Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԲ. Հայկազեանի Հրթիռները

Ուսումնական տարեշրջանի աւարտէն (16 յունիս) քանի մը օրեր առաջ, 5-10 յունիս 1967-ին, տեղի ունեցաւ «Արաբ-իսրայէլեան» պատերազմը, որուն Լիբանանը  թէեւ պաշտօնապէս մասնակից չէր, սակայն պաղեստինեան դիմադրութեան զինեալ ներկայութիւնը («Գահիրէի համաձայնագիր»-ով որոշուած) ներքին կեանքին վրայ վատ հետեւանք ունեցաւ: Յաճախակի ցոյցեր, գործադուլներ, զինեալներու անցարգելներ, լիբանանեան բանակին դէմ խռովութիւններ եւ այլն: 1. Հայկազեանի ելեկտրոնային գիտաշխատանոցի դասապահ մը: Կռնակը դարձած՝Continue reading “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԲ. Հայկազեանի Հրթիռները”

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԱ. Հայկազեանի Հրթիռները

Նախորդող Ժ. մասով նշուած «Մայրի 7»-ի թնճուկը կարելի եղաւ լուծել: «Արարատ» օրաթերթը «Մայրիներ 7՝ ձախողութիւն» (1) խորագիրով (պէտք է «Մայրի 7» եզակի ըլլայ*) կը հաստատէ առաջին «Մայրի 7»-ին պայթիլը 12 մայիս 1966-ին: Իսկ առանց նշելու յաջորդ հրթիռին անունը, սակայն նշելով, որ «Մայրի 8»-ին կը նախորդէ, «Լիբանանեան նոր հրթիռ մը արձակուեցաւ երէկ» 30 յուլիս 1966 խորագիրովContinue reading “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԱ. Հայկազեանի Հրթիռները”

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ժ. Հայկազեանի Հրթիռները

ՀԳՀԱ-ի 1966-ի ծրագիրին մասին Պահիժ կը շարունակէ (1). «Այս տարի Լիբանանի Հրթիռներու Միութեան փորձերը նոր փուլ պիտի թեւակոխեն: Առաջին՝ հրթիռներու մարմիններուն եւ երկրորդ՝ թռիչքի ընթացքին հրթիռին «գլուխ»-էն տուեալներու ռատիօ արձակումի, հաղորդումի բարելաւում:             «Այս տարի հաստատուն վառելանիւթով ինը հրթիռներ պիտի փորձուին: Այս փորձերուն նպատակը հրթիռներուն շարժագիծերուն՝ ճամբորդելիք ուղիներուն հաշիւներուն ստուգումին եւ «գլուխ»-ին եւ անոր մէջիContinue reading “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ժ. Հայկազեանի Հրթիռները”

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Թ. Հայկազեանի Հրթիռները

1964-ի ամռան` յուլիսին կը պատահի Հայկազեանի հրթիռային ակումբի աշխատանքներուն առաջին ու միակ մարդկային լուրջ արկածը:             Հրթիռներու ակումբին նախագահը՝ Հրայր Սահակեան, գոլէճին հինգերորդ յարկի բնագիտութեան տարրալուծարանին մէջ աւելի ազդու, նոր վառելանիւթ մը կը պատրաստէր, որ կը պարունակէր կալիոմի աղ (potassium perchlorate KClO4), խիստ ոքսիտացնող դիւրավառ քիմիական նիւթ մը: Հրթիռի վառելանիւթերը, նաեւ պայթուցիկներ եւ ռումբեր, որոնքContinue reading “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Թ. Հայկազեանի Հրթիռները”

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ը. Հայկազեանի Հրթիռները

Իրօք, կը թուի, թէ Մանուկեանին բացակայութեան 1963-ին հրթիռային աշխատանքները դանդաղած էին: Սակայն 1250 քկ կշռող «Մայրի 3»-ի յաջող, հսկայական իրագործումէն՝ արձակումէն ետք, կը մնար կատարելագործել. առաջին՝ վառելանիւթի պատրաստութիւնը, երկրորդ՝ հրթիռին հետ ելեկտրոնային հաղորդակցութիւնը, որուն առընթեր՝ երրորդ, հեռաչափումի կողքին, նաեւ փորձել գետնէն կառավարել հրթիռին ուղղութիւնը, եւ չորրորդ՝ յարկերուն իրարմէ անջատումը: Յարկերուն բաժանումը զուտ բնագիտութեան հաշիւներով առանցContinue reading “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ը. Հայկազեանի Հրթիռները”

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Է.

Հայկազեանի Հրթիռները «Ազդակ»-ի 22 յունիս 1962-ի թիւին մէջ (1) կը հանդիպինք հայ անուններու, որոնք հաւանաբար գործնական կառուցական օժանդակութիւն տրամադրած են. «Մայրի Բ» (Cedar 2B) հրթիռի արձակումի նախօրեակին. «Հայկազեանի հրթիռներու յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք կարելի դարձուցին հրթիռին պատրաստութիւնը՝ լիբանանեան բանակը, մեքենագիտական միութիւնը, նաեւ, պրն. Հրայր Սարոյեանը եւ պրն. Փանոսեանը ու շատ ուրիշներ, որոնքContinue reading “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Է.”

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Զ. Հայկազեանի Հրթիռները

Մանուկ Մանուկեան չորս ուսումնական տարեշրջան պաշտօնավարած է Հայկազեանի մէջ, նախ՝ երկու տարեշրջան, 1960-1961 եւ 1961-1962, ապա երկու տարի ընդհատումէ ետք, կրկին երկու տարեշրջան՝ 1964-1965 եւ 1965-1966: 1962-ի ամառէն 1964 ամառ Թէքսասի համալսարանին մէջ ուսումը շարունակած եւ մագիստրոսի վկայական ստացած է:             Կը շարունակենք մամուլի անդրադարձը եւ հարցազրոյցները, տարին՝ 1962.             Հայկազեանի հրթիռներու մասին1962-ի «Ազդակ»-ի առաջինContinue reading “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Զ. Հայկազեանի Հրթիռները”

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ե. Հայկազեանի Հրթիռները Եւ Երիտասարդութեան Զբաղումները

Հայկազեանի հրթիռներու ձեռնարկը արդարօրէն հիացմունքի արժանացած է, քանի որ պատասխանատու դասախօսը՝ Մանուկ Մանուկեան, միայն 24 տարեկան եւ ուսանողները 18-20 տարեկան էին, բոլորը՝ այս մարզին մէջ անփորձ: Սակայն ի՞նչ էին անոնց նմաններուն զբաղումներն ու խաղերը՝ ճարտարութեան եւ մանաւանդ համարձակութեան ենթահողը:             Այս մասով, պահ մը հրթիռներէն դադար առնելով, պիտի անդրադառնամ 1960-ական տարիներու պատանիներուն եւ երիտասարդներուն գիտականContinue reading “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ե. Հայկազեանի Հրթիռները Եւ Երիտասարդութեան Զբաղումները”

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Դ. Հայկազեանի Հրթիռները

Վերադառնալով նուիրատուներուն՝ Հայկազեանի հրթիռներուն համբաւը կը հասնի մինչեւ Ֆրանսա եւ Գերմանիա: «Ազդակ»-ի 14 յունիս 1961-ի համարին մէջ (1) «Գերմանիայէն հայ մը 100 մարք կը նուիրէ» խորագիրով լուրը կ՛արժէ արտատպել՝ այնտեղ արծարծուող միտքերուն համար. «Շթութկարթէն Արփիար Շարվազեան հետեւեալ նամակը ղրկած է Փարիզի «Յառաջ»-ին.             ««Յառաջ»-ին մէջ կարդացի «Հայերն ալ Սպուտնիկ (հրթիռ*) կը շինեն» խորագիրով յօդուած մը,Continue reading “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Դ. Հայկազեանի Հրթիռները”

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Գ.

Հայկազեանի Եւ Միջին Արեւելքի առաջին հրթիռը 60 տարի առաջ արձակուեցաւ Այս յօդուածէն սկսեալ պիտի մէջբերեմ տեղեկութիւններ նաեւ գրադարանէս՝ Հայկազեան ԳոլէճիՀ տարեգիրքերէն եւ ուսանողական հանդէսներէն, նաեւ առաջին անգամ ըլլալով՝ «Ազդակ»-ի թուայնացած արխիւէնԱ, որոնք կը պարունակեն պաշտօնական, հարազատ եւ օրին գրուած անմիջական տեղեկութիւններ եւ միայն յիշողութեան, կամ նախասիրութիւններու եւ ենթադրութիւններու վրայ չեն հիմնուած, փորձելով վերականգնել նաեւ գործունէութեանContinue reading “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Գ.”

Design a site like this with WordPress.com
Get started