«Ազատամարտ» Ակումբը` 50 Տարիներ Առաջ, Նաեւ` Իբրեւ Մշակոյթի Կեդրոն Եւ Էսդրատային Երաժշտութեան Օրրան

«Ազատամարտ» ակումբը կառուցուած է 1952-1953 (1, 2), Պէյրութի հայահոծ Էշրեֆիէ թաղամասին մէջ, բառին իսկական իմաստով ժողովրդային տուն էր շրջանի հայութեան համար: Յատկապէս այդ օրերուն միակ սեփական ակումբն էր, որ նաեւ օժտուած էր շուրջ 200 հոգինոց պատշգամաւոր սրահով, բեմով եւ զանազան ձեռնարկներու յարմարութիւններով: ՀՅԴ Պալաքեան կոմիտէութեան յարկին տակ կը գործէր նաեւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը (ԼՕԽ) իրContinue reading “«Ազատամարտ» Ակումբը` 50 Տարիներ Առաջ, Նաեւ` Իբրեւ Մշակոյթի Կեդրոն Եւ Էսդրատային Երաժշտութեան Օրրան”

Վերյիշելով 1969 Թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան Յատուկ Առաջին Որմազդներու Տեղադրումը Լիբանանի Զանազան Շրջաններու Մէջ

Քաջալերուած նախորդ տարուան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ ցուցահանդէսին ընթացքին ցուցադրուած վաւերագրական լուսանկարներու ազդեցիկ, հոգիները թափանցող եւ օրուան խորհուրդը առանց մեկնաբանութեան կարիքի փոխանցող յաջող փորձէն` խումբ մը համալսարանականներով որոշեցինք այդ լուսանկարներէն մէկը տպել որմազդի ձեւով եւ փակցնել Պէյրութ քաղաքի որոշ շրջաններու պատերուն, հակառակ երկրին մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն` ցոյցեր եւ այլն:Continue reading “Վերյիշելով 1969 Թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան Յատուկ Առաջին Որմազդներու Տեղադրումը Լիբանանի Զանազան Շրջաններու Մէջ”

Վերյիշելով 1968-ին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Ապրիլեան Ցուցահանդէսին Պատահած Դէպք Մը

Լիբանանահայ ուսանողական միութիւնները եւ համալսարաններու հայկական ակումբները միացեալ նախաձեռնութեամբ որոշած էին Հայոց ցեղասպանութեան 53-ամեակին առիթով լիբանանահայ արուեստագէտներու` օրուան խորհուրդին յարմար արուեստի գործեր եւ Ցեղասպանութեան վաւերագրական լուսանկարներ ցուցադրել Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Ուեսթ հոլ» սրահին մէջ: Սոյն ծրագիրին կը մասնակցէի Հայկազեան համալսարանի հայկական ակումբին կողմէ,  ստանձնելով կարգ մը արուեստագէտներու, որոնց շարքին` արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեանին դիմելու պարտականութիւնը, ինչպէսContinue reading “Վերյիշելով 1968-ին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Ապրիլեան Ցուցահանդէսին Պատահած Դէպք Մը”

Design a site like this with WordPress.com
Get started