայաններու Եւ Վերանորոգելի Ուժանիւթի Մասին

Նախաբան Ուժանիւթը բոլոր ժամանակներու քաղաքակրթութիւններու զարգացման եւ յառաջդիմութեան համար կարեւորագոյն գործօններէն մէկն է: Հոսող ջուրի օգտագործումը, որպէս մղիչ ուժ, բնութեան շնորհած կարեւորագոյն բնական ուժանիւթերէն է` արեւային ջերմուժի, հովի, ստորերկրեայ ջերմուժի եւ կենսաբանական ուժանիւթի կողքին: Սկսելով հին դարերու ոռոգումի համար օգտագործուող ջրանիւներէն, ցորեն աղալու ջրաղացներէն մինչեւ աւելի արդի ժամանակներու ջրելեկտրակայանները: Պատերազմները անպակաս են ուժանիւթի տիրանալու ուժանիւթիContinue reading “Ահազանգ Հայաստանի Ջրելեկտրակայաններու Եւ Վերանորոգելի Ուժանիւթի Մասին”

Design a site like this with WordPress.com
Get started