Այժմու Աշխարհը Եւ Զայն Ղեկավարողները Անտարբեր Են Կազայի մէջ Վեց Ամիսէ Աւելի Տեղի Ունեցող Բջիջայինի Պաստառներուն Վրայ Տեսանելի՝Իսրայէլի Կողմէ Կազայի Ժողովուրդին Ցեղասպանութեան, Քանի Որ Հայոց Ցեղասպան Թուրքը Եւ Արցախի Ցեղասպան Ազերին Կը Մնան Անպատիժ

Ինչպէ՞ս Այս Նոյն Սիոնիզմը  Զօրավիգ Կանգնեցաւ Ջարդարար Սուլթան Համիտին, Թալէաթին Եւ Քեմալականներէն Մինչեւ Այժմու Ազրպէյճանին Եւ Երուսաղէմի Հայկական Հողը Պղծողին

Անմարդկային գազանաբարոյ՝ խիղճ եւ զգացում չունեցող արարածներ միայն, ինչպէս՝ Իսրայէլի կառավարութիւնն ու անոր նեցուկ կանգնած եւ զինամթերք մատակարարող Միացեալ Նահանգները, հանգիստ կը զգան, Իսրայէլի կողմէ վեց ամիսէ անդադար 32 հազարէ աւելի կազացի խաղաղ բնակիչներու սպանդին՝ ցեղասպանութեան: Ցեղասպանութիւնը գործադրողին կողքին, անհաւատալի է տեսնել քաջալերողներ, զօրակցողներ, անտարբերներ եւ նոյնի՛սկ արդարացնողներ եւ մօտիկ ապագային ալ՝ ուրացողներ… Հայոց ցեղասպանութիւնն ալ այդպիսին էր:

Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպման մէջ միշտ հարեւանցի կը նշուի հրեաներուն մեղսակցութեան մասին եւ Սելանիկէն եկած Երիտասարդ թուրքեր ջարդարար ղեկավարներու խմբակին հրէական ծագում ունենալն ու անգլիական-իտալական հովանաւորութեամբ եղբայրութեան մը` գաղտնի կազմակերպութեան մը պատկանիլը: Այս իրողութիւնը, սակայն, երբե՛ք չի մեղմացներ բուն ոճրագործ թուրք պետութեան եւ արդէն մարդ մորթելու, մարդ սպաննելու վարժ ու հակամէտ թուրք ժողովուրդին, արիւնարբու խուժանին եւ անոր թալանող վարքագիծը:

Ա. Փրոֆեսոր Ռէյջըլ Էլպոիմ-Տրօր Rachel Elboim-Dror, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, իսրայէլեան Հաարեց օրաթերթին մէջ 1 մայիս 2015-ին (1). «Ինչպէ՞ս Հերցելը հայերուն դաւաճանեց», How Herzl sold out the Armenians, խորագիրով յօդուած մը հրատարակեց, որ ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ.

«Ինչպէ՞ս սիոնիստ Հերցելը դաւաճանեց հայերուն. ան զօրաւիգ կանգնեցաւ հայերուն դէմ օսմանեան դաժան Սուլթանին՝ այն յոյսով, որ այդ կը խրախուսէ Սուլթանը՝ Պաղեստինը վաճառելու հրեաներուն»: Այս է ենթախորագիրը:

«Հայկական հարցը Սիոնական շարժումը զբաղեցուցած է 1890-ականներու կէսերուն (1894-1896) թուրքերու կողմէ հայերու զանգուածային սպանութիւնէն ի վեր, նոյնիսկ՝ առաջին Սիոնական համագումարէն առաջ (Սիոնական շարժումը հիմնուեցաւ 29-էն 31 օգոստոս 1897-ին, 208 պատգամաւորներով, Պազէլի մէջ, Զուիցերիա*): Թէոտոր Հերցելի (Սիոնական շարժումի հիմնադիրը*) ռազմավարութիւնը հիմնուած էր փոխանակման գաղափարին վրայ, թէ՝ հրեաները կը վճարէին Օսմանեան կայսրութեան հսկայական պարտքը՝ Պաղեստինի տիրացման փոխարէն, այնտեղ հրէական պետութիւն ստեղծելու դիմաց՝ մեծ պետութիւններուն համաձայնութեամբ: Հերցելը շատ կ՚աշխատէր Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ը համոզելու՝ ընդունելու իր առաջարկը, բայց ապարդիւն։

1. Իսրայէլեան Հաարեց օրաթերթին. «Ինչպէ՛ս (Թէոտոր*) Հերցելը հայերուն դաւաճանեց» 29 մայիս 2015-ի յօդուածը: 2. Տը թայմզ աւ իզրայէլ օրաթերթին. «Ողջակիզումէն առաջ օսմանեան հրեաները զօրաւիգ կանգնեցան Հայոց ցեղասպանութեան ճարտարապետին» խորագիրով 7 սեպտեմբեր 2018-ի յօդուածը, որուն նկարին մէջ ձախին՝ Թալէաթ հրէշը:

«Հերցելի դիւանագիտական խորհրդականը Ֆիլիփ Միքայէլ Նեւլինսքին՝ Philip Michael Nevlinski (որ նաեւ Սուլթանին խորհրդականն էր), անոր թելադրեց. «Սուլթանին դրամ առաջարկելու փոխարէն՝ Հայկական հարցին մէջ անոր քաղաքական զօրակցութիւն ցուցաբերէ եւ ան երախտապարտ կ՚ըլլայ եւ կ՚ընդունի քու առաջարկդ, գոնէ՝ մասամբ»: Քրիստոնեայ եւրոպական երկիրները կը քննադատէին իսլամներու ձեռքով (Սուլթան Համիտի հրամանով՝ 300 հազար*) հայ քրիստոնեաներու սպաննութիւնը, եւ զանազան վայրերու մէջ ստեղծուած էին հայերուն աջակցող կոմիտէներ, իսկ Եւրոպան նոյնպէս ապաստան կ՚առաջարկէր հայկական ապստամբութեան առաջնորդներուն։ Այս կացութիւնը շատ դժուարացուց Թուրքիոյ կողմէ եւրոպական դրամատուներէն վարկեր ստանալը։

«Հերցելը եռանդով ընդունեց այս խորհուրդը: Ան կը զգար, որ տեղին է փորձել որեւէ միջոց՝ արագացնելու հրէական պետութեան ստեղծումը (նոյնի՛սկ հայերու բնաջնջման գնով*)։ Եւ այսպէս, ան համաձայնեցաւ ծառայել իբրեւ Սուլթանին գործիքը՝ փորձելով համոզել (խաբել*) հայոց ապստամբութեան առաջնորդները, որ եթէ անոնք անձնատուր ըլլան Սուլթանին, ան կը կատարէ անոնց որոշ պահանջները։ Հերցելը նաեւ փորձեց Արեւմուտքին ցոյց տալ, որ Թուրքիան իրականութեան մէջ աւելի մարդասէր է (քան կը թուի*), որ՝ ան այլ ելք չունի, քան՝ հայկական ապստամբութեան հետ այսպէս վարուիլ, եւ որ՝ կը ձգտի քաղաքական միջոցով զինադադար հաստատել: Երկարատեւ ճիգերէ ետք, 17 մայիս 1901-ին Հերցել անձամբ հանդիպում ունեցաւ Սուլթանին հետ:

«Սուլթանը յոյսով էր, որ Հերցելը՝ ճանչցուած լրագրողը, պիտի կարենայ փոխել Օսմանեան կայսրութեան բացասական դիմագիծը: Ուստի Հերցելը ձեռնարկեց ուժեղ քարոզչութեան՝ իրականացնելու համար Սուլթանին փափաքը, ինքզինք ներկայացնելով իբրեւ խաղաղութեան միջնորդ: Ան կապեր հաստատեց ըմբոստ հայ ղեկավարներուն հետ՝ փորձելով կասեցնել բռնութիւնը, սակայն անոնք համոզուած չէին իր անկեղծութեան եւ չհաւատացին Սուլթանին խոստումներուն: Հերցել այս նիւթով նաեւ աշխոյժ կապեր հաստատեց իրեն վարժ՝ Եւրոպայի դիւանագիտութեան հետ:

3. Էրզրումի՝ Կարինի ջարդի զոհերէն 1895, նկարը՝ ամերիկացի լրագրող William Sachtleben-ին կողմէ: 4. Համիտեան ջարդերուն զոհ գացած Հայ նահատակներ կը թաղուին Կարինի հաւաքական գերեզմանի մը մէջ: Սիոնիզմը կը փորձէ համոզել Եւրոպան, որ Թուրքիան իրականութեան մէջ աւելի մարդասէր է (քան կը թուի ըլլալ)…

«Ըստ սովորութեան, Հերցել այլ սիոնիստ ղեկավարներուն կարծիքը չառաւ եւ իր այս գործունէութիւնը գաղտնի պահեց: Սակայն, երբ օժանդակութեան կարիքը զգաց, գրեց Մաքս Նորտաօին (Max Nordau)՝ զայն նաեւ այս գործին լծելու համար: Նորտաօ մէկ բառ հեռագիրով պատասխանեց՝ «Ո՛չ»: Թուրքերէն Պաղեստինի արտօնագիրը ձեռք բերելու մարմաջով, Հերցելը հրապարակաւ յայտարարեց Սիոնական տարեկան համագումարին որ Սիոնական շարժումը իր հիացմունքը եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Սուլթանին՝ հակառակ կարգ մը պատգամաւորներու դիմադրութեան:

«Այս կապակցութեամբ, Հերցելի գլխաւոր հակառակորդը Պերնար Լազարն (Bernard Lazare) էր՝ ձախակողմեան ֆրանսացի հրեայ մտաւորական, ճանչցուած լրագրող եւ գրական քննադատ մը, որ պայքարեցաւ Տրէյֆուսի դատավարութեան դէմ (դաւաճանութեամբ ամբաստանուած հրեայ ծագումով ֆրանսացի զինուորական մը*) եւ կը զօրակցէր Հայկական դատին: Ան այնքան բորբոքած էր Հերցելի գործունութենէն, որ հրաժարեցաւ Սիոնական կոմիտէէն եւ ընդհանրապէս լքեց շարժումը 1899-ին: Լազար բաց նամակ մը հրապարակեց Հերցելին, ուր ան հարց տուաւ. «Ինչպէ՞ս կրնան անոնք, որոնք կը յաւակնին ներկայացնել հին ժողովուրդ մը, որուն պատմութիւնը գրուած է արիւնով, ողջոյնի ձեռք երկարել մարդասպաններուն, եւ Սիոնական համագումարին ոչ մէկ պատուիրակ իբրեւ բողոք ոտքի չի կանգնիր»: Սիոնականները միաբերան զօրակցեցան ջարդարար թուրքին եւ քօղարկեցին անոր ցեղասպան ոճիրները մինչեւ այսօր:

ՃԻՇԴ ԼԱԶԱՐԻՆ ԱՅՍ ԲՈՂՈՔՆ ՈՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆ Է, ՈՐ ՏԱԿԱՒԻՆ Ի ԶՕՐՈՒ Է ԵՒ ՊԷՏՔ Է ԿՐԿՆՈՒԻ ԱՅՍՕՐ ԵՒ ԸՆԴՄԻՇՏ՝ ընդդէմ ցեղասպաններուն եւ անոնց զօրակցողներուն ու անտարբերներուն՝ լուռ մնացողներուն: ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԱՅՍ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐԿՆԱԿԻ ՈՃԻՐ Է, ՔԱՆԻ ՈՐ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԿԸ «ՎԱՐԺԵՑՆԷ» ՀՐԷՇԱՅԻՆ ՈՃԻՐՆԵՐԸ «ԲՆԱԿԱՆ» ՀԱՄԱՐԵԼՈՒ, ԵՐԲ 6 ԱՄԻՍԷ ԱՒԵԼԻ ՈՃԻՐԸ ԲՈԼՈՐԻՍ ԱՌՋԵՒ, ՕՐԷ ՕՐ ՆՈՅՆ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ… ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻՕՐԷՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ԵՒ «ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ» ԴՐՈՒԱԳԻ ՄԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ…

«Հերցելի այս արարքը՝ առաջնորդի մը, որ ստորադասելով մարդասիրական նկատառումները, ծառայեց թրքական իշխանութիւններուն՝ յանուն հրէական պետութեան իտէալին, քաղաքական նպատակներու եւ բարոյական սկզբունքներու յաճախակի բախումին մէկ օրինակ է: Իսրայէլը բազմիցս գտնուած է նման ողբերգական երկընտրանքներու առջեւ, որոնցմէ է Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս չճանչնալու անոր երկարամեայ դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ՝ այլ որոշումներ, որոնք կ՚արտացոլեն լարուածութիւնը մարդկային մարդասիրական արժէքներուն եւ գործնապաշտ քաղաքականութեան միջեւ»: Վերջ:

Այդ օրէն ի վեր, Սիոնական շարժումը իր այս ուղղութիւնը երբե՛ք չփոխեց, եւ մի՛շտ զօրավիգ կը կանգնի հակահայ թուրքին, ազերիին եւ որեւէ հակահայ արարքի, ինչպէս այժմ՝ Հայկական Երուսաղէմի բռնագրաւումի փորձին մէջ ու իր աշխարհասփիւռ հսկայական ցանցին միջոցով կը նենգափոխէ հայոց պատմութիւնը, միշտ ի վնաս հայութեան եւ Հայկական Լեռնաշխարհին՝ հայոց հայրենիքին:

Այս մասին կը վկայէ նոյն Հաարեց օրաթերթը 27 սեպտեմբեր 2023-ին՝ իր «Իսրայէլի մատնահետքերը կը գտնուին ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղային մաքրագործումին վրայ» խորագիրով խմբագրականին մէջ, ուր կը նշուի. «Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, առաջին ցեղային մաքրագործումի դէպքը չէ, ուր Իսրայէլի մատնահետքերը կը գտնենք: Միանմարի ռոյինկաներու եւ Պոսնիոյ պատերազմին` իսլամներու դէմ հալածանքը մի՛այն երկու օրինակներ են շատերէն» … «Ամբողջ այս ընթացքին Իսրայէլը Ազրպէյճանին պարզապէս միա՛յն զէնք չէ մատակարարած: ԱՆ ՆԱԵՒ ՕԳՆԱԾ Է ԽԵՂԱԹԻՒՐԵԼՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ…» (2): Այս մասին 3 հոկտեմբեր 2023-ի յօդուածով «Ազդակ»ին մէջ անդրադարձ կատարած էի (3):

Բ. Պըրքլի համալսարանի պատմութեան կաճառի փրոֆեսէօր՝ Մարկարեթ Լաւինիա Էնտըրսըն, Margaret Lavinia Anderson, «Տը Ճըրնըլ Աւ Մատըրն Հիսթըրի»-ի 1 մարտ 2007-ի թիւին մէջ՝ The Journal of Modern History. ««Վարը՝ շատ հեռու, Թուրքիոյ մէջ». մարդու իրաւունքները, հայկական ջարդերը եւ արեւելականութիւնը վիլհելմեան Գերմանիոյ մէջ» խորագիրով 31 էջ յօդուած մը հրատարակած է, գլխաւորաբար իմ արծարծած այս այժմէական զոյգ նիւթերով՝ զանգուածային ոճիրներու հանդէպ անտարբերութեան եւ սիոնիզմի զօրակցութիւնը հայոց ցեղասպանութեան (4): Կ՚արժէ նշել, որ Էնտըրսըն իր այս մասնագիտական կարճ ուսումնասիրութեան մէջ օգտուած է 117 աղբիւրներէ եւ իւրաքանչիւր էջին գրեթէ կէսը յատկացուցած է ծանօթագրութեան եւ աղբիւրներուն, ներառեալ՝ Հերցելի օրագիրին: Շնորհակալութիւն կը յայտնէ՝ Մուսթաֆա Աքսաքալին, Հըրմըն Կոլցին, Աքսել Մէյզնըրին եւ բոլորէն աւելի՝ Պըրքլիի իր պաշտօնակիցին՝ Ստեփան Աստուրեանին: Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ մի՛այն կարգ մը հատուածներ, որոնք կը վերաբերին Հայոց ցեղասպանութեան մասին անտարբերութեան եւ սիոնիզմի մեղսակցութեան.

Էնտըրսըն, որ գերմաներէնին կը տիրապետէ, այսպէս կը սկսի. «Գերմանական թատրոնի տարեգրութեան մէջ յայտնի է տեսարան մը, որ կը ճանչցուի իբրեւ «Զատիկի զբօսանք», ուր թատերագիրը պահ մը կը հեռանայ իր նիւթէն՝ պատկերելու համար փոքր քաղաքներու բնակչութիւնը, իր տան մէջ: Զրոյցի պատառիկներ կը շրջին բեմին վրայ՝ սովորական գերմանացիներու մտքէն անցնող առօրեայ մտածումներ. սիրավէպ, եթէ անոնք երիտասարդ կանայք են, սեռ, եթէ երիտասարդ տղաք են, իսկ մնացեալին համար յաւերժական ճշմարտութիւններ՝ տուրքեր, տեղական քաղաքականութիւն եւ Արեւելեան հարցը: Երէցներէն մէկը կ՚ըսէ.

«Կիրակի կամ արձակուրդին, ի՛նչը աւելի լաւ կ՚ըլլայ.

Պատերազմի ժխորին փոխարէն՝ վիճաբանութիւն վայելելը,

Ամեն անգամ, որ Թուրքիոյ մէջ, հեռուն,

Մարդիկ զիրար կը բզկտեն»:

Երկրորդ երէցը կը պատասխանէ.

«Ես ալ համամիտ եմ ընկե՛ր:

Անոնք իրարու գանկերը թող ջարդեն:

Իսկ եթէ այնտեղ ամեն ինչ քանդուի՞: Ինչ կուզէ թող ըլլայ:

Այնքան ատեն, որ այստեղ ամեն ինչ նոյնը կը մնայ»:

«Տեսարանը Կէօթէի (1749-1832, գերմանացի նշանաւոր բազմահմուտ հեղինակ*) «Ֆաուսթ» թատերգութենէն է, եւ այս կարճ զրոյցը Գերմանիոյ մէջ շուտով առածի վերածուեցաւ. «Վարը, շատ հեռուն՝ Թուրքիոյ մէջ» իբրեւ փոխանուանում այն տանջանքներուն, որոնք բարբարոսները զիրար կը պատճառեն, որոնց մէջ «մենք», ուրախ ենք, որ ներգրաւուած չենք: Սակայն Կէօթէի միտքը ոչ թէ խորհուրդ տալ էր, այլ՝ ծաղրել իր հայրենակիցներուն քաղքենիութիւնը, որոնք այնքան մեկուսացած էին իրենց քաղաքի պատերուն ետեւ, որ Եւրոպայի ծայրամասի սարսափները դարձած էին սովորական խտղտանք բազկաթոռի ռազմագէտներուն համար, որոնք արեւոտ եղանակին կը վայելէին իրենց սարսուռն ու գերազանցութիւնը»: Գերմանացիներուն անտարբերութիւնը՝ հայերու համիտեան սպանդին, ջարդերուն:

«…Վարչապետ Սալզպըրին (Անգլիա*), որ մեծ ջանք թափեց պետութիւններով միասնական ճակատ կազմելու Ապտիւլ Համիտի վրայ ճնշում բանեցնելու համար, ամիսներ ետք եզրակացուց, որ չէր հաւատար, որ բացի Անգլիայէն՝ կայ անձ մը, որուն կը հետաքրքրէ, թէ հայերը կը կործանին, թէ՞ ոչ: Կոստանդնուպոլսոյ Ֆրանսայի դեսպան Փոլ Քամպոն երկրորդեց իր այս բողոքը:

«1896-ին Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի գործակալը Հերցելին առաջարկեց, որ ան սուլթանին անունով առաջնորդէ «հրէական ոյժը», յատկապէս՝ հայկական հարցին մէջ (5)։ Այն տարին, երբ հայերուն հանդէպ եւրոպական համակրանքը բարձրագոյնն էր եւ օսմանեան փատիշահին (թագաւոր*) վրայ ճնշումը՝ սաստիկ։ Հերցելը օգտագործեց իր բոլոր կապերը՝ իբրեւ սիոնիզմի առաջնորդ եւ լրագրող՝ (հակաթուրք*) ալիքը շրջելու համար: Ան վերէն սկսաւ, նախ լորտ Սալզպըրին համոզելու ծրագրով՝ սուլթանին պայմաններով հայերուն ստիպել հաշտութիւն ընդունիլ: Իբրեւ աւստրիացի՝ ան փորձեց ազդել նաեւ իր արտաքին գործոց նախարարին վրայ։ Անոր երկրորդ թիրախը հայ աքսորեալ առաջնորդներն էին, այն յոյսով, որ անոնք «(օսմանեան) հաւնոց կը վերադառնան»։

«Յուլիսին տեղի ունենալիք հայկական ապստամբութեան մը մասին շշուկներ կային եւ սուլթանը կ՚ուզէր, որ Հերցելը ստիպէ անոնց «առանց պայմանի հնազանդիլ», որմէ ետք ան ինքնաբուխ կը կատարէ իր հայեցողութեամբ բոլոր կարելի բարեփոխումները: Հերցելը գաղտնի պատուիրակ մը ուղարկեց, հանդիպելու հայկական կոմիտէներուն հետ՝ Փարիզ, Պրիւքսել եւ Լոնտոն: Ան անձամբ տեսակցեցաւ յեղափոխական Հնչակեան (կուսակցութեան*) հիմնադիրին հետ Լոնտոնի մէջ եւ խորհրդակցեցաւ թիֆլիսահայ առաջնորդի մը հետ՝ Վիեննայի մէջ: Ան մնայուն խաղաղութեան օրակարգ չունէր: Հերցելը խորապէս կը գիտակցէր, որ սուլթանին հետ իր ունեցած լծակները կը վերանան, երբ որ հայերը սպառնալիք ըլլալէ դադրին, մինչ Ապտիւլ Համիտը, զինադադար կ՚ուզէր մի՛այն ժամանակ շահելու եւ իր ուժերը վերականգնելու համար։ Ամեն ինչ շատ գաղտնի էր. «Ոչ մէկ պարագայի հայերը պէտք չէ գիտնային, որ մենք կ՚ուզենք անոնց օգտագործել հրէական պետութիւն ստեղծելու համար»: Սակայն զգուշաւոր հայերը Հերցելը իրենցմէ հեռու պահեցին:

«… Հերցելի ջանքերը մամուլին վրայ ազդելու՝ պակաս քմայքոտ էին: Ապտիւլ Համիտի նախապայմանը զայն ընդունելու, որ սիոնիստ առաջնորդը կը փափաքէր՝ ներկայացնելու իր Պաղեստինի ծրագիրը, պէտք էր համոզել «Լոնտոնի, Փարիզի, Պեռլինի եւ Վիեննայի թերթերը՝ Հայկական հարցին վերաբերիլ ի շահ թուրքերուն»։ Հերցելը յայտարարեց, որ պատրաստ է «ինքզինք դնել այս քարոզարշաւին մէջ»: Առաջարկելով «հայերու անձնատուր ըլլալու» ընդունակ «մթնոլորտ ստեղծել», ան խոստացած էր ոչ միայն կապ հաստատել ամբողջ Եւրոպայի լրագրողներուն հետ, այլեւ պատրաստել Վիեննայի առաջատար օրաթերթին՝ իր սեփական Neue Freie Presse-ի յօդուածներու շարք մը՝ իր բարենպաստ տպաւորութիւնները գրելով Կոստանդնուպոլսոյ իշխող շրջանակներուն մասին։ Յաջորդ օրը ուռեցուած գովեստի կտոր մը հրատարակեց եւ հարցազրոյցներ տուաւ թղթակիցներուն, որոնց մէջ Տէյլի կրաֆիքի արտաքին յարաբերութիւններու խմբագիրը՝ Լուսիէն Վուլֆին, որ քիչ մնաց պիտի բացայայտէր Հերցելի նպատակը, երբ ան հարց տուաւ շշուկներու մասին, թէ՝ սուլթանը կը ձգտէր հայերուն դէմ հրեաներուն աջակցութեան փոխարէն՝ բարենպաստ գտնուիլ Պաղեստինի վերաբերեալ Հերցելի ծրագիրին նկատմամբ։ Հերցել կտրականապէս ուրացաւ…

«Այսպիսով, ճիշդ այն ժամանակ, երբ Անգլիան, Ֆրանսան եւ Ռուսիան կը ճնշէին Ապտիւլ Համիտը՝ ընդունելու (հայկական*) բարեփոխումները, Հերցելը անոր ելք մը առաջարկեց «մեր (այսինքն՝ հրէական*) ուժին միջոցով»: Ինչպէ՞ս: «Սուլթանը մեզի կու տայ հողի կտոր մը, եւ անոր համար մենք ամէն ինչ կարգի կը դնենք անոր պարտքերը կը գոցենք եւ աշխարհի ամբողջ հանրային կարծիքը անոր օգտին կը շեղենք: … Նոյնիսկ Հերցելի մօտիկ սիոնիստ Ալֆրէտ Նոսսիկ, 1915-ին փորձեց համոզել Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հայասէր դեսպանը՝ Հենրի Մորկընթաուը, նաեւ իբրեւ հրեայ մը, որ հրաժարի հայերուն դատը պաշտպանելէ…» Այսքանով կը բաւարարուիմ Էնտըրսընի յօդուածէն, որ կ՚արժէ լման կարդալ:

Գ. «Ողջակիզումէն առաջ օսմանեան հրէաները զօրավիգ կանգնեցան Հայոց ցեղասպանութեան «ճարտարապետին» խորագիրով ՃՓ Օ՛ Մալլի 7 սեպտեմբեր 2018-ին յօդուած-գրախօսական մը հրատարակեց «Տը թայմզ աւ Իզրայէլ» օրաթերթին մէջ. «Հեղինակ Հանս-Լուքաս Քիզըր կ՚ըսէ, որ սիոնական յուսակտուր մամուլը գովաբանեց (Օսմանեան*) կայսրութիւնը նոյնիսկ իր բնակչութեան փոքրամասնութեան (հայերու*) կոտորածին ժամանակ, ոճիր մը, որ Իսրայէլը կը շարունակէ քօղարկել ցայսօր» ենթախորագիրով, Author Hans-Lukas Kieser says a desperate Zionist press praised the empire even during the slaughter of its minority population, a murder which Israel continues to gloss over today (6):

Կ՚արժէ նշել, որ 2019-ին Հանս-Լուքաս Քիզըր եւ վերոնշեալ Մարկարէթ Լաւինիա Էնտըրսըն, Սէյհան Պայրաքտարի եւ Թոմաս Շմուցի հետ խմբագրած են «Օսմանցիներու վախճանը. 1915-ի ցեղասպանութիւնը եւ թրքական ազգայնականութեան քաղաքականութիւնը», 384 էջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին հայ, թուրք ու եւրոպացի հեղինակներու գիտական յօդուածներու ժողովածուն:

«Անցեալ յունիսին (2018*) քնեսեթին մէջ (Իսրայէլի խորհրդարան*) նախատեսուած քուէարկութիւնը՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմին հայերուն սպանութիւնները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու վերաբերեալ, ջնջուեցաւ կառավարութեան զօրակցութեան բացակայութեան պատճառով:

«Քանի որ Իսրայէլը կրկին ու կրկին բարդ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունի տարածաշրջանին մէջ հզօր Թուրքիոյ հետ, «ան չկրցաւ ընել այն, ինչ շատ մը իսրայէլացիներ բարոյապէս կը ցանկային ընել՝ հրապարակաւ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը Քնեսեթին մէջ», ըսաւ փրոֆ. Հանս- Լուքաս Քիզըրը Աւստրալիայի Նիւքասըլ համալսարանի իր գրասենեակէն:

5. Թալէաթ փաշան գովաբանող յօդուած մը գերմանիոյ սիոնիստ թերթին՝ Տէօչ Լեւանդ Ցայթունկին մէջ 1 մայիս 1917-ին: 6. Քիզըրի հրատարակած գիրքը՝ «Թալէաթ փաշա՝ Արդի Թուրքիոյ հայրը եւ ցեղասպանութեան ճարտարապետը»: 7. Հանս-Լուքաս Քիզըր:

«Անցեալ տարի Քիզըրը Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին (Սերժ Սարգսեան 2016*) մրցանակին արժանացաւ՝ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան մէջ նշանակալի ներդրումին համար։ Ան վերջերս հրատարակած է «Թալէաթ փաշա. արդի Թուրքիոյ հայրը. ցեղասպանութեան ճարտարապետը» գիրքը»։

Ստորեւ անգլերէնէ թարգմանելով, նիւթիս առնչուող հատուածներ կը ներկայացնեմ Քիզըրի հետ Օ՛ Մալլիի հարցազրոյցէն.

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը այժմէական հարց է իսրայէլացիներուն համար, Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններու սովորական քննարկումէն դուրս: Հրեաները, պատմականօրէն առանցքային դեր խաղացած են ի շահ օսմանեան քարոզչութեան նոյնիսկ երբ հայերը կը ջարդուէին:

«Պատմաբանը կ՚ըսէ, որ Թալէաթը «յատկապէս լաւ հռչակ կը վայելէր հրէական մամուլին մէջ» Ստամպուլի եւ անոր սահմաններէն դուրս» ցեղասպանութեան ընթացքին, յատկապէս՝ Գերմանիոյ մէջ, ուր (Սիոնիստ*) Deutsche Levante-Zeitung-ի նման թերթերը կը գովաբանէին Թալէաթը՝ իբրեւ «ականաւոր առաջնորդ» եւ «կայսերական Թուրքիոյ փրկիչ»: Թէեւ այս փառաբանութեան մէջ քարոզչութեան եւ սուտի նշաններ կային, շատ մը գերմանացիներ հաւատացին այն ժամանակուայ հրէական մամուլի խօսքերուն եւ ազդուեցան անոր քայքայիչ տրամաբանութիւնէն:

«Պատմաբանը կը նշէ, որ օսմանցիներուն հաւատարիմ շատ մը հրէաներ այլ կողմ կը նայէին հայերու տառապանքին ընթացքին: Ներառեալ՝ այնպիսի գործիչներ, ինչպիսին էր Ալֆրէտ Նոսսիկը, որ օգնեց ստեղծել թէ՛ Հրէական գաղութացման Ընդհանուր կազմակերպութիւնը (AJK), թէ՛ ալ Սիոնիական կազմակերպութիւնը (ZO): Երկուքն ալ ստեղծուեցան՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ այլուր հրէական քարոզչութեան նպատակով, եւ հետեւաբար կը խրախուսէին հրեաներու եւ օսմանցիներու միջեւ մտերիմ յարաբերութիւնները:

«…Սակայն, Թալէաթի ստացած հրէական բոլոր դրական մամուլով հանդերձ, սիոնիզմի նկատմամբ անոր վերաբերումը բարդ էր: Մէկ կողմէ Թալէաթը չէր ուզեր շատ կապուած ըլլալ հրեաներուն եւ սիոնիզմին հետ, բայց միւս կողմէ, հրէական քաղաքական շահերը նկատի առնելուն մէջ հնարաւոր օգուտներ կրնար քաղել:

«…1913-ին Ստամպուլի L’Aurore հրէական սիոնական թերթին մէկ յօդուածը կը գովաբանէր հրէայ-թուրք յարաբերութիւններու օգուտները՝ նոյնիսկ ակնարկելով, որ փանյուդայիզմի եւ փանիսլամութեան միջեւ դաշինք մը Թուրքիոյ մէջ կրնայ կենսունակ քաղաքականութիւն ըլլալ, բան մը, որ հետաքրքրեց Թալէաթը:

«…«Այս ընթացքին, հրէաներուն հետ Թալէաթի յարաբերութիւնները անոր տուաւ միջազգային զգալի լծակներ, որոնք յաջողութեամբ օգտագործեց ուշադրութիւնը Հայաստանէն շեղելու համար։

«…«1915-ի գարնան, որ մեղրալուսինն էր Ստամպուլի սիոնականներուն համար, Թալէաթը վստահ եղաւ, որ միջազգային մակարդակով հակասական խնդիրներ պիտի չըլլան, քանի որ կ՚ուզէր ջարդել հայերը: Հրեաները կը վախնային, որ իրենք ալ կ՚արժանանան հայերուն նոյն ճակատագրին, ուստի անոնք ոչ մէկ ձեւով հայանպաստ կամ զոհերուն կողմնակից գործունութիւն ունեցան:

«…Դժբախտաբար, այս լռութիւնը շարունակուեցաւ պատերազմէն տասնամեակներ անց։ Այսպիսով, հրեաներ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ մէջ, շարունակեցին օգնել Թուրքիոյ՝ ժխտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«…«Ի վերջոյ ո՞վ այսօր կը խօսի հայերու բնաջնջման մասին» Հիթլեր հարցուց իր զօրավարներուն, Օպըրսալզպըրկի տխրահռչակ ճառին ընթացքին, 22 օգոստոս 1939-ին, Լեհաստանի վրայ յարձակումէն քանի մը օր առաջ»… Հրէաներն ալ ենթարկուեցան ցեղասպանութեան, քանի որ ցեղասպան թուրքը, իրենց՝ հրէաներուն իսկ օգնութեամբ անպատիժ մնաց ու կը մնայ տակաւին:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
14 ապրիլ 2024
* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները հեղինակին:

  1. https://web.archive.org/web/20150530003721/https://gagrule.net/haaretz-how-herzl-zionist-sold-out-the-armenians-for-return-of-palestinian/

2. https://archive.ph/86yNz#selection-759.0-763.19

3. https://www.aztagdaily.com/archives/594474

4. https://www.jstor.org/stable/10.1086/517545?origin=JSTOR-pdf
The Journal of Modern History, Vol. 79, No. 1 (March 2007), pp. 80-111, “Down in Turkey, far away”: Human Rights, the Armenian Massacres, and Orientalism in Wilhelmine Germany, Author: Margaret Lavinia Anderson: Young Turks, Jews, Freemasons and the Armenian deportation

5. Herzl’s engagement was first reported by Marwan R. Buheiry, in “Theodor Herzl and the Armenian Question,” Journal of Palestine Studies 7, no. 1 (Autumn 1977): 75–97:

6. https://www.timesofisrael.com/before-the-holocaust-ottoman-jews-supported-the-armenian-genocides-architect/

ԱԶԴԱԿ ԱՊՐԻԼ 24, 2024-ի ԲԱՑԱՌԻԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started