Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Հայոց Լեզուի Վերականգնումի Աշխատանքներ, Ռուսացումի Քաղաքականութեան Ցարական Տիրապետութենէն Ետք – Ե.

Գաղափար կազմելու համար 1917-1920 մամուլի էջերուն ընթեռնելի վիճակին մասին` ստորեւ կը ներկայացնեմ վատագոյն նմուշ մը: Ձախին` երբեմն էջերը մութ գոյն ստացած եւ աջին` համակարգիչի միջոցով որոշ չափով յստակեցուած պատճէնը: Այլ պարագայ է նաեւ հակառակը, երկրորդ նմուշը` գունատ էջեր եւ մելանը գրեթէ ցնդած: Սակայն նախ պէտք է որոնած նիւթերը գտնել այս վիճակներուն մէջ, ապա,  նիւթը գտնելէ ետք, զատել, ընդօրինակել եւ համակարգիչի ծրագիրով կարելի չափով յստակեցնել եւ երբեմն, տրամաբանութեամբ, նախադասութիւնները արտատպել: Այս իսկ պատճառով երբեմն որոնած նիւթս կրնայ այդ դժուար ընթեռնելի էջերուն մէջ գտնուիլ եւ վրիպիլ ուշադրութենէս:

1. Ձախին երբեմն էջերը մութ գոյն ստացած են եւ աջին` 2. Համակարգիչի միջոցով որոշ չափով յստակեցուած պատճէնը:

3. Ձախին` գունատ էջեր եւ մելանը գրեթէ ցնդած, այս պարագային նաեւ խէժով ծածկուած տողեր եւ աջին` 4. Համակարգիչի միջոցով որոշ չափով յստակեցուած պատճէնը:

14. «Աշխատանք»-ի 3 մայիս 1919-ի համարին մէջ (1) հրատարակուած է «Հայացման կոմիտէի Բ. նիստի որոշումները» խորագիրով հետեւեալ լրատուութիւնը.

1. Մայիս 2-ի երեկոյեան (տեղի ունենալիք) նիստին հրաւիրել նախարարները, խորհրդարանի նախագահը, (Երեւանի) քաղաքապետը եւ Հայկօօպի նախագահը: Այդ նիստին օրակարգը հետեւեալը պիտի ըլլայ.

ա. Նախարարներուն եւ միւսներուն զեկուցումները (լսել) իրենց պատկանող հիմնարկութիւններուն հայացումի գործին վերաբերեալ:

բ. Այդ զեկուցումներէն ի յայտ եկած խնդիրներուն լուծումը:

գ. Տերմիններու (եզրերու) բառարան:

դ. Ընթացիկ խնդիրներ:

5. Հայացումի կոմիտէի Բ. նիստը «Աշխատանք» 3-5-1919:

2. Նամակով դիմել քաղաքային վարչութեան (Երեւանի քաղաքապետութեան) եւ պահանջել, որ իրագործէ հետեւեալը.

ա. 10 հազար ռուբլի յատկացնել քաղաքային գրադարանին` հայերէն գիրքեր եւ թերթեր ապահովելու համար:

բ. Գրադարանի գործավարութիւնը (պաշտօնէութիւնը) անմիջապէս հայացնել:

գ. Խանութներուն եւ հիմնարկութիւններուն ցուցատախտակները, որոնք հայերէն չեն պարունակեր, յատուկ տուրքի (տուգանքի՞) ենթարկել:

դ. Մայիս (ամսուան) ընթացքին փողոցներուն ռուսերէն արձանագրուած անունները (ցուցանակները) վար առնել եւ հայերէնի փոխել` հայացնելով ի հարկէ նաեւ (փողոցներուն) անունները:

ե. Յանձնարարուեցաւ Վահան Խորէնիին եւ Յ. Ստեփանեանին` նախարարներուն հետ հայացումի խնդիրներուն շուրջ խորհրդակցիլ:

Քարտուղարութիւն»:

15. «Աշխատանք»-ի 3 մայիսի նոյն թիւին մէջ նաեւ արտատպուած է «Հայաստանի Աշխատաւոր» թերթին 27 ապրիլ 1919-ի «Հայերէն» խորագիրով խմբագրականը, որուն անդրադարձանք նախորդող Գ. յօդուածին մէջ (2):

16. Ստորեւ` «Աշխատանք»-ի 8 մայիս 1919-ի թիւին մէջ «Հայ լեզուի պաշտպանութիւնը» խորագիրով «Հայացման կոմիտէի Գ. նիստ»-ին լրատուութիւնը (3).

«Թերթերու ներկայացուցիչներէն զատ, Հայացումի կոմիտէի Գ. նիստին հրաւիրուած եւ ներկայ էին` վարչապետը (Յովհաննէս Քաջազնունի), քաղաքապետը (Երեւանի` Մկրտիչ Մուսինեան), կօօպերաթիւներու (համագործակցական) միութեան նախագահը, զինուորական նախարարը, (Քրիստափոր Արարատեան) եւ պարէնաւորման, արդարադատութեան եւ ելեւմտական նախարարութիւններու ներկայացուցիչները: Բացակայ էին` լուսաւորութեան (կրթութեան), արտաքին եւ ներքին գործոց նախարարութիւնները:

«Զեկուցումներէն պարզուեցաւ, որ քաղաքապետարանը արդէն 19 փետրուարին (1919) վճռած է մէկ տարուան ընթացքին հայացնել ամբողջ գործավարութիւնը: Նախապատրաստական քայլերը առնուած են: Այժմ հայերէն գիտցողներէն կը պահանջուի հայերէն դիմումներ, իսկ հայազգիներէն` միայն հայերէն գրաւոր դիմումներ կ՛ընդունուին: «Քաղաքային խորհուրդ մտած (ստացուած) խնդիրներն ու արձանագրութիւնները ամբողջութեամբ հայերէնի վերածուած են, իսկ ներքին գործոց գործավարութիւնը` մասամբ միայն:

«Յուլիսին (1919) հացի կտրօններն ու այդ բաժանմունքի ամբողջ գործավարութիւնը հայերէնի պիտի վերածուին:  Համագործակցականներուն մէջ նոյնպէս հայացումի աշխատանքը կը յառաջանայ: «Հայաստանի Կօօպերացիա» թերթը համագործակցականի յատուկ հայերէն գրականութիւնը կը մշակէ, հրահանգները գրեթէ հայացուած են: Հաշուապահութեան բաժինը որոշ դժուարութիւններու հետ կապուած ըլլալուն` հայերէնի կարելի է վերածել միայն տարեվերջին: Գիւղական համագործակցականներու գործերը արդէն հայացուած են:

«Առանձին դժուարութիւններ կը յարուցանէ արդարադատութեան նախարարութեան այն կարգադրութիւնը, որ առանց ռուսերէն վաւերացուած պատճէնի` հայերէնով կանոնագրութիւնները վաւերացնելու համար չեն ընդունուիր:

«Վարչապետը զեկուցելէ ետք կը յայտնէ, որ ցարդ կառավարական շրջանակներուն մէջ հայացումը կը մնայ իբրեւ սոսկ ցանկութիւն եւ յատուկ (ծրագիրի) դրութեան չէ ենթարկուած:

«Խնամատարութեան նախարարութիւնը, օրինակ, գրեթէ հայացուած է, նոյնպէս` դահլիճի (կառավարութեան) եւ խորհրդարանի արձանագրութիւնները: Նոյնը կարելի է ըսել արտաքին գործոց նախարարութեան մասին:

«Հայացումի գործը մեծ դժուարութիւններու կը հանդիպի մասնաւորապէս զինուորական, արդարադատութեան եւ ելեւմտական նախարարութիւններու պարագային: Իսկ պարէնաւորման նախարարութեան մէջ հայացումը դժուար է, որովհետեւ նախարարը (Քրիստափոր Վերմիշեան) հայերէնին քաջածանօթ չէ: Նախարարութեան մէջ հայացումի գործի ծրագիրին մշակումը յանձնուած է Գէորգ Խատիսեանին: Անոր կարծիքով, հայացումը երեք տարուան  կը կարօտի: Առաջին տարին պէտք է հայացնել ժողովուրդին հետ գործառնութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը հայերէնի բանաւոր քննութենէ անցընել, իսկ երկրորդ տարին` գրաւոր: Երրորդ տարին` կատարեալ հայացում:

6. «Հայացման կոմիտէի Գ. նիստ»-ի լրատուութիւնը:

«Թիֆլիսի մէջ նաեւ մասնագէտներէ (բաղկացած) յանձնաժողով մը կազմուած է, որ եզրերու բառարան մը կազմելու ձեռնարկած է` 30 հազար բառերէ բաղկացած: Այդ յանձնաժողովին համար լուսաւորութեան նախարարութիւնը 100 հազար ռուբլիի վարկ պահանջած է:

«Զեկուցումներուն ծանօթանալէ ետք ժողովը եզրակացուց, որ կառավարութիւնը անմիջապէս պէտք է կառավարական յանձնաժողով մը կազմէ, որ պէտք է հայացումի օրինագիծը մշակէ: Այն ժամանակ մամուլին կը մնայ քննադատել այն հիմնարկութիւնները, որոնք հայացումի ուղղութեամբ չեն աշխատիր: Այդ օրինագիծին պէտք է կցուած ըլլայ պաշտօնեաներու յատուկ յաւելուած մը, որ կը  պարտադրէ զանոնք հայերէնի դասընթացքներու հետեւիլ:

«Առանձին գրութիւնով մը քաղաքային վարչութիւնը (քաղաքապետութիւն) իր պաշտօնեաներուն տեղեակ պահած է խորհուրդին 19 փետրուար 1919-ի որոշումը` մէկ տարուան ընթացքին ինքնավարութեան (քաղաքապետութեան) ամբողջ գործավարութիւնը հայերէնի վերածելու մասին:

«Ուրեմն 19 փետրուար 1920-էն ետք ինքնավարութեան գործերուն մէջ կրնան մնալ միայն այն պաշտօնեաները, որոնք հայերէնին կը տիրապետեն եւ գործավարութիւնը հայերէնով պիտի կատարեն: Հակառակ պարագային, այս պահանջին չենթարկուողները (պաշտօնէն) արձակուած կը համարուին` առանց որեւէ հատուցում ստանալու անցեալ ծառայութեան համար»:

7. Հայերէնը պետական լեզու վերածելու ՀՅԴ Հայաստանի Շրջանային ժողովի որոշումը:

17. «Աշխատանք»-ի 8 մայիսի նոյն համարին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Շրջանային ժողովին լեզուի մասին որոշումը կը հաղորդուի (3).

«ՀՅԴ Հայաստանի Շրջանային ժողովը հայերէնի պաշտպանութեան մասին հետեւեալ բանաձեւը ընդունեց.

«Ընդունելով, որ լեզուն որեւէ պետութեան անկախութեան, անոր ուրոյն քաղաքական գոյութեան հաստատումին ապացոյցներէն մէկն է եւ ընդունելով, որ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի մէջ պետական լեզուն հայերէնը պէտք է ըլլայ, Հայաստանի (ՀՅԴ) Շրջանային ժողովը կառավարութեան կ՛առաջարկէ անմիջապէս հայերէնը պետական միակ պաշտօնական լեզուն յայտարարել եւ մինչեւ յառաջիկայ խորհրդարանի (նիստի) գումարումը` հանրապետութեան բոլոր հիմնարկութիւններուն մէջ հայերէնը պետական-պաշտօնական լեզուն դարձնել եւ անոր համար համապատասխան միջոցներ ձեռք առնել: Հանրապետութեան բոլոր հիմնարկութիւններուն մէջ կը յարգուի ազգային փոքրամասնութիւններուն լեզուական իրաւունքը»:

18. Զօրավար Սեպուհ (Արշակ Ներսիսեան, 4-րդ գունդի զօրավար եւ խորհրդարանի անդամ) հետեւեալ հրամանը արձակած է իր ջոկատին, որ լոյս տեսած է «Աշխատանք»-ի 23 օգոստոս 1919-ի թիւին մէջ «Հրաման» խորագիրով (4).

«Իւրաքանչիւր ազգ, որ կը կազմէ պետութիւն եւ կը ձգտի հիմնաւորել իր պետական նորակառոյց շէնքը, եւ զայն օրէ օր աւելի եւ աւելի կատարեալ դարձնել, անհրաժեշտ է եւ իրաւական, որ ամէնէն առաջ իբրեւ լեզու իր պետութեան մէջ իր մայրենի լեզուն գործածէ:

«Երկրագունդիս վրայ ոչ մէկ ազգ կայ, որ անտեսելով իր մայրենի լեզուն իր պետութեան մէջ` ձգտի գործածել իրեն անհարազատ եւ իր ժողովուրդին անհասկնալի մէկ լեզու:

8. Զօրավար Սեպուհ եւ հայերէնի գործածութեան իր հրամանը:

«Արդ, մենք իբրեւ մշակոյթ, սեփական գիր ու գրականութիւն եւ գեղեցիկ լեզուի տէր ազգ մը, մեր պետական կեանքի բաւական երկար ժամանակ ընդհատումէն ետք, երբ վերստին բախտ կ՛ունենանք կազմելու Հայաստանի Հանրապետութիւն անունով պետութիւն, իւրաքանչիւրիս սեփական եւ սրբազան պարտականութիւնն է ամէն ճիգ թափել եւ ամէն հնարաւոր եւ անհրաժեշտ միջոցներն ի գործ դնել` օր առաջ հայացնելու համար մեր պետական ամէն գործառնութիւն, խօսիլ միշտ հայերէն, գրել հայերէն, հրամայել հայերէն, զեկուցել  հայերէն, երգել հայերէն եւ այլն:

«Ուստի, կը հրամայեմ ինծի վստահուած պրիկատայի գունդ բոլոր սպաներուն, գրասենեակային ծառայողներուն եւ զինուորներուն, որ իրենց գործերը վարեն միմիայն հայերէն լեզուով.

«Իմ այս հրամանին չանսացողները պիտի ենթարկուին ամենախիստ պատասխանատուութեան եւ պատիժի:

«Սակայն, նկատի ունենալով ցարդ տիրող պայմանները, իմ գունդի զինուորներուն կու տամ միայն վեց ամիս ժամանակամիջոց, որուն ընթացքին բոլոր գործերը պէտք է հայացուին եւ լաւ հայերէն չգիտցողները հայերէն խօսիլ, գրել եւ կարդալ սորվին: Անոնք, որոնք որոշուած պայմանաժամէն ետք չեն կատարեր իմ այս հրամանը, իրենց պաշտօնէն պիտի հեռացուին:

«Գունդի հրամանատար Սեպուհ

«Շտապի պետի պաշտօնակատար` հարիւրապետ Չիլինկարեան «Ծանօթ. Գունդի գրասենեակային գործառնութիւններուն մէկ մասը արդէն հայերէնով կը կատարուի, մարզանքի լեզուն նաեւ հայերէն է»:

Այժմ իրագործելի է վերեւ նշուած 14. 2. գ.-ի պահանջը: Դժբախտաբար այսօր ալ Հայաստանի զանազան վայրերու մէջ ցուցանակներ կան, օրինակ` բազմաթիւ դեղարաններ, առանց հայերէնի` միայն օտար լեզուով գրուած: Սակայն ոչ միայն պէտք է տուրքի կամ տուգանքի ենթարկել առ որ անկ է, այլ աւելցնել ցուցանակին հայերէն իմաստը` աւելի մեծ տառերով:

Հայաստանի վերանկախացումէն ետք 28 տարի «հայացումի» ՈՐԵՒԷ աշխատանք չկատարուեցաւ` այս պարագային օտար բառերը բառարաններէն վերցնելու, մաքուր, անաղարտ հայերէն խօսելու եւ վերջապէս` հարազատ հայերէնը վերականգնելու` տառեր եւ ուղղագրութիւն:

Հարց կու տամ, թէ պատկառելի թիւով հայրենի լեզուաբանները, կաճառները, հիմնարկները, յանձնաժողովները եւ այլն, յետխորհրդային 28 տարիներուն` 365 օր արդեօք ի՞նչ գործով կը զբաղին: Ո՞վ պիտի վերականգնէ նախախորհրդային արեւելահայերէնը: Ժամանակն է նաեւ, որ այս փոփոխութիւններուն առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նախարարութիւններուն եւ հաստատութիւններուն անուանական լեզուն «հայացուի»` փոխարինելով օտար բառերը հարազատ հայերէնով:

31 յունուար 2019
(Շար. 5 եւ վերջ)

(1) «Աշխատանք» Դ. տարի, թիւ 15 (223), 3 մայիս 1919, Երեւան, խմբագիր` Հմայեակ Մանուկեան, ներքին գործոց նախարարութեան տպարան, էջ 3:
(2)  http://www.aztagdaily.com/archives/425964
(3) «Աշխատանք» Դ. տարի, թիւ 17 (225), 8 մայիս 1919, Երեւան, խմբագիր` Հմայեակ Մանուկեան, ներքին գործոց նախարարութեան տպարան, էջ 2, 3:
(4) «Աշխատանք» Դ. տարի, թիւ 60 (268), 23 օգոստոս 1919, Երեւան, խմբագիր` Հմայեակ Մանուկեան, ներքին գործոց նախարարութեան տպարան, էջ 2:

«ԱԶԴԱԿ»

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started