Լիբանանահայը՝ Քանատահայ – 6. Ծխախոտ Ծխելը

– Շատ ծիծաղելի նորութիւն մը կայ: Վերջերս անոնք, որոնք Հիւսիսային Ամերիկայէն դէպի Միջին Արեւելք կամ Եւրոպա կը ճամբորդեն, երբ Քանատա վերադառնան, իրենց վրայ ամէնէն մեծ տպաւորութիւն գործած կ’ըլլայ այն իրողութիւնը, որ մարդիկ ամէն տեղ կը ծխեն,- ըսաւ Վազգէնը, եւ գրպանէն սիկարեթի տուփ մը հանելով` հատ մը վառեց:

– Քանատայի մէջ սիկարեթ ծխելը հիմա աւելի ծանր յանցագործութիւն կը համարուի, քան ոճրագործութիւնը,- ըսաւ Եդուարդը, որ Քանատա գալէն ետք «Էտի» անունը կը կրէր, ան դարձի եկած էր եւ այլեւս չէր ծխեր: Ես իրենց հետ համաձայն եմ, իրապէս գէշ մոլութիւն մըն է, պայմա՞ն է, որ սա սիկարեթը հիմա ծխես, մէյ մը շուրջիններուդ մասին մտածէ:

1. Ծխելը արգիլուած է: 2. Այսօր ծխելը դադրեցուցի:

– Ինծի  համար շատ զարմանալի է, որ սիկարեթը դադրեցուցած մարդիկ շատ աւելի կը գանգատին իրենց բարեկամներուն արտաշնչած ծուխին մասին, քան չծխողները,- ըսի:

– Չե՞ս գիտեր, որ վերջէն դարձողները աւելի մոլեռանդ կ’ըլլան, քան` տուեալ կրօնի մը հետեւորդները: Վստահ եմ, որ լսած ես «Պապէն աւելի պապական» ասացուածքը,- ըսաւ Ստեփանը:

– Քսան տարի մեր գլուխը տարին` անընդհատ ծխախոտի վնասներու մասին խօսելով եւ շեշտելով, որ ծխելը մոլութիւն մըն է, այսինքն անոնք, որոնք ծխող են, ակամայ ստիպուած են ծխելու, քանի որ իրենց մարմինը նիքոթինի պահանջ ունի, իսկ բերանին միւս կողմով ըսին, որ` «Եթէ սիկարեթին վրայ դրուած տուրքը բարձրացնենք, եւ ամէն մէկ տուփը ութ կամ ինը տոլարի ծախուի, մարդիկ պիտի դադրին ծխելէ,- ըսաւ Վազգէնը,- բայց իրենց բուն նպատակը, այդ մոլութիւնը զսպելէ աւելի, այդ հսկայական եկամուտը կառավարութեան սնտուկը մտցնելն է, նայինք` ի՞նչ պիտի ընեն, եթէ ամէն մարդ իրենց խօսքը մտիկ ընէ եւ Քանատայի տարածքին յանկարծ ամէն մարդ սիկարեթ  ծխելը դադրեցնէ»,  ըսաւ Վազգէնը, որուն տան բակին մէջ նստած էինք:

– Ես այնքան ջղայնացած էի իրենց այդ երկդիմի կեցուածքէն, որ միտքէս կ’ըսէի, որ նոյնիսկ եթէ տուփ մը ծխախոտին գինը հարիւր տոլարի բարձրացնեն, ծխելը պիտի չդադրեցնեմ,- ըսի:

– Բայց հիմա չես ծխեր, չէ՞,- ըսաւ Ստեփանը,- ի՞նչ հրաշք պատահեցաւ, որ ծխելը դադրեցուցիր:

– Հրաշք չպատահեցաւ: Գիշեր մը վերջին սիկարեթս  ծխեցի, ժամացոյցին նայեցայ,  տասուկէսն էր, կէս ժամէն նպարավաճառները իրենց խանութները պիտի գոցէին: Դուրսը զերոյէն վար տասը աստիճան ցուրտ էր, վրաս տարօրինակ զգացում մը եկաւ, մտածեցի, որ ես հացի համար անգամ այս օդին դուրս պիտի չելլէի, որոշեցի, որ այդ գիշեր սիկարեթ պիտի չգնեմ: Առտուն, երբ արթնցայ, որոշեցի դարձեալ յետաձգել գնումը եւ նայիլ, թէ որքան կը դիմանամ: Այդպէս, օրէ օր յետաձգեցի եւ մինչեւ այսօր չեմ ծխած:

– Բայց ե՞րբ որոշեցիր, որ ծխելը պիտի դադրեցնես, հարցուց Ստեփանը:

– Այդ տեսակի որոշում չառի, որովհետեւ եթէ այդպիսի որոշում մը առնէի, անկարելի պիտի ըլլար ծխելու փորձութեան դիմանալ: Ես ինքզինքս համոզած էի, որ որեւէ ժամանակ կրնամ դարձեալ ծխելու սկսիլ. երբ մարդիկ հարցնէին, թէ ինչո՞ւ չեմ ծխեր, կ’ըսէի, որ թեթեւ հարբուխ մը ունիմ: Որովհետեւ երբ մարդոց ըսես, որ ծխելը դադրեցուցած ես ատիկա վրադ ծանր պարտաւորութիւն կը դնէ, որ խոստումդ յարգես, եւ գիտես` ի՛նչ կը պատահի, երբ վրադ ճնշում ըլլայ, մեքենաբար սիկարեթ մը կը վառես:

– Հետաքրքրական մօտեցում մըն է,- ըսաւ Ստեփանը:

– Ես երբեք չեմ ուզեր ծխելը դադրեցնել,- ըսաւ Վազգէնը,- ես ծխել շատ կը սիրեմ:

– Ես ալ նոյնպէս,- պատասխանեցի,- տակաւին երբեմն երազիս մէջ սիկարեթ կը ծխեմ: Բայց քանի մը անգամ հարսանիքներու առիթով սիկար  ծխեցի, բայց շատ հաճոյք չառի եւ բնաւ չփափաքեցայ ետ ծխելու սկսիլ: Եթէ ծխելը դադրեցնես, ֆիզիքապէս շատ աւելի լաւ կը զգաս, օրինակի համար, երբ ծանր աշխատանք տանիս, շնչասպառ չես ըլլար: Առտուն, երբ արթննաս, բերնիդ մէջ սիկարեթի այդ լեղի համը չըլլար, որ քեզի կը ստիպէ, որ աչքդ բանալուդ պէս սիկարեթ մը վառես:

– Սիկարեթը միայն մէկ երեսն է ընդհանուր երեւոյթի մը. այստեղ վերջերս ամէն մարդ առողջապահական հարցերով մտահոգուած է, կ’ուզեն բնական միջոցներով աճեցուած բանջարեղէններ գնել, միս, հաւկիթ եւ այլն նոյնպէս, եւ այս բոլորին համար պատրաստ են կրկնապատիկը կամ եռապատիկը վճարելու,- ըսաւ Ստեփանը:

– Սակայն որեւէ երաշխիք չկայ, որ այդ սննդամթերքը իրապէս բնական միջոցներով աճեցուած կամ բուծանուած է, այստեղ վրան «օրկանիք» կը գրեն եւ բարձր գիներով կը ծախեն: Բայց իսկականը իրապէս տարբեր համ ունի: Երբ Հայաստան գացած էի, առաջին առաւօտը սփիւռքահայ բարեկամի մը տան մէջ նախաճաշ ըրի: Տանտիրուհին պանիր, լոլիկ եւ կանաչի հրամցուց, բայց ուտելէս առաջ զգուշացուց` «Եթէ այս լոլիկը ուտես, Թորոնթոյի լոլիկները շատ անհամ պիտի թուին քեզի», ըսաւ: Շատ ճիշդ էր, նոյն տարբերութիւնը զգացի, երբ ձուածեղը համտեսեցի,- ըսաւ Եդուարդը:

– Վաղը հոն ալ կը սկսին արհեստական պարարտացուցիչներ գործածել, որպէսզի աւելի բերք ստանան, աշխարհի վրայ ամէն ինչ այդ ուղղութեամբ կ’ընթանայ,- ըսաւ Վազգէնը:

– Այստեղ ծախուած պտուղներուն արտաքին երեւոյթը շատ գեղեցիկ է, պարարտ եւ գունագեղ, պտուղները եւ կանաչեղէնները շատ գրաւիչ են, եւ հակառակ անոր որ ամէն մարդ գիտէ, թէ անհամ են, դարձեալ սուղ գիներով կը ծախուին,- աւելցուց Եդուարդը:

– Միայն «օրկանիք» կանաչեղէններով ու պտուղներով չի վերջանար, եւ այս խօսքիս համար շատեր զիս կ՛այպանեն, նոյն մարդիկը կը սկսին «բնական» միջոցներով դարմանուիլ, զանազան խոտեր կամ արմատներ ուտելով կամ զանոնք խաշելով եւ այդ ջուրը խմելով: Կը հաւատան, որ ամէն ինչ կարելի է անոնցմով բուժել,- ըսաւ Ստեփանը:

– Եթէ նկատած էք, անոնք միշտ պատմութիւններ կամ անեքթոտներ կը պատմեն հրաշք բուժումներու մասին, թէ իրենց մեծ մայրը ինչպէ՛ս խոտեր, արմատներ եւ տատասկներ կը հաւաքէր եւ որպէս դեղ կը գործածէր զանոնք, եւ ընդհանրապէս այդ հրաշքը կը գործեն, երբ բժիշկները հիւանդը անյոյս կը նկատեն, Պիղատոսի նման իրենց ձեռքերը կը լուան եւ կը հեռանան. այդ վայրկեանին բախտի բերմամբ, թէ պատահմամբ եւ որոշ պարագաներու խորհրդաւոր պայմաններու տակ, այս մեծ մայրիկը կը լսէ հիւանդին մասին… ,- շարունակեց Եդուարդը:

– Ո՛չ, ընդհանրապէս ուրիշ ձեւով կ’ըլլայ. հիւանդին տէրը շատ տխուր կ’ըլլայ, երբ բժիշկները իրենց յոյսը կը կտրեն. այն ատեն է, որ այս ազատարարը ասպարէզ կը մտնէ հետեւեալ ձեւով, կը մօտենայ հիւանդին պարագաներուն եւ կը հարցնէ` «Ինչո՞ւ այսքան տխուր էք», անոնք մանրամասն կը պատմեն իրենց պատահածներուն մասին, ազատարարը կամ բուժողը քանի մը հարցումներ կը հարցնէ եւ…- աւելցուց Ստեփանը:

– Եւ իր խոտերը կ’առաջարկէ որպէս բուժում. անշուշտ հիւանդին պարագաները նախ բնաւ չեն հաւատար, յետոյ կը մտածեն, որ` «Ի՞նչ վնաս ունի, արդէն վիճակը անյոյս է» եւ կը համաձայնին, քանի մը օրէն հիւանդը ոտքի կ’ելլէ եւ կ’ընէ անանկ բաներ, որ նոյնիսկ առողջ եղած ատենը չէր կրնար ընել,- ըսաւ Եդուարդը:

– Բայց ամէնէն հետաքրքրականը այն է, որ հարիւրաւոր նման պատմութիւններ լսած եմ, բայց մինչեւ այսօր ոեւէ մէկուն չեմ հանդիպած, որ այդ ձեւով ստոյգ մահէ փրկուած է: Միշտ պատմողին մէկ հեռաւոր ազգականն է կամ բարեկամի մը բարեկամը,- ըսաւ Ստեփանը:

– Եւ երբ հարցնես, թէ ձեր պատմածը եթէ իրականութիւն է, ինչո՞ւ համար այդ խոտերը չեն գործածուիր որպէս դեղ: Պատասխանը անխուսափելիօրէն կ’ըլլայ հետեւեալը. «Դեղի ընկերութիւնները կառավարութեան միջոցով արգելք կ’ըլլան, որովհետեւ եթէ այսպիսի բուժիչ դեղ մը շուկայ իջնէ, իրենց հսկայական եկամուտը կը կորսնցնեն», ըսաւ Եդուարդը:

– Ի՞նչ է: Երկուքդ իրարու հետ փո՞րձ ըրած էք, որ մէկը միւսին նախադասութիւնները կ’ամբողջացնէ:

– Այդ մասին իրարու հետ չենք խօսած անգամ…

– Բայց շատ գիտցուած բան մըն է, մարդիկ քլիշէ  խօսքեր ունին, այդ պատճառով, եթէ մէկ պատմութիւն լսես, արդէն կը գիտնաս, թէ պատմութիւնը դէպի ո՛ւր պիտի երթայ…

– Երբ այս համոզումը տեղ գտնէ, եւ ենթական սկսի զանազան խոտեր, տատասկներ կամ արմատներ ուտել կամ անոնց «դեղահատ»-երը առնել, օրինակի համար` սխտորի դեղահատ, ձկան իւղի դեղահատ …

– Մե՛ղք, որ այդ դեղահատերը չկային, երբ ես դպրոց կ’երթայի,- ըսաւ…- ամէն առտու հայրս դրան առջեւ կը կենար մէկ ձեռքը ձկան իւղի շիշը բռնած իսկ միւսին մէջ ապուրի դգալ մը, դռնէն դուրս չէիր կրնար քայլ մը առնել` առանց այդ ձկան իւղը խմելու, մինչեւ այսօր ատոր համը բերնիս մէջն է, եւ երեւակայէ, որ առտու կանուխ բերնիդ մէջ նման անհաճոյ համ մը պիտի դրուի, որ հետդ պիտի մնայ մինչեւ կէսօրուան ճաշը…

– Միայն համը չէ, հոտն ալ սարսափելի էր, իսկ իւղ խմելու գաղափարը, կրնաք երեւակայել, թէ որքան անհաճոյ պիտի ըլլար երեխայի մը համար, եւ այդ օրերուն հիմակուան պէս սակարկութիւն չկար, որ եթէ դեղը խմեմ, ինծի այսինչ կամ այնինչ բանը պիտի առնէք…

– Իմ հօրս հետ սակարկութեան մասին չէիր կրնար մտածել անգամ, այլապէս դեղը պիտի խմէիր ապտակ մը ուտելէ ետք:

– Առաջ այս տեսակի «դեղեր»-ը միայն որոշ խանութներու մէջ կը գտնուէին, շատ բարձր գիներով, բայց հետզհետէ գնողներուն թիւը սկսաւ այնպիսի մակարդակի հասնիլ, որ հիմա դեղի ընկերութիւններ եւ մեծ սուփըրմարքեթներ ալ սկսած են նոյն արտադրանքները ծախել:

– Եթէ ընդհանուր պատկերին նայինք, կը նկատենք, որ թէեւ այս շարժումները յաճախ իրապէս բարի նպատակներով սկսած են, սակայն երբ սկսած են շահաբեր դառնալ, շեղած են իրենց ուղիէն եւ առեւտրական շահարկումի միջոց դարձած են:

– Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ամէն ինչ շահարկումի համար կը գործածուի, նոյնիսկ` կրօնը:

– Յատկապէս կրօնը, եւ ամերիկացի ժողովուրդը ոչխարի պէս կը հետեւի անոնց:

– Շատ դժուար է հասկնալ ամերիկացիին մտածելակերպը:

– Դժուար չէ, գոնէ մեզի համար անկարելի է:

– Թէեւ արտաքին աշխարհին որպէս ազգ կը ներկայանան, բայց իրականութեան մէջ շատ թոյլ կերպով իրարու միացած ցեղախումբերու կը նմանին, շատ քիչ են այն արժէքները, որոնք բոլորին մօտ յարգուած են: Նախ, իբրեւ գլխաւոր բաժանում, գոյութիւն ունի սպիտակամորթի եւ սեւամորթի զանազան երանգներուն միջեւ խրամատը: Յետոյ կու գայ ազգերու բաժանումը, նոյնիսկ ճերմակներու մէջ ամէն մարդ նոյն մակարդակի վրայ չի գտնուիր:

– Ըսածդ ճիշդ է, եւ ատիկա շատ զարմանալի է, ես գիտէի, որ իբրեւ առաջին սերունդի գաղթական` շատ զգալի էր օտարական ըլլալս զանազան պատճառներով, որոնցմէ ամէնէն հիմնականը անգլերէն խօսելու շեշտս էր, եւ ես համակերպած էի այդ խտրականութեան: Բայց շատ զարմացայ, երբ երկրորդ սերունդի հայ երիտասարդներու հետ կ՛աշխատէի, որոնք հոս ծնած էին, տեղական դպրոցներ յաճախած էին եւ անթերի անգլերէն կը խօսէին, անգամ մը տեղացիի մը համար ըսին, որ` «Ան ճերմակ է»: Ի՞նչ ըսել կ՛ուզէք հարցուցի, «Ան անգլիական ծագում ունի, ան ճերմակ է»: Հապա դուք ի՞նչ էք, հարցուցի, «Մենք ճերմակ չենք» պատասխանեցին:

ՍՈՒՐԷՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

2014
Թորոնթօ

ԱԶԴԱԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started