Նամականի. Արեւմտահայերէնը Վտանգուա՞ծ Է

15 ապրիլ 2014-ին Հայաստանի Հ1 հեռատեսիլի «Ազատ գօտի» յայտագիրի նիւթն էր` «Արեւմտահայերէնը վտանգուա՞ծ է»: Թեր ու դէմ կարծիքներէ ետք եզրակացութիւնը այն էր, որ արեւելահայերէ՛նը եւս վտանգուած է:

Փետրուար 21-ին Մայրենի լեզուի օրուան առիթով, Հ1 հեռատեսիլի «Բախման կէտ»  յայտագիրը նաեւ արծարծեց մայրենի լեզուի անաղարտ գործածութեան կարեւորութիւնը եւ անոր ունեցած ազգապահպանման նպաստող էական դերը:

Երկու յայտագիրներու պարագային կը խօսուի հայոց լեզուի միայն երկու ճիւղերուն մասին`  արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն` նկատի չառնելով տոհմիկ բարբառները. կը կարծեմ, թէ հայոց լեզուն այսօր ունի հետեւեալ չորս ճիւղերը:

1.- Գրաբար հայերէն, որ կ’օգտագործուի եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին:

2.- Արեւմտահայերէն, որ կ’օգտագործուի սփիւռքահայերու կողմէ (բացի Իրանէն եւ նախկին խորհրդային երկիրներէն):

3.- Արեւելահայերէն, որ կ’օգտագործուի Իրանի հայութեան կողմէ:

4.- Արեւելահայերէն` փոխուած ուղղագրութեամբ,  որ կ’օգտագործուի Հայաստանի եւ նախկին խորհրդային երկիրներու մէջ:

Այս իրականութիւնը հիմք կը ծառայէ գիտական մօտեցումով հայոց լեզուի մասին առարկայական քննարկումներ կատարելու:

Վերոնշեալ երկրորդ յայտագիրի զրուցակիցներուն մաս կը կազմէին հայոց լեզուի պետական եւ ակադեմական պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ: Ուրախութեամբ իմացանք, թէ կայ օրէնք մը, որ կը պարտադրէ հեռատեսիլի ընկերութիւններուն եւ մամուլին` անաղարտ հայերէն  օգտագործել: Աւելի՛ն. կայ նաեւ տուգանքի դրութիւն` սխալելու պարագային: Նաեւ իմացանք, որ գոյութիւն ունի պետական Թերմինաբանական խորհուրդ (պիտի խնդրէի, որ Եզրաբանական խորհուրդ կոչուէր), որուն պարտականութիւնն է հսկել եւ ստեղծել արդի արհեստագիտական իրերու եւ դրութիւններու հայերէն բառեր:

Հայոց լեզուի պահպանումի այս զոյգ հաղորդումներուն ընթացքին գործածուեցան նուազագոյնը հետեւեալ օտար բառերը` ֆիքսուած  = հաստատուած,  թեքսթ  = բնագիր,  թերմին = եզր, օպժեքթիւ = առարկայական եւ կամ նպատակ,  կոնկրետ  = շօշափելի, միաձոյլ եւ կամ հաստատ,  պոէտ = բանաստեղծ,  արկումենտ =  վիճաբանութիւն, առարկութիւն, տոմինանթ = իշխող, տրամաթուրկիա  = թատրերգութիւն,  վիպրացիա = թրթռացում,  համաթեքսթ  = բովանդա՞կ,  մոնոլոկ =  մենախօսութիւն,  ռեսուրս  =  աղբիւր, միջոց, հնարք,  թեմա  = նիւթ, խորագիր,  մեխանիզմ  =  մեքենականութիւն,  ակթիւ =  գործունեայ, գործօն, աշխուժ,  տեխնոլոկիական  =  արհեստագիտական, ճարտարարուեստական,  ասոցիացիա  = ընկերակցութիւն:

Անհրաժեշտ է ազգովին ձեռնարկել մաքուր հայերէն խօսելու լայնածիր եւ երկարատեւ արշաւի` պայքար մղելով օտար բառերու գործածութեան դէմ: Գուրգուրանք եւ պաշտպանենք մեր մայրենի լեզուն:

17 ապրիլ 2014

«ԱԶԴԱԿ»  

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started