Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ Հայ Ժողովուրդի Ձգտումներուն Մարմնացումը ՀՅԴ 133 ամեակին Առիթով

Ինչո՞ւ Թիֆլիսի մէջ հիմնուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Հարկ է վերադառնալ ու փորձել վերապրիլ 1890-ական տարիներու Թիֆլիսի պայմանները, ուր հայերը քաղաքին մեծամասնութիւնն էին ու տնտեսական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ ազդեցիկ կշիռը ունէին: Ռուս-պարսկական պատերազմին՝ 1826-1828, ցարական Ռուսիոյ յաղթանակով, Արեւելեան Հայաստանը ինկաւ ռուսական կայսրութեան տիրապետութեան տակ, շուրջ 90 տարի, մինչեւ 1917-ի յեղափոխութիւնը, ապա 28 մայիս 1918-ի Հայաստանի անկախութիւնը:

            Միխայիլ Վլատիկին 1885-ին գրած է. «1803-ին կը համարուէր, որ Թիֆլիսի մէջ կային շուրջ 2700 տուներ, որոնց աւելի քան 2500 տուներ հայերուն կը պատկանէին: Այսպիսով, մայրաքաղաքը դարձած էր հայերուն սեփականութիւնը» (1): Մինչեւ 1900-ական տարիները, հայերը Թիֆլիսի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէին, մինչ վրացի եւ ռուս բնակչութիւնը գրեթէ իրար հաւասար թիւով կը գրաւէին երկրորդ տեղը:

            Կարժէ նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 1919-էն 1920 վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանը, նախապէս՝ 1910-էն 1917, եղած է Թիֆլիսի քաղաքապետը: 

1. ՀՅԴ հիմնադիր «Երրորդութիւնը», ձախէն՝ Ստեփան Զօրեան, Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Սիմոն Զաւարեան:  2. Թիֆլիս քաղաքը 1890-ական թուականներուն:        

            Ի՞նչ էր պատճառը: Արեւելահայաստանն ու Կովկասը ցարական Ռուսիոյ շուրջ 20 տոկոս իշխանական տոհմերուն, աւատապետական տիրապետութեան տակ կը գտնուէին, մնացեալ ժողովուրդը, ռուս կամ այլազգի, ընդհանրապէս ցարական գիւղացիներ, կամ՝ ճորտեր՝ ստրուկներ կը նկատուէին: Թէեւ պէտք է նշել, որ հայ աւատապետական ընտանիքներէն ոմանք նաեւ իշխանութեան մաս կազմած են, օրինակ՝ բարեկարգող ցար Ալեքսանդր Բ.-ի օրօք, գլխաւոր նախարար (վարչապետ) նշանակուած էր հայազգի կոմս Միքայէլ Լորիս-Մելիքով 1824-1888 (միջնադարեան Լորիի իշխող աւատապետական ընտանիքի շառաւիղներէն), որ սակայն յաջորդող՝ ծայրայեղ ազգայնական Ալեքսանդր Գ. ցարի օրօք պաշտօնազրկուեցաւ 4 մայիս 1881-ին, իբրեւ ազատամիտ եւ ո՛չ ռուս ու ո՛չ ազգայնական, որմէ ետք նաեւ, բոլոր ոչ ռուս բնակիչները հալածանքի ենթարկուեցան:

            Միւս կողմէ, հայ ժողովուրդին երկրորդ հատուածը՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայ ժողովուրդը 500 տարիէ աւելի, թուրք, օսման բարբարոս ու վայրագ, խուժան այլ ցեղախումբերու լուծին տակ ապրելով՝ նոյնպէս ստրուկի վերածուած էր: Հայը իր հողին վրայ պիտի աշխատէր, տքնէր ու մշակէր, որպէսզի ծոյլ-ծոյլ նստած, գող-աւազակ թուրք փաշան, կուսակալը, ոստիկանապետը, քիւրտ աղան եւ այլն, իբրեւ տուրք խլէին իր բերքը, կաթնտու եւ մսացու անասուններուն մեծ մասը՝ թշուառութեան մատնելով հայը: Աւելի՛ն թուրք եւ քիւրտ աղաներ, մեծաւորներ ու զինեալներ հայ աղջիկներ ու կիներ կը բռնաբարէին ու կ՛առեւանգէին իրենց հարեմներուն համար:

            Ահա այս պայմաններուն մէջ, այլեւս բա՛ւ ստրկութեան կարգախօսով, հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը վերականգնելու վրիժառու անմիջական ծրագիրով, եւ ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանը վերականգնելու վերջնական նպատակով հիմնուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

            Շնորհիւ Դաշնակցութեան՝ հայ ժողովուրդը իբրեւ մարդ արժանապատիւ ապրելու զգացումը վերականգնեց, վերացնելով ստրկութիւնը, ստրկամտութիւնը եւ պատժելով ու վանելով թշնամիին ծառայող դաւաճանները: Դաշնակցութիւնը դարձաւ սեփական ուժին վստահելու եւ զինեալ պայքարի առաջնորդի տիպար օրինակը՝ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւնը» համոզումով: Իսկ հիմնադիր սերունդը՝ հայ ժողովուրդին անձնուրաց ու բարոյական բարձր արժանիքի տէր համեստ ծառայողներն էին:

            Այս մասին Ռուբէն Դարբինեանին կը վկայեն Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ծառայած երկու գերմանացի միսիոնարներ՝ Եոհաննէս Էհմանն եւ Եոհան Սոմմըր (2). «….Ամէն տեղ պատեհութիւն ունեցանք ծանօթանալու նաեւ ձեր յեղափոխական ընկերներուն: Թէեւ շատ ուշագրաւ եւ տպաւորիչ բազում բաներ տեսանք, բայց ամէնէն աւելի խորունկ կերպով տպաւորուեցանք մա՛նաւանդ ձեր ղեկավար ընկերներէն, անոնց զմայլելի զոհաբերող ոգիէն, անոնց պարզ, նահապետական կենցաղէն, անոնց անհաւատալի այլասիրութենէն եւ ինքնամոռացումէն….»:

            Լուռ ծառայող, համայն հայ ժողովուրդին բազում հոգերն ու տառապանքը մեղմացնելու, բոլոր մարտահրաւէրները դիմակայող ու աւելի բարենպաստ ապագային համար տքնող, ամուր կառոյցով եւ ազգային բիւրեղ ու անխախտ գաղափարականով տոգորուած կազմակերպութիւնն է, որ կը բոլորէ իր 133-րդ տարին:

            Փա՛ռք ՀՅԴ հիմնադիր սերունդի մղիչ ուժին ու ղեկավարութեան եւ բիւր յարգանք հազարաւոր դաշնակցական եւ այլ նահատակներուն, որոնք քանդեցին ստրկութեան շղթաները, որոնց շնորհիւ եւ ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ, զէնքի ուժով վերականգնեցին հայկական պետականութիւնը՝ 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

            ՀՅ Դաշնակցութիւնը է եւ կը մնայ հայ ժողովուրդին իղձերն ու ձգտումները իրականացնելու լծուած հզօր կազմակերպութիւնը:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

19 յունուար 2024 

1. «Ուղեցոյց եւ զրուցակից Կովկասի ճամբորդութեան մէջ», Միխայիլ Վլատիկին, 1885, էջ 300:

2. https://www.aztagdaily.com/archives/531704

ԱԶԴԱԿ

Leave a comment

Design a site like this with WordPress.com
Get started