Ի՞նչ Կը Նշանակէ Որեւէ Օտարէ՝ $15 Միլիոն Տոլարի Ներդրում Կատարել Երկրի Մը Զանգուածային Լրատուամիջոցներուն, Եթէ Ոչ Նուիրատու Երկրին Քաղաքականութիւնը Ջատագովելու Եւ Պատուէրները Կատարելու Համար

«Ինթըրնիուզը» ուղղերձ կը յղէ Հայաստանի զանգուածային լրատուամիջոցներու մարտահրաւէրներուն 5-ամեայ համապարփակ ծրագիրով» (Internews addresses Armenia՛s media challenges with a comprehensive 5-year media program): 20 յունիս 2023-ին Երեւանի Մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ  ամերիկեան այս ծրագիրին ներկայացումը: Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ «Ինթըրնիուզի» 26 յունիս 2023-ի հաղորդագրութենէն հատուածներ (1), (2), (3). 1. Ճոն Ալելլօ, Ամերիկեան միջազգային զարգացման գործակալութեանContinue reading “Ի՞նչ Կը Նշանակէ Որեւէ Օտարէ՝ $15 Միլիոն Տոլարի Ներդրում Կատարել Երկրի Մը Զանգուածային Լրատուամիջոցներուն, Եթէ Ոչ Նուիրատու Երկրին Քաղաքականութիւնը Ջատագովելու Եւ Պատուէրները Կատարելու Համար”

«Իսրայէլի Մատնահետքերը Կը Գտնուին Ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի Ցեղային Մաքրագործումին Վրայ». Իսրայէլեան Հաարեց Օրաթերթի Խմբագրականը

Այս է խորագիրը իսրայէլեան Հաարեց օրաթերթի 27 սեպտեմբեր 2023-ի խիստ շահեկան խմբագրականին. Israel’s Fingerprints Are All Over the Ethnic Cleansing in Nagorno-Karabakh (1): Ստորեւ անգլերէնէ (նաեւ` եբրայերէնով հրատարակուած) կը թարգմանեմ յօդուածը ճշդումներով* եւ կ՚եզրակացնեմ. 1. Հաարեցի խմբագրականը, որուն նկարը Երուսաղէմի հայերուն բողոքի ցոյցն է 22 հոկտեմբեր 2020-ին, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց՝ Իսրայէլի կողմէ ԱզրպէյճանըContinue reading “«Իսրայէլի Մատնահետքերը Կը Գտնուին Ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի Ցեղային Մաքրագործումին Վրայ». Իսրայէլեան Հաարեց Օրաթերթի Խմբագրականը”

Հաւաքական Կուրութիւն, Քաղաքական Միտքի Եւ Դիւանագիտութեան Բացակայութիւն, Մարտավարական Կեդրոններէն Անտեղեակութիւն, Մարդկային Կիրքի Գերադասում Ազգային Արժէքներէն Եւ Իրաւունքէն Ու Գերագոյն Դաւաճանութիւն՝ Արցախի Յանձնում Թշնամիին

27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի եւ իր դաշնակիցներուն կողմէ Արցախի վրայ յարձակումը եւ անոր նախորդող Ազրպէյճան-Թուրքիա-Իսրայէլ-Փաքիստան եւ ՏԱՀԵՇ դաշինքը եւ անոնց միացեալ ռազմափորձերը, իսրայէլեան ռազմական օդակայանէն պայթուցիկ նիւթերու թռիչքները դէպի Պաքու եւ պատերազմի բոլոր պատրաստութիւնները Միացեալ Նահանգներուն եւ անոր հովանաւորած ՕԹԱՆ-ին Արեւմուտքին կողմէ ծրագրուած էին նպատակ ունենալով Ռուսիան հեռացնել Հարաւային Կովկասէն` զոհելով Արցախն ու Հայաստանը եւContinue reading “Հաւաքական Կուրութիւն, Քաղաքական Միտքի Եւ Դիւանագիտութեան Բացակայութիւն, Մարտավարական Կեդրոններէն Անտեղեակութիւն, Մարդկային Կիրքի Գերադասում Ազգային Արժէքներէն Եւ Իրաւունքէն Ու Գերագոյն Դաւաճանութիւն՝ Արցախի Յանձնում Թշնամիին”

«Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) 20 ապրիլ 2023-ին կը հաղորդէր (1). «Երեւանի մէջ կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ եռակողմանի առաջին քաղաքական խորհրդակցութիւնները։ «Պատուիրակութիւնները գլխաւորած են Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանը, Իրանի ԱԳՆ Հարաւային Ասիոյ գլխաւոր վարչութեան պետ Սեյետ Ռասուլ Մուսաուին եւ Հնդկաստանի ԱԳՆ տարածքային գլխաւոր վարչութեանContinue reading “«Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի»”

«Ղարաբաղեան հարցը Եւ Միջազգային Հակամարտութիւններուն Բնոյթը»

Եւ «Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի» Երկու յօդուածներ, որոնց առաջինին հեղինակն է ռուսական միջազգային վարկ ունեցող, ըստ իս կիսապաշտօնական, յայտնի մարտավարական հիմնարկին՝ «Վալտայյ քննարկումի ակումբ» ծրագիրի տնօրէն՝ Թիմոֆէի Պորտաչեւ (Valdai Club Program Director Timofei Bordachev), որ 8 յունիս 2023-ին հետեւեալ նախաբանով գրած է. «Շատ հաւանական է, որ միջազգային քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջContinue reading “«Ղարաբաղեան հարցը Եւ Միջազգային Հակամարտութիւններուն Բնոյթը»”

Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքները Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան

Այս լուրը եւ յօդուածը ի մասնաւորի ուղղուած է Հայաստանի այժմու անարժան իշխանութեան եւ անոնց հետեւորդներուն, որոնք Իսրայէլի հետ, որ կը զինէ թշնամի Ազրպէյճանը, միակողմանի «սիրաբանութիւն կը խաղան» եւ 44-օրեայ պատերազմէն քանի մը օր առաջ յիմարօրէն դեսպանատուն բացին այնտեղ, ապա 10 օր ետք, խայտառակուած` ետ գոցեցին, երբ իսրայէլեան զէնքերը եւ շատ հաւանաբար մասնագէտները հայութեան դէմ ջարդերContinue reading “Իսրայէլեան Ռազմական Խարիսխէն 92 Թռիչքները Կը Բացայայտեն Զինատեսակներու Արտածումը Դէպի Ազրպէյճան”

«Ազդակ»-ի 53-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով. Նիւթը՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ քեմալական պայքարի գաղափարաբանական հէնքը», «Ես Հաւատացած Եմ Մեր Ժողովուրդին Յատկութիւններուն՝ Մեր Ինքնութեան, Մե՛նք Ենք Մեր Միա՛կ Հարստութիւնը» Ըսաւ Սաֆրաստեան

Մեծ գոհունակութեամբ կ՚ունկնդրենք «Ազդակ»-ի կազմակերպած լսարանները, մանաւանդ պատմական նիւթերը, որոնք կը ներկայացնեն հայրենի մասնագէտներ, ուղղակի կամ առցանց, ինչպիսիք են՝ փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանը, Աշոտ Մելքոնեանը, Արմէն Մարուքեանը, Խաչատուր Ստեփանեանը, Ամատունի Վիրապեանը եւ ուրիշներ, որոնց ունկնդրելու հաճոյքը ունեցած ենք:             23 փետրուար 2023-ի այս լսարանին ընթացքին, փրոֆ. Սաֆրաստեանին յայտնած քանի մը յատկանշական նիւթերուն պիտի անդրադառնամ միայն, իմContinue reading “«Ազդակ»-ի 53-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով. Նիւթը՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ քեմալական պայքարի գաղափարաբանական հէնքը», «Ես Հաւատացած Եմ Մեր Ժողովուրդին Յատկութիւններուն՝ Մեր Ինքնութեան, Մե՛նք Ենք Մեր Միա՛կ Հարստութիւնը» Ըսաւ Սաֆրաստեան”

Սփիւռքի Տարի 2022 – Ժ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն՝ Սփիւռքահայութեան Թշնամիները, Որոնց Պէտք Է Դիմադրել

Գործնական առաջարկները շարունակելէ առաջ թուենք ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորապէս սփիւռքահայութեան յայտնի ու անյայտ, ուղղակի եւ անուղղակի թշնամիները եւ անոնց թիրախները` Տուն, Եկեղեցի, Դպրոց եւ Ակումբ` ՏԵԴԱ-ն. տես` մաս Դ. (1):Ա. Անմիջապէս յայտնենք, որ մեր անուղղակի` ոչ ֆիզիքական թշնամին քաղքենիութիւնն է եւ աշխարհաքաղաքացիութեան մեծ սուտը (մանաւանդ Հայաստանի մէջ), որոնք միջազգային յայտնի ու գաղտնի աղանդներու եւ կազմակերպութիւններուContinue reading “Սփիւռքի Տարի 2022 – Ժ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն՝ Սփիւռքահայութեան Թշնամիները, Որոնց Պէտք Է Դիմադրել”

«Նոր Պատերազմներու Վտանգ Կովկասի Մէջ – Լաւ Պարագայ Մը, Որ Միացեալ Նահանգները Զսպուածութիւն Պարտադրեն»

Այս է խորագիրը Ուաշինկթընի Քուինսի հիմնարկի 8 դեկտեմբեր 2022-ի ծաւալուն յօդուածին (The Threat of New Wars in the Caucasus: A Good Case for U.S. Restraint), հեղինակութեամբ Եւրասիոյ բաժանմունքի տնօրէն Անաթոլ Լիվընի եւ աշխատակից Արթին Տէր Սիմոնեանի (1): «Քուինսի պատասխանատու վարչագիտութեան հիմնարկ»-ը (The Quincy Institute for Responsible Statecraft) Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած ամերիկեան ռազմավարական խորհրդատու խմբակ մընContinue reading “«Նոր Պատերազմներու Վտանգ Կովկասի Մէջ – Լաւ Պարագայ Մը, Որ Միացեալ Նահանգները Զսպուածութիւն Պարտադրեն»”

«Ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի մէջ՝ Մէկ Քայլ Առջեւ Երկու քայլ Ետեւ»

Այս է խորագիրը «Ճիոփոլիթիքըլ Մոնիթըր»-ի 29 նոյեմբեր 2022-ի (1) Ալեքսանտր Սրպինովսքիի (2) գրած քաղաքական վերլուծական յօդուածին: Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ յօդուածը` կարգ մը միջամտութիւններով. «Ապրիլ 2018 – հայ ցուցարարներ փողոցներն են: Ցուցարարներուն գլխաւոր նպատակն է վերջ տալ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան, որ երկար ժամանակ բռնակալական եղած է, եւ` ճամբայ հարթել ժողովրդավարութեան:                «23 ապրիլ 2018-ին Սարգսեան ժողովրդայինContinue reading “«Ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի մէջ՝ Մէկ Քայլ Առջեւ Երկու քայլ Ետեւ»”

Design a site like this with WordPress.com
Get started