Նամականի. Արեւմտահայերէնը Վտանգուա՞ծ Է

15 ապրիլ 2014-ին Հայաստանի Հ1 հեռատեսիլի «Ազատ գօտի» յայտագիրի նիւթն էր` «Արեւմտահայերէնը վտանգուա՞ծ է»: Թեր ու դէմ կարծիքներէ ետք եզրակացութիւնը այն էր, որ արեւելահայերէ՛նը եւս վտանգուած է: Փետրուար 21-ին Մայրենի լեզուի օրուան առիթով, Հ1 հեռատեսիլի «Բախման կէտ»  յայտագիրը նաեւ արծարծեց մայրենի լեզուի անաղարտ գործածութեան կարեւորութիւնը եւ անոր ունեցած ազգապահպանման նպաստող էական դերը: Երկու յայտագիրներու պարագայինContinue reading “Նամականի. Արեւմտահայերէնը Վտանգուա՞ծ Է”

Մի Վախնար Հայրիկ Ասոնք Մեզի Պէս Կը Խօսին

ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԻԹՈՎ Պատանեկութեան ընկերս, հետագային նաեւ՝ գործի դրացիս, իր հայկական ընտանիքը կազմելէ ետք ու դժուարին պայմաններու տակ, ունեցաւ իր շատ սպասած «մէկ հատիկ» մանչ զաւակը: Խառնուածքով ու համոզումով ազգասէր էր, առաւել եւս իր շրջապատի տեղացիներուն հանդէպ չունէր նուազագոյն համակրանքը, չըսելու համար աւելին: Հասաւ զաւկին դպրոցական տարիքը եւ զարմանալիօրէն դրացիս հայկական վարժարաններու հանդէպ վերապահ մօտեցում սկսաւContinue reading “Մի Վախնար Հայրիկ Ասոնք Մեզի Պէս Կը Խօսին”

Design a site like this with WordPress.com
Get started