Լիբանանահայը՝ Քանատահայ – 5. Արդեօ՞ք

– Վազգէն Շուշանեանի անտիպ գործերու նոր հատոր մը լոյս տեսած է Մոնրէալի մէջ,- ըսաւ Վահէն,- անոր շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ անցեալ կիրակի, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ:

– Հետաքրքրական զուգադիպութիւն մըն է, որովհետեւ Շուշանեանի ամէնէն մեծ ջատագովներէն մէկը` Պօղոս Սնապեանը, մահացաւ անցեալ շաբաթ,- ըսաւ Յասմիկը:

– Այո՛, վերջին անգամ, երբ Սնապեան Թորոնթօ եկած էր, դասախօսութիւն մը տուաւ «Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգիին խորը» գիրքին մասին, որ ինք խմբագրած էր,- ըսաւ Վարուժանը:

– Թէեւ ես Շահնուրի երկրպագուներէն մէկն եմ եւ բնաւ համաձայն չեմ Շուշանեանի տեսակէտին, բայց Սնապեան այնքան հետաքրքրական խօսելու ոճ մը ունի, որ ես հաճոյքով մտիկ ըրի զինք,- ըսի ես:

– Շուշանեան որքա՜ն անողոք կերպով կը յարձակի Շահնուրի վրայ եւ ի՜նչ նախատական մակդիրներ կու տայ անոր,- ըսաւ Յասմիկը, որ այն սակաւաթիւ կիներէն է, որ գրականութեամբ իրապէս հետաքրքրուած է:

Վազգէն Շուշանեան                                                            Շահան Շահնուր                                                      Պօղոս Սնապեան

Վազգէն Շուշանեան Շահան Շահնուր Պօղոս Սնապեան

– Այո՛, զարմանալի է, որ այդ ժամանակաշրջանի երկու հսկաներուն միջեւ այս հակառակութիւնը եղած է,- ըսաւ Լեւոնը,- բայց կարծես թէ այդ միակողմանի եղած է, ես Շահնուրի գործերուն մէջ Վազգէն Շուշանեանի հանդէպ որեւէ անձնական թշնամութեան չեմ հանդիպած, թէեւ հիմնաւորուած ապացոյցներ չունիմ այդ մասին:

– Շուշանեան այս գիրքին մէջ Կարօ Սասունին անունով, իսկ Երուանդ Քոչարը պարզապէս ակնարկութիւններով շատ սուր կերպով կը քննադատէ,- ըսաւ Յասմիկը,- այնքան կծու եւ նուաստացուցիչ բառերով, որ երբ կարդաս, պարզապէս կ՛ապշիս:

Քանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ կան երկու-երեք խմբակներ, որոնց անդամները իրարու կը հանդիպին սրճարաններու մէջ` հայերէն կարդալու, հայկական նիւթեր ծեծելու, ընդհանրապէս` մշակութային միութիւններէ դուրս, եւ անոնցմէ ամէն մէկ անհատ ինքզինք «վերջին մոհիկան»-ներէն մէկը կը նկատէ, որովհետեւ տակաւին կը խանդավառուի հայերէն գիրքեր կարդալով եւ անոնց արժէքին գնահատականը ընելով: Մասնակիցներուն միջին տարիքը վաթսունի շուրջ է:

Շուշանեանի այս հատորը իր անտիպ գործերէն ծաւալով մեծ հաւաքածոյ մըն է «ԱԼԵԿՈԾ ՏԱՐԻՆԵՐ» խորագիրով, 445 մեծադիր էջ, որ կը ներկայացնէ Շուշանեանի կեանքին 1920-1932 տարիները, որ ինք գրի առած է 1932-1935 տարիներուն:

Այս գործը նոր հրատարակուած ըլլալուն պատճառով ներկաներէն միայն Յասմիկը սկսած էր զայն կարդալ եւ շատ լաւ տպաւորուած էր, բայց քանի որ միւսներուն համար անծանօթ գործ մըն էր, խօսակցութիւնը շեղեց դէպի «Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգիին խորը» գիրքին:

– Ինչպէ՞ս բացատրել այն զայրոյթը, որ կլանած էր Շուշանեանը` Շահնուրի հանդէպ,- հարցուց Վահէն:

– Ինծի կը թուի, թէ Շահնուրը աւելի ընտելացած էր Փարիզի կեանքին, հաւանաբար աւելի խոր ծանօթութիւն ունէր տեղական առօրեային եւ հիասթափուած էր հայ համայնքի նեղ հեռանկարներէն եւ իտէալներէն, ինչ որ շատ յստակ կերպով կը ներկայացնէ իր գործերուն մէջ,- ըսի ես:

– Բայց Շուշանեանին արեւմտահայերէնը որքա՜ն գեղեցիկ է,- ըսաւ Վահէն,- համով-հոտով անուշեղէն մը ուտելու կը նմանի:

– Կը ներես, բայց ես համաձայն չեմ,- ըսի,-  Շուշանեանի այս գիրքը, երբ կը թերթատէի, կարդացի այն բաժինը, ուր ան կը խօսէր իր ուսման յանկարծակի ընդհատումին մասին, եւ` լեզուին տիրանալու իր տենչին. կը կարծեմ, որ հետագային, երբ ան տիրացած է լեզուին, ուզած է գործածել այդ հսկայական բառամթերքը, որ ժամանակի ընթացքին կուտակած է եւ, օրինակի համար, «պայքար» բառի փոխարէն «գուպար» բառը կը գործածէ: Աւելի տպաւորիչ բառ մըն է, որովհետեւ շատ քիչ անգամ կը կարդանք եւ խօսակցութեան ընթացքին գրեթէ երբեք չենք լսեր այդ բառը եւ բառարանի պէտք է նայինք անոր իմաստը հասկնալու համար, որ երբեմն անհարկի տրամաթիք խորք մը կու տայ պարզ նախադասութեան մը:

– Ես իր լեզուն շատ գեղեցիկ կը գտնեմ, ամէնէն մաքուր արեւմտահայերէն գրող հեղինակներէն մէկն է,- պնդեց Վահէն:

– Ես Շահնուրին ոճը ոչ մէկուն հետ չեմ փոխեր, սահուն, հաղորդական եւ շնչող է, թանգարանային լեզու չէ,- ըսի.- օրինակի համար, «Պճեղ մը անուշ սիրտ» գործին մէջ տարիքոտ հայ մայրիկին նկարագրականը կ՛ընէ շատ կարճ ու պատկերաւոր բառերով եւ երկու կարճ նախադասութիւն գործածելով.

«Հաստամարմին մայրիկը ծիծաղելիօրէն պզտիկ սեւ գլխարկ մը ունի, խեղճուկ սեւ վերարկու մը ունի, ինչպէս նաեւ` սեւ յօնքեր, սեւ վերին շրթունք եւ երկու սեւ ակռայ: Հատ մըն ալ` հայու սեւ ճակատագիր»:

Երբ պատահմամբ հանդիպած հայ երիտասարդին հետ հանրակառքով կը ճամբորդեն, Շահնուր քանի մը սեղմ բառերով անոնց անցած փողոցին նկարագրականը կ՛ընէ, որ ֆիլմի մոնթաժի կը նմանի.

«Ցուցափեղկ մը իր պարունակութեան վրայ հարիւրէն յիսուն զեղչ ըրաւ, նորոգութեան պատճառով սինեմա մը իր դռները գոցեց, գաւառէն թարմ հաւկիթներ եկան ուղիղ գիծով, byrrh-ը խմիչքներու լաւագոյնը հանդիսացաւ, երկու սենեակներ վարձու ելան կարաժով մը միասին, սեփ-սեւ խանութ մը սուգ պատրաստեց քսանչորս ժամուան ընթացքին»:

– Ի՞նչ է, գո՞ց սորված ես մուխը մարածս,- հարցուց Վահէն:

– Այո՛, նախ` ամէն եղածը միայն քանի մը նախադասութիւն է, եւ երկրորդ` շատ անգամ այս տեսակ խօսակցութիւններու պարագային հարկ եղած է մէջբերումներ ընել, եւ երրորդ` որպէս ֆիլմի մոնթաժողի` զիս շատ տպաւորած է. նոյն նկարագրականներուն համար ուրիշ գրող մը տասնեակ էջեր պիտի յատկացնէր:

– Կարծեմ թէ Գրիգոր Նարեկացիի մասին Շահնուրի խօսքերը Շուշանեանը վիրաւորած են,- ըսաւ Յասմիկը,- հաւանաբար ատիկա ամէնէն զօրաւոր ազդակներէն մէկը եղած է, որ զինք մղած է Շահնուրին դէմ այդքան երկար եւ սուր քննադատութիւններ ընել:

– Մեր մշակոյթին մէջ Նարեկացին եւ Կոմիտասը տիտաններ են, որոնց մասին միայն մեծ ակնածանքով կարելի է խօսիլ,- ըսաւ Վահէն.- Նարեկացիին մասին Շահնուրի արտայայտութիւնները սրբապղծութեան համազօր են:

– Միայն Նարեկացին չէ, որ Շահնուրի արհամարհանքին արժանացած է, ան փաստացի օրինակներով ապացուցած է, որ Սիամանթոյի բանաստեղծութիւններէն ոմանք ուղղակի թարգմանուած են եւրոպացի հեղինակներէ,- ըսաւ Լեւոնը.- Սիամանթօն եղեռնի գլխաւոր ողբերգակը կը նկատուի, որուն նկատմամբ միայն երկիւղածութեամբ կարելի է խօսիլ, եւ շատեր կ՛ընդվզին, երբ իմանան, որ ան քննադատուած է մանաւանդ Շահնուրի նման մէկու մը կողմէ, որ ըստ իրենց, ազգային զգացումներ չունի:

– Գիտէ՞ք` ես յաճախ խօսած եմ այս մասին, բայց կրկնութիւն ըլլալու գնով դարձեալ պիտի ըսեմ. մեր արժէքները եւ անոնց գնահատականները այնքան անհպելի մնացած են, որ բրածոյ դարձած են (fossilized): Երբեմն մէկը պէտք է յայտնուի, որ հարցականի տակ դնէ անոնց արժէքները, որպէսզի ժողովուրդին միտքին մէջ այդ անձին արժեւորումը վերաքննութեան ենթարկուի, ասիկա առողջ մօտեցում մըն է, որպէսզի կարենանք մեր անցեալի արժեչափերէն ձերբազատիլ. ատիկա խնդրոյ առարկայ հեղինակին կամ արուեստագէտին ունեցած համբաւին համար ալ կարեւոր ազդակ մըն է, որովհետեւ այդ ձեւով անոր հեղինակութիւնը կը վերահաստատուի, եթէ իրական արժէք մըն է: Օրինակի համար, եւրոպացի զանազան հեղինակներ, որոնք իրենց ժամանակի հանճարներէն կը նկատուէին, իրենց փայլքը կորսնցուցած են, իսկ ուրիշներ դասական դարձած են:

– Դուն ի՞նչ երազներով կ՛ապրիս, որ կը կարծես, թէ ոեւէ մէկուն համար այս բոլորը որեւէ տարբերութիւն կ՛ընեն,- ըսաւ Վարուժանը` իր սովորական յոռետեսութեամբ.- կարդացող մնացած չէ, մէյ մը շուրջդ նայէ, մեզի պէս տարեցները քիչ մը կը հետաքրքրուին, մնացեալներուն համար տաք-պաղ չ՛ըներ: Մեր սերունդին անցնելէն ետք, ո՞վ պիտի գիտնայ, թէ Շուշանեանը կամ Շահնուրը ով է եւ ի՞նչ ազդեցութիւն եւ դեր ունեցած է յետեղեռնեան հայ գրականութեան վրայ: Յետոյ` մի՛ մոռնար, որ այս պահուս նոյնիսկ Հայաստանի մէջ գիրքերու տպաքանակը յաճախ հինգ հարիւր օրինակ է, անցան այն օրերը, երբ քսան հազար օրինակ կը տպէին, եւ կը սպառէր:

– Այդ տեղը մի՛ երթար, որովհետեւ շատ վհատեցուցիչ է. եթէ այդ ձեւով պիտի նայինք, ի՞նչ է մեր ընելիքը: Մենք պէտք է շարունակենք մեր ընթացքը` հակառակ պայմաններուն, որովհետեւ անոնք կրնան փոխուիլ, որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, որ մեր կեանքի ընթացքին Հայաստանի անկախութիւնը պիտի տեսնէինք,- ըսաւ Վահէն,- յետոյ` ես կը յիշեմ, որ եօթանասունական թուականներուն Բիւզանդ Կռանեանը Թորոնթօ եկած էր եւ հետեւեալը ըսաւ. «Յիսուն տարիէ կը խօսուի, որ սփիւռքը պիտի անհետանայ, բայց սփիւռքը տակաւին կանգուն է եւ նոյնիսկ որոշ յառաջդիմութիւններ արձանագրած է»: Այսօր մենք կը խօսինք իր այցելութենէն քառասուն տարի ետք, կը կարծեմ, որ տակաւին կարելի է նոյն խօսքերով բնորոշել այսօրուան սփիւռքը:

– Այո՛, բայց հիմակուան փոփոխութիւնները այնքան արագ եւ բազմազան են, որ կարելի չէ նոյնիսկ որեւէ ենթադրութիւններ ընել անոնց ազդեցութեան մասին,- ըսի ես.- օրինակ մը տամ, վստահ եմ, որ իբրեւ մեծ հայրեր կամ մեծ մայրեր` ծանօթ էք ձեր թոռնիկներուն մոլութեան, անշուշտ վիտէօ-խաղերու մասին է խօսքս: Իմ չորս տարեկան թոռնիկս ոչ միայն խաղերուն մոլին դարձած է, այլ նաեւ You Tube-ի վրայ կը դիտէ ուրիշ խաղացողներու արձանագրած խաղերը, որոնք ցոյց կու տան, որ իրենք ինչպէս յաջողած են մէկ փուլէն միւսը անցնիլ:

– Այս պատմութիւնդ եզրակացութիւն մը ունի՞,- ըսաւ Վահէն,- ես կապ մը չեմ տեսներ մեր խօսակցութեան հետ:

– Դժբախտաբար, այո՛, եզրակացութիւն մը ունի, որ ամէն ինչի հետ կապ ունի, վայրկեան մը եթէ համբերես պիտի տեսնես: Ուրեմն յաճախ թոռնիկս կ՛ուզէ, որ ես քովը նստիմ եւ միասին դիտեմ այդ խաղերը, կամ այդ խաղերու տիպարներու պուպրիկներով պատրաստուած շատ կոպիտ եւ անյաջող սքեչները: Անոնք, որոնք  You Tube-ի վրայ վիտէոներ դիտած են, գիտեն, որ պաստառին տակ ձախ կողմը արձանագրուած կ՛ըլլայ, թէ քանի՛ հոգի քեզմէ առաջ դիտած է այդ վիտէոն. ես երբեք ուշադրութիւն դարձուցած չէի այս խաղերու պարագային, բայց դիտելու ձանձրոյթը պատճառ դարձաւ, որ նկատեմ եւ ափ ի բերան մնացի: Այս վիժած վիտէոները դիտողներուն թիւը երբեմն եօթը միլիոնի կը հասնի, իսկ նուազագոյն թիւերու պարագային, հարիւր հազարներու կը հասնին այդ դատարկամիտները, որոնք ժամանակ ունին նման բաներ դիտելու: Ասիկա հարց մըն է, որուն չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ ձեւով կարելի է մօտենալ կամ արժեւորել:

– Ես տակաւին կապ մը չտեսայ մեր խօսակցութեան հետ,- ըսաւ Վահէն,- ամէն տան մէջ, հանրային փոխադրական միջոցներու մէջ, մէկ խօսքով, ո՛ւր որ պատանիներու եւ երիտասարդներու հանդիպիս, ամէն մէկուն ձեռքը հեռաձայն մը կայ, որուն լրիւ գործածութեան ծանօթանալու համար մէկ կեանքի շրջան չի բաւեր, որոնք անընդհատ բաներ մը կը գրեն կամ կը կարդան անոր վրայ, կամ խաղեր կը խաղան: Բոլորս ալ ծանօթ ենք այս երեւոյթին, որ անկասկած մեզի հետ պիտի մնայ:

– Իմ միտքիս մէջ կապը հետեւեալն է. խորունկ եւ արմատական փոփոխութիւններ կատարուած են երկրագունդին վրայ, ուր զանգուածային հետեւորդներ ունին մարդիկ, որոնք ոչ մէկ արժանիք ունին` բացի իրենց ոչնչութիւնը որպէս արժէք ծախելու կարողութենէն,- ըսի.- չէք կրնար ուրանալ, որ այս րոպէիս աշխարհի վրայ ամէնէն համբաւաւոր հայը Քիմ Քարտաշեանն է. ասիկա մեզ հարցադրումներու առջեւ կը դնէ, որոնց մօտենալու մեթոտը անգամ չունինք եւ այդ մասին չենք արտայայտուիր, մասամբ` որովհետեւ նուաստացուցիչ է մեզի համար այդ հարցը արծարծելը, նաեւ` որովհետեւ այդ անհատը վերջին հայը պիտի ըլլար, որ պիտի ուզէինք միջազգային հանրութեան դիմաց հանել իբրեւ մեր ազգին ներկայացուցիչը, եւ աւելի կարեւորը` չենք հասկնար այս երեւոյթը, եւ չենք գիտեր, թէ ի՛նչ ձեւով մենք ալ կրնանք օգտուիլ այս հաղորդակցութեան միջոցին ընծայած փաստացիօրէն անսահման կարելիութիւններէն:

– Մատդ ճիշդ վէրքին վրայ դրիր,- ըսաւ Վարուժանը.- առաջ, երբ զանգուածային հաղորդակցութեան միջոցներու մասին կը խօսէին, թերթերը, ռատիոն եւ հեռատեսիլը ի մտի կ՛ունենայինք, անշուշտ գիրքերն ալ մամուլին մաս կը կազմէին, բայց հիմա You Tube-ը ձրի է, եւ ոեւէ մէկը կրնայ իր ուզած բանը ամբողջ աշխարհին տալ եւ այդ ալ` վայրկենական, աշխարհի պատմութեան մէջ այսպիսի առիթ չէ ընծայուած, որ նկար մը, գրութիւն մը կամ ֆիլմ մը տեղ մը դնես, ուրկէ աշխարհի չորս ծագերէն մարդիկ կրնան որեւէ ժամանակ մտնել, դիտել եւ դուրս գալ: Բայց մենք` իբրեւ հաւաքականութիւն, տակաւին չենք մտածած այս թեքնոլոճին մեզի ծառայեցնելու մասին:

– Ես որոշ չափով կը հասկնամ ըսածդ,- ըսաւ Յասմիկը,- մանաւանդ շատ կարեւոր կէտ մը կայ, որ բոլորովին տարբեր լուսարձակի տակ կը դնէ այս հարցը. այդ աղջիկը կամ կինը ոչ մէկուն օրհնութեան կամ արտօնութեան պէտք ունէր, ոչ ալ` մեծ դրամագլուխ, որպէսզի իր համբաւը այնպիսի մակարդակի մը  հասցնէ, որ ամերիկեան մամուլը կանոնաւորապէս հետեւի իր քայլերուն:

– Լա՛ւ,- ըսաւ Վահէն,- հարց մը դրիք սեղանին վրայ, որ թէեւ, ըստ իս, մեր խօսած նիւթին հետ կապ չունի, բայց կարեւոր նիւթ մըն է, որուն մասին կրնանք խօսիլ, ոեւէ մէկը իրագործելի հեռանկար մը կը տեսնէ՞:

– Մենք ահագին ճամբայ կտրած ենք մեր կեանքի ընթացքին. ես անձնապէս յոգնած եմ անընդհատ հարցերու մասին խօսելէ, մենք գնդակը հասցուցինք որոշ տեղ մը, հիմա մեզի յաջորդող սերունդները պէտք է շարունակեն աշխատանքը եւ իրենք փնտռեն այս հարցերուն լուծումները: Կրնայ ըլլալ, որ անոնք ունին այն բանալին, որ կը պակսի մեզի,- ըսաւ Լեւոնը.- իմ զաւակներս հարցերուն մօտենալու տարբեր ձեւեր ունին, ես կը կարծեմ, որ իրենք մեզմէ աւելի լաւ պատրաստութիւն ունին` այս հարցերը դիմագրաւելու, սակայն երբեմն մենք իրենց առիթ չենք տար, որովհետեւ մեզի համար դիւրին չէ ջահը ուրիշ մէկուն փոխանցելը:

– Ես ալ քեզի հետ համաձայն եմ,- ըսի,- ես շատ ուրախ եմ, որ երիտասարդ չեմ եւ պէտք չունիմ այս նիւթերուն մասին ճգնելու, թէեւ բնազդաբար կ՛ուզեմ նետուիլ եւ բան մը ընել, ինչպէս որ երբ կը տեսնես, թէ նկար մը քիչ մը ծուռ կախուած է, եւ կ՛ուզես անպայման ոտքի ելլել ու շտկել, թէ ոչ անհանգիստ կ՛ընէ քեզ: Այլեւս պէտք է վարժուինք, որ անոնք մեր պարտականութիւնները չեն, պէտք է սորվինք սանձերը թուլացնել եւ, ինչո՞ւ չէ, ուրիշին փոխանցել:

– Կը զարմանամ ձեր վրան,- ըսաւ Վահէն.- ոչինչէն նիւթ մը հանեցիք եւ հիմա մէկ առ մէկ կը փախչիք եւ չէք ուզեր այդ նիւթին մասին խօսիլ, մէկական պիղատոսներ դարձած էք, ձեր պարտականութենէն կը խուսափիք:

– Մենք այսօր որոշեցինք, որ ամէ՛ն հարց լուծում չունի,- ըսաւ Լեւոնը,- յատկապէս` հայկական հարցերը, եւ անգամի մը համար մէկդի պիտի դնենք մեր հաւատամքները եւ «Պայ-պայ», ալ ձկնորսութեան կամ պտոյտներու մասին խօսինք, ամառը վերջապէս հասաւ:

ՍՈՒՐԷՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

24 յուլիս 2014

Թորոնթօ

ԱԶԴԱԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started