«Յեղափոխութիւնը Նոր Սեւն Է. Ինչպէ՞ս Արեւմտեան Դրամը Կը Հոգայ Տապալէ-Քու-Կառավարութիւնդ Դասապահերը»

Այս առաւօտեան՝ 15 փետրուար 2019-ին, Պէյրութի ժամով 7:00-ին «Ռուսիա Այսօր՝ ՌԱ» (RT, Russia Today) հեռատեսիլի լուրերուն երկրորդ լուրը՝ թղթակցութիւնը Երեւանէն էր, վերոնշեալ խորագիրով (1): Թէ ի՞նչ կը նշանակէ «Նոր սեւը»՝ համացանցի օգնութեամբ պարզուեցաւ, որ կը նշանակէ «այն ինչ, որ նորոյթ է» (2): Յօդուածը լոյս տեսած է օր մը առաջ՝ 14 փետրուար 2019-ին, նախ՝ ռուսերէն: Ստորեւ անգլերէնի բնագիրէն կը թարգմանեմ ահազանգ հնչեցնող այս յօդուածը: Այս հաւաքին կազմակերպիչներուն կայքէջին հրաւէրը տես (3), ուր կը պարզուի, որ այս կազմակերպութիւնը 2018-ին Երեւանի մէջ երկու այլ հաւաքներ կազմակերպած է (4):

1. «Ամերիկեան նեցուկով աշխատանոցները բացայայտուած են իբրեւ յեղափոխութեան վարպետութեան դասապահեր, նոյեմբեր 2018 Երեւան, Հայաստան»: Դէմքերը ծածկուած են աղբիւրէն:         

            «Երեւանի այս հաւաքոյթին բոլոր ներկաները երիտասարդներ են, տեղեկացուած եւ վճռակամ, անոնք կը սորվին ինչպէ՛ս յեղափոխութիւն  կազմակերպել: ՌԱ-ի ռուսերէնի թղթակիցը կարողացաւ մուտք գործել բողոքարկուներուն խումբին մէջ, որ ամերիկեան կանխիկ գումարով կը տնտեսուի, տեսնելու համար, թէ ի՞նչ կ՛ուսուցուի այնտեղ:

            ««ՔէմփՔէմփ» կոչուած 2018-ի այս համաժողովը հովանաւորուած էր «Փրակի քաղաքացիական հասարակական կեդրոն»-ին կողմէ, որ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ կը տնտեսուի՝ «Հակահարուածել Ամերիկայի Հակառակորդներուն  դէմ, պատժամիջոցներ կիրարկելու օրէնքին միջոցով (CAATSA)»: Այս օրէնքին թիւ 254 յօդուածը $250 հազար տոլար կը յատկացնէ «Հակառուսական ազդեցութեան» գործունէութեան 2018-2019 տարիներուն համար: Ուաշինկթընի օրէնսդիրները

կը հաւատան, որ այս «Ռուսական ազդեցութիւնը» կը սպառնայ ՕԹԱՆի ներկայի եւ ապագայի անդամներուն, ներառեալ Վրաստանի, Մոլտովայի, Քոսովօյի, Սերպիոյ եւ Ուքրանիոյ:

            «Երեւանի հաւաքը կը փաստէ, որ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան յատկացուցած գումարը արդէն իր նպատակին կը ծառայէ: Բողոքի-շահախումբի (լոպիի) մասնագէտները դրամը «լաւապէս կ՛օգտագործեն» ներքաշելով  աւելի ու աւելի շատ մարդիկ իրենց հմտօրէն հիւսուած ցանցին մէջ:

2. Նախկին խորհրդային միութեան երկիրներէն եկած յեղափոխութեան 150 «աշակերտները»:

            «Զուգադիպութիւն չէ, որ Հայաստանը ընտրուած էր այս հաւաքին իբրեւ հիւրընկալ: Մեծածաւալ բողոք-ցոյցերը պարտադրեցին, որ վարչապետ Սերժ Սարգսեանը հրաժարի: ԱՊՀ-ի տարածքէն բողոքարկուներ փութացին Երեւան յաւելեալ ոգեւորութեան համար:

«Նորոյթ եւ Աժան»

          «Այս հաւաքին 150 անձեր մասնակցեցան՝ մեծ մասը Փրակի կազմակերպիչներուն կողմէ հովանաւորուած (կեցութեան եւ ճամբորդութեան ծախսը հոգացած): Տեղացի մասնակցողները գովաբանուեցան իբրեւ հերոսներ, եւ նախկին խորհրդային միութենէն եկող կանայք եւ մարդիկ ներշնչուեցան անոնց յաղթանակէն: Եթէ Հայաստանը կրցաւ՝ իրե՛նք ալ կրնան:

            «ՔէմփՔէմփ»-ին կիզակէտը նոր արուեստագիտութիւններուն վրայ հիմնուած է՝ այն ինչ որ նորոյթ եւ երիտասարդ է:

          «Իշխանութիւններուն դէմ պայքարիլը պէտք է հաճելի եւ նորարարական ըլլայ» կը սորվեցնէ Նիքոլայ Արթիօմենքօն՝ Ս. Փեթերսպուրկէն (ռուս) ընդդիմադիր «Վրեմյա» (ժամանակ) շարժումին ղեկավարը: Անոր թղթապանակը բաւական տպաւորիչ է: Ան որմազդեր զետեղեց Սբ. Սահակի տաճարին պատերուն՝  բողոքելով Ուղղափառ եկեղեցւոյ դէմ եւ գրաւելով թանգարանը: Ան Ռուսիոյ  սահմանադրութիւնը հրապարակաւ պատռտեց, կազմակերպիչներէն էր փտածութեան դէմ ձգախէժէ բադերով ցոյցերուն. բաշխեց  որմազդեր, ուր Փութինը իբրեւ հրամայապետ (տիքդաթօր) անուանուած է:

3. Նիքոլայի դասախօսութիւնը:

            «Նիքոլայ ուրիշներուն կը սորվեցնէ ստեղծագործ ըլլալ եւ նոր միջոցներ հնարել բողոքի ցոյցերուն համար, որ պէտք է փոխարինէ հին ցոյցերու ամբոխային կարծրատիպը՝ ազդաքարտեր եւ այլն: «Պէտք է ընդլայնէք ձեր երեւակայութիւնը. այս օրերուս մեծ խնդիր կայ ցոյցերու շուկային մէջ: «Ցոյցերը շատ սուղ կ՛արժեն», կ՛ըսէ ան: Բայց Սիպերիայէն եկած Զհենիան գիտէ ինչպէ՛ս ծախսերը կրճատել: Ան նոր 18 տարիքը բոլորած է, սակայն «ցոյցերու աշխարհին» մէջ աստղ մը դարձած է: Իր միանձնեայ ցոյցերը առաջին էջի վերնագիրերու արժանացած են տեղական մամուլին մէջ: Զհենիայի իւրաքանչիւր ցոյցը թատերական ներկայացումի կը նմանի: Ան զգոյշ կերպով կը ծրագրէ իր վանկարկումները եւ բողոքը, խուսափելով օրէնքին պարտադրած ծանր պատիժ սահմանող արարքներէ՝ «պէտք է ապահովես որ կրկնակի տուգանքի չենթարկուիս»:

            «Ան երկար վիճաբանութիւն ունեցաւ Ս Փեթերսպուրկէն Սաշային հետ, թէ՝ որ տեսակի հանրային ցոյցը նուազագոյն տուգանքի կ՛ենթարկուի, եւ ինչպէս կրճատել «ծախսերը» (ձերբակալութիւն, կալանաւորում): Սաշան աւելի փորձառու է եւ արդէն իրաւաբանութիւն կուսանի եւ գիտէ ինչպէս ցոյցեր կազմակերպել նուազագոյն յանցանքով: Այս նաեւ կարեւոր գործօն է, ցոյցերը ժողովրդական դարձնելու մէջ: Ցոյցերը պէտք չէ հերոսական երեւին, որուն համար շատ սուղ գին կը վճարուի: Պարզապէս հոս հոն որմազդեր փակցուր, համացանցին մէջ խայթող ծաղրանկար մը տարածէ, կամ պարզապէս միացիր ցուցարարներուն, ինքնանկար (սելֆի) մը առ ոստիկանի ինքնաշարժին մէջ, ապա տուգանքդ վճարէ եւ տուն գնայ: «Այժմու ընկերային ցանցերու աշխարհին մէջ, ոեւէ մէկը կրնայ թղթակից, մասնագէտ, քննադատ կամ հեռատեսիլի լրագրող դառնալ, ուրեմն ի՞նչու չէ՝ յեղափոխական:

            «Դիւրին է դրամաշնորհ ստանալ. կրնաս մէկ ամիս Չեխիա մնալ, կամ պաշտօնավարել «Ազատ Եւրոպա ռատիօ»-ին մէջ, կամ խորհրդատուական կազմակերպութեան մը մէջ» կ՛ըսէ Միքայէլ Զօլեան Օմսքէն եկած Փօլինային: Ըստ այս հաւաքը կազմակերպողներուն՝ «Միքայէլը պարագլուխն էր թաւշեայ յեղափոխութեան». զուգադիպութեամբ մը ան նաեւ «Փրակի քաղաքացիական հասարակական կեդրոն»-ի մասնագէտ է:

4. Այժմ Ազգային ժողովի պատգամավոր՝ Միքայել Զոլյան:

            «ՔէմփՔէմփ 2018-ի ամենէն գործունեայ խմբակը Խրխզիստանէն է: Անոնք խումբ մը երիտասարդ լրագրողներ են ղեկավարութեամբ Պէքթուր Իսկէնտէրի՝ հիմնադիրը ընդդիմադիր «Քլուփ.քճ.» կայքէջին: Պէքթուր որեւէ վնաս չի տեսներ այս «ժողովրդավարութեան փառատօն»-ին օտար դրամագլուխով հովանաւորուելուն մէջ: Դադարին ան կը խոստովանի, որ իր ծրագիրը «Փրակի քաղաքացիական հասարակական կեդրոն»-ի նիւթական յատկացումով կը գործէ: «Անոնք ինծի հետ իբրեւ հաւասար կը վերաբերին: Չեն փորձեր իմ ղեկավարս դառնալ, եւ ես ասով գոհ եմ» կ՛ըսէ ան: Պէքթուրի աշխատանոցը կը կոչուի «Ինչպէս պայքարիլ այնպիսի բաներու համար, որոնք կ՛ատես ընել եւ ընել ի՛նչ որ կը ցանկաս»: Այնպէս կերեւի, որ ան իր կարողութիւնները կատարելագործած է եւ ուրախ է, որ Խրխզիստանի մէջ լրագրութիւն կ՛ընէ ամերիկեան պիւտճէով:

            «Աշխատանոցը կը սկսի համացանցային ինքնագնահատումի դասընթացքներուն նման, ուր պէտք է գրէք ցանկ մը բաներ, որոնք սխալ են ձեր երկրին մէջ, ինչպէս՝ «փտածութիւն», «բռնապետութիւն», «Փութին», «սուտ լրատուութիւն» կամ «փոքրերու հանդէպ անարգանք»: Օտեսայէն ուսանող Մաշան դժուարանալով բան մը գտնել՝ «փտածութեան» փոխարէն գրեց «թափթփած ուտողներ»: 

            «Երկրորդ քայլը՝ մտածէ լուծումը գրած դժգոհութիւններուդ, քեզի հաճելի միջոցով: Սիպերիայէն Զհենիան եւ Տուշանպէյէն Պորիսը յաջորդ քառորդ ժամը անցուցին մտածելով, որ ինչպէ՞ս կառավարութիւնը կրնան տապալել «ծառերուն վրայէն երկինքը դիտելով»: Ուղղակի ծիծաղելի, սակայն անոնք կընդունին, որ եթէ անհրաժեշտ է, հարց չունին կեղծիքի եւ խարդախութեան դիմելու ճիշդ նպատակին համար: «Կրնանք տարաձայնութիւն տարածել, թէ՝ իշխանութիւնները ծառերը պիտի կտրեն» կ՛ըսեն: ներկաները կը ծափահարեն: «Այո սուտ է այդ, բայց երբ բաւարար թիւով մարդոց վախցնենք, երբ անոնց համոզենք որ լաւ բան մը պիտի կորսնցնեն, այդ մէկը պիտի մղէ զանոնք աւելի գործունեայ դառնալու եւ կառավարութիւնը հարցապնդելու»:

            «Արուեստագէտ Տաշա Սոզանովիչ իր աշխատանոցին կը բացատրէ ինչպէ՞ս գործածել նորարական արուեստը բողոքի աչքառու ազդաքարտեր, որմազդեր պատրաստելու համար: «Նկարները կը ծառայէն լաւին ու չարին» կ՛ըսէ ան. «Իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) տեսողական քարոզարշաւը օրինակ է, թէ՝ ինչպէ՞ս նկարները չարիքի ծառայեցին»: Միւս կողմէ, Տաշային «Խապարստան» ծրագիրը, օրինակ մըն է, թէ՝ ինչպէ՞ս նկարները կը ծառայեն «լաւ կողմին»: Անոր ներկայացումով, Ղազախստանի պետական հեռատեսիլի կայաններուն տնտեսումը շատ աւելի հետաքրքրական կը դառնան: Տաշան կը մատնանշէ, որ «Փրակի քաղաքացիական հասարակական կեդրոն»-ն էր, որ միաւորեց այս ծրագիրին աշխատակիցները:

            «Տաշային նկարները դիտողին լաւագոյնս կը հասկցնէ, որ պետական պիւտճէով լրատուամիջոցներուն վրայ ծախսելը շատ սխալ է: Հեգնօրէն սակայն, ոեւէ մէկը չի մատնանշեր, որ Տաշային ժամանակը, ճաշերը, կեցութիւնը եւ ճամբորդութիւնը վճարուած է Միացեալ Նահանգներու պետական պիւտճէէն:

            «Երկու երիտասարդ արուեստագէտներ կ՛աշխատին իրենց ճերմակ գրատախտակներուն վրայ, ստեղծելով ներկայացումներու նորաձեւ կենդանի պատկերներ, աւանդական միջոցներով արձանագրելու փոխարէն: Շատ հաճելի է այդ: «11 տարի առաջ որոշեցի քաղաքական գործիչ դառնալ, երբ ոստիկանատան մէջ էի» ծաղրանկարի ձեւով կը գծէ արուեստագէտ մը ներկայացնելով թաւշեայ յեղափոխութեան այլ աստղերէն Դաւիթ Սանասարեանին ըսածը:

            «Խրատական մը եւս կը ստանան ներկաները, թէ՝ անոնք պէտք է կեդրոնանան ընկերային ցանցերուն վրայ, նման ռուսական «Օքէյ.ռու» եւ «ՎՔ.ռու», ինչպէս նաեւ դիմատետրին, քանի որ կարելի չէ մրցիլ բուն լրատուամիջոցներուն հետ: Հիմնական նպատակն է դրդել զանոնք, որ պատասխաններ եւ մեկնաբանութիւններ կատարեն իրենց հրապարակումներուն մասին: «Այդ մեզի համար այս աշխարհէն դուրս բանի մը նման է», – կ՛ըսէ Ղազախստանէն աղջիկ մը:

            «Այստեղ Ռուսիայէն եւ Պելառուսէն երիտասարդներ կան նաեւ, «կ՛երազենք կրկնել Երեւանի յաջողութիւնը» կը խոստովանի Փերմէն եկած Վանեան եւ, թէ՝ եկած են «արտածելու յեղափոխութիւնը»: Ճիշդ այս է, որ Փրակի մեր «ընկերները՝ Եւրոպայի ժողովրդավարութեան կողմնակիցները պիտի դասաւանդեն հաւաքի չորս օրերուն:

            «Սակայն, ստեղծուած խանդավառութիւնը գլխաւոր կազմակերպիչ Մարիա Սերետայէն մահացու հարուած մը կը ստանայ: Ան ներկաներուն կը յիշեցնէ ապահովութեան մասին, եւ կը խնդրէ, զգուշանալ եղելութիւնը ընկերային ցանցերուն մէջ տեղադրելէ, թէ ոչ «ամենուրէք ռուսական տեսախցիկներ կը զետեղուին անմիջապէս» (կարծէք արդէն զետեղուած չեն, ՅՉ):  

            «Թող փոքրիկ էակներուն զայրոյթը սաստկանայ»

        «Համաժողովը նաեւ կը հրամցնէ քանի մը դասընթացքներ հմտութեան վերաբերեալ, որոնք կրնան գործածուիլ՝ հասարակութեան մէջ բողոքի զգացումը բարձրացնելու համար: Աշխատանոց մը կ՛օգտագործէ ռուսական ժողովրդային հեքիաթներու նիւթը: Անոնցմէ մէկուն մէջ «անտառային համայնքը» կը սորվի գործակցիլ կառավարութեան հետ, այսինքն՝ «Հսկայ չար գայլին»: Խօսելով «Պելառուսի հսկայ չար գայլը» տապալելու մասին, միայն մէկ միջոց կայ հրճուանքով կ՛ըսէ գլխաւոր կազմակերպիչ Մարիա Սերետան. «Թոյլ տալ, որ տարիներու ընթացքին փոքրիկ էակներուն (պարզ ժողովուրդին) զայրոյթը (ատելութիւնը) սաստկանայ, մինչեւ որ հսկայ չար գայլը ամբաստանուի: Այս պարագան պիտի յաջողի Պիելոռուսիոյ մէջ այնպէս ինչպէս յաջողեցաւ Ուքրանիոյ մէջ»:

            «Ան կը շարունակէ պատմել հակակառավարական տարբեր  ռազմավարութիւններու մասին եւ կը նշէ շարք մը կազմակերպութիւններ, որոնք յաջողութեամբ իրականացուցած են զանոնք, ներառեալ Ճօրճ Սորոսի համահիմնած «Միջազգային ճգնաժամային խումբ»-ը (International Crisis Group) (անշուշտ ընդհանրապէս ճգնաժամը իրենք կը ստեղծեն, ՅՉ), եւ «Միջազգային ներում»-ը: «Անոնք լուռ եւ մեղմ կ՛աշխատին, տեղական իշխանութիւններուն հետ խնդիրները նրբութեամբ կը լուծեն» կ՛ըսէ Սերետան:

            «Մէկ այլ բան երիտասարդ բողոքարկուներուն կը դասաւանդեն, թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի է գտնել նպատակային լսարանը: Անոնք պէտք է կիզակէտ ունենան այն մարդիկը, որոնք ազատական արժէքներու քարոզչութեան աւելի՛ զգայուն են: Անոնք, որոնք չեն միանար բողոքարկուներուն հետ եւ չեն մասնակցիր ցոյցերուն, ժամանակի վատնում են: Յստակ է, թէ՝ խօսքը ինչպիսի մարդոց մասին է: Եթէ անձը Խրիմի Ռուսիոյ միանալուն կողմնակից է կամ չէզոք ապա չարժեր անոնց վրայ աշխատիլ: Հիմնական թիրախային խումբը կը սահմանուի 20-էն 40 տարեկան համալսարանաւարտ եւ միջին եկամուտով մեծ քաղաքի բնակիչներով: Առաւելագոյն կարողականութիւն ունեցող հատուածը ասոնք են: «Պէտք է տեսնել, թէ՝ որուն հետ կը խօսիք: Արդեօք այդ անձը միայն համբաւի եւ ազդեցութեան տէ՞ր է, թէ պարզապէս անձ մը, որ այնքան զայրացած է, որ բան մը կրնայ ընել» կը շարունակէ ան:

            «Ընդհանուր առմամբ, «ՔէմբՔէմբ«-ը շատ կը յիշեցնէ դպրոցական ամառնային ճամբարները. զուարճալի գործունութիւն ցերեկին եւ գիշերները կրակին շուրջ քով-քովի հաւաք-ընթրիքներ: «Ամենէն աւելի փորձառու յեղափոխականները (Խրխզիստանէն եւ Ղազախստանէն) լաւագոյն ճաշը մատուցեցին»: Շատ մը մասնակիցներ իրարու ծանօթ են արդէն Փրակի Պորիս Նէմեցով ամառնային դպրոցէն:

            «Հաւաքին ղեկավարները նաեւ զիրար լաւ կը ճանչնան: Աւելի փորձառուները նորեկներուն հետ շատ բարեկամական են: Կը տեսնեմ Ամերիկայէն Նիքը՝ Նիքոլաս Տէչը, որ ջերմ ընդունելութիւն ցոյց տուաւ Ղազախստանէն լրագրողին: Նիքը ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ ԵԱՀԿի պաշտօնեայ, պատմելով Կեդրոնական Ասիայի իր հարուստ փորձառութեան մասին: Ան ամենէն աւելի շահագրգիռ է  խօսելու անոնց հետ, որոնք եկած են անձնական միջոցներով (լրտեսնե՞ր, ՅՉ), եւ հանդիպում կունենայ բոլորին հետ, նշումներ կատարելով իր փոքրիկ տետրակին մէջ: Նիքը չի նշեր, որ ինք կ՛աշխատի Միացեալ Նահանգներու տնտեսական զարգացման եւ իրաւունքի գերակայութեան ռուսական հիմնադրամին մէջ (կազմակերպութիւն մը որ «անբաղձալի» հռչակուեցաւ Ռուսիոյ մէջ): Անոր կայքէջը, սակայն, կը նշէ, որ Նիքոլաս Տէչը 2014-ին Ուքրանիա գործուղուած, հիմնադրամին առաջին դիտորդներէն մէկն էր:

            Երեք խօսք: Առաջին՝ որեւէ յեղափոխութեան կողմնակից ենք եթէ անոնք զուտ ժողովրդային, ազգային եւ հայրենասիրական շահերու՝ նպատակներու կը ծառայեն եւ ո՛չ թէ արտաքին շահերէ մղուած: Երկրորդ՝ այսպիսի հաւաքները երկսայրի են եւ կրնան կազմակերպիչներուն եւ անոնց համախոհներուն դէմ ալ զարգանալ: Երրորդ՝ ՌԱ ի՞նչու երեք ամիս ետք այս օրերուն է որ կը բացայայտէ «յեղափոխականններ» պատրաստելու այս հաւաքին մասին:

Յարութ Չէքիճեան

16 փետրուար 2019

(1)  https://www.rt.com/news/451372-camp-yerevan-protests-us-money/

(2)  https://idioms.thefreedictionary.com/the+new+black

(3)  Այս հաւաքին հրաւէրը:

(4) https://web.archive.org/web/20200513150832/https://praguecivilsociety.org/past-events/

«ԱԶԴԱԿ»

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started