Կովկասի Մէջ Ռուս Ռազմավարութեան՝ Դիւանագիտութեան Պարտութի՞ւնը

«Ռուս խաղաղապահներու Արցախէն դուրսբերման հոլովոյթը սկսաւ». այս է խորագիրը 18 ապրիլ 2024-ի «Ազդակ»-ի լուրերէն մէկուն (1): «Ռաշա Թուտէյ» լրատուական կայքէջը օր մը առաջ այս լուրը տուած էր արդէն, եւ հետաքրքրական էին լրատուութեան տակ այն ժամանակ 84 կեղծանունով կարծիք յայտնողները, որոնց մեծամասնութիւնը կը պաշտպանէր ռուսական կողմը` այպանելով Հայաստանի` ՕԹԱՆ-ի, Սորոս-ի, Ամերիկայի եւ Եւրոպական միութեան խամաճիկ եղող Փաշինեանի վարչախումբը, որ անոնց պատուէրով Արցախը յանձնեց Ազրպէյճանին (2):

           Ստորեւ կը թարգմանեմ շատ հաւանաբար հայ ընթերցողի մը ճշգրիտ, լուրջ եւ հիանալիօրէն արտայայտած մեկնաբանութիւնը` Ռուսիոյ առած այս քայլին մասին, որ երբե՛ք հեռու չէ իրականութենէն եւ կը պատասխանէ շատերուն անմիտ մեկնաբանութիւններուն:

1. Ռուս խաղաղապահները կը լքեն Արցախը:

            «Ես ինքս ռուսամէտ եմ, սակայն այս քայլը պարտութիւն եւ աղէտ էր Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան համար, անկախ անկէ, թէ՝ ինչպէս կ՚ուզեն եղելութիւնը ռուս եւ ռուսամէտ մարդիկ պատմել: Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը պատմականօրէն հայկական եղած է, որ հազարամեակներու պատմութիւն ունի, նոյնիսկ՝ ռուսիոյ պատմութեան սկսելէն առաջ: Խնդիրը ինքնին ամբողջութեամբ Խորհրդային միութեան՝ ԽՍՀՄ-ի անտեղի ստեղծումն էր։ ԽՍՀՄ-ը դիտումնաւոր կերպով իր հանրապետութիւններուն համար սահմաններ ստեղծեց, որոնք 100 տոկոսով չէին համապատասխանէր այդ տարածքներուն պատմական եւ ազգային բնակչութեան մեծամասնութեան:

            «ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք, Ռուսիան չկրցաւ տեւական կերպով լուծել խնդիրը եւ այնուհետեւ չկրցաւ նաեւ կանխել ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան եւ ՕԹԱՆ-ին անդամակցած կեղծ Ազրպէյճանը՝ տիրանալու եւ ցեղային զտումով ստիպելու հայերուն տեղահանութիւնը իրենց պատմական հայրենիքէն: Այս ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ՝ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն եւ ոչինչով կը տարբերէր այն բոլորէն, որ սիոնականները՝ հրէաները այժմ կը կատարեն Պաղեստինի մէջ: Այս իսկ պատճառով Իսրայէլը նոյնպէս ամբողջ սրտով օգնեց այս (Արցախահայութեան*) ցեղասպանութեան:

          «Նախ եւ առաջ, ռուս եւ ռուսամէտ մարդիկ կ՚արդարացնեն այս ոճիրը՝ մեղադրելով ՕԹԱՆ-ի խամաճիկ Փաշինեանը, անտեսելով այն փաստը, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը անջատուած էր պաշտօնական Հայաստանէն (առանձին, անկախ Արցախի հանրապետութիւն էր*)։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ոչ քուէարկած է Փաշինեանի օգտին, ոչ ալ դերակատարութիւն ունեցած է անոր իշխանութեան գալու գործին մէջ։

            «Երկրորդ՝ ռուս եւ ռուսամէտ մարդիկ կ՚արդարացնեն այս ոճիրը՝ մատնանշելով Հայաստանի՝ ՕԹԱՆ-ի հետ մերձենալու փորձը, անտեսելով այն փաստը, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, որոնք հակամարտութեան հակառակ կողմն են, արդէն կա՛մ ՕԹԱՆ-ի (Թուրքիա) լիիրաւ անդամներ են, կա՛մ ամբողջութեամբ համախոհ ՕԹԱՆ-ին (Ազրպէյճան): Փաշինեանը կրնար ցանկալ ՕԹԱՆ-ին միանալ, սակայն հակամարտութեան հակառակ կողմը բառացիօրէն արդէ՛ն ՕԹԱՆ-ը եւ Իսրայէլն էին:

            «Երրորդ՝ ռուս եւ ռուսամէտ մարդիկ կ՚անտեսեն այն փաստը, որ այս բոլոր գործողութիւնը՝ եղելութիւնը սկիզբէն մինչեւ վերջ, բառացիօրէն ուրուագծուած, ծրագրուած եւ գործադրուած էր ՕԹԱՆ-ին կողմէ: ՕԹԱՆ-ը արդէն Ազրպէյճանը կառավարող գործակալ մը ունի (որուն մասին Ռուսիան տասնամեակներով ոչինչ ըրած է): Այնուհետեւ ՕԹԱՆ-ը գունաւոր յեղափոխութիւն սարքեց Հայաստանի մէջ՝ իշխանութեան բերելով իրենց գործակալներէն մէկը, որ դիտումնաւոր եւ ծրագրուած կերպով Հայաստանը դարձուց անպաշտպան եւ հրաւիրեց ՕԹԱՆ-ի իր տէրերը, որ անոնք ուզածնին պէս փոխեն Կովկասը, ինչպէս որ կը փափաքին: Անգամ մը եւս Ռուսիան չկրցաւ կանխել, կանգնեցնել այս գունաւոր յեղափոխութիւնը եւ հետագայ փոփոխութիւններն ու զարգացումները:

            «Անշուշտ ՕԹԱՆ-ը այստեղ կանգ պիտի չառնէ եւ պիտի շարունակէ ձգտիլ, տարածաշրջանը վերափոխելու ըստ իրենց փափաքած նպատակներուն եւ  ծրագիրներուն: Անկեղծօրէն յոյսով եմ, որ Ռուսիան, կամ՝ Իրանը երկարաժամկէտ ծրագիր մը կը մշակեն այս ոճիրները սրբագրելու, եւ այս տարածաշրջանը կառավարող ՕԹԱՆ-ի խամաճիկները վռնտելու եւ բնիկ հայերուն թոյլ տալու վերադառնալ իրենց նախնիներուն տուները»:

            Ակնարկը յաւելեալ մեկնաբանութեան չկարօտիր:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

18 ապրիլ 2024

* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումը հեղինակին կողմէ

1. https://www.aztagdaily.com/archives/612103

2. https://www.rt.com/russia/596087-nagorno-karabakh-russian-peacekeepers/

ԱԶԴԱԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started