Վուտրօ Ուիլսընի 24 Մայիս 1920-ի Յատուկ Ուղերձը Քոնկրէսին՝ Ազգերու Լիկայի Հովանիին տակ Հայաստանի Հովանաւորութիւնը Ստանձնելու Առաջարկով

Նախորդիւ անդրադարձայ հայ ժողովուրդին ճգնաժամային` վտանգաւոր մէկ փուլին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան գոյութեան սպառնացող պահուն` «Հայաստանի անկախութեան ամերիկեան կոմիտէին եւ ամերիկացի 375 երեւելիներուն խնդրագիրը նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին` ի նպաստ ամբողջական, անկախ, ծովէ ծով Հայաստանի կայացումին, մարտ 1919-ին» (1): Ատոր նախորդած էր Ամերիկայի այժմու քաղաքականութեան լրիւ հակապատկերը` «Հայաստանը, Արցախը, հայութիւնը, Կազան եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարման անմարդկային` կատարեա՛լ բարոյական անկումը» (2) անդրադարձս:

1. Նախագահ Ուիլսընի 24 մայիս 1920-ի պատգամը քոնկրէսին՝ Ազգերու լիկայի հովանաւորութեամբ ստանձնելու Հայաստանի հոգատարութիւնը:  2. Աշխարհի լուռ մեղսակցութեամբ՝ արցախահայութիւնը Ազրպէյճանի ցեղասպանութեան զոհ: Արցախի հայութիւնը ոչնչացման սպառնալիքին տակ հարկադրաբար կը լքէ Արցախը: 5 հոկտեմբեր 2023-ին Ստեփանակերտի՝ իր ժողովուրդէն բռնի կերպով լքուած «վերածնունդ» հրապարակը:

            Անհրաժեշտ է, որ հայ ժողովուրդը անդադար նախ ինքը յիշէ եւ յիշեցնէ գործող Ամերիկայի նախագահին, ժողովուրդին, քաղաքական աւագանիին եւ ծերակոյտին` նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին ստորագրութիւնը եւ նախագահական կնիքը կրող, ուրեմն ամերիկեան օրէնքի վերածուած Իրաւարար վճիռը (3), որ կը ճշդէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Սեւրի դաշնագիրով որոշուած սահմանը, որ տակաւին ի զօրու է, սակայն ցարդ չէ գործադրուած:

            Նախագահ Ուիլսըն Սեւրի Դաշնագիրի որոշումը գործադրելու համար, ամերիկեան վարչական մեքենան՝ արտաքին գործոց նախարարութիւն, զինուորական եւ այլ վարչութիւններ աշխատանքի լծեց, քաղաքական եւ զինուորական առաքելութիւններ Հայաստան գործուղեց: Ուիլսընի կողմէ որոշուած Հայաստան-Թուրքիա սահմանի քարտէսը պատրաստուած է տնօրէնութեամբ ամերիկեան բանակի հազարապետ Լորընս Մարթինի՝ գործադրութեամբ Ամերիկայի տեղագրական բաժանմունքի երկրաբանական քննաչափութեան (Topographic Branch U. S. Geological Survey), գործակցութեամբ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ 50 մասնագէտներէ կազմուած «Հարպորտ» առաքելութեան, տեղւոյն վրայ՝ Սեւ ծովու Կիրասոնի մօտ Վենազիթ Տերէ գիւղէն սկսեալ մինչեւ Թուրքիա-Հայաստան-Պարսկաստան սահմանի Քարա Հիսա գիւղը կատարած մանրամասն դիտարկումներուն եւ չափագրութեան հիման վրայ:

         Վուտրօ Ուիլսընի 24 մայիս 1920-ի յատուկ ուղերձը Քոնկրեսին` Ազգերու լիկայի հովանիին տակ Հայաստանի հովանաւորութիւնը ստանձնելու առաջարկով: Արդէն տարի մը առաջ` մարտ 1919-ին, նախագահը ստացած էր Ամերիկայի աւագանիին խնդրագիրը, որ ստորագրած էին` Ամերիկեան եկեղեցւոյ 85 եպիսկոպոսները, Ամերիկայի 48 նահանգներէն 40-ին կառավարիչներն ու ամէնէն հեղինակաւոր 250 քոլեճներու եւ համալսարաններու նախագահները` ի նպաստ ամբողջական, անկախ, ծովէ ծով Հայաստանի կայացումին: Ստորեւ` բնագիրին անգլերէնէ թարգմանութիւնը, որ նախ կ՛ամփոփէ Հայաստանի կացութեան վերաբերեալ ծերակոյտէն ստացած հաղորդագրութիւնը, ապա կ՛առաջարկէ ստանձնել Հայաստանի հովանաւորութիւնը (4), (5):

          «14 մայիս 1920-ին նախագահին գրասենեակը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի քարտուղարէն` հաղորդելով հետեւեալ նախաբաններն ու բանաձեւերը.

          «Քանի որ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ենթայանձնաժողովին կողմէ վարած լսումներուն ընթացքին տրուած ցուցմունքները յստակօրէն հաստատած են հաղորդուած (Թուրքիոյ կողմէ հայերուն*) ջարդերուն եւ այլ վայրագութիւններուն ճշմարտութիւնը, որոնցմէ տուժած է հայ ժողովուրդը. եւ՝

          «Քանի որ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդը խորապէս տպաւորուած է Հայաստանի մէջ այժմ տիրող անապահովութեան, սովի եւ թշուառութեան ողբալի պայմաններէն. եւ՝

            «Քանի որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը պատշաճ կերպով ճանչցուած է Խաղաղութեան խորհրդաժողովին, Գերագոյն խորհուրդին եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ, հետեւաբար, այսպէս՝

            «Որոշած է, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին անկեղծ շնորհաւորանքները այսու յղուին Հայաստանի ժողովուրդին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման առիթով՝ չհակասելով ներառուած տարածքային սահմաններուն. եւ առաւել, անկէ անկախ՝

            «Որոշած է, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը այսու յոյս կը յայտնէ, որ հայ ժողովրդին շուտով հնարաւոր կ՚ըլլայ հասնիլ կայուն կառավարութեան, անհատական ազատութիւններու եւ իրաւունքներու պատշաճ պաշտպանութեան եւ ազգայնական ձգտումներու լրիւ իրականացումին. եւ առաւել, անկէ անկախ՝

            «Որոշած է, որ Պաթումի նաւահանգստին մէջ եւ դէպի Պաքու տանող երկաթուղիի գիծին երկայնքով Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն կեանքին եւ ունեցուածքին համար անհրաժեշտ պաշտպանութիւն ապահովելու համար այսու Նախագահէն կը խնդրէ, եթէ հանրային շահին չհակասեր, Միացեալ Նահանգներու ռազմանաւ մը տեղակայել եւ ծովային ուժեր ուղարկել այդ նաւահանգիստը՝ հրահանգներով, որ ծովայինները ցամաքի վրայ պաշտպանեն ամերիկացիներուն կեանքն ու ունեցուածքը»:

           «Ես մեծ հետաքրքրութեամբ եւ անկեղծ գոհունակութեամբ ընդունեցի եւ կարդացի այս փաստաթուղթը ո՛չ միայն այն պատճառով, որ ան կը մարմնաւորէր իմ սեփական համոզումներն ու զգացումները Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդին նկատմամբ, այլ նաեւ, առաւելապէս, որովհետեւ ինծի կը թուէր, թէ ամերիկացիներուն հարազատ ձայնն է այս: Մարդիկ, որոնք կ՛արտայայտէին իրենց իսկական համոզումները եւ քրիստոնէական խոր համակրանքը, որ ես կը յայտնէի, եւ այն պարտականութիւնը, որ յստակօրէն մեր առջեւն է:

            «Ես միայն նախախնամական եւ ոչ թէ իբրեւ պատահականութիւն կը համարեմ այն իրողութիւնը, որ գրեթէ միեւնոյն ժամանակ տեղեկութիւն ստացայ, որ այժմ Սան Ռեմոյի մէջ Անթանթի ներկայացուցիչները (յաղթող կողմը) Առանցքի պետութիւններուն (պարտուած կողմ) հետ խաղաղութեան մանրամասնութիւնները մշակելու նպատակով ժողով կը գումարեն: Այն, ինչ որ Փարիզի խորհրդաժողովին կարելի չէր վճռել, պաշտօնապէս որոշած է յստակ կոչ ուղղել մեր այս կառավարութեան` ընդունելու Հայաստանի հոգատարութիւնը (mandate):

            «Անոնք կ՚ուզէին աւելցնել, որ այս առաջարկին պատճառը «Ոչ թէ իրենցմէ ակնկալուող պարտաւորութիւններէն խուսափիլն է, այլ՝ այն պարտականութիւններուն համար, որոնք արդէն պարտաւոր են կատարել նախկին Օսմանեան կայսրութեան (ժողովուրդներուն) առնչութեամբ առաւելագոյնս լարելու իրենց կարողութիւնները, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, որ Հին աշխարհի նախապաշարումներէն զերծ պետութեան յայտնուիլը (Ամերիկա*) աւելի լայն վստահութիւն կը ներշնչէ եւ ապագային կայունութեան աւելի ամուր երաշխիք կու տայ, քան՝ որեւէ եւրոպական ուժ»:

            «Փարիզի վեհաժողովին սկիզբը համաձայնեցանք, որ այն գաղութներն ու տարածքները, որոնք պատերազմին պատճառով դադրած են մնալ զիրենք կառավարած նախկին պետութիւններու իշխանութեան տակ, եւ որոնք բնակեցուած են ժողովուրդներով, որոնք տակաւին ի վիճակի չեն առանձինն գոյատեւելու ժամանակակից աշխարհի ծանր պայմաններուն մէջ, պէտք է կիրարկուի այն սկզբունքը, որ նման ժողովուրդներու բարեկեցութիւնն ու զարգացումը քաղաքակրթութեան սուրբ վստահութիւնը պէտք է վայելէ, եւ այդ վստահութեան իրականացումը պէտք է ապահովուի:

3. Ամերիկայի աւագանիին 1919-ին առաջարկած եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընէն խնդրած Ամբողջական, ծովէ ծով Հայաստանի քարտէսը: 4. Վուտրօ Ուիլսընի վճիռով որոշուած, Սեւրի դաշնագիրի Հայաստան-Թուրքիա ոչ ծովէ-ծով սահմանը10 օգոստոս 1920-ին:

           «Ընդունուեցաւ, որ նախկին թրքական կայսրութեան պատկանող որոշ համայնքներ հասած են զարգացման այնպիսի փուլի, որ անոնց գոյութիւնը իբրեւ անկախ ազգերկարելի է ժամանակաւորապէս ճանչնալ ենթակայ վարչական հովանաւորութեան, խորհրդատուութեան եւ աջակցութեան պարտադիր տրամադրումին, մինչեւ որ անոնք կարենան ինքնաբաւ դառնալ:

            «Այս սկզբունքին համաձայն եւ Հայաստանին նման խորհուրդ եւ օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով է, որ Սան Ռեմոյի մէջ համաժողովին մասնակից պետութիւնները պաշտօնապէս խնդրած են մեր այս կառավարութենէն ստանձնել Հայաստանի հովանաւորութեան պարտականութիւնները:

            «Ի գիտութիւն Քոնկրեսին` պէտք է աւելցնեմ, որ նոյն նիստին որոշուած է խնդրել Միացեալ Նահանգներու նախագահէն` ստանձնել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը ճշդելու դժուարին հարցը` Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգները ներառելով: Համաձայնութիւն գոյացած է ընդունիլ անոր որոշումը, ինչպէս նաեւ` որեւէ այլ պայմաններ, որ ան կրնայ սահմանել` Հայաստանի անկախ պետութիւնը դէպի ծով ելք ունենալու համար:

            «Այս նպատակով, որոշուեցաւ Թուրքիոյ հետ կնքուած դաշնագիրին մէջ, որ այժմ վերջնական քննարկման փուլին է՝ ներառել պայման մը՝ որ «Թուրքիան եւ Հայաստանը եւ դաշինքին միւս բարձր (հիմնական) կողմերը համաձայն են դիմել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին իրաւարար վճիռին՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանը որոշելու, Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներով եւ ընդունիլ անոր որոշումը, ինչպէս նաեւ՝ որեւէ այլ պայման, որ ան կրնայ սահմանել՝ Հայաստանի անկախ պետութեան համար դէպի ծով ելք ունենալու կապակցութեամբ»: Մինչեւ այդ որոշումը, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանները կը մնան այժմու վիճակով։ Ես իմ պարտականութիւնս համարած եմ ընդունիլ այս դժուարին ու նուրբ գործը։

            «Ի պատասխան Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովի հրաւէրին` ես անյետաձգելիօրէն խորհուրդ կու տամ եւ կը խնդրեմ, որ Քոնկրեսը գործադիր իշխանութիւնը լիազօրէ, որ Միացեալ Նահանգները Հայաստանի հովանաւորութիւնը ընդունի: Ես կ՛առաջարկեմ այս` հաւատալով, որ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին փափաքն է, որ պիտի կատարուի: Հայաստանի նկատմամբ համակրանքը կը բխի մեր ժողովուրդին ոչ թէ հատուածէ մը, այլ ինքնաբերաբար, արտասովոր անկեղծութեամբ եկած է այս երկրին ամբողջ քրիստոնեայ մարդոց եւ կիներուն կողմէ, որոնց կամաւոր օժանդակութիւններով Հայաստանը գործնականօրէն փրկուած է իր գոյութեան ամէնէն վճռական փուլին: Այս մեծ ու մեծահոգի, առատաձեռն ժողովուրդը սրտանց իւրացուցած է Հայաստանի դատը` իբրեւ իրը:

            «Այսպէս, մեր ժողովուրդին եւ անոր կառավարութեան ուղղուած են Հայաստանի պայքարող ժողովուրդին յոյսերն ու ազնիւ ակնկալիքները, քանի որ անոնք այժմ դուրս կու գան աննկարագրելի տառապանքներու եւ վտանգի ժամանակաշրջանէն, եւ յոյսով եմ, որ Քոնկրեսը խելամիտ կը համարէ ընդառաջել այս յոյսին եւ ակնկալիքներուն` առաւելագոյն բարեսիրութեամբ: Ես գիտեմ, որ անկախութեան եւ վերստին խաղաղ կեանքի համար պայքարող շատ ժողովուրդներու պատասխանատու ներկայացուցիչներուն կողմէ տրուած անառարկելի ապացոյցներէն, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը վայելէ արտասովոր վարկ եւ վստահութիւն: Եւ ես կը կարծեմ, որ եթէ մենք մերժենք այդ մարդոց օգտակար ընկերներն ու խորհրդատուները դառնալու խնդրանքը, այդ համազօր պիտի ըլլար կասեցնել քաղաքակրթութեան յուսադրող հոլովոյթը, առաջնորդելու եւ օգնելու այս ժողովուրդին:

           «Ես կը գիտակցիմ, որ Քոնկրեսը կը յորդորեմ շատ դժուարին ընտրութիւն մը կատարել, սակայն կ՛առաջարկեմ` վստահ ըլլալով, որ կը խօսիմ մեծագոյն քրիստոնեայ ժողովուրդներուն ոգիով եւ փափաքներուն համապատասխան: Մեր ժողովուրդին մէջ Հայաստանի հանդէպ համակրանքը ծագած է մաքուր խղճմտանքէն, քրիստոնէական զուտ հաւատքէն եւ ամէն տեղ քրիստոնեայ ժողովուրդները իրենց տառապանքներէն եւ նողկալի, դաժան հպատակութենէն ազատուած եւ իրենք իրենց ոտքերուն վրայ կանգնած տեսնելու եւ աշխարհի ազատ ազգերուն մէջ իրենց տեղը գրաւելու բուռն ցանկութենէն:

            «Մեր կողմէ Հայաստանի անկախութեան ճանաչումը կը նշանակէ իսկական ազատութիւն եւ երաշխաւորուած երջանկութիւն անոր ժողովուրդին, եթէ մենք անվախօրէն ստանձնենք առաջնորդութեան եւ աջակցութեան պարտականութիւնները` հովանաւորութեան ծիրին մէջ: Հետեւաբար ջերմեռանդ յոյսով եւ այն զգացողութեամբ, որ այս խորհուրդները կը հաղորդեմ, որոնք Քոնկրեսը կամաւոր կերպով պիտի չմերժէ, ես կը յորդորեմ ընդունիլ հրաւէրը, որ այժմ պաշտօնապէս եւ հանդիսաւոր կերպով ուղղուած է մեզի Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովին կողմէ, որուն ձեռքը անցած է երբեմնի Օսմանեան կայսրութեան մէջ կառավարման բազմաթիւ բարդութիւններն ու դժուարութիւնները եւ այդ կայսրութեան հատուածներուն մէջ կարգ ու կանոնի եւ կեանքի տանելի պայմաններու պահպանումը, որոնց շահերէն կը բխի, եւ քաղաքակրթութեան սիրոյն այլեւս կարելի չէ զանոնք պահել թրքական իշխանութեան տակ:

Վուտրօ Ուիլսըն

            Քոնկրէսը կը մերժէ Հայաստանի հոգատարութիւնը: Այս մասին յաջորդիւ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

6 մարտ 2024

՚՚՚՚՚՚՚՚՚* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները հեղինակին կողմէ:

1.  https://www.aztagdaily.com/archives/605790

2.  https://www.aztagdaily.com/archives/604579

3.  https://www.senate.gov/about/powers-procedures/treaties.htm

4.  https://www.presidency.ucsb.edu/node/350420

5.  https://www.loc.gov/item/20026615/

ԱԶԴԱԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started