Մելիս Պապաեանի Այգին, Սահմանամերձ Այգեձոր Գիւղին Մէջ Այսօր

Մինչ ազերին քանի մը օր է, որ կը ռմբակոծէ Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերու բնակավայրերը՝ Մելիս պապը իր դրախտավայրը կը խնամէ: Մարիաննա Փայտեան Մելիս պապին այցելելէ ետք, 15 յուլիս 2020-ին «Արմենիա Սփութնիք»-ին մէջ  գրած է. «Ամենաֆանտաստիկ երազում չէի տեսնի, որ նախագահը հիւր կու գայ, կամ՝ հարաւ ամերիկեան այգի Տաւուշի մէջ» (1) խորագիրով յօդուածը: Մելիս Պապաեանի Երեւանէն 228 քմ հիւսիս արեւելք եւ ծովու մակերեսէն 780 մեթր բարձր՝ Այգեձորի հիանալի այգիին մասին է, որ լաւատեսութիւն կը սփռէ եւ արժանի է վարակի՛չ դառնալու բոլորին, թէ՝ Հայաստանի մէջ կարելի է «տաք» երկիրներու բոյսեր աճեցնել, նոյնի՛սկ թշնամիին կրակոցին տակ: Տեսանիւթը՝ այստեղ (2): Ստորեւ քաղուածքներ՝ արեւմտահայերէն (լուսանկարները Մելիս Պապաեանը տրամադրած է):

1. Մելիս Պապաեան իր տարաշխարհիկ այգիին մէջ արեւելքը (կարմիր փուչիկ):  2.Այգեձոր, Հայաստանի հիւսիս արեւելքը:

«Սահմանամերձ Այգեձոր գիւղին մէջ 79-ամեայ Մելիս պապիկը իր ձեռքերով դրախտային, տարաշխարհիկ այգի ստեղծած է, որ տեսնելու համար Երեւանէն Շամշատին հասած է նոյնիսկ երկրի նախագահ Արմէն Սարգսեանը։ Քանի մը մեթր հասակով փարթամ արմաւենիներ, երկու հարիւրէ աւելի դափնիի ծառեր, հսկայական ագավաներ, մուշմուլայի, աւկատանձի (avocado*) ծառեր, քիուիի (kiwi*) սարփինաներ՝ արիշներ, պանանենիներ ու այլ տեսակի՝ մեզի համար անսովոր ծառեր։ Կը զարմանաք, բայց այս շամշատինցի Մելիս Պապաեանի այգին է։

«Եթէ որոշէք ձեր ընկերներէն մէկուն անսովոր անակնկալ ընել, կրնաք անոր աչքերը փակել ու Մելիս պապի այգին տանիլ։ Ան զարմանքէն քար կը կոտրի՝ ինչպէ՞ս կարելի էր Երեւանէն ինքնաշարժով երեք ու կէս ժամէն Ափրիկէ կամ Հարաւային Ամերիկա հասնիլ։ Շամշատինի Այգեձոր գիւղը երկրի վրայի դրախտի հասցէն է։

«Սովորական թոշակառու եմ, այգեպան եմ ու մեղու եմ պահում»,- ինքն իր մասին համեստօրէն կ՛ըսէ պապիկը եւ կ՛աւելցնէ, որ իր մեծ երազանքն էր այգիին մէջ այնպիսի ծառեր աճեցնել, որ ամբողջ տարին կանաչ ըլլայ։ Հիմա իր դրախտային այգիին մէջ 2 հարիւրէն աւելի (մշտադալար*) դափնիներ կ՛աճին։ «Մի փոքր խենթութիւն է. բիձեքն (հօրեղբայրներ*) էլ կարող են խենթ լինել»,- կը կատակէ Մելիս պապը եւ կը շարունակէ պատմել, թէ ինչպէս շամշատինեան կտոր մը հողը հարաւ ամերիկեան տեսք ունեցաւ։

«Քանի որ ամէն տարի Մելիս պապիկը ծովեզերեայ արձակուրդի կը մեկնէր եւ վերադարձին իր հետ տարբեր տարաշխարհիկ բոյսերու տունկեր կը բերէր։ Քիուին Այգեձորի մէջ «իրեն գտաւ», կ՛ըսէ՝ անցեալ տարի 40-45 քկ բերք տուած է, որ թէ՛ իրենց ընտանիքին պահանջքը բաւարարած է, եւ թէ՛ ալ վաճառած են։

Ըստ Մելիս պապին՝ հայկական Քիուին շուկային մէջ շատ աւելի «յարգուած է», քան՝ ներածուողը։ Ամենէն շատ զարմացած է, երբ տնկուած պանանենիները ծաղկած եւ պտուղ տուած են։ Պանանները փոքր են, բայց համով, շուկային մէջ վաճառուողին չեն զիջիր։ Խուրձ մը պանան ալ անցեալ տարի քաղած ու իր տունը հիւր եկած ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին նուիրած է։

«Օր մը զանգ մը ստացայ, ըսին, թէ նախագահին գրասենեակէն կը խօսին եւ, թէ՝ վաղը նախագահը մեր տունը պիտի գայ, այգիս տեսնելու»,- իր պատմութիւնը կը սկսի Մելիս պապը, աւելցնելով, որ «այդ ժամանակ շինարարութիւն կ՛ընէինք, տարածքը քիչ մը թափթփած էր։ Չէ՛ որ նախագահը ամէն օր քու տունդ չի գար»։ Ամբողջ գիշերը Մելիս պապը եւ տիկինը՝ Մելանիան, չի քնացան, որ հաւաքեն, կարգի դնեն ամէն ինչ։ Ու իսկապէս՝ յաջորդ օրը նախագահը եկաւ։ Ոչ թէ գիւղ եկած էր այցի եւ այդ ընթացքին Մելիս պապին տունը եկած, այլ՝ իսկոյն Մելիս պապին (3)։

5. Պանանենիներ:                                                      6. Արմաւենի:

«ՀՀ նախագահն ու Տաւուշի մարզպետը հիւր եկած են Մելիս Պապաեանին.

«Ես ալ զարմացած էի։ Չէի հասկնար, թէ ուրկէ իմացած են իմ եւ այգիիս մասին։ Իրեն ալ ըսի, որ իմ ամենէն երեւակայական երազիս մէջ չէի պատկերացներ (այս այցելութիւնը*)։ Յետոյ թղթակիցներ ալ եկան, նախագահին այցին մասին հարցուցին, ես ալ ըսի.«բիձա (հօրեղբայր*) մը երկու ստից ծառ է դրել, այդքան բան»։

7. Նախագահ Սարգսեան Մելիս եւ Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չոպանեան:  8. Մելիս եւ ընտանիքը:

«Մելիս պապը կ՛ըսէ, որ նախագահը շուրջ երկու ժամ իրենց տունը մնաց, որուն գրեթէ մէկ ժամը սեղանին շուրջ»։

«Իրար կը գովէինք»,- կարճ ու յստակ՝ իրենց զրոյցը կը բնութագրէ Մելիս պապը եւ չի մոռնար աւելցնելու, թէ՝ նախագահը իր վրայ ինչքա~ն լաւ տպաւորութիւն ձգած է:

Կրկին կը կրակեն

«Տեսակ մը բթացած ենք, կրակոցի ձայնը կարծես թէ սովորական ըլլայ։ Կը լսենք ա՛յն ատեն, եթէ այլ տեսակի զէնքէ կրակեն, կամ ալ շատ կրակեն»,- վերջին օրերու կրակոցներուն մասին կը պատմէ Մելիս պապը։

Ձեր տունն ու այգին սահմանէն հեռո՞ւ են հարցումիս ի պատասխան Մելիս պապը կը ծիծաղի՝ Շամշատինի սահմանամերձ գիւղերուն սահմանէն հեռու կամ ապահով դիրքով տուն չկայ։ Նոյնիսկ երբեմնի շրջանային կեդրոն Բերդն ալ ապահով չէ։ Կը յիշէ 1993-1994 տարիները։ Այդ տարիներուն իրենք Բերդի բնակելի շէնքերէն մեկուն մէջ կ՛ապրէին։ Կրատը (ռումբի տեսակ*) երկու անգամ ուղղակի իրենց շէնքը հարուածած է։

«Հետքերը հիմա ալ կան, դիմացի կառատան ինքնաշարժները մաղի նման դարձան։ Երբ խփէին, ամբողջ շէնքը ծուխով կը լեցուէր, կը խեղդուէինք, բաղնիքներուն մէջ կ՛ապաստանէինք, յետոյ երեսնիս պնդացած դուրս կու գայինք»,- կը յիշէ պապը։

9. Հայաստանի մէջ պանան կը բուսնի՛ նաեւ,  10. Քիուիի սարփինա՝ արիշ:

Երբ նոր տուն տեղափոխուեցան, առաջին գործերէն մէկը եղաւ «բունկերի» (bunker, ապահով թաքստոց*) կառուցումը։ Հաստ պատերով կրաձոյլէ կառոյց մը, տանիքին վրայ ալ այնքան հող լեցուցած են, որ այնտեղ վարդակակաչներ կ՛աճին։ Երկաթէ նեղ դուռ դրած են, որ եթէ կրատը ուղղակի առջեւն իսկ պայթի, ներսը գտնուողները չվնասուին։ Հպարտութեամբ կ՛ըսէ՝ մի՛այն օդանաւէն հարուածը կրնայ ազդել։ Առայժմ իբրեւ պահեստ կ՛օգտագործեն եւ Աստուծոյ կ՛աղօթեն, որ անհրաժեշտ չըլլայ «բունկերը» այլ նպատակով օգտագործել՝ քան տանձ ու խնձոր մթերելէ։

Աշխարհի կեդրոնը Այգեձորն է

Երեւանի մէջ ալ տուն ունին։ Ուսանող թոռնիկները այնտեղ կ՛ապրին, ինքն ալ կ՛երթայ, կու գայ։ Հարեւանները կը սպասեն Մելիս պապի գալուն, որ շախմատային խաղը շարունակեն, այսքան տարի ետք ալ՝ առիթը չեն փախցներ ողջ մնացած դասընկերներով հանդիպելու համար։

«Կ՛ըսեն, թէ՝ երեխայի բնաւորութիւն ձեռք բերած եմ։ Իսկոյն հիմա, ես այդպէս եմ։ Կը կրակեն, չեն կրակեր, կապ չունի՝ տունս Այգեձորի մէջ է, ինչպէս բոլորը, այնպէս ալ՝ մենք»,- կ՛ըսէ պապը ու կը խնդրէ խօսքերը ճիշդ հասկնալ, բարձրագոչ չհամարել։ Կ՛ըսէ՝ այն, ինչ որ ինքը կը զգայ, արտերկրի մէջ ապրող հայերուն բնորոշ է, որ կը կարօտնան իրենց տունն ու տեղը։ Իսկ ինքը գիւղին մէջ ապրելով՝ շրջապատէն չի կշտանար։

«Մէկ-մէկ կ՛ըսեն, թէ՝ հեռու կ՛ապրիք եւ ես անոնց կ՛ըսեմ, թէ՝ դուք հեռու էք, մենք հեռու չենք։ Այս ալ իմ աշխարհիս կեդրոնն է»։

Զրոյցի աւարտին կ՛առաջարկէ վաղը առաւօտեան 9:15-ին տեղի քահանայ Տէր Աբելի դիմատետրի ուղիղ եթերին միանալ։ Կ՛ըսէ թէ՝ ամէն առաւօտ կ՛աղօթեն աշխարհի ու Հայաստանի խաղաղութեան համար։ Իրենց՝ երկինք ուղարկուող աղօթքի ձայնը աւելի բարձր է, քան սահմանի միւս կողմէն լսուող կրակոցները»։

Պիտի եզրակացնեմ, որ Մելիս պապը իսկակա՛ն հայ մարդու օրինակ մըն է, իր անկարելի թուող պարտէզով, աշխատանքով եւ անվախ՝ կեանքը շարունակելու անկոտրում կամքով, որ օրինակ պէտք է դառնայ բոլոր անոնց, որոնք կ՛ըսեն, թէ պանան, աւկատանձ, քիուի եւ այլն չաճիր Հայաստանի մէջ: Անկարելի բան չկայ Մելիս պապին նմաններուն:

16 յուլիս 2020

* Լուսաբանութիւնները իմս:

(1)  https://armeniasputnik.am/columnists/20200715/23725535/amenafantastik-erazum-chei-tesni-vor-naxagahy-hyur-kga-kam-haravamerikyan-aygi-tavushum.html

(2)  https://www.youtube.com/watch?v=k8PbDR1w70A

(3)  https://www.youtube.com/watch?v=BMt5tP7NeU4

«ԱԶԴԱԿ»

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started