Արեւմտահայերէնը` Թուայնացած. Համակարգիչը Եւ Հայերէնը «Ազդակ»-ի 41-րդ Լսարանին Առիթով

Հինգ տարիներ առաջ՝ 6 օգոստոս 2016-ին «Արեւմտահայերէնը՝ Խօսիլ, Գրել, Կարդալ. Համակարգիչը Եւ Սփիւռքահայ Երիտասարդութիւնը» (1) խորագիրով «Ազդակ»-ի մէջ յօդուած մը գրած էի, որ խորագիրին համահունչ ախտաճանաչում եւ գործնական լուծումներ կ՛առաջարկէր թէ՛ հայերէնի գործածութիւնը խթանելու եւ թէ՛ ալ համակարգիչով անսխալ հայերէն գրելու մասին:

            16 դեկտեմբեր 2021-ին «Ազդակ»-ի 41-րդ առցանց լսարանին նիւթն էր՝ «Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման նոր ուղղութիւններու խնդիրը», որ յատկացուած էր կրթական եւ հայերէն լեզուական հարցերու, նաեւ՝ համացանցային դասաւանդութեան. դասախօսն էր Երեւանի պետական համալսարանի եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի դասախօս, լեզուագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը (2): Մեկնելով դասախօսին եւ շատերուս մտահոգութենէն՝ համակարգիչով լատինատառ եւ պիտի աւելցնեմ նաեւ ռուսատառ «հայերէնի» գործածութեան, անհրաժեշտ կը գտնեմ կրկին ախտաճանաչում կատարել եւ լուծումներ առաջարկել:

1. Հայերէն սեղանի ստեղնաշար մը (քիչերէն մէկը), որ անձնական միջոցով ապսպրուած է ընկերութենէ մը, որ ապսպրանքի համեմատ համակարգիչի ստեղնաշարեր կ՛արտադրէ:

            Ստորեւ ամփոփ պատմական ակնարկ մը՝ հայերէնով համակարգչային գործնական միջոցներուն մասին.

1. Սեղանի անձնական համակարգիչները առաջին անգամ 1981-ին ԱյՊիԷմ 5150-ով հանրութեան մատչելի դարձան:

2. Առաջին ծնկադիր նախնական համակարգիչը (laptop) 1982-ին արտադրուեցաւ:

3. Թէեւ 1971-ին առաջին Ե-նամակը ղրկուեցաւ, սակայն անձնական, սեղանի համակարգիչներու միջոցով՝ 1988-ին (Մայքրօսոֆթ): Ուրեմն 1988-ին սկսաւ լատինատառ հայերէնի գործածութիւնը, երբ համակարգչային հայերէն տառեր տակաւին չկային:

4. Կարելի չեղաւ համակարգչային առաջին հայերէն տառատեսակին (font) ստեղծումին թուականը ճշդել, սակայն 1992-ին արդէն գոյութիւն ունէր եւ կը գործածուէր, սակայն՝ առանց հայատառ ֆիզիքական ստեղնաշարի, այլ՝ համակարգիչի պաստառին վրայ երեւցող դասական ստեղնաշարով մը՝ Արմինյըն Էն Էլ Էս (Armenian NLS)-ի նման, որուն տառերը մէկ-մէկ «մուկ»-ին միջոցաւ կը զատէինք ու նախադասութիւններ կը կազմէինք, ապա ընդօրինակելով՝ կը փակցնէինք էջին վրայ: Աւելի ուշ հարիւրաւոր տեսակի հայերէն համակարգչային ընդհանուր չափանիշով տառատեսակներ պատրաստուեցան:

5. Բջիջային հեռաձայն-համակարգիչներ պաստառին դպնալով գրելու յատկութիւնով հնարուեցաւ 1992-ին:

6. Այժմու բջիջային հեռաձայն-համակարգիչները հայերէն ֆոնեթիք ստեղնաշարով օգտագործելի դարձան 2011-էն ետք:

2. Վերջերս հայաստանեան ընկերութեան մը յայտնած հայատառ ստեղնաշարը (3):

            Ուրեմն առ նուազն 28 տարի է, որ համակարգչային հայերէն տառատեսակներ ունինք, սակայն օտար լեզուներու նման՝ հայերէն տառերով, ֆիզիքական ստեղնաշարը չենք ունեցած եւ չունինք, որ հեզասահ կերպով, այնպէս, ինչպէս ստեղնաշարի մը միջոցաւ անգլերէն կամ ռուսերէն տառերը տեսնելով կը գրենք, հայերէն գրենք: Ինծի նման հայկական միջավայրի մէջ ապրողներ համակարգիչի լատինատառ ստեղնաշարին վրայ հայերէն կպչուն տառեր կը փակցնեն 25 տարիէ ի վեր: Տեղեակ չեմ, թէ այս կպչուն տառերը հայկական սփիւռքի բոլոր շրջաններուն մէջ կը գտնուի՞ն, թէ՞ ոչ:

            Այս է գլխաւոր պատճառը, որ լատինատառ կամ ռուսատառ հայերէն գրելը ծնունդ առաւ, եւ աւելի ահաւորը, ատոր հետեւանքով հնչիւնային՝ ֆոնեթիք  հայերէն ստեղնաշարը ծնունդ առաւ: Նախապէս հայերէն գրամեքենաներուն շարուածքը, որուն վարժուած էին գործածողները, այժմ երկու ընտրութիւն ունին՝ 1. դասական գրամեքենայի շարուածքը, եւ 2. ֆոնեթիք շարուածքը, որ կը համապատասխանէ անգլերէնի հնչումին. այսպէս` Ա-A, Զ-Z, սակայն Ը, Խ, Ծ, Ձ, Ղ, Շ, Չ, Ջ, Ց, Ւ տառերուն, ինչպէս նաեւ նմանաձայն տառերէն ոմանց համապատասխան անգլերէն տառեր չգտնուելուն՝ անոնք կը զետեղուին այլ կոճակներու վրայ: Իսկ տառերու հնչումի տարբերութեան պատճառով արեւելահայերէն «Ֆոնեթիք» ստեղնաշարը նաեւ երրորդ՝ տարբեր շարուածք ունի: Նախընտրելի է դասական գրամեքենայի շարուածքը, որ օգտագործելի էր առաջ, հայերէնի երկու ճիւղերուն համար, այս ձեւով գոնէ գործնական «միասնութիւն» մը կը կարենանք կիրարկել:

          Եզրակացութիւն 1. Երբ համակարգչային առցանց հաղորդակցութիւնը սկսաւ, համակարգչային հայերէն տառերը պատրաստուած էին, սակայն մինչեւ այս պահը, 28 տարի է հայերէն տառերով սեղանի ստեղնաշար գոյութիւն չունի, չի վաճառուիր, պէտք է յատուկ ապսպրել: Ճիշդ է, որ այժմու բջիջային ձեռքի համակարգիչները հայերէն ստեղնաշար ունին, սակայն կարելի չէ այդ միջոցով յօդուած կամ գիրք գրել: Ուրեմն այս պատճառով լատինատառ հայերէնը «զարգացաւ»:

            Զարմանալի է, որ Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութիւնով՝ «ՏՏ ոլորտով» եւ «Թումօ» կեդրոններով անդադար կը հպարտանանք, սակայն հայերէն գրելու դիւրին միջոցը՝ ստեղնաշարը տակաւին չունինք…Կը նմանի անոր, որ գեղեցիկ նորոյթ ինքնաշարժ ունի, սակայն անոր բանալին չունի, պէտք է գողի նման զարտուղի միջոցով աշխատեցնէ զայն: Անհաւատալի սակայն իրաւ. Հայաստանի մէջ հազարաւոր պետական, վարչական, կրթական սեղանի համակարգիչներ կը գործածուին որոնց ստեղնաշարերը հայերէն տառերով չեն օժտուած… Գործածողը պէտք է տառերուն կոճակները գոց սորվի, կամ կպչուն տառեր փակցնէ: Ինչո՞ւ…

3. Դասական գրամեքենայի ստեղնաշարը:                4. «Ֆոնեթիք» ստեղնաշարը:

            Երկրորդ համակարգչային ցարդ անբուժելի աղէտը ՏՈՂԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆ է: Մեր այդ հռչակաւոր «ՏՏ ոլորտ»-ի մասնագէտները տակաւին չեն պատրաստած անգլերէնի նման հայերէնի տողադարձութեան հանրութեան մատչելի ծրագիր մը: Տպագրութեան համար Ատոպ ԻնՏիզայն ծրագիրը շատ աւելի նպաստաւոր յարմարութիւններ ունի, «Եունիքոտ»-ը իր բոլոր տառատեսակներով կ՛ընդունի եւ այլն, սակայն կրկին տողադարձի դժուարութիւնը կը յամենայ: Տպագրական աշխատանքի համար երբեմն համակարգիչով ղրկուած գրութիւնները վերոնշեալ պատճառներով կրկին կը շարուին. ահաւոր ժամանակի կորուստ:

            Համակարգիչի եւ թուայնացման այս տարիներուն շատ ետ մնացած ենք հայերէն գրելու եւ հրատարակելու ծրագիրներուն եւ միջոցներուն մէջ: Հայերէնի տողադարձի ծրագիր մը պատրաստուած է, սակայն անոր կիրարկումը ձեռքով շարելէն աւելի ժամանակ կը խլէ ու գործնական չէ:

            «Ազդակ»-ի այս տեսական լեզուական թուայնացման լսարանին կողքին անհրաժեշտ է նաեւ լսարաններ կազմակերպել՝ համակարգչային մասնագէտներու մասնակցութեամբ, լուծումներ գտնելու հայերէն լեզուի համակարգչային գործածութեան թերիներուն մասին եւ լուծումներ որոնել, որոնք, վստահ եմ, բնաւ մեր կարողութիւններէն վեր չեն:

            Համացանցը եւ համակարգիչը հիանալի հնարաւորութիւններ կ՛ընծայեն հայերէնով գրելու, հաղորդակցելու, կարդալու, խօսելու եւ մտածելու: Հիմնական հարցը պատճառարկումի (motivation), պահանջի եւ մրցակցութեան բացակայութեան մէջ է, որոնք կարելի եւ անհրաժեշտ է հայ անհատին մէջ խթանել, զարգացնել:

           Այս հարցին ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները կ՛ենթադրեն լրջագոյն մօտեցում, որովհետեւ հարցը կը վերաբերի մեր ազգային ինքնութեան, մեր անփոխարինելի ժառանգութեան` հայերէնին:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

21 դեկտեմբեր 2021

(1) https://www.aztagdaily.com/archives/308135

(2) https://www.aztagdaily.com/archives/532578

(3) http://www.keyboard.am/

ԱԶԴԱԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started