Նամակ` Մամլոյ Լսարան Թիւ 153-ի Առիթով

Յարգելի՛ խմբագրութիւն «Ազդակ»-ի,

1. Ձախէն՝ դոկտ. Արա Սանճեան, դոկտ. Ժան Կէօքճեան եւ դոկտ. Վիգէն Չթըրեան:

6 յունիս 2019-ի երեկոյեան մամլոյ լսարան թիւ 153-ին, որուն նիւթն էր` «Սեւրի համաձայնագիրի 100-ամեակին ընդառաջ.  սահմաններ` Սեւրէն առաջ եւ ետք. Հայաստան եւ Միջին Արեւելք», ներկայ գտնուելով, հետեւեալ նկատողութիւնները եւ տպաւորութիւնները կը ներկայացնեմ.

1.- 10 օգոստոս 1920-ին Ֆրանսայի Սեւր քաղաքի յախճապակիի գործարանի մը ցուցասրահին մէջ ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը եւ ո՛չ թէ` համաձայնագիրը: Դաշնագիրները միջազգային իրաւական յատուկ դասի կը պատկանին: Պէտք է բանը իր անունով կոչել:

2.- Աւետիս Ահարոնեան իր հեռագիրին մէջ կը գրէ. «Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը նուիրագործող դաշնագիրը այսօր` օգոստոս 10-ին ստորագրեցի Սեւրի մէջ, դաշնակիցներուն հետ միասին…»: 1920-ի ղեկավարութիւնը եւ մամուլը Սեւրի դաշնագիրը կոչեցին «Միացեալ Հայաստան»-ի ստեղծումը, որուն անդրադարձ չկատարուեցաւ:

3.- Նպատակայարմար էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ստորագրութիւնը եւ նախագահական կնիքը կրող քարտէսը նաեւ ցուցադրուէր միւս քարտէսներուն կողքին, քանի որ իրաւարարական այդ վճիռը ցարդ ի զօրու է եւ, ըստ Ամերիկայի սահմանադրութեան, օրէնքի ուժ ունի (law of the land): Այս մէկը չնշուեցաւ (1), (2), (3), (4), (5), (6):

4.- 29 յունուար 2015-ին գոյացած Համահայկական հռչակագիրին վերջին պարբերութեան մէջ տեղ գտած` «…ինչպէս նաեւ 1920 թուականի օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի եւ 1920 թուականի նոյեմբերի 22-ի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման հարցում…» նաեւ չնշուեցաւ:

Հետեւաբար, այժմ միայն ՀՅԴ-ի օրակարգին վրայ չէ Սեւրի դաշնագիրի գործադրութեան հետապնդումը, ինչպէս դասախօսը նշեց, այլ համահայկական է:

5.- Լսարանին երկու շատ ընդարձակ նիւթերը մէկ երեկոյի մը նիստին մէջ տեղաւորելը եւ իւրաքանչիւր նիւթին միա՛յն 20 վայրկեան յատկացնելը արդար չէր ո՛չ նիւթերուն լուսաբանութեանը համար եւ ո՛չ ալ դասախօսներուն, որոնք ստիպուեցան, կարծես, «հրմշտուքով» ներկայացնել նիւթերը: Կ՛արժէր իւրաքանչիւր նիւթին տարբեր լսարաններ յատկացնել:

6.- Լսարանին ներկաները հետաքրքրուած ըլլալով երկու նիւթերով` պէտք էր որոշ չափով լուսաբանուած դուրս գային սրահէն, որուն լուծումն էր լայն ժամանակ տրամադրել անոնց հարցումներուն եւ պատասխաններուն: Սակայն, կարծես, այս բաժինն ալ հապճեպով կատարուեցաւ, եւ ո՛չ հարցնողները գոհացան, յատկապէս` վերջին հարցումին պարագային, ո՛չ ալ դասախօսները ժամանակ ունեցան լուսաբանելու:

7.- Ներկաներէն մէկուն արդարացի հաստատումին, որ Լոզանի դաշնագիրը չփոխարինեց Սեւրի դաշնագիրը, գոհացուցիչ լուսաբանութիւն չտրուեցաւ:

8.- Հետաքրքրուողներուն եւ դոկտ. Սանճեանին ուշադրութեան կ’ուզեմ յանձնել 1918-1920 Հայաստանի հաղորդակցութեան պայմանները.

ա.- Արտաքին աշխարհին հետ հեռաձայնային կապ չկար:

բ.- Արտաքին աշխարհին հետ միակ կապը հեռագիրն էր, որ Վրաստանէն կ՛անցնէր եւ յաճախ դիտումնաւոր կերպով կ՛ընդհատուէր. օրուան մամուլին մէջ վերջին էջին յատակը «Հեռագրեր» գլխուն տակ յաճախ կը հանդիպինք «հեռագրական ծառայութիւնը երէկ ընդհատուած էր» գրութեան:

գ.- Նամակագրական ծառայութիւնը նաեւ Վրաստանի միջոցով կը կատարուէր:

դ.- Դէպի արտասահման ճամբորդութիւնը կրկին Վրաստանի վրայով կը կատարուէր, եւ Երեւանէն մինչեւ Սեւր հասնիլը` շոգեկառք, նաւ կրկին շոգեկառք, օրեր կը տեւէր: Ուստի եթէ նոյն օրերուն Հայաստանի մէջ դիւանագիտական այլ հանդիպումներ եւ համաձայնութիւններ տեղի կ՛ունենային, բնական պէտք է համարել:

Ճիշդ է, որ նոյն օրը 10 օգոստոս 1920-ին Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Արշակ Ջամալեան եւ Արտաշէս Բաբալեան ու խորհրդային Ռուսիոյ կողմէ Պորիս Լեգրան հաշտութեան համաձայնագիր ստորագրեցին, որ սակայն Սեւրի նման միջազգային կշիռ չունէր, կարելի չէ համահաւասար եւ հակասական համարել երկուքը: Միւս կողմէ, եթէ Անգլիան ու Ֆրանսան դժգոհեցան Թիֆլիսի այս համաձայնագիրէն, պատճառը իրե՛նք իսկ էին, յատկապէս` Անգլիան, որ Հայաստանին օգնութեան չհասաւ եւ նո՛յնիսկ խոչընդոտեց սովահար Հայաստանին Ամերիկայէն նպաստ հայցելու պատուիրակութեան ճամբորդութիւնը դէպի Ամերիկա:

ե.- Փաստօրէն Սեւրի դաշնագիրին ստորագրութեան լուրը երեք կայանէ անցաւ: Սեւրէն Պոլսոյ հայկական դեսպանատուն, ուրկէ Վրաստանի հայկական դեսպանատուն եւ վերջապէս` Երեւան, (տես 7):

Որպէս եզրակացութիւն` այս լսարանէն կարելի չեղաւ նուազագոյն աստիճանի բաւարարում ստանալ, այն ալ` մի՛այն ժամանակի անբաւարարութեան պատճառով: Սեւրի դաշնագիրին նման նիւթեր, որոնք տարիներու ընթացքին սխալ կամ գիտական-առարկայական կերպով չեն մեկնաբանուած, կ՛արժէ միօրեայ կամ կէսօրեայ խորհրդաժողովներով քննարկումներ կատարել` զանազան տեսակէտ ունեցողներու մասնակցութեամբ:

Յարգանօք
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

7 յունիս 2019

(1)  http://www.aztagdaily.com/archives/412354 «Հայաստանի Հանրապետութիւն` 100-ամեակ Հանրապետութեան կերտումը եւ իրաւական քարտէսները»:

(2)  http://www.aztagdaily.com/archives/315557 «Սեւրի դաշնագիրը եւ «Հայաստանի հովանաւորութիւնը»:

(3) http://www.aztagdaily.com/archives/359654  «Սեւրի դաշնագիրը եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» եւ «Հարպորտ առաքելութիւն»-ները – Ա.»:

(4) http://www.aztagdaily.com/archives/359818 «Սեւրի դաշնագիրը եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» եւ «Հարպորտ» առաքելութիւնները – Բ.»:

(5) http://www.aztagdaily.com/archives/400768  «Զօրավար Հարպորտի այցելութիւնը Հայաստան 1919-ին (հաղորդագրութիւն` Հայ հեռագրական գործակալութեան)»:

(6)  http://www.aztagdaily.com/archives/404804 «Ակնարկ. Սեւրի դաշնագիրը եւ Ամերիկան»:

(7)  http://www.aztagdaily.com/archives/407575 «Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան լուրը ինչպէ՞ս կը հասնի Հայաստան եւ` Պոլսոյ համազգային ժողովին ողջոյնը»:

«ԱԶԴԱԿ»

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started