ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս Դ. Մեր Հռչակաւոր Խարուկահանդէսները

Սկաուտական խարուկահանդէսները ընդհանրապէս բանակումի ընթացքին, գիշերները տեղի կ՚ունենան, բանակավայրին կեդրոնը, խարոյկի մը շուրջ, ուր խմբային երգերու եւ կանչերու կողքին՝ իւրաքանչիւր խմբակ, կամ անհատներ, ելոյթ կ՚ունենան երգով, պարով, նուագով, խաղերով, բուրգով, մարմնամարզական ճկունութիւնով, զաւեշտով եւ այլն, ուրախ եւ զուարթ ժամանակ անցնելու համար: Սկաուտութեան մէջ, ինչպէս միշտ՝ թէ՛ խմբակային եւ թէ՛ ալ անհատական մրցակցային բնոյթ ալ կ՚ունենանContinue reading “ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Յուշերէս Դ. Մեր Հռչակաւոր Խարուկահանդէսները”

ՀՄԸՄ Ամմանի Ինքնաշարժով Հետախուզական Արկածախնդրական Մրցումը՝ «Ռէլի ՓէյՓըր» 1976-ին

Յորդանանի մէջ հռչակ շահած էր «Ռէլի ՓէյՓըր» մարզախաղը` քանի որ Հիւսէյն թագաւոր, որ զանազան արկածախնդրական մարզախաղերու եւ արագ ինքնաշարժներու սիրահար մըն էր, 1955-ին՝ գահակալութեան օրէն՝ արդէն սկսած էր մասնակցիլ բլուրներու վրայ արագութեան միջազգային մրցումներու: 1956-ին՝ Լիբանանի մէջ Ռապիյէ-Այն Աար ռէլիին առաջնութիւնը շահեցաւ ան (1), (2) եւ 5 անգամ առաջնութիւն նուաճած է Յորդանանի Ժարաշ պատմական քաղաքիContinue reading “ՀՄԸՄ Ամմանի Ինքնաշարժով Հետախուզական Արկածախնդրական Մրցումը՝ «Ռէլի ՓէյՓըր» 1976-ին”

Խմբապետս Ժիրայր Սարգիսեան

Վաթսուն տարիներու մեր սերտ կապը սկսաւ 1962-ին, երբ ՀՄԸՄ-ի երկրորդ սկաուտ խմբապետս եղաւ ան, մինչեւ իր վերջին ելեկտրոնային նամակը, 21 ապրիլ 2022-ին, Զատկուան առիթով:              Պէյրութի Էշրէֆիէ շրջանի «Ազատամարտ» ակումբն ու դիմացի Ազգային Գէորգ Չաթալպաշեան վարժարանի բակն էին մեր սկաուտական հաւաքավայրերը, իսկ եղբ. Ժիրայրենց առաջին բնակարանը՝ ակումբէն դէպի զառիվայր, տակաւին կանգուն, երրորդ շէնքին մէջ: 1.Continue reading “Խմբապետս Ժիրայր Սարգիսեան”

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Գիտաժողով, Սփիւռքի Նախարարութիւն, Երեւան 26 Յուլիս 2018

Յարութ Չէքիճեան կը ներկայացնէ 1918-էն 1927 Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան եւ գործունէութեան մասին իր ուսումնասիրութիւնը

Design a site like this with WordPress.com
Get started