Թրամփ Գուշակեց Իրանի Վրայ Յարձակումը 2011-ին Կը Յիշեցնէ «Տը Տէյլի Շօ»-ի Երգիծաբան Թրեւըր Նոա

Այս առաւօտ Վարդանը «ուաթսափ»-ով տեսերիզ մը ղրկեց. կ՛արժէ, որ ամբողջ աշխարհը դիտէ զայն, մանաւանդ նոյնինքը` նախագահ Տոնալտ Թրամփ: Ամերիկեան երգիծական «Քոմետի Սենթրըլ» կայանի յայտագիրներէն «Տը տէյլի շօ»-ի հաղորդավար Թրեւըր Նոա իր 7 յունուար 2020-ի յայտագիրը յատկացուցած էր 2 յունուարին նախագահ Թրամփի հրահանգած Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» փաղանգի հրամանատար Քասեմ Սիւլէյմանիի ահաբեկումին` սպանութեան (1): Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ յայտագիրին վերջին մասը:

1. Թրեւըր Նոա կը ներկայացնէ յայտագիրը եւ 2. կը մէջբերէ 16 նոյեմբեր 2011-ին, պարզ քաղաքացի Թրամփի ելոյթը:

Եղելութիւնը ներկայացնելէ ետք Թրեւըր կ՛ըսէ. «Ուրեմն չենք գիտեր, թէ հիմա ի՛նչ պիտի պատահի: Սակայն բոլորին միտքին մէջ այս հարցումը կայ. «Ինչո՞ւ Տոնալտ Թրամփ խնդիրը այս վիճակին հասցուց, ինչո՞ւ այսպիսի վտանգաւոր քայլի դիմեց եւ ինչո՞ւ հի՛մա` ոեւէ մէկը չի գիտեր: Սակայն մէկ մարդ, իմաստուն անձնաւորութիւն մը կրցաւ 2011-ին կանխագուշակել, թէ ինչո՛ւ այս յարձակումը պիտի պատահի»: Այս պահուն պաստառին վրայ կ՛երեւի 2011-ին պարզ քաղաքացի Թրամփի նոյեմբեր 16-ի ելոյթը, ուր ան կ՛ըսէ.

«Մեր նախագահը Իրանին հետ պատերազմ մը պիտի սկսի, քանի որ ան բացարձակապէս բանակցելու կարողութւին չունի, ան տկար է եւ անազդեցիկ: Ուրեմն միակ միջոցը, որ ան կը խորհի, թէ կրնայ վերընտրուիլ, ես վստահ եմ, որ ան Իրանի հետ պատերազմ պիտի սկսի ընտրութիւններէն ժամանակ մը առաջ, քանի որ ան կը հաւատայ, որ այդ միակ միջոցն է, որուն շնորհիւ կրնայ վերընտրուիլ… Խղճալի չէ՞»:

Մեկնաբանութեան չի կարօտիր այս ողբերգութիւնը, անպայման դիտեցէք ստորեւ կապը նշուած այս յայտագիրը:

8 յունուար 2020

(1)  https://www.youtube.com/watch?v=SXARDOeSDyg

«ԱԶԴԱԿ»

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started