Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Լուսարձակ՝ Սուրիոյ Հայերը Եւ Յորդանանի Հայերը Գիրքերուն Վրայ

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած վերոնշեալ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:

Կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց կեդրոնի գոյառումին, գործունէութեան եւ իրագործումներուն սատարած բարերար Երջօ Սամուէլեանին, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան, միւս բարերարներուն, եւ վերջին տարիներուն կեդրոնի եւ գիտաժողովներու ամբողջ նիւթական պարտաւորութիւնները ստանձնած Հայկազեան համալսարանին, բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին եւ մասնակցեցան կեդրոնի անցնող ութ տարիներուն կազմակերպած 11 գիտաժողովներուն: Դոկտ. Տագէսեան ընդգծեց, որ Սուրիոյ եւ Յորդանանի հայերուն նուիրուած զոյգ հատորները «կու գան յաւելեալ դիմագիծ, խորք եւ ինքնութիւն տալու զոյգ հայօճախներուն»:

1. Ձախէն՝ վեր. Հրայր Չոլաքեան, դոկտ. Անդրանիկ Տաքէսեան, Յարութ Չէքիճեան, դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, Ռոզէթ Ալէմեան-Մահսէրէճեան եւ Արտա Էքմէքճի:

Սուրիոյ հատորը ներկայացուց Ռոզէթ Ալէմեան-Մահսէրէճեան: Ան վերյիշեց 2015ի օրերը, երբ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակն էր, սուրիահայութիւնը «իր գոյութեան հարցը կը դիմակայէր», իսկ Հայկազեան համալսարանին մէջ Սուրիոյ հայերուն մասին գիտաժողով կազմակերպուած էր: Մահսէրէճեան համառօտ կերպով ներկայացուց գիտաժողովին արծարծած բազմաբնոյթ նիւթերը, եւ ընդգծեց, թէ «փաստագրական եւ վիճակագրական տուեալներով ամրագրուած, օտար եւ հայ պատմագէտներու, մասնագէտներու, գաղութի երէց թէ կրտսեր մտաւորականներու կողմէ ներկայացուած 38 զեկոյցները խանդավառութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ ընդունուեցան»: Ալէմեան գիրքը նկատեց «փոքր հանրագիտարան» մը, իսկ գիտաժողովին օրերուն տեղի ունեցած զանազան ձեռնարկներու ամբողջութիւնը համարեց «մշակութային փառատօն» եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց պատկան մարմիններուն նուիրեալ աշխատանքին:

Յորդանանի հատորը ներկայացուց շուրջ տասնամեակ մը Յորդանան գործուղուած Յարութ Չէքիճեան, որ «ողջունելի եւ թանկարժէք իրագործում» նկատեց «այս գիտաժողովներու շարքը եւ բովանդակութեան հրատարակութիւնը, որ իբրեւ հիմնաքար կը ծառայէ աւելի խորունկ հետազօտութեան»: Չէքիճեան «գնահատանքի արժանի» նկատեց Հայկազեան համալսարանը եւ Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը, «որոնք ձեռնարկած են վաւերագրական հսկայ այս աշխատանքին»: Մատնանշելով որ գիտաժողովին նիւթերուն մեծամասնութիւնը կը ներկայացնէ քսաներորդ դարու Յորդանանի հայերուն մասին ուսումնասիրութիւններ, ան համառօտ կերպով ներկայացուց 520 էջնոց հատորին մէջ տեղ գտած իւրաքանչիւր ուսումնասիրութիւն:

smartcapture

Ձեռնարկին փակումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան: Ան նշեց հատորներուն ընդմէջէն «մեծ թիւով աշխատակցողներու բերած նպաստը Սփիւռքի պատմութեան», շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ ընդգծելով, «Անշուշտ անմիջապէս վաղը, կամ երէկ, կը սկսի աշխատանքը «Իրաքի Հայերը», «Եգիպտոս-Սուտան-Եթովպիոյ Հայերը», նաեւ «Կիպրոս-Յունաստանի Հայերը» հատորներու հրատարակութեան եւ Մայիս 2020ին տեղի ունենալիք Ծոցի արաբական երկիրներու հայերը գիտաժողովին պատրաստութեան»:

«Պատմութիւնը միայն փորձառութիւն եւ զարգացում չէ: Պատմութիւնը նաեւ պատմութիւն է, երբ օժտուած է վկայութեամբ, թիւով, պատկերով ու գիրով: Սուրիոյ գիրքին պարագային, անիկա արձանագրուեցաւ, երբ տակաւին ընթացքի մէջ էին հսկայական շարժումերն ու ցնցումները: Իսկ Յորդանանի գիրքին պարագային, շեշտը աւելի պատմագրութիւն կամ պատմահաւաք էր», շեշտեց վեր. Հայտոսթեան՝ աւելցնելով. «Երկիրներու եւ ժողովուրդներու պատմութիւնը փոփոխական է, շարժուն: Ժամանակը կանգ չ՛առներ…: Պատմութեան արձանագրութիւնը, անոր վերաքաղը, սակայն, դադարի առիթ է՝ վերլուծելու, արժեւորելու: Մեր պարտականութիւնն է, նաեւ քաղել Սփիւռքի պատմութեան իմաստը վաղուան համար, քննել հայկական գաղութները եւ հում նիւթ հայթայթել յաւելեալ ուսումնասիրութիւններու համար»:

Ան իր խօսքը փակեց շնորհաւորելով բոլորը, օրուան զեկուցաբերները, գիտաժողովներուն մասնակցողները եւ «մաղթելով աշխուժ ընթացք մեր կեդրոնին»:

Ձեռնարկին աւարտին, ներկաները նուէր ստացան կեդրոնի հրատարակած Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Յորդանանի գիտաժողովներու հատորներէն:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started