Լիբանանահայը՝ Քանատահայ – 5. Արդեօ՞ք

– Վազգէն Շուշանեանի անտիպ գործերու նոր հատոր մը լոյս տեսած է Մոնրէալի մէջ,- ըսաւ Վահէն,- անոր շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ անցեալ կիրակի, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ: – Հետաքրքրական զուգադիպութիւն մըն է, որովհետեւ Շուշանեանի ամէնէն մեծ ջատագովներէն մէկը` Պօղոս Սնապեանը, մահացաւ անցեալ շաբաթ,- ըսաւ Յասմիկը: – Այո՛, վերջին անգամ, երբ Սնապեան Թորոնթօ եկած էր, դասախօսութիւն մը տուաւContinue reading “Լիբանանահայը՝ Քանատահայ – 5. Արդեօ՞ք”

Լիբանանահայը Գանատահայ – 4. Երգ Երգոց

Ժիրայրին յիսուներորդ տարեդարձն էր, այդ գիշեր մեր զուարճութեան համար իր տղան` Րաֆֆին եւ անոր ընկերը` Սեւակը, հայկական նոր սկաւառակներ բերած էին, եւ երաժշտութիւնը անընդհատ կ՛ընթանար զանազան երգչուհիներու եւ երգիչներու կատարողութեամբ, որոնց մեծ մասը մեզմէ շատերուն համար անծանօթ էին: Սեւակը երգերու եւ տեսահոլովակներու (վիտէօ քլիփ) մեծ հաւաքածոյ մը ունէր եւ երգիչներէն շատերը անձամբ կը ճանչնար եւContinue reading “Լիբանանահայը Գանատահայ – 4. Երգ Երգոց”

Սփիւռքի Տարի 2022 – Ե. Ինչու Երկրորդ Սերունդին՝ Իմ Սփիւռքս Վտանգուած Չէր

Յօդուածաշարքիս Ա., Գ., եւ Դ. մասով անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով զանգուածային սփիւռք դարձած առաջին սերունդին մասին, որ շուրջ 600 տարի առանց հայկական պետականութեան, թէ՛ իր հողին վրայ եւ թէ՛ ալ մայր հողէն հեռու, մեծ ու փոքր գաղութներու մէջ հայ մնացած էր եւ հայկական մշակոյթ ծաւալած:             Ցեղասպանութեան տարիներուն, երկրէն դուրս, հայկական մեծ, աշխոյժ, ուContinue reading “Սփիւռքի Տարի 2022 – Ե. Ինչու Երկրորդ Սերունդին՝ Իմ Սփիւռքս Վտանգուած Չէր”

Հայութիւնը Հողազուրկ Դարձնող Ցեղասպան Թուրքիայէն Մեր Ընտանեկան Մասնակի Իրաւունքներուն Վերատիրանալու Հօրս Փորձը

(24 Ապրիլ 2022 «Ազդակ» Բացառիկին) Հօրս հազար էջէ աւելի ձեռագիր զանազան յուշերէն ցեղասպանութեան մասին զիս ամենէն շատ անհանգստացնող եւ ընդվզեցնող վկայութիւններէն մէկն է այս, որ կը ներկայացնեմ ստորեւ.             «Պէյրութի կեդրոնական հրապարակի ոսկերիչներու շուկային խանութի մը մէջ երկու սեղանով աշխատանոցս, ուր կրտսեր եղբայրս եւ աներձագս իմ աշկերտ օգնականներս էին, 1947-ին զիրենք ազատ կացուցի, որ իւրաքանչիւրըContinue reading “Հայութիւնը Հողազուրկ Դարձնող Ցեղասպան Թուրքիայէն Մեր Ընտանեկան Մասնակի Իրաւունքներուն Վերատիրանալու Հօրս Փորձը”

2022 Սփիւռքի Տարի – Դ. Ինչո՞ւ Արեւելահայ Վրացեանին Եւ Արեւմտահայ Հօրս Սփիւռքը Վտանգուած Չէր Բ.

Սիմոն Վրացեանին ընտանիքը Նոր Սալա՝ իրենց գիւղը կը վերադառնայ, ուր Սիմոն թեմական վարժարանը կը յաճախէ, եւ այնտեղ դասընկերի մը հրաւէրով կուսակցական կը դառնայ: Սակայն, առաջին անգամ ժողովատեղիին հասցէն սխալելով, փոխանակ Հնչակեան գործիչին դուռը զարնելու՝ Դաշնակցականին դուռը կը զարնէ, հոն ալ կը մնայ եւ այդպիսով դաշնակցական կը դառնայ: Եթէ Ռուսական Տիմաշովկա գիւղը մնային, Սիմոն իր պատանեկութեանContinue reading “2022 Սփիւռքի Տարի – Դ. Ինչո՞ւ Արեւելահայ Վրացեանին Եւ Արեւմտահայ Հօրս Սփիւռքը Վտանգուած Չէր Բ.”

2022 Սփիւռքի Տարի – Գ. Ինչո՞ւ Արեւելահայ Վրացեանին Եւ Արեւմտահայ Հօրս Սփիւռքը Վտանգուած Չէր

Դարերու ընթացքին, նախապատմական օրերէն իսկ, վաճառականութեան համար Հայկական Լեռնաշխարհի բնիկները՝ հայութիւնը, տարածուած է աշխարհի չորս կողմը: Հայաստանէն մինչեւ ծայրագոյն Եւրոպա, ծայրագոյն, հիւսիսային (տես՝ Ա. մաս) եւ հարաւային Ասիա եւ Ափրիկէ՝ երբեմն հիմնելով հզօր գաղութներ, ինչպիսիք էին Լեհաստանի ու Հնդկաստանի գաղութները, հասնելով բարձր դիրքերու, որոնցմէ էր հնդիկ ազգային հերոս Կորկին Խանը (Gorgin Khan, Petrus Arathoon)`Պետրոս ՅարութիւնեանContinue reading “2022 Սփիւռքի Տարի – Գ. Ինչո՞ւ Արեւելահայ Վրացեանին Եւ Արեւմտահայ Հօրս Սփիւռքը Վտանգուած Չէր”

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԵ. Հայկազեանի Հրթիռները

Այս թիւով կ՛ամփոփեմ Հայկազեանի հրթիռներուն մասին յօդուածաշարքս:             Պէտք է նշել, որ 1968-ի ամրան, Հրայր Սահակեանի մեկնումով էր, որ կը կորսնցնէինք Հայկազեանի Հրթիռներուն պատրաստութեան, շինութեան եւ արձակման մասնակցած վերջին ուսանողը, որ դասախօս դարձած էր եւ նախագահած՝ Հայկազեանի եւ Լիբանանի հրթիռներու զոյգ ակումբներուն: Դեկտեմբեր 1966-էն ետք, առանց հրթիռ արձակելու, հրթիռներու ակումբ ունենալը անիմաստ կրնայ թուիլ, սակայնContinue reading “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԵ. Հայկազեանի Հրթիռները”

Գերմանացի Աւետարանիչներու Վկայութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Մասին – ՀՅԴ 131-ամեակ

Ռուբէն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինգարեան 1883-1968), ՀՅԴ անդամ եւ հիմնադիր սերունդին գործակից, որ 1920 յունուար 10-ին շուրջ 4 ամիս Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար եղած է, ռուսերէնի փոխարէն՝ հայացնելով նախարարութիւնը, օրէնսգիրքերը, դատական իշխանութիւնը եւ լեզուն, նախապէս խմբագիր՝ Պոլսոյ «Ազատամարտ»-ին, Պաքուի «Արեւ»-ին ապա «Գործ»-ին, Երեւանի «Յառաջ»-ին եւ վերջապէս՝ Միացեալ Նահանգներու «Հայրենիք» օրաթերթին 1 ապրիլ 1922-էն ցմահ՝ 14 յունիսContinue reading “Գերմանացի Աւետարանիչներու Վկայութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Մասին – ՀՅԴ 131-ամեակ”

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԴ. Հայկազեանի Հրթիռները

1968-1969 տարեշրջանին Հայկազեանի նախորդող երկու տարիներու ժամանակաւոր տնօրէնը՝ ազնուական անձնաւորութիւն մը, որ նաեւ իմ ճանչցած բնագիտութեան լաւագոյն դասախօսն էր՝ դոկտ. Ճոզէֆ Սփրէտլին (Joseph Spradley, 1933-2016) եւ Հրայր Սահակեանը դժբախտաբար մեկնած էին: Իսկ աստուածաբանութեան դոկտոր դարձած թեքսասցի Էտուըրտ Հարթը վերադարձած էր՝ թէ՛ իբրեւ բնագիտութեան դասախօս եւ թէ՛ ալ իբրեւ ուսանողական արտադասարանային գործունէութեան վարիչ: 1. Դոկտ. ՃոզէֆContinue reading “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԴ. Հայկազեանի Հրթիռները”

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԳ. Հայկազեանի Հրթիռները

Հրթիռներու ակումբի մեր տարեվերջի հանդիպումին Հրայր Սահակեանը յայտնեց, որ 1968-ի ամրան վերջնականապէս Ամերիկա պիտի մեկնի եւ ինծի յանձնեց հրթիռային իր պատասխանատուութիւնները: Ինչպէս նախորդ՝ ԺԲ. մասով նշեցի, այս որոշումը հաղորդեց  բանակի ներկայացուցիչ Եուսէֆ Ուահպէին մեր երեքով հանդիպումին՝ վերջինիս գրասենեակին մէջ:             Այդ առիթով Հայկազեանի ուսանողական «Սփեքթրա» անգլերէն ամսաթերթին յունիս 1968-ի տարուան վերջին համարին մէջ, «Հրայր ՍահակեանContinue reading “Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԳ. Հայկազեանի Հրթիռները”

Design a site like this with WordPress.com
Get started