Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Հայոց Լեզուի Վերականգնումի Աշխատանքներ` Ռուսացումի Քաղաքականութենէն Ետք – Բ.

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2019-ը «Մամուլի տարի» հռչակելուն առիթով կը շարունակեմ անդրադառնալ 1917-1921 տարիներու Հայաստանի մամուլին` լուրեր, յօդուածներ եւ կարծիքներ: Ծանօթ. այս յօդուածաշարքին (1) համար օգտագործուած են համացանցին միջոցով տրամադրելի, պատճէնահանուած եւ ոչ թէ որոնումի կարելիութեամբ թուայնացած, երբեմն անընթեռնելի դարձած եւ ոչ ամբողջական 1917-1921 մամուլի արխիւը` մակերեսային ընթերցումի հիման վրայ: ՈւստիContinue reading “Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Հայոց Լեզուի Վերականգնումի Աշխատանքներ` Ռուսացումի Քաղաքականութենէն Ետք – Բ.”

Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Հայոց Լեզուի Վերականգնումի Աշխատանքներ, Ռուսացումի Քաղաքականութեան Ցարական Տիրապետութենէն Ետք Ա.

Ռուս-պարսկական պատերազմին` 1826-1828, ցարական Ռուսիոյ յաղթանակով Արեւելեան Հայաստանը ինկաւ ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան տակ, շուրջ 90 տարի, մինչեւ 1917: Բարեկարգող ցար Ալեքսանտր Բ.-ի սպանութենէն ետք, 19 մարտ 1881-ին, Ալեքսանտր Գ.-ի օրօք, մինչեւ 1917-ի պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը, ռուսական ազգայնամոլութեան տարիներ էին, որուն առաջին դրսեւորումն էր գլխաւոր նախարար (ներքին գործոց նախարարի բացառիկ իշխանութեամբ, փաստօրէն` Ռուսիոյ վարչապետ-հրամայապետը) հայազգի կոմս ՄիքայէլContinue reading “Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Հայոց Լեզուի Վերականգնումի Աշխատանքներ, Ռուսացումի Քաղաքականութեան Ցարական Տիրապետութենէն Ետք Ա.”

Արեւմտահայերէնը, Մայրենի Լեզուի Օրը Եւ Բառարանները

Միջազգային Մայրենի լեզուի օրը կը յիշատակենք 2000 թուականէն ի վեր` զօրակցելու եւ քաջալերելու համար բազմալեզուականութիւնը աշխարհի տարածքին, նաեւ` պաշտպանելու եւ պահպանելու բոլոր մայրենի լեզուները: Յիշատակութեան օր ընտրուած է փետրուար 21-ը` ճանչնալու համար 1952-ի «Պանկլատէշի պենկալերէն լեզուի շարժումը»-ը, ի յիշատակ այդ օր Տաքայի մէջ լեզուի ազատութեան համար շարժումին կատարած ցոյցին ընթացքին ինկած զոհերուն: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ 1999-իContinue reading “Արեւմտահայերէնը, Մայրենի Լեզուի Օրը Եւ Բառարանները”

Արեւմտահայերէնին Տէր Կանգնինք. Մայրենի Լեզուի Օրուան Առիթով

Հիմնուելով «Ազդակ»-ի 2016-ի ամավերջի խմբագրականին` «Յատկանշել 90-ամեակը. պահել աւանդականը` որդեգրելով նորարարը (90-ամեակին ընդառաջ – Դ.) (1) մէջ նշուած` «Լեզուական սխալներու ծանր թղթածրարով փոխանցուող հարցերու լուծման փորձերը» էական առաջնահերթութեան վրայ, եւ յարգելով արեւմտահայերէնի պաշտպան, լեզուական սխալներու դէմ պայքարող, վերջերս հանգուցեալ Տիրան Աղազարեանին (տես` «Հայ լեզուի արթուն պահակին` Տիրան Մ. Աղազարեանի յիշատակին» (2), «Առյաւէտ կորսնցուցինք արեւմտահայերէնի պահապաններէնContinue reading “Արեւմտահայերէնին Տէր Կանգնինք. Մայրենի Լեզուի Օրուան Առիթով”

Առյաւէտ Կորսնցուցինք Արեւմտահայերէնի Պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը

Շաբաթ , 10 դեկտեմբերին, մեր սովորական  զուարճախառն հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին ժամադրուեցանք երկուշաբթի առաւօտ, իր աշխատավայրին մէջ: Ապահովագրական հարցերու կողքին, Տիգրան, այդպէս էր իր գործածական անունը, երկրորդական վարժարանէն մինչեւ համալսարան դասընկերս եղած էր եւ թաղեցի: Ամիսը մէկ կամ երկու անգամ կը հանդիպէինք, յատկապէս` յօդուածներուս մասին իր գնահատականը ու թանկարժէք ցուցմունքները ստանալու համար: 1. Տիրան, Տիգրան Աղազարեան:Continue reading “Առյաւէտ Կորսնցուցինք Արեւմտահայերէնի Պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը”

Արեւմտահայերէնը` Խօսիլ, Գրել, Կարդալ. Համակարգիչը Եւ Սփիւռքահայ Երիտասարդութիւնը

Արդի սփիւռքահայ երիտասարդը ընդհանրապէս քննադատութեան թիրախ դարձած է` հայերէնի չտիրապետելու, զայն սխալ խօսելու, սխալ գրելու, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս հայերէն գրականութենէն ու ընթերցանութենէն հեռու մնալու պատճառներով: Այս մտահոգութիւնը տեղի՛ն է, յատկապէս հայկական վարժարան յաճախածներու եւ հայկական շրջանակի մէջ ապրողներու համար: Ա. Արեւմտահայերէնը պահպանելու համար նախ պէտք է մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել վերեւ նշուած սփիւռքահայերուն, անոնց, որոնք հայկականContinue reading “Արեւմտահայերէնը` Խօսիլ, Գրել, Կարդալ. Համակարգիչը Եւ Սփիւռքահայ Երիտասարդութիւնը”

Հայաստան-Սփիւռք Փոխադարձ Ճանաչողութեան Մասին Եւ Հայոց Լեզուն

Կարդալով Յակոբ Պալեանի` «Հայաստանը խորհիլ խորհրդային աշխարհի, անոր քաղաքակրթական-իմացա-բարոյական համակարգին մէջ», («Ազդակ բացառիկ», 2016, էջ 16-19) տեղին ախտաճանաչում կատարող յօդուածը, պիտի փորձեմ արտայայտուած միտքերէն չորսին մասին ուրոյն մեկնաբանութիւն կատարել` նկատի առնելով նաեւ իր «Ճենոսայտ եւ 100-ամեակ» յեղյեղելէ ետք, կարգը հասաւ «արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան»… յօդուածը («Ազդակ», 16 յունուար 2016): Ա. «Պիտի հաստատենք այն պարզ իրողութիւնը, որ ՀայաստանContinue reading “Հայաստան-Սփիւռք Փոխադարձ Ճանաչողութեան Մասին Եւ Հայոց Լեզուն”

Կոչ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան «Հայացնելու» Կառավարութեան Նախարարութիւններուն Անունները

Վարչապետ Աբրահամեան յայտարարեց որ «2016-ին կառավարութեան կազմը պիտի կրճատուի»: Ժամանակն է նաեւ որ այս փոփոխութիւններուն առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անուանական լեզուն «հայացուի»` փոխարինելով օտար բառերը հարազատ հայերէնով: Վստահ եմ որ վարչապետ Աբրահամեանը իր վարչական եւ ազգային խստապահանջ մօտեցումով պիտի կարենայ իրագործել այս խիստ կարեւոր եւ անյետաձգելի աշխատանքը: Այս նիւթով նախապէս անդրադարձած էի «Հայերէնը պահպանելու եւContinue reading “Կոչ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան «Հայացնելու» Կառավարութեան Նախարարութիւններուն Անունները”

Հայերէնը Պահպանելու Եւ Վերականգնելու Գործնական Առաջարկներ

Տեղեկանալով 29-30 յուլիս 2015-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հ. Աճառեանի անուան Լեզուի ինստիտուտի  կազմակերպած «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» համաժողովին մասին http://www.mindiaspora.am/am/eventscalendar/261, ուր պիտի արծարծուին` «1.-  Արեւմտահայերէնի պահպանութեան, գործառոյթի, ուսուցման, կանոնարկման խնդիրներ, 2.-  Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ, 3.- Հայերէնի առաջ ծառացած մարտահրաւէրներ»: Առաջին ակնարկով, նախ անտրամաբանական երեք երեւոյթ կ՛ուզեմ մատնանշել:Continue reading “Հայերէնը Պահպանելու Եւ Վերականգնելու Գործնական Առաջարկներ”

Արեւմտահայերէնը Պահպանելու Գործնական Միջոցներու Որոնում

Յարութիւն Քիւրքճեանի «Ապրիլ 24-Էն առաջ ու ետք` մեր պատասխանատուութիւններուն դէմ. արեւմտահայերէն եւ արեւմտահայ մշակոյթ. ի՞նչ հեռանկարներ» յօդուածը («Ազդակ», 30 մայիս եւ 1 յունիս 2015) արդարացիօրէն կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնի այժմու իրավիճակը: Մեկնելով Քիւրքճեանի յօդուածին եզրափակիչ հարցադրումէն` «Ու մանաւանդ հարց տալ, թէ արեւմտահայերէն ու արեւմտահայ մշակոյթ, եթէ «վտանգուած» են, ինչո՞ւ վտանգուած են: Ճակատագիրի անխախտելի հրամանո՞վ մը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-իContinue reading “Արեւմտահայերէնը Պահպանելու Գործնական Միջոցներու Որոնում”

Design a site like this with WordPress.com
Get started