Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Հայոց Լեզուի Վերականգնումի Աշխատանքներ, Ռուսացումի Քաղաքականութեան Ցարական Տիրապետութենէն Ետք – Դ.

«Հայաստանի Աշխատաւոր» թերթին կողմէ հայերէնը պետական լեզու ճանչնալու արշաւին յատկացուած 27 ապրիլ 1919-ի թիւին մէջ կը շարունակենք կարդալ հետեւեալ երեք կոչ- յայտարարութիւնները` արեւմտահայերէնի վերածուած:

9.- Ստորեւ «Հայացումի կոմիտէ»-ին կոչը. «ԿՈՉ Հայաստանի քաղաքացիներուն» խորագիրով (1), որ նաեւ «Աշխատանք» թերթի 1 մայիս համարին մէջ լոյս տեսած է (2):

«Շուտով կ՛աւարտի մենք մեզի անկախ հռչակելուն եւ մեր երկրին տէրը դառնալուն մէկ տարին: Սակայն այն օրէն մինչեւ այսօր տակաւին մեր պետական, հասարակական հիմնարկութիւնները մեզի համար օտար մնացած են, կարծես անոնք մեր անհարազատ, խորթ որդիները ըլլային:

1. «Հայացումի կոմիտէ»-ին կոչը, «Հայաստանի Աշխատաւոր» 27 ապրիլ 1919:

«Պետական պաշտօնեաները մինչեւ այսօր ալ ո՛չ միայն իրենց ամբողջ գրագրութիւնը ռուսերէն կը կատարեն, այլ նաեւ չեն ընդունիր այն գրութիւնները, որոնք հայերէնով, մեր մայրենի լեզուով գրուած են:

«Սանձարձակութիւնն ու արհամարհանքը մեր տարիներով պայքարած սկզբունքներուն` իրենց չափն ու սահմանը անցուցած են:

«Քաղաքացինե՜ր, պետական ու հասարակական պաշտօնատուներուն մէջ նստած այդ սակաւաթիւ, մատի վրայ համրուող, օտարամոլ պարոնները ձեզ կ՛արհամարհեն, որովհետեւ իրենք չեն փափաքիր քիչ մը աշխատանքով հայերէն սորվիլ: Անոնք տակաւին կը շարունակեն ձեզ արհամարհել ու անգոսնել, որովհետեւ դուք կազմակերպուած չէք, որովհետեւ վարժուած էք անոնց փէշերէն քաշկռտուիլ:

«Քաղաքացինե՜ր, այդ օտարամոլներուն ու հայատեացներուն դէմ կազմակերպուած ու կանոնաւոր պայքա՛ր մղեցէք:

«Ամէն տեղ պետական լեզու՛ն պահանջեցէք:

«Հասարակական հիմնարկութիւններէն դո՛ւրս վտարեցէք անոնք, որոնք պետական լեզուն չեն գիտեր եւ կամ զայն արհամարհելով` ուրիշ լեզուով գրելը ու խօսիլը կը սիրեն:

«Մերժեցէ՛ք, մի՛ ընդունիք, ե՛տ ղրկեցէք այն բոլոր գրութիւնները, որոնք պետական լեզուով գրուած չեն:

«Մի՛ յաճախէք այն խանութները, սրճարաններն ու այլ վայրերը, որոնց ցուցանակներուն վրայ պետական լեզուն տեղ չէ գտած: (Դժբախտաբար եւ ամօթաբար այսօր նաեւ վերանկախացած Հայաստանի մէջ այս ախտին կը հանդիպինք… միայն օտար լեզուով` վաճառատուներու կամ ճաշարաններու ցուցանակներուն):

«Պահանջեցէ՛ք, որ դատարանին մէջ ձեզ լսեն ձեր մայրենի լեզուով:

«Պահանջեցէ՛ք, որ օրէնքներն ու հրամանները անպայման պետական լեզուով  հրատարակուին:

«Քաղաքացինե՜ր, ձեր պահանջը արդարացի է, եւ անոր համար եղէք յամառ, անխնայ ու չներող: Զարկեցէ՛ք, հարուածեցէ՛ք բոլորին, ամէն տեղ ու ամէն պարագային:

«Յանուն «Հայացումի կոմիտէ»-ին, քաղաքացինե՛ր, ձեզի կը դիմենք, ձեզմէ կը պահանջենք եռանդ, (աշխուժ) աշխատանք եւ գործունէութիւն:

«Ի դիմաց «Հայացումի կոմիտէ»-ին`

Քարտուղարութիւն

Երեւան, 18 ապրիլ 1919

10.- Նոյն թիւին մէջ խմբագրութիւնը հետեւեալ «Ազդ»-ը հրատարակած է (1).

«Խմբագրութիւնս այսու կը յայտնէ ի գիտութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնարկութիւններուն եւ գրասենեակներուն, որ սկզբունքով պիտի չընդունին այն գրութիւններն ու հաղորդագրութիւնները, որոնք միայն ռուսերէն գրուած կ՛ըլլան:

«Միայն ռուսերէն յայտարարութիւնները կ՛ընդունուին, պայմանաւ, որ (անոր կից) տպագրուին նաեւ հայերէն (թարգմանութիւնը): Թարգմանութիւնը կրնայ խմբագրութիւնս յանձն առնել` (իւրաքանչիւր) տողին 1 ռուբլի վճարելով:

Խմբագրութիւն «Հայաստանի Աշխատաւոր»-ի

2. Վահան Խորէնի` (Տէր Գէորգեան) «Հայաստանի Աշխատաւոր»-ի խմբագիրը: 3. «Ազդ»-ը:

11.- Մամուլի կողմէ յաջորդ նշումին կը հանդիպինք «Աշխատանք» թերթի 1, 3, եւ 6 մայիս 1919-ի համարներուն առաջին էջին մէջ` իբրեւ որոշում-յայտարարութիւն (2), (3), (4), որով Երեւանի քաղաքապետութիւնը լեզուի հետեւեալ օրէնքը կը յայտարարէ «Գրեցէք հայերէն» խորագիրով.

«Քաղաքային խորհուրդի 19 փետրուար 1919-ի որոշումին համաձայն, ինքնավարութեան գործավարութիւնը մէկ տարուան ընթացքին հայերէնի պիտի վերածուի: Վերոնշեալը նկատի առնելով` քաղաքային վարչութիւնը ի գիտութիւն քաղաքացիներուն կը յայտարարէ, որ այսուհետեւ վարչութեան ուղարկուելիք բոլոր գրութիւնները պէտք է հայերէն գրուած ըլլան:

«Ռուսերէն կրնան դիմել միայն անոնք, որոնք հայերէն չեն գիտեր:

«Առիթէն օգտուելով` կը յայտնենք նաեւ, որ գրութիւնները պէտք է պարզ եւ կարճ ըլլան:

«Քաղաքային վարչութիւն»:

4. Երեւանի քաղաքապետոթեան կոչը՝ «Գրեցէք հայերէն» առաջին էջին կեդրոնը:

12.- «Աշխատանք» թերթը 1 մայիս 1919-ին իր կարգին «Օրուան նոթեր» բաժինին տակ, Լիպարիտ Աւետիսեանի «Լեզու» խորագիրով հետեւեալ յօդուածը տպած է (2).

«Յայտնի է, որ ռուսերը Կովկաս բերին կարգ մը քաղաքակրթական բարիքներ, ինչպէս, օրինակ, շինելը (վերարկուի տեսակ), բորշը (ապուր), երեք բառով քուֆրը (հայհոյանք) եւ այլն: Սակայն հագուստը, կերակուրը կամ ազգային հայհոյանքը ժողովուրդ մը ապազգայանացնելու, ձուլելու եւ կորսնցնելու համար այդպիսի պարագաներ չեն,  ինչպէս լեզուն, որ այսօր աւելի անուշ եւ գրաւիչ դարձած է Հայաստանի ժամանակաւոր մայրաքաղաքին` Երեւանի մէջ, քան` Նիկոլայ արքային օրօք:

«Ասիկա, սակայն, ճշմարտութեան կէսն է: Ապազգայնացումի վտանգին խորութիւնը այր մարդոց օտարախօսութեան մէջ չի կայանար, այլ` կիներու եւ աղջիկներու, որոնք անարժանաբար աղբիւր կը հանդիսանան ընտանիքին եւ մանուկ սերունդին դաստիարակութեան:

«Այս ուղղութեամբ եթէ ես փորձեմ խրատներ ու խորհուրդներ տալ, անտեղի պիտի ըլլայ, քանի որ զիս շովինիստ (ազգայնամոլ) նասիոնալիստ (ազգայնական) եւ ալ չեմ գիտեր, ինչ պիտի անուանեն: Ասոր համար կ՛ուզեմ օտարի մը, այն ալ սոսիալիստ (ընկերվարական) մարդու մը խօսքերը արձանագրել:

5. «Աշխատանք» թերթի 1 մայիս 1919-ի Լիպարիտ Աւետիսեանի «Լեզու» յօդուածը:

6. Ռուսական շինելը: 7. Յատկապէս կաղամբով պատրաստուած բորշ ապուրը:

«Ռումանիոյ ընկերվարականներու պարագլուխ եւ խորհրդարանի միակ ընկերվարական անդամ Կոնստանդին Միլլէ 1913-ին, երբ ռումանացիներուն բարձր ու միջին դասակարգերը վարակուեցան ֆրանսախօսութեամբ, մամուլի եւ այլ հոսանքներու խելայեղ իրարանցումին մէջ միջազգայնականին անդամը Պուքարէշի (խորհրդարանին) մէջ ի նպաստ մայրենի լեզուին ճառ մը արտասանեց, որուն մէջ կ՛ըսէ.

«Անառակ կիներն իսկ թող իրենց անպատիւ առեւտուրը մայրենի լեզուով կատարեն. ատիկա կը թեթեւցնէ անոնց յանցանքին ծանրութիւնը»:

«Սակայն մեր քաղքենի տիկիններն ու օրիորդները իրենց բոլոր գործերը ռուսերէնով կը կատարեն»:

Լիպարիտ Աւետիսեան»

13.- Նոյն թիւին մէջ մեր նիւթին անուղղակի առնչակից` «Ֆրանսացիները հայերէն կը սորվին» խորագիրով հետեւեալ լրատուութիւնը գրուած է.

«Հայկական լեգէոնին մէջ պաշտօնավարող ֆրանսացի զինուորականներուն նախապէս իրենց հրամանատարներուն կողմէ թելադրուած էր հայերէն գրել ու (կարդալ) սորվիլ:

8. Ֆրանսացիները հայերէն կը սորվին: 9. «Աշխատանք»-ի խմբագիր Հմայեակ Մանուկեան:

«Արդէն քանի մը անգամ պ. Պրեմոն, որ սկսած էր հայերէն սորվիլ, իր բանախօսութիւններուն (մէջ) ֆրանսացի պաշտօնեաներուն համար հայերէն սորվիլը անհրաժեշտութիւն ըլլալը բացատրած եւ հասկցուցած էր: Այս անգամ Կիլիկիոյ կուսակալին հրամանը պաշտօնապէս կը հրաւիրէ ֆրանսացի զինուորականները, որ սկսին հայերէն սորվիլ:

«Երէկ այդ նպատակին համար Եգիպտոս յանձնարարուած (ապսպրուած)` ֆրանսերէնով հայերէն սորվելու յատուկ դասագիրքերը հասան Եգիպտոսէն, տեղւոյն հայ լեզուի տարածման փրոփաքանտի (քարոզչութեան) միութենէն: Շուտով առանձին դասընթացքներ ալ պիտի բացուին (կազմակերպուին)»:

Ահա ֆրանսացիները հայերէն կը սորվին Կիլիկիոյ հայ ժողովուրդին հաղորդակից դառնալու համար, անդին` հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչներէն երեսփոխան Ստեփան Մամիկոնեանը, հակառակ անոր որ հայերէն գիտէ, նեցուկ ունենալով իր կուսակիցները` կը մերժէ  հայ խորհրդարանին մէջ հայերէն խօսիլ… (5)

Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր հեռատեսիլի հաղորդումներուն ընթացքին յաճախ ականատես կ՛ըլլանք օտար լեզուով խօսող հայաստանաբնակ մասնագէտներու, որոնք դժբախտաբար գոնէ 28 տարի է ճիգ չեն թափած մայրենի լեզուն սորվելու:

27 յունուար 2019
Շար. 4

(1).- «Հայաստանի Աշխատաւոր» Գ. տարի թիւ 47, 27 ապրիլ 1919, Երեւան, խմբագիր` Վ. (Վահան) Խորէնի (Տէր Գէորգեան 1884-1920), էջ 1, 2, 3:

(2).- «Աշխատանք» Դ. տարի, թիւ 14 (222), 1 մայիս 1919, Երեւան, Խմբագիր` Հմայեակ Մանուկեան, Ներքին գործոց նախարարութեան տպարան, Էջ 1, 2, 3:

(3).- Նոյնը թիւ 15 (223), 3 մայիս 1919, էջ 1:

(4).- Նոյնը թիւ 16 (224), 6 մայիս 1919, էջ 1:

(5) http://www.aztagdaily.com/archives/424601

«ԱԶԴԱԿ»

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started