Իտալիոյ Աջակողմեան Կառավարութիւնը Կ՚ուզէ Արգիլել Օտար Բառերու Գործածութիւնը՝ €100,000 Եւրօ Տուգանքներով Պէտք Է Օրինակելի Եւ Վարակիչ Դառնայ Հայերէնին

31 մարտ 2023-ին Ռոյթըրզ լրատու գործակալութիւնը «Մելոնիի կուսակցութիւնը կը ձգտի պաշտպանել իտալերէնը օտար ապականումէ» խորագիրով կը ներկայացնէ Իտալիոյ վարչապետին առաջարկը (1):

           «Վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի առաջարկեց մինչեւ 100.000 եւրօ տուգանք սահմանել հանրային եւ անհատական կազմակերպութիւններու, որոնք պաշտօնական հաղորդակցութեանց մէջ օտար բառեր կը գործածեն, յատկապէս անգլերէն` իտալերէնի փոխարէն:

              1. Վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի խորհրդարանին մէջ:

           «Այս նորաձեւութեան խնդիր չէ միայն, քանի որ նորաձեւութիւնը կ՛անցնի, այլ` անգլերէնամոլութեան, որ ամբողջ հասարակութեան համար ունի հետեւանքներ», գրուած է նախնական օրինագիծի բնագիրին մէջ, որ կոչ կ՛ընէ պաշտպանել եւ սնուցանել իտալերէնը:

           «Օրինագիծը ներկայացուած է Մելոնիի ազգայնական Ֆրաթելլի տ՛Իթալիա Իտալիոյ եղբայրներ կուսակցութեան օրէնսդիրներուն կողմէ, որ օրէնք դառնալու համար պէտք է հաստատուի խորհրդարանի երկու պալատներուն կողմէ: Յայտնի չէ, թէ քննարկումը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ: Օրինագիծը կը նշէ, որ անգլերէնի տարածումը կը «նուաստացնէ եւ կը մեռցնէ» իտալերէնը, եւ կ՛առաջարկէ, որ բոլոր պետական եւ անհատական կառոյցները պէտք է օգտագործեն Տանթէի լեզուն` իրենց ապրանքներն ու ծառայութիւնները ծանուցելու համար:

            «Օրինագիծը նաեւ կը նախատեսէ, որ Իտալիոյ մէջ գործող բոլոր ընկերութիւններուն մէջ գործածուող բոլոր պաշտօններուն անուններն ու յապաւումները պէտք է գրուին տեղական լեզուով, օտար բառերը թոյլատրուին միայն այն պարագային, եթէ փաստուի, որ կարելի չէ զանոնք իտալերէնի թարգմանել:

           «Օրինագիծը կը նշէ, որ Եւրոպայի մէջ անգլերէնի համատարած գործածութիւնը «աւելի բացասական եւ յարակարծական է»` նկատի առնելով, որ Անգլիան Եւրոմիութենէն դուրս եկած է: Եթէ նախագիծը օրէնք դառնայ, կառավարութիւնը կրնայ արագօրէն կարգի բերել իր սեփական տունը:

            «Անցեալ հոկտեմբերին, երբ Մելոնի ստանձնեց վարչապետի պաշտօնը, արդիւնաբերութեան նախարարին անուան աւելցուց անգլերէն «Արտադրուած է Իտալիոյ մէջ» եզրը, “Made in Italy”, մինչ Մելոնին, ինքն ալ՝ իր ելոյթներուն ընթացքին երբեմն օտար բառեր կը գործածէ: Օրինակ՝ իր պաշտօնը ստանձնելու ելոյթին, ինքզինքին համար “underdog” (ճնշուած քաղաքացի*) անգլերէն (ամերիկեան*) եզրը գործածած է:

            «Օրէնքի այս նախագիծին ներկայացումը եկաւ քանի մը օր ետք կառավարութեան այլ որոշումէ մը, որ կը պաշտպանէր Իտալիոյ մշակոյթին պատկանող այլ կարեւոր բնագաւառը՝ արգիլելով տարրալուծարանային միջոցով արտադրուած ուտեստեղէնը, պաշտպանելու համար երկրին երկրագործական ժառանգութիւնը»:

            Յստակ կերպով կը նկատենք լրատուամիջոցին կողմէ հակաազգային, նախապաշարուած ու հեգնական կեցուածքը: Ինչո՞ւ…:

            Եուրօնիւզէն Ճուլիա Քարպոնարօ 3 ապրիլ 2023-ին, նոյն լուրը կը հաղորդէ սակայն այսպէս (2). «Իտալիոյ աջակողմեան կուսակցութիւնը, որ կը ղեկավարէ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի, առաջ քշած է օրինագիծ մը, որ 5000-էն 100 հազար եւրօ տուգանքի պիտի ենթարկէ անգլերէն եւ այլ օտար բառեր գործածողները»:

            Կարժէ լրիւ ամփոփել նաեւ ա՛յս լուր-տեսակէտը.

            «Օրինագիծը, որ երկրին մէջ դատապարտումի արժանացաւ, նոյնիսկ համբաւաւոր Քրուսքա ակադեմիայի (Accademia della Crusca) լեզուագէտներուն եւ ակադեմականներուն կողմէ, նպատակն է «պաշտպանել եւ յառաջացնել իտալերէն լեզուն» եւ պաշտպանել ազգային ինքնութիւնը՝ ըստ Մելանիի կուսակցութեան:

            «… Կուսակցութեան երեսփոխան Ֆապիօ Ռամփելլի (Fabio Rampelli), որ օրինագիծը ներկայացուց, գրած է. «Խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ իտալերէն կը խօսինք, կը շարունակենք պայքարը անգլերէնի փոխարէն մեր լեզուն գործածելու: Կը զարմանանք ու չենք հասկնար, որ ինչո՞ւ ձեռքերը հականեխելու շիշին անգլերէն եզրը՝ «Dispenser» կը գործածենք, փոխանակ իտալերէն՝ «dispensatore»-ին:

            «Իտալերէնը, ինչպէս Եւրոպայի միւս լեզուներէն շատերուն նման, վերջին տարիներուն որդեգրած է բազմաթիւ անգլերէն եզրեր, մասամբ այն պատճառով, որ անոնք «նոր» բաներու եզրեր էին, որոնք չեն պատկանիր իտալական բառապաշարին (համակարգիչի, ընկերային ցանցերու եւ այլն) նաեւ, մասամբ այն պատճառով, որ անգլերէնը յաճախ եզրերու աւելի հակիրճ, աւելի հնչեղ լուծում գտած է, որոնք իտալերէնի մէջ աւելի դարձդարձիկ ձեւ կը պահանջէր: Մասամբ, քանի որ շատերուն համար անգլերէն բառին գործածութիւնը, նոյնիսկ, երբ իտալերէն եզրը կայ. օրինակ՝ Իտալիոյ մէջ սովորական է աշխատանքային հանդիպումները իբրեւ (briefing) «ճեպազրոյց» կամ ժամկէտին՝ (deadline) բառերը գործածելը, քանի որ մասնագիտական միջավայրին մէջ հեղինակութեան եւ միջազգայնացումի երանգ կու տայ…»: *Իրա՞ւ… Ըստ որո՞ւն… Ճաշակի՞ հարց է մայրենի լեզուն…

            Կը տեսնէ՞ք թղթակիցին մտապատկերը… Այն ինչ որ լեզուի մը համար բնական ու ընդունելի պէտք է ըլլայ, ուրոյն բառը շինելու՝ դատապարտումի կ՚արժանանայ: Այլ խօսքով՝ այսինչ բառին անգլերէնը արդէն կա՛յ ի՞նչու քու լեզուովդ ալ նոր բառը պիտի շինես, կ՚ըսէ ան: Կը նմանի լիբանանեան կատակին, որ վերագրուած է երբեմնի խորհրդարանի նախագահ Քամէլ Ասաատի հօր, որուն երբ քաղաքացի մը համալսարանական կրթաթոշակի համար կը դիմէ, ան կը պատասխանէ. «Տղադ ի՞նչ պէտք ունի համալսարան երթալու արդէն տղաս՝ Քամէլը համալսարան կ՚երթայ…»*:

            «Ըստ վերջին տուեալներուն, Թրէքքանին (Treccani), իտալերէնի յայտնի համայնագիտարանը, ներկայիս կը պարունակէ 9000 անգլերէն բառ եւ 800 հազար իտալերէն բառ: 2000-էն ի վեր անգլերէն բառերը 773 տոկոս աւելցած են: Անգլերէն բառերու ներմուծումը իտալերէնին մէջ անվերջ բանավէճի առարկայ է Իտալիոյ մէջ, ուր կարծիքները կը բաժնուին ազգային լեզուի մաքրութիւնը պաշտպանելու իսկ միւս կողմէ ընդունելու, որ կենդանի լեզուները հոսուն են եւ անընդհատ բարեշրջման մէջ»:

          Անգլերէն բառեր գործածելը միթէ բարեշրջո՞ւմ է… Դէպի լա՞ւն է… Այս ի՛նչ անտրամաբանական տեսակէտ է*:

            «Մելոնիի առաջարկած օրէնսդրութիւնը այս բանավէճին մասին խիստ դիրքորոշում կը դրսեւորէ՝ առաջ մղելով պահպանողական մօտեցում մը, որ կը մտադրէ արգիլել անգլերէն բառերը պետական կառավարման համակարգին, դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ: Նոր օրէնքին համաձայն՝ «որեւէ [համալսարանական] դաս, որ յատուկ կերպով ուղղուած չէ օտար լեզուի ուսուցման, պէտք է ըլլայ իտալերէն»։ Օտար լեզուով դասընթացքները արդարացուած կ՚ըլլան միայն, երբ ուղղուած են օտար ուսանողներուն: Պետական կառավարման մէջ որեւէ պաշտօն ստանձնող պէտք է տիրապետէ իտալերէնի գրաւոր եւ բանաւոր գիտելիքներուն:

            «Օրինագիծի նախագիծին համաձայն՝ անգլերէն բառերու գործածութիւնը «կը նուաստացնէ եւ կը մեռցնէ» իտալերէնը, մանաւանդ, երբ Անգլիան այլեւս Եւրոմիութեան մաս չի կազմեր: Առաջարկուող օրինագիծը պէտք է ներկայացուի խորհրդարանական քննարկումի»։

            Վերջապէս, կը ներկայացնեմ նոյն լուրը ռուսական աղբիւրէն: Սփութնիք կը գրէ (3). «Ֆրաթելլի տԻթալիա, որ ծանօթ է իր ազգայնական եւ հակագաղթականական քաղաքականութեամբ, կը հետապնդէ օրէնքով պաշտպանել իտալերէնը: Կուսակցութիւնը կ՚առարկէ, որ օտար բառերու աճող գործածութիւնը կը քայքայէ Իտալիոյ ինքնութիւնը եւ կը խաթարէ անոր մշակութային ժառանգութիւնը:

2. Ապօրինի տնտեսական գաղթականներ Սիկիլիոյ մէջ, նաւէն դէպի մեկուսարան կ՚ուղղուին:           

            «Իտալիոյ կառավարութիւնը կը քննարկէ մինչև 100 հազար եւրօ տուգանք սահմանելու հնարաւորութիւնը ամենօրեայ խօսակցութիւններուն եւ պաշտօնական փաստաթղթերուն մէջ անգլերէն բառեր գործածելու համար։ Առաջարկը ներկայացուցած է իշխող կուսակցութեան օրէնսդիրին կողմէ՝ իտալական ինքնութիւնը պաշտպանելու նպատակով:

            «Նախագիծը կը նախատեսէ, որ այն անհատները եւ ընկերութիւնները, որոնք պաշտօնական յայտարարութիւններուն եւ փաստաթղթերուն մէջ անգլերէն բառեր կը գործածեն, կ՚ենթարկուին լուրջ տուգանքներու: Այս քայլը ուղղուած է իտալերէնի պահպանման համար, մինչ՝ կառավարութիւնը քաղաքացիներուն համար, անգլերէն բառերը փոխարինելու օրինաւոր իտալերէն այլընտրանքներու ցանկը կը տրամադրէ:

            «Կը մնայ տեսնել, թէ որքա՞ն արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ նոր օրինագիծը՝ նկատի առնելով, որ տասնամեակներ շարունակ անգլերէն բառերը լայնօրէն կը գործածուին իտալերէնին մէջ:

            «Այս նախաձեռնութիւնը կը հետեւի Ֆրանսայի օրինակին, քանի որ Ֆրանսական ակադեմիան՝ ֆրանսերէնի հետ կապուած հարցերը վերահսկող պաշտօնական մարմինը, նմանապէս կը հետապնդէ լեզուական զտութիւնը:

            «Մայիս 2022-ին Ֆրանսան նոր օրէնք ներկայացուց, որ կ՚արգիլէ անգլերէն խաղերու եւ արուեստագիտական կորճաբանութեան գործածումը պաշտօնական հաղորդակցութիւններուն, գովազդներուն եւ հանրային փաստաթուղթերուն մէջ: Օրէնքը նպատակ ունի պահպանել ֆրանսերէնի անաղարտութիւնը՝ սահմանափակելով օտար բառերու գործածութիւնը եւ խթանելով ֆրանսերէն այլընտրանքներու օգտագործումը»։

            Յստակ է չէ՞ ռուսական լրատուամիջոցին անաչառ ու ոչ հեգնական մօտեցումը միւսներուն հետ բաղդատելով: Առաւել եւս, Սփութնիք կը մէջբերէ նո՛յն հարցով Ֆրանսայի նախընթացը:

            Վերջապէս, եզրակացնեմ այս հարցին բուն հեգնական իրողութիւնով: Արդեօք որքանո՞վ անգլերէնը զուտ լեզու մըն է եւ ո՞ր լեզուին վրայ հիմնուած է: Պատասխանը կու տայ Բառարան.քոմ (Dictionary.com) կայքէջը (4): «Անգլերէն բառերուն քանի՞ տոկոսը լատիներէնէ քաղուած է» հարցումին հետեւեալ պատասխանը կու տայ.

            «Անգլերէն որեւէ բառարանի բառերուն շուրջ 80 տոկոսը փոխ առնուած է գլխաւորաբար լատիներէնէն (դասական իտալերէն): Անգլերէն բառերուն 60 տոկոսէն աւելին ունին յունարէն կամ լատիներէն արմատներ: Գիտութեան եւ արուեստագիտութեան բառամթերքին մէջ՝ 90 տոկոսէն աւելի: Լատիներէն բառամթերքին 10 տոկոսը մուտք գործած է անգլերէնին մէջ՝ միջնորդով մը, որ ընդհանրապէս ֆրանսերէնն է»: Այսինքն ֆրանսերէնը լատիներէնէն առած է, իսկ անգլերէնը՝ ֆրանսերէնէն:

            «Որոշ ժամանակ ամբողջ լատիներէն բառապաշարը գրեթէ դարձաւ անգլերէն, եւ շատ բառեր ստեղծուեցան լատիներէնի հիման վրայ: Անգլերէնի մէջ յունարէն արմատով բառերը երեք միջոցով մուտք գործած են: 1. Անուղղակի կերպով լատիներէնէն: 2. Յոյն գրողներէն ուղղակի փոխ առնուած, կամ՝ 3. մանաւանդ արդի ժամանակներու գիտական եզրերը յունարէն արմատներու նոր ձեւով կցուած բաղադրութիւնն է:

            «Դասական լեզուներուն անմիջական ազդեցութիւնը սկսած է Վերածնունդի դարաշրջանէն եւ շարունակած մինչեւ օրերս: Նոյնի՛սկ այսօր գիտական եւ արուեստագիտական անգլերէն բառերուն արմատներուն հիմնական աղբիւրը լատիներէնն ու յունարէնն են»: Այս ի՛նչ հեգնական վիճակ է ու երեւոյթ…Երբ անգլերէնը արդէ՛ն իտալերէն արմատներ ունի…

            Ինչո՞ւ դէմ ըլլալ բնականին: Ինչո՞ւ ծիծաղիլ կառավարութեան մը վրայ, որ կ՚ուզէ մաքուր պահել իրեն ժառանգած ու վստահուած մայրենի լեզուն: Մանաւանդ, երբ գիտութիւնն ալ վերջերս փաստեց, որ մայրենի լեզո՛ւն կը կառավարէ տուեալ անձին ուղեղին ներքին ցանցն ու գործունէութիւնը, եւ իւրաքանչիւր լեզու ունի իւրայատուկ լեզուամտածողութիւնը (5):

            Արդեօք ե՞րբ կարգը պիտի գայ հայերէն լեզուն մաքրագործելու եւ պահպանելու, երբ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, թէ՝ դուրսը, կարգ մը պատգամաւորներուն խօսած լեզուն գրեթէ անհասկնալի է, կարգ մը վաճառատուներու վահանակները օտար լեզուով գրուած են, կարգ մը ճաշարաններու ճաշացուցակը մի՛այն օտար լեզուով գրուած է եւ այլն… Իսկ ամենէն կարեւորը՝ երբ օտար բառեր մուտք գործած են «Հայերէն» բառարաններուն մէջ…

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

11 ապրիլ 2023

haroutchekijian.wordpress.com

* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները հեղինակին կողմէ:

1. https://www.reuters.com/world/europe/melonis-party-looks-shield-italian-language-foreign-contamination-2023-03-31/

2. https://www.euronews.com/2023/04/03/ciao-hello-no-italys-right-wing-government-wants-to-ban-english-words-with-100000-fines

3. https://sputnikglobe.com/20230402/italian-government-proposes-fine-of-up-to-100000-euros-for-use-of-english-words-1109050739.html

4. https://www.dictionary.com/e/word-origins/

5. https://www.sciencedirect.com/science/article/pii/S1053811923001015?via%3Dihub#bib0071

ԱԶԴԱԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started