«Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» գիրքին նախաբանը, բովանդակութիւնը եւ կարգ մը էջեր

Նախաբան

Փոքր տարիքէս Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշակը եւ անոր կարմիրը, կապոյտը եւ նարնջագոյնը իմ նախընտրած գոյներս եղած են։ Իմ որեւէ տեսակի գծագրութեան մէջ , եռագոյնը անպայման կ՚երեւէր: Երբ ՀՄԸՄ- ի սկաուտ դարձայ, արդէն շաբաթական դրութեամբ դրօշակի արարողութիւն կը կատարէինք, եւ եռագոյն դրօշակը մեր սրբութիւնը դարձած էր`հայ ժողովուրդի ազատութեան ու անկախութեան խորհրդանիշը:

            1958-ին, ուրախալի օր մը, Հայաստանի վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» մեծածաւալ գիրքը լոյս տեսաւ, եւ կարելի եղաւ մեր տան մէջ օրինակ մը ունենալ: Այն ժամանակ պատանի` գիրքին տեսքը ինքնին փառաւոր էր ` 684 էջ հաստ թուղթով, լաթակազմ, 28 սմ հասակով եւ շուրջ 8 սմ հաստութեամբ, զայն կարելի չէր միայն մէկ ձեռքով գրադարանէն հանել: Իր համայն բովանդակութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան իսկական պատմութիւնն է, սկիզբէն վերջ ` ականատեսի մը վկայութեամբ: Եռագոյնէն ետք, ինծի համար այդ լուսանկարներով գիրքն ալ անկախութեան խորհրդանիշներէն դարձաւ:

            Այդ օրերուն երբե՛ք միտքէս չէր անցներ, որ օր մը ես ալ Հայաստանի Հանրապետութեան կամ որեւէ այլ նիւթի մասին գիրքի մը հեղինակը պիտի դառնայի, այն ալ մօտաւորապէս Վրացեանի նշեալ գիրքին էջերուն ծաւալով `շուրջ 700 էջ (686), սակայն աւելի փոքրակազմ գիրք եւ էջեր `բազմաթիւ բացատրուած լուսանկարներով: Շնորհիւ «Ազդակ» օրաթերթին եւ ընթերցողներու քաջալերանքին, Հայաստանի Հանրապետութեան100-ամեակին առիթով 60 յօդուածներ պատրաստեցի, առաջինը`13 փետրուար 2018-ին. անոնք « Ազդակ»-ի էջերուն մէջ լոյս տեսան մինչեւ 19 փետրուար 2021: Երբ «Ազդակ»-ի տնօրէնը փափաք յայտնեց գիրքի վերածելու այս յօդուածաշարքը, պէտք եղաւ վերադասաւորել գրութիւններուն շարքը՝ ըստ բովանդակութեան եւ ո՛չ թէ՝ լոյս տեսած թուականին:

            Վրացեանի վերոնշեալ գիրքը ուղեցոյց ունենալով՝ զանազան աղբիւրներէ կարելի եղաւ օգտուիլ, հիմնականօրէն՝ անկախութեան օրերուն լոյս տեսնող ՀՅ Դաշնակցութեան եւ այլ մամուլի էջերէն, շնորհիւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Հայկական շարունակական հրատարակութիւնների համահաւաք գրացուցակ» կայքէջին, ձրիօրէն մատչելի, թուայնացուած (ոչ որոնելի՝ նկարուած էջեր) 1917-1921 արխիւէն. այսպէս` «Ազատ Հայաստան», «Աշխատանք» , «Արարատեան աշխատաւոր», «Գիւղատնտեսական հանդէս», «Դիրքերում», «Զանգ», «Կառավարութեան լրաբեր», «Հայաստանի աշխատաւոր», «Հայաստանի կօօպերացիա» , «Հայրենիք ամսաթերթ», «Հայրենիք օրաթերթ», «Յառաջ», «Նոր սերունդ», «Շանթ աշակերտական», «Շիրակի աշխատաւոր», «Վան Տոսպ» եւ «Փարոս»:

            Հարկաւոր էր, որ այս հինգ տարիներուն լոյս տեսած զանազան օրաթերթերը եւ պարբերաթերթերը, զորս ներբեռնեցի համակարգիչիս մէջ, առնուազն երկու անգամ էջ առ էջ թերթատել, որպէսզի որեւէ աչքառու նիւթի մը մասին լուրերը եւ յօդուածները զատեմ ու նկարեմ, ապա համակարգչային միջոցներով յստակացնեմ եւ ընթեռնլի դարձնեմ զանոնք, եւ վերջապէս` արեւմտահայերէնի վերածելով արտագրեմ յօդուածներուն մէջ: Այս նկարներէն մաս մը զետեղած եմ յօդուածներուն էջերուն, որպէսզի ընթերցողը՝ իմ փորձառութեանս նման, իրական պատմութեան հետ օրէ-օր, ինչպէս որ է, ուղղակի եւ շօշափելի հաղորդակցութեան մէջ մտնէ:  

            Այս պրպտումին ամենէն ուշագրաւ յայտնութիւնը այն էր, որ մեր մամուլը, Թիֆլիսի մէջ յայտարարուած Հայաստանի անկախութեան հռչակումին յաջորդ օրը տեղեակ չէր եւ այդ մասին գրած չէր: Նոյնիսկ մինչեւ 1 յունիս 1918: Ինչո՞ւ, քանի որ այդ օրը «Աշխատանք» օրաթերթը «Վերջին ժամ» խորագիրով կը տեղեկացնէ. «Թիֆլիսի հետ հեռագրական հաղորդակցութիւն չկայ: Անդրկովկասեան հեռագրական գործակալութեան հեռագիրներն ալ չեն ստացուիր: Մեր ճակատէն նոր տեղեկութիւններ չկան»: Նոյն թիւին մէջ, այլ յօդուած մը կը խօսի Վրաստանի անկախութեան հռչակումին մասին, առանց տեղեակ ըլլալու, որ Հայաստանն ալ անկախութիւն հռչակեց 28-29 մայիսին: Նոյնպէս՝ «Զանգ»-ի 31 մայիս 1918-ի թիւին խմբագրականը կը խօսի մի՛այն Սէյմի քայքայման մասին, Վրաստանի անկախութիւն հռչակելուն պատճառով:

             Թանկագին վերապրումի մը համազօր է անկախութեան ժամանակաշրջանի օրաթերթերը կարդալը՝ օրէ-օր իր խմբագրականներով, յօդուածներով, նոյնիսկ՝ քննադատական, լուրերով՝ տեղական եւ արտաքին աշխարհի, գրական թերթօններով, հնագիտական նիւթերով, ձեռնարկներու թղթակցութիւններով, զինուորագրումի կոչերով, պատերազմական ճակատներուն կացութեամբ, պարէնաւորումի յայտարարութիւններով, ապրուստի պայմաններով՝ բազմահազար որբերով, համաճարակի եւ գաղթականներու վիճակով, նուիրահաւաքի կոչերով, հեռագրալուրերով, նամականիներով, մահազդներով, թատրոնի, ժողովներու, դասախօսութիւններու եւ այլ յայտարարութիւններով, ազգական փնտռողներ եւ այլն, նաեւ երգիծանքով՝ Լեռ Կամսար, ու զանազան ծանուցումներով: Այժմ Հայաստան ապրողը, կամ այցելողը նաեւ կարելիութիւնը կ՚ունենայ տեսնելու եւ շօշափելու ցարդ կանգուն մնացած անկախութեան շրջանի կարգ մը շէնքերը՝ քալելով նաեւ նոյն փողոցներով:

            Պատմաբաններ եւ վերլուծաբաններ, որոնք օրուան մամուլին միջոցով չեն ծանօթացած ու «վերապրած» անկախութեան շրջանը, եւ այժմու արդիական պայմաններով կ’արժեւորեն եղելութիւնները, չեն կրնար իրապաշտ ու հարազատ կերպով ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութիւնը: Առանց 1917-1923 ժամանակաշրջանի առօրեայ զարգացումներէն տեղեակ ըլլալու, կարելի չէ նիւթի մը մասին իր բոլոր կողմերով հարազատ պատկերացում մը ունենալ: Օրինակ՝ Առանց տեղեակ ըլլալու այդ ժամանակներու հաղորդակցութեան պայմաններուն, ոմանք անտեղի հարցադրումներով, սխալ եզրակացութիւններով էջեր կը լեցնեն եւ մեկնաբանութիւններ կը կատարեն:

            Արտաքին աշխարհին հետ Հայաստանի միա՛կ կապը հեռագիրն էր, որ Վրաստանէն կ՛անցնէր եւ յաճախ կը կտրուէր՝ դիտումնաւոր կերպով, կամ՝ ոչ, նոյնպէս՝ նամակագրութիւնը: Դէպի արտաքին աշխարհ ճամբորդութիւնները շոգեկառքով կը սկսէր եւ նոյնպէս Թիֆլիսէն կ՛անցնէր, անկէ Պաթումի նաւահանգիստ, ապա՝ նաւով Օտեսա կամ Պոլիս, ուրկէ շոգեկառքով դէպի Եւրոպայի քաղաքներ: Շոգեկառքի ժամացուցակը երբեմն նոյնիսկ մէկ օրով կը յետաձգուէր վառելանիւթի չգոյութեան եւ այլ պատճառներով: Օրինակ՝ դիւանագիտական պաշտօնական գործուղումի մը համար, լաւագոյն պարագային, Երեւանէն Փարիզ 5-6 օրէն կարելի էր հասնիլ, յաճախ՝ 10-12 օրէն:

            Գիրքին երկրորդ բաժինը յատկացուած է Սեւրի դաշնագիրին, որ բնական եւ արդար արգասիքն է հայ ժողովուրդին տարիներու վրայ երկարող հերոսական պայքարին եւ միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի կայացման նպատակին եւ ուղիին: Մանաւանդ, իբրեւ մասնակի հատուցում՝ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան: Սեւրի դաշնագիրը ու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը ամրագրուեցաւ եւ վերահաստատուեցաւ 2015-ին, Համահայկական հռչակագրով՝ իբրեւ պետական օրակարգ:

            Մասնաւորապէս պէտք է շեշտել, որ Սեւրի դաշնագիրը, Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին, Օսմանեան կայսրութեան անձնատուութիւնը, պարտութիւնը հաստատող եւ իբրեւ այդպիսին՝ յաղթող կողմին, Անթանթին կողմէ, որուն մաս կը կազմէր Հայաստանը, պայմաններ սահմանող փաստաթուղթ է, որ ցարդ ի զօրու է: Սեւրի դաշնագիրին մասին ոչ գիտական եւ խեղաթիւրուած, սխալ մեկնաբանութիւնները աւելի շատ են, քան իրականը, զորս փորձած եմ լուսաբանել: Այս առիթով՝ մանաւանդ համացանցի նշանաւոր «Ուիքիփետիա»-ի հայերէն բաժինի ահաւոր սխալները կարելի եղաւ բոլորովին վերցնել եւ սրբագրել՝ տեղադրելով նաեւ այս մասին կարգ մը յօդուածներս աղբիւրներու ցուցակին մէջ:

            Հայոց պատմութիւնը խեղաթիւրողներուն եւ նենգափոխողներուն թիւը շատ մեծ է: Անհաւատալիօրէն, անոնց վրայ աւելցաւ նաեւ այժմու Հայաստանի կառավարութիւնը, որ, հակառակ պատմաբաններուն եւ հանրութեան բողոքին, 2019-էն սկսեալ Հայոց պատմութեան դասագիրքերը թրքահաճոյ դարձուց, օրինակ՝ փոխարինելով «Արեւմտահայաստան»-ը թուրքերուն գործածած ժխտողական «Արեւելեան Անատոլու» եզրով: Իւրաքանչիւր հայու եւ մանաւա՛նդ պատմաբաններուն ու հրապարակագիրներուն պարտաւորութիւնն է անդադար պրպտել եւ բացայայտել հայոց պատմութիւնը խեղաթիւրողները եւ պատշաճ կերպով սրբագրել:

            Այս գիրքով փորձած եմ հաւաստի, եւ ընդհանրապէս նոյն նիւթին մասին մէկէ աւելի աղբիւրներէ օգտուիլ՝ պահելով առարկայականութիւնը: Իմ կողմէս եղած ընդգծումները նշուած են փակագիծերու մէջ աստղանշանով (*): Դժուարութիւններէն գլխաւորն էր՝ աղբիւրներուն մէջ ոչ ամբողջական անունները՝ մականուն եւ անունի սկզբնատառը, որոնցմէ 24 անուն մնաց անլոյծ. նաեւ, կարգ մը դէպքերու ճշգրիտ թուականները եւ վայրերը, որոնց մեծ մասը կարելի եղաւ վերծանել, սակայն՝ ոչ բոլորը: Գիրքին էջերուն մէջ տեղ գտած 983 անունի եւ տեղանունի ցուցակը կը գտնուի վերջաւորութեան:

            Վերջապէս, շնորհակալութիւն «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէնութեան՝ Շահան Գանտահարեանին, խմբագրութեան՝ Նորա Բարսեղեանին եւ այս գիրքի հրատարակութեան բծախնդիր աշխատանք ցուցաբերած «Ազդակ»-ի անձնակազմին: Յատուկ շնորհակալութիւն, գիրքին մեկենաս Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեանին, որոնց շնորհիւ լոյսին եկաւ այս հատորը:

Յարութ Չէքիճեան

21 Ապրիլ 2022

   

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started