Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Սեւրի Դաշնագիրի Ստորագրութեան Լուրը Ինչպէ՞ս Կը Հասնի Հայաստան Եւ` Պոլսոյ Համազգային Ժողովին Ողջոյնը

Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան մասին Աւետիս Ահարոնեանին յղած հեռագիր-լուրը, ըստ երեւոյթին, նախ կը հասնի Հայաստանի Կոստանդնուպոլսոյ դեսպանատուն, ուր դեսպան (Ֆ.) Թահթաճեանը իր կարգին հեռագիրին բովանդակութիւնը կը յղէ Հայաստանի Թիֆլիսի դեսպանատուն, որպէսզի ի վերջոյ այնտեղէն հեռագիրով հասնի Երեւան: Ըստ երեւոյթին, կարելի չէր Սեւրէն Երեւան կամ Թիֆլիս հեռագիր ղրկել: 1. Աւետիս Ահարոնեան եւ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած իր գրիչը:Continue reading “Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Սեւրի Դաշնագիրի Ստորագրութեան Լուրը Ինչպէ՞ս Կը Հասնի Հայաստան Եւ` Պոլսոյ Համազգային Ժողովին Ողջոյնը”

Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ. Ինչպէ՞ս Մերժուեցաւ Հայաստանի Հոգատարութիւնը` «Յառաջ» Օրաթերթի 17 Յուլիս 1920-ի Լրատուութիւնը

Ա. Աշխարհամարտէն ետք յաղթական ուժերը իրարու միջեւ բաժնեցին պարտուած Օսմանեան կայսրութեան տարածքները: Թուրքիոյ եւ Հայաստանի պարագային, Ազգերու լիկայի Գերագոյն խորհուրդը փափաք յայտնեց, որ Ամերիկան ստանձնէ անոնց հովանաւորութիւնը եւ ճշդէ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը: Ընդառաջելով այս փափաքին` Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն քաղաքական եւ զինուորական երկու առաքելութիւններ Փոքր Ասիա եւ Հայաստան գործուղելէ ետք, 24 մայիս 1920-ին դիմեցContinue reading “Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ. Ինչպէ՞ս Մերժուեցաւ Հայաստանի Հոգատարութիւնը` «Յառաջ» Օրաթերթի 17 Յուլիս 1920-ի Լրատուութիւնը”

Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Ամերիկան

Դժբախտաբար ընդհանրապէս շփոթ կայ Սեւրի դաշնագիրին պատրաստութեան, ստորագրութեան եւ ապա անոր գործադրութեան եւ Ամերիկայի` Հայաստանի հովանաւորութեան միջեւ: Որեւէ կասկած կա՞յ արդեօք, որ Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն ինքնագլուխ գործեց` ղրկելով մեծաթիւ «Քինկ Քրէյն» քաղաքական, եւ «Հարպորտ» զինուորական առաքելութիւնները Փոքր Ասիա եւ Հայաստան: 1. Աւետիս Ահարոնեանի այն գրիչը, որ ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը – ՀՅԴ թանգարան Երեւան: ՇատContinue reading “Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Ամերիկան”

Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Զօրավար Հարպորտի Այցելութիւնը Հայաստան 1919-ին (Հաղորդագրութիւն` Հայ Հեռագրական Գործակալութեան)

Սեւրի դաշնագիրին նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, 1919 օգոստոսին, Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն գործուղեց 50 անդամ հաշուող պատուիրակութիւն մը, որոնց մէջ առ նուազն երկու ամերիկահայ բարձրաստիճան զինուորականներ` հազարապետ Հայկ Շեքերճեան եւ տեղակալ Յարութիւն Խաչատուրեան, երկրորդ առաքելութիւն մը` «Ամերիկեան զինուորական առաքելութիւն դէպի Հայաստան»` գլխաւորութեամբ հազարապետ-զօրավար Ճէյմս Ճ. Հարպորտի (1866-1947): Հետագային ճանչցուելով իբրեւ «Հարպորտ առաքելութիւն»` անոր նպատակն էրContinue reading “Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Զօրավար Հարպորտի Այցելութիւնը Հայաստան 1919-ին (Հաղորդագրութիւն` Հայ Հեռագրական Գործակալութեան)”

Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ» Առաքելութիւնները – Բ.

Ստորեւ կը ներկայացուի հոգատարութիւնը ընդունելու ի նպաստ 13 պատճառներ եւ իւրաքանչիւրին համապատասխանող 13 դէմ պատճառներ, այլ խօսքով` թիւ «Մէկ» «Թեր» կարծիքին հակակարծիքը տեսնել աւելի վարը` թիւ «Մէկ» «Դէմ» պատճառին մէջ եւ այսպէս` բոլոր 13-ը: 1. Հայաստանի վարչապետ Խատիսեան եւ Հարպորտ: 2. Հայ վարդապետը կը դիմաւորէ Հարպորտը: Թեր պատճառներ 1.- Ազգերու դաշնակցութեան կազմաւորման գլխաւոր սատարողներէն ՄիացեալContinue reading “Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ» Առաքելութիւնները – Բ.”

Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ Առաքելութիւն»-ները – Ա.

Երբ կը կարդանք կամ կը լսենք Սեւրի դաշնագիրին` նախագահ Ուիլսընի պատրաստած Հայաստանի քարտէսին մասին, ոմանց մօտ հաւանաբար այն տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, որ  Ամերիկայի 1913-1921 թուականներու 28-րդ նախագահը` Վուտրօ Ուիլսըն (1856-1924), Համաշխարհային Ա. պատերազմէն եւ Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք «զբաղումի համար» նստած ու Հայաստանի ապագայի քարտէսը գծած է… Այս թիւրըմբռնումին եւ ընդհանրապէս Սեւրի դաշնագիրին մասին որոշContinue reading “Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» Եւ «Հարպորտ Առաքելութիւն»-ները – Ա.”

Սեւրի Դաշնագիրը Եւ «Հայաստանի Հովանաւորութիւնը»

Սեւրի դաշնագիրին անմիջապէս նախորդող ժամանակաշրջանի Ամերիկայի պաշտօնական դիրքորոշումը լուսաբանող, շահեկան ու այժմէական «Հայաստանի հովանաւորութիւնը» խորագրեալ յօդուածը առանց յապաւումի, թարգմանաբար կը ներկայացնեմ ստորեւ (1): Դիւանագէտ եւ դաստիարակ Ֆիլիփ Մարշալ Պրաունի յօդուածը լոյս տեսած է 3 յուլիս 1920-ին, Ամերիկեան միջազգային օրէնսդրութեան ընկերակցութեան` հեղինակաւոր «Ամերիկեան միջազգային օրէնսդրութեան հանդէս»-ի հատոր 14, համար 3-ի 396-399 էջերուն մէջ (2): Հեղինակը (1875-1966)Continue reading “Սեւրի Դաշնագիրը Եւ «Հայաստանի Հովանաւորութիւնը»”

Design a site like this with WordPress.com
Get started